Շաբաթ՝ 15 Դեկտեմբեր 2018ին, երեկոյեան ժամը 5էն սկսեալ, մեր հայրենակիցները այցելեցին Ֆիքսի «Արամ Մանուկեան» ակումբը, ուր տեղի ունեցաւ տարիներու աւանդութիւն դարձած Հ. Կ. Խաչի Ֆիքսի «Ռուբինա» մասնաճիւղին կազմակերպած պազարը, հայ թէ յոյն իր հաւատարիմ հետեւորդները ունենալով, որոնք ամէն տարի կը սպասեն յայտարարուած թուականին, այցելելու համար Ֆիքսի ակումբը եւ գնելու Խաչեան ընկերուհիներու հոգատարութեամբ պատրաստած հայկական համեղ ճաշերը եւ անուշեղէնները:
Սրահը զարդարուած էր տօնական զարդերով ու սեղանները լեցուած էին ճաշերով, անուշեղէններով եւ խմորեղէններով՝ տրամադրուած Հ. Կ. Խաչի ընկերուհիներուն կողմէ: Այցելուները՝ իրենց գնումները ընելով եւ իրենց մաղթանքները փոխանցելով մեր ընկերուհիներուն, ուրախ եւ տօնական մթնոլորտ մը կը ստեղծէին:
Վարչութիւնը սեղան տրամադրած էր Հ.Մ.Ը.Մ.ի սկաուտներուն ու Հ.Յ.Դ. Երիտասարդական Միութեան, որոնք իրենց պատրաստած իրերը կը ծախէին՝ հասոյթ ապահովելով իրենց միութիւններուն: Նաեւ երիտասարդութեան ներկայութիւնը սրահէն ներս յաւելեալ եռանդ կը ներշնչէ ու ցոյց կուտայ, թէ երիտասարդութիւնը Հ. Կ. Խաչին մօտ կը գտնուի եւ բոլոր միութիւնները գործակցութեամբ կրնան աշխատիլ եւ լաւագոյն արդիւնքներու հասնիլ: Սրահէն դուրս, սեղաններու շուրջ համախմբուած պազարի այցելուները, սուրճով եւ անուշեղէններ համտեսելով, հաճելի ընկերային ժամեր կ՚անցնէին:
Պազարը մասնաճիւղին համար հասութաբեր ձեռնարկ մըն է, որմէ գոյացած գումարներով մասնաճիւղը կարելիութիւն կ՚ունենայ կատարելու իր գործունէութեան ծախսալից ծրագիրները, խնամատարական, բարեսիրական մարզերէն ներս, նոյն պահուն օժանդակելով ակումբի մատակարարման ծախսերուն:
Պազարի շաբաթներ տեւող նախապատրաստական աշխատանքները կը կարօտին մեր ընկերուհիներու կամաւոր մասնակցութեան, որոնք տարիներու ընթացքին չեն վարանիր իրենց օգնութեան ձեռքը երկարելու միութեան գործունէութեան:
Վարձքը կատար վարչութեան, բոլոր աշխատող ընկերուհիներուն եւ օժանդակող հայրենակիցներուն, որոնք իրենց անսակարկ նուիրումով աշխատեցան պազարի յաջողութեան համար: Նաեւ՝ շնորհակալութիւն բոլոր անոնց, որոնք այցելեցին պազար, սպառեցին ծախուած ապրանքները եւ անգամ մը եւս քաջալերեցին միութեան գործունէութիւնը:
Թղթակից