ՅԱԿՈԲ ՊԱԼԵԱՆ
Դարու աւարտը տեսնել, ըստ այնմ ծրագրել, կազմակերպել եւ նախաձեռնել՝ իրաւ ղեկավարութեան առաքինութիւնն է:
Ղեկավարութիւն, մտաւորականութիւն եւ համեստներ հայ ազգը եւ Հայաստանը կը տեսնե՞ն դարավերջին:
Ո՞ւր կը տանին, ո՞ւր կ՛երթանք, ո՞ւր հասնելու համար:
Առանց այս պատկերացման իմաստութեան, մեր նախաձեռնութիւնները եւ կառոյցները կը ծանծաղին տնավարի կարգադրութիւններու մակարդակին:
Հիմնական հարցում. ազգային ապագայի ո՞ր պատկերացման մաս կը կազմեն հայկական համայնքի մը փողով-թմբուկով օտար ափեր փոխադրութիւնը, կամ՝ Հայաստանէն տեղի ունեցած եւ շարունակուող հեղեղային արտագաղթը:
Զոյգ պարագաներուն ալ ազգային ոչինչ կայ. կան անհատական բաւարարութեան հարցեր:
Ո՞ր ապագայի պատկերացման մաս կը կազմէ արտակարգ կերպով փառահեղ, շլացնո՜ղ եկեղեցիներու կառուցումը այս կամ այն «հիւրընկալ» երկրին մէջ. վերջին փո՞րձ մը՝ շիջումէ առաջ:
Յիշեցնե՞նք օտարախօսութիւնը եւ հայերէնի մէջ օտար բառերու վայրագ ներխուժումը, որ ինքնութիւն պահող լեզուն կ՛այլասերէ, այլասերելով նոյն այդ ինքնութիւնը:
Բազմապատկե՞նք ցաւցնող օրինակները, որոնք իբրեւ թէ արդիականացման կը ծառայեն. խաբուսիկ եւ ապազգայնացնող ինքնահաստատման թափահարումներ: Հաւանօրէն՝ ոչ թէ արդիականացման, այլ քաղքենիական ցուցամոլիկութեան:
Մակերեսայնութիւն եւ կապկում կը վկայեն խորքի պակասի մասին, ո՛չ նոր են, ո՛չ ինքնատպութիւն, ոչ ալ ստեղծագործութիւն:
Ի տես կրկնուող եւ ազգի տոկալու եւ տեւելու կարողութիւնը կրծող այս երեւոյթներուն, կարելի է ենթադրել, որ ամբոխային ճնշման տակ, «էսթէպլիշմընթ»ը կը ծրագրէ եւ կը գործէ այնպէս, որ ընդունած ըլլայ, թէ Սփիւռքը հայոց ազգի ապագան է:
Այսինքն՝ հայութեան մէկ զանգուածը ինքզինք կը տեսնէ որպէս Սփիւռքի Ազգ:
Պատմութիւնը եւ կեանքի փորձը պարզապէս կը թելադրեն այն իմաստութիւնը, որ Սփիւռքի Ազգը ազգի գոյատեւման տեսնակիւնէ ամուլ կացութիւն մըն է:
Ի՞նչ կրնայ ըլլալ նման ապագայի յանգումը:
Ղեկավարումի բացակայութեան փաստ է օրը օրին ապրելու, ազգին՝ որպէս այդպիսին՝ հետ չառընչուող նախաձեռնութիւններու բազմապատկումը:
«Էսթէպլիշմընթ»ը, Հայաստան եւ Սփիւռք, անմիջականը կը տնտեսէ, եւ հեռանկարի բացակայութեան՝ անձնականն է, որ կը տիրապետէ. իշխանական փառասիրութիւններ, նիւթական շահախնդրութիւններ, այս բոլորը միջավայրին համարկուելու կամայ-ակամայ ընթացքի մը մէջ, իւրացնելով բարքերը, մշակոյթը, արժէքները, մասնակցելով տնտեսական կեանքին, մշակոյթին, յաճախ նաեւ՝ մանր փառասիրութեամբ՝ քաղաքական, միշտ քիչ մը աւելի խառնուելով շրջապատի ընկերային կեանքին՝ եւ խառնուելով ժողովուրդին, տեւաբար ինքնութիւն զիջելով:
Ո՛չ երէկ եւ ոչ ալ այսօր, ազգային գաղափարախօսութեան լոյսին տակ, արժեւորումը չկատարուեցաւ Երկրորդ Աշխարհամարտի աւարտին տեղի ունեցած ներգաղթած հայերու զանգուածային արտագաղթին՝ իրենց հոն ծնած զաւակներով հանդերձ:
Չի կատարուիր նաեւ, նոյն ազգային գաղափարախօսութեան լոյսին տակ, աղէտ-արտագաղթին արժեւորումը: Մոլորակի այս կամ այն տարածութիւնը հայոց հայրենիքի նահանգ կամ գաւառ չէ, ուրիշի՛ հայրենիք է, ուր կա՛մ հիւր ենք, կա՛մ ինքնութիւն կորսնցնելու դատապարտուած հաւաքականութիւն: Ժամանակ մը կրնանք տատանիլ հիւրի եւ ինքնութեան կորուստի միջեւ եղած զարտուղութիւններուն մէջ:
Հայրենադարձութիւնը, որպէս սկզբունք, ազգային քաղաքականութիւն է: Ներգաղթի ձախողութիւնը ունէր բազմաթիւ պատճառներ. տնտեսական-նիւթական, ապահովաբա՛ր: Պէտք է ընդունիլ նաեւ, որ համակարգը եւ հայրենաբնակ ժողովուրդը չէին տրամադրուեր ներգաղթը յաջողցնելու: Պարզապէս ըսենք, որ նաեւ մերժում կար, բացասական վերաբերում: Եթէ այդպէս չըլլար, շատ հաւանօրէն «հայրենասէր» ներգաղթողը հեշտութեամբ կը դիմագրաւէր կենցաղային դժուարութիւնները:
Ազգի համրանքի եւ հայրենիքի պաշտպանութեան համար հողին տիրութի՛ւն ընող ժողովուրդ պէտք է:
Յարաճուն եւ տարտղնուող Սփիւռքը ի՞նչ է եւ դարավերջին ի՞նչ կրնայ ըլլալ ազգին համար:
Ղեկավարութիւնները, Հայաստան եւ բազմագոյն սփիւռքներ, ի՞նչ ունին ըսելիք այս մասին:
Սփիւռքը բռնուած է քաղքենիացման եւ սպառողական ընկերութեան ցանցին մէջ: Կան բացառութիւններ, որոնք գիտակցական հզօր որոշումով, կ՛ուզեն ըլլալ տիրութիւն ընող ժողովուրդ եւ յանձն կ՛առնեն դժուարութիւնները: Բայց պարզ է, որ հայրենադարձութիւնը բացառիկ պարագաներով չի յաջողիր, ազգային իսկական քաղաքականութիւն չ՛ըլլար: Այլ խօսքով՝ Հայաստանի պետութիւնը եւ ժողովուրդը պիտի ըլլան հայրենադարձութեան պայմանները ստեղծողները. աշխատանքի եւ բնակութեան պայմաններու ընդհանուր ծրագրումով, օրէնքներու, կրթական, կենցաղային, առողջապահական, բարօրութեան:
Պելճիքան (Պելգիան) ունի Հայաստանի տարածութիւնը: Բայց հոն կեանքի որակը նոյնն է բոլոր քաղաքներու մէջ, դպրոցներ, համալսարան, հիւանդանոց, գիտական կեդրոն: Հայաստանի պարագային Երեւանէն անդին չկան լաւ պայմաններ: Նոյնիսկ այս կամ այն մարզի մարզպետը… կը բնակի Երեւան:
Սփիւռքները «սփիւռքի ազգ» պիտի չըլլան: Անոնք դեռ ժամանակ մըն ալ հայրենասէր-հայասէրներ պիտի ըլլան: Եթէ Հայաստանէն արտագաղթը շարունակուի… Projection մը պէտք է ընել, եւ պատկերացնել, թէ 2100 թուականին ի՞նչ պիտի ներկայացնեն սփիւռքները՝ որպէս ազգային որակով համրանք-հաւաքականութիւններ, ի՞նչ պիտի ըլլայ Հայաստանի հայ բնակչութեան համրանքը:
Մասնագէտներ այս խնդիրները կրնան վիճակագրական տախտակներու վերածել: Այդ պարագային զգացական-հայրենասիրական մշուշոտած աչքերով չենք դիտեր կացութիւնը:
«Սփիւռքի ազգ»ը քաղքենիական անհեթեթութիւն է:
Եթէ Հայաստանը ամայանայ, օր մը անխուսափելիօրէն ան կը դադրի հայու հայրենիք ըլլալէ:
Հայաստանի եւ սփիւռքներու «ղեկավարութիւնները» այսօր ի՞նչ կ՛ընեն, որպէսզի յոռեգոյնը չպատահի: Ի՞նչ կ՛ընեն կենսագործելու համար հայրենադարձութիւնը, առանց ոտքի քնացնող անշահ ճառերու: Քանի որ հայրենադարձութիւնը կը գնահատուի թիւերով: Եւ ի հարկէ չի շփոթուիր զբօսաշրջիկներով եւ զբօսաշրջիկի նմանող Հայաստան բնակութիւն հաստատող թոշակառուներով:
Դարավերջին համար ի՞նչ կ՛ըսեն նախատեսութիւնները՝ թիւերով, որոնք վիճելի չեն ըլլար, ենթակայական չեն:
Փոխանակ բազմապատկելու աթոռ-աթոռակի ակնկալութեամբ աճող կուսակցութիւններու թիւը, ինչո՞ւ չենք յաջողիր զանգուածային հայրենադարձութիւն կազմակերպել:
Այս պէտք է ըլլայ այսօրուան հիմնական առաջադրանքը, աւելի կարեւոր քան այս կամ այն քաղաքի Խորհուրդի սնափառութիւններ հովահարող պարագայական «ճանաչումները», որոնք թիզ մը հող չեն ազատագրեր եւ հինգ հայերու հայրենադարձութիւն չեն ապահովեր: