Կիրակի՝ 29 Ապրիլ 2018ին առաւօտեան ժամը 10-2, Ֆիքսի «Արամ Մանուկեան» ակումբէն ներս տեղի ունեցաւ Հ. Կ. Խաչի Շրջանային Վարչութեան կազմակերպած արիւնատուութեան երկրորդ փուլը: Առաջին փուլը տեղի ունեցած էր Կիրակի՝ 15 Ապրիլին, Գոքինիոյ «Զաւարեան» Կեդրոնէն ներս ու ապահովուած էր 13 շիշ արիւն, թէեւ ներկայացած էին աւելի մեծ թիւով հայրենակիցներ:
Այս անգամ, կարելի եղաւ 31 հոգիէ արիւն ստանալ, հակառակ որ 45 հոգի ներկայացաւ, սակայն առողջապահական տարբեր պատճառներով՝ մէկ մասը մերժուեցաւ:
Գոքինիոյ եւ Ֆիքսի շրջաններէն ներս կատարուած արիւնատուութեան ընթացքին ստացուած արեան քանակութիւնը տրամադրուեցաւ Էվանկելիզմոս հիւանդանոցի համակարգի պահեստանոցներուն՝ հարստացնելով Հ. Կ. Խաչի անունով պահ դրուած արեան քանակը:
Ամէն տարի իրագործուող այս նախաձեռնութիւնը, միշտ իր շուրջ կը համախմբէ արիւն տալու կամաւորներ, որոնցմէ շատեր ամէն տարի ներկայ կ’ըլլան արիւնատուութեան արշաւին, հոգեկան բարձր գոհունակութիւն ստանալով իրենց կատարած մատուցումով։
ԳԼԽԱՒՈՐ ԷՋ ԳԱՂՈՒԹԱՅԻՆ Գաղութային կեանք Հայ Կապոյտ Խաչի Շրջանային Վարչութեան արիւնատուութիւնը
Հայ Կապոյտ Խաչի Շրջանային Վարչութեան արիւնատուութիւնը
Հայ Կապոյտ Խաչի Շրջանային Վարչութեան 2018ի արիւնատուութեան արշաւը իր աւարտին հասաւ