Հայր Ղուկաս Ինճիճեան (Ղուզիոս Միքայէլեան, 1758-1833)

Հայր Ղուկաս Ինճիճեան (Ղուզիոս Միքայէլեան, 1758-1833). Հայ մտքի եւ գիտութեան մեծավաստակ երախտաւորը Ն.

0
2914

Հայ ժո­ղո­վուր­դի Մ­խի­թա­րեան միա­բան­նե­րու լու­սա­բաշխ հա­մաս­տե­ղու­թեան մէջ իր ու­րոյն տեղն ու ար­ժէ­քը ու­նի Հայր Ղու­կաս Ին­ճի­ճեան, ո­րուն վախ­ճա­նու­մին 185րդ տա­րե­լի­ցը կ­’ո­գե­կո­չենք Յու­լիս 2ի այս օ­րը։
Բա­նա­սէր եւ հա­յա­գէտ, պատ­մա­բան ու աշ­խար­հագ­րա­գէտ, աստ­ղա­բաշ­խու­թեան վար­պետ եւ հա­սա­րա­կա­կան գի­տու­թիւն­նե­րու հմուտ տե­սա­բան, բազ­մա­վաս­տակ խմբա­գիր ու մե­ծար­ժէք գի­տուն՝ Հայր Ղ. Ին­ճի­ճեան ան­վի­ճե­լիօ­րէն կը հան­դի­սա­նայ գլխա­ւոր ռահ­վի­րա­նե­րէն մէ­կը 19րդ դա­րու հա­յոց Ազ­գա­յին Զար­թօն­քին։
Հայր Ղ. Ին­ճի­ճեան ոչ միայն ա­րե­ւել­քի խա­ւա­րամտու­թեան տակ հիւ­ծող հա­յու­թեան առ­ջեւ լայ­նօ­րէն բա­ցաւ եւ­րո­պա­կան մտքին ու գի­տու­թեան լու­սա­մուտ­նե­րը, այ­լեւ հայ ժո­ղո­վուր­դի ազ­գա­յին հո­գեմ­տա­ւոր ար­ժէք­նե­րուն ու­սու­ցա­նո­ղը, տա­րա­ծիչն ու վե­րա­նո­րո­գո­ղը ե­ղաւ։
Յատ­կա­պէս իբ­րեւ գի­տուն մտա­ւո­րա­կա­նի եւ ան­խոնջ հրա­պա­րա­կա­գի­րի ե­զա­կի հա­մադ­րու­մի մը՝ Հայր Ղ. Ին­ճի­ճեան ամ­բողջ կէս դար հո­գեմ­տա­ւոր սնունդ հաս­ցուց մեր ժո­ղո­վուր­դի զա­ւակ­նե­րուն։ Իր ու­սում­նա­սի­րու­թիւն­ներն ու աշ­խա­տա­սի­րու­թիւն­նե­րը ա­նուս բազ­մու­թիւն­նե­րուն մատ­չե­լի դարձ­նե­լու բնա­տուր ձիր­քը ու­նէր, աշ­խար­հա­բա­րի ա­ռա­ջին մշա­կող­նե­րէն ե­ղաւ, հայ պար­բե­րա­կան մա­մու­լի նա­խա­կա­րա­պետ դար­ձաւ ու յատ­կա­պէս տա­րե­գիրք­նե­րու հի­մը դրաւ հայ ի­րա­կա­նու­թեան մէջ։
Ծ­նած էր 1758ին, Կ. Պո­լիս։ Մեծ հայ­րը Ադ­րիա­նա­պոլ­սէն (Է­տիր­նէ) էր, հան­րա­ծա­նօթ՝ Ին­ճի­ճի Հա­ճի Մի­քա­յէլ ա­նու­նով։ Հայ­րը՝ Պո­լիս հաս­տա­տո­ւած Ին­ճի­ճի Պօ­ղոս Մի­քա­յէ­լեանն էր։ Իսկ մայ­րը՝ Տի­րու­հին, կը յի­շա­տա­կո­ւի իբ­րեւ քոյ­րը Մ­խի­թա­րեան Միա­բա­նու­թեան մե­ծա­նուն պատ­մա­բան Մի­քա­յէլ Չամ­չեա­նի (1738-1823)։
1770ին հայ­րը Վե­նե­տի­կի Մ­խի­թա­րեան Միա­բա­նու­թիւն ու­ղար­կեց 12ա­մեայ իր զաւ­կին, որ իր ու­շի­մու­թեամբ գրա­ւեց հո­գա­ծու­թիւ­նը Միա­բա­նու­թեան ա­ռաջ­նորդ Ար­քե­պիս­կո­պոս Ս­տե­փա­նոս Ա­կունց Քու­վե­րին (1740-1824) եւ վա­յե­լեց ա­նոր ու­շադ­րու­թիւնն ու քա­ջա­լե­րան­քը։ 1774ին, 16ա­մեայ պա­տա­նին ընտ­րեց հո­գե­ւո­րա­կա­նի կեան­քը եւ դար­ձաւ Մ­խի­թա­րեան Միա­բա­նու­թեան ան­դամ։ Իսկ 1786ի վեր­ջե­րուն վե­րա­դար­ձաւ Կ. Պո­լիս, ուր մնաց չորս տա­րի։ 1790ին վերս­տին մեկ­նե­ցաւ Վե­նե­տիկ, ուր գոր­ծեց մին­չեւ 1805ի Մարտ 14ը, երբ ա­ռող­ջա­կան պատ­ճառ­նե­րով՝ բուժ­ման հա­մար դար­ձեալ վե­րա­դար­ձաւ Պո­լիս, եր­կար ժա­մա­նա­կով հոն մնա­լու եւ աշ­խար­հագ­րա­կան ո­րոշ վայ­րեր մօ­տէն ու­սում­նա­սի­րե­լու մտադ­րու­թեամբ։
Հայր Ղ. Ին­ճի­ճեան ա­ւե­լի քան 23 տա­րի մնաց ու գոր­ծեց Կ. Պոլ­սոյ մէջ։ Մեծ ներդ­րում ու­նե­ցաւ 1810ին հիմ­նադ­րո­ւած Ար­շա­րու­նեաց Միու­թեան աշ­խու­ժա­ցու­մին եւ հզօ­րաց­ման մէջ։ Միու­թեան նպա­տակն էր տա­րա­ծել ռա­միկ, այ­լեւ աշ­խար­հա­բար հա­յե­րէ­նով հրա­տա­րա­կո­ւած գիր­քե­րը։ Կազ­մած էր սե­փա­կան մեծ գրա­դա­րան մը, որ 1815ին հրդե­հի մը բռնկման հե­տե­ւան­քով ամ­բող­ջա­պէս մո­խիր դար­ձաւ։ Հ­րոյ ճա­րակ դար­ձան նաեւ մեծ թո­ւով իր ձե­ռա­գիր­նե­րը, ո­րոնց շար­քին՝ «Օս­մա­նեան պե­տու­թեան աշ­խար­հագ­րու­թիւն» ա­նուն իր ծա­ւա­լուն գոր­ծին երկ­րորդ եւ եր­րորդ հա­տոր­նե­րը։
1819ին, Ար­շա­րու­նեաց Միու­թեան հո­վա­նա­ւոր Գիւ­զեան ու­նե­ւոր ըն­տա­նի­քը օ­րո­ւան իշ­խա­նու­թեանց կող­մէ են­թար­կո­ւե­ցաւ հա­լա­ծան­քի եւ Հայր Ղ. Ին­ճի­ճեան, իբ­րեւ ըն­տա­նի­քին մտե­րի­մը, խոյս տո­ւաւ դէ­պի Օ­տե­սա։ Թէեւ տա­րի մը ետք դրու­թիւ­նը կար­գա­ւո­րո­ւե­ցաւ եւ Հայր Ին­ճի­ճեան 1820ին վե­րա­դար­ձաւ Կ. Պո­լիս, բայց Գիւ­զեան ըն­տա­նի­քի գլխուն ե­կած փոր­ձան­քին հե­տե­ւան­քով՝ Ար­շա­րու­նեաց Միու­թիւ­նը կազ­մա­լու­ծո­ւած գտաւ։ Այդ պատ­ճա­ռով ալ, Միու­թեան կող­մէ նիւ­թա­պէս մա­տա­կա­րա­րուող Հայր Ղ. Ին­ճի­ճեա­նի հրա­տա­րա­կած մե­ծար­ժէք «Ե­ղա­նակ Բիւ­զան­դեան-­Բազ­մա­վէպ» տա­րե­գիր­քը եւս դադ­րե­ցաւ լոյս տես­նե­լէ։
Ընդ­հան­րա­պէս կա­թո­ղի­կէ հա­յե­րու նկատ­մամբ հա­լա­ծան­քի տա­րի­ներ էին 1820ա­կան­նե­րը. 1828ի սկզբնա­ւո­րու­թեան, Կ. Պոլ­սոյ կա­թո­ղի­կէ հա­յե­րը աք­սո­րո­ւե­ցան իշ­խա­նու­թեանց կող­մէ։ Հայր Ին­ճի­ճեան՝ Պո­լիս մնա­լը այ­լեւս վտան­գա­ւոր հա­մա­րե­լով՝ նոյն տա­րո­ւան Մա­յի­սին վերջ­նա­կա­նա­պէս գնաց Վե­նե­տիկ, ուր տա­րի մը ա­ռաջ վախ­ճա­նած Հայր Գաբ­րիէլ Ա­ւե­տի­քեա­նի (1751-1827) փո­խա­րէն ընտրո­ւե­ցաւ Միա­բա­նու­թեան փոխ-ա­ռաջ­նորդ։ Այդ պաշ­տօ­նին վրայ ալ վախ­ճա­նե­ցաւ 2 Յու­լիս 1833ին։
Հան­րա­գի­տա­կան աղ­բիւր­նե­րը միա­ձայ­նու­թեամբ կը շեշ­տեն, որ Հայր Ղու­կաս Ին­ճի­ճեան իր ա­նու­նին կա­պեց բա­նա­սի­րա­կան եւ խմբագ­րա­կան բե­ղուն եւ մե­ծար­ժէք վաս­տակ մը։ Յա­տուկ գնա­հա­տան­քի ար­ժա­նի են.
— 1791ին Վե­նե­տիկ լոյս տե­սած իր «­Տե­սու­թիւն հա­մա­ռօտ հին եւ նոր աշ­խար­հագ­րու­թեան» չա­փա­ծոյ եր­կը, որ նաեւ լրիւ թարգ­մա­նո­ւած է ի­տա­լե­րէ­նի, իսկ մաս­նա­կիօ­րէն՝ ֆրան­սե­րէ­նի։
— 1794ին հրա­տա­րա­կո­ւած «Ա­մա­րա­նոց Բիւ­զան­դեան» գիր­քը։
— 1799-1802ին` «­Տա­րեգ­րու­թիւն»նե­րու շար­քը, որ «Ազ­դա­րար»էն յե­տոյ երկ­րորդ պար­բե­րա­կա­նը ե­ղաւ հայ ի­րա­կա­նու­թեան մէջ, նաեւ ե­ղաւ ա­ռա­ջի­նը՝ աշ­խար­հա­բար լե­զո­ւի իր գոր­ծա­ծու­թեամբ։ Կը պա­րու­նա­կէ ժա­մա­նա­կաշր­ջա­նի հա­սա­րա­կա­կան-քա­ղա­քա­կան ի­րա­դար­ձու­թեանց մա­սին հա­կիրճ տե­ղե­կու­թիւն­ներ։
— 1803-20ին, «­Տա­րեգ­րու­թիւն»նե­րու փո­խա­րէն, լոյս տե­սած «Ե­ղա­նակ Բիւ­զան­դեան-­Բազ­մա­վէպ» աշ­խար­հա­բար տա­րե­գիր­քը, ա­ւե­լի ճոխ ու բազ­մա­զան բո­վան­դա­կու­թեամբ, նաեւ՝ ա­ւե­լի մեծ ծա­ւա­լով ու գե­ղե­ցիկ նկա­րա­զար­դում­նե­րով։
— 1824էն սկսեալ հրա­տա­րա­կո­ւած «­Դա­րա­պա­տում­ներ» շար­քը, տա­րե­կան մէկ կամ եր­կու հա­տո­րով, ո­րոնց­մէ իւ­րա­քան­չիւ­րը կը պա­րու­նա­կէ դա­րաշր­ջա­նի մը քա­ղա­քա­կան եւ մշա­կու­թա­յին ի­րա­դար­ձու­թեանց պատ­մու­թիւ­նը։
Հայր Ղու­կաս Ին­ճի­ճեա­նի թո­ղած ժա­ռան­գու­թեան մաս կը կազ­մեն նաեւ պատ­մա­բա­նա­սի­րա­կան եւ աշ­խար­հագ­րա­կան ու­շագ­րաւ հե­տա­զօ­տու­թիւն­ներ, ո­րոնք կը պա­րու­նա­կեն հա­րուստ նիւ­թեր՝ հին Հա­յաս­տա­նի պատ­մու­թեան, աշ­խար­հագ­րու­թեան, տե­ղագ­րու­թեան եւ հնու­թեանց մա­սին։
Ա­նոնց կա­րե­ւո­րա­գոյն­ներն են՝
— «Աշ­խար­հագ­րու­թին չո­րից մա­սանց աշ­խար­հի» բազ­մա­հա­տո­րեա­կի ա­ռա­ջին մա­սին Ա. հա­տո­րը եւ երկ­րորդ մա­սին Ե.-Զ. հա­տոր­նե­րը (1806, 1804)։
— «Ս­տո­րագ­րու­թիւն հին Հա­յաս­տա­նեայց»ը (1822), ուր ման­րա­մաս­նօ­րէն ներ­կա­յա­ցո­ւած են պատ­մա­կան Հա­յաս­տա­նի 16 նա­հանգ­նե­րը, տրո­ւած է ա­նոնց տե­ղագ­րա­կան եւ աշ­խար­հագ­րա­կան նկա­րա­գի­րը։
— «Հ­նա­խօ­սու­թիւն աշ­խար­հագ­րա­կան Հա­յաս­տա­նեայց աշ­խար­հի» (ե­րեք ստո­ւար հա­տոր­ներ, տպուած Վե­նե­տիկ, 1835ին)։
Հայր Ին­ճի­ճեան հրա­տա­րա­կած է նաեւ քա­նի մը մաս­նա­յա­տուկ աշ­խա­տու­թիւն­ներ, ո­րոնք իբ­րեւ դա­սա­գիրք օգ­տա­գոր­ծո­ւած են ա­տե­նին, ինչ­պէս «­Պատ­մու­թիւն կեն­դա­նեաց ի չորս կարգս բա­ժա­նեալ` ի ցա­մա­քա­յին, ի ջրա­յին, յեր­կա­կեն­ցաղ եւ յօ­դա­յին» (­Վե­նե­տիկ, 1801։ Բ. տպագ­րու­թիւն` 1810)։
Վեր­ջա­պէս, բայց ո՛չ վեր­ջի­նը, յա­տուկ յի­շա­տա­կու­թեան ար­ժա­նի է Հայր Ղու­կաս Ին­ճի­ճեա­նի աշ­խա­տա­սի­րու­թիւ­նը «Ազ­գա­սի­րու­թեան մա­սին», զոր հայ մտքի եւ գի­տու­թեան մե­ծար­ժէք այս Մ­խի­թա­րեա­նը գրած էր 1812ին, Ար­շա­րու­նեաց Ըն­կե­րու­թեան խնդրան­քով՝ ներ­կա­յաց­նե­լու հա­մար իր հա­մո­զում­ներն ու տե­սա­կէտ­նե­րը ի պաշտ­պա­նու­թիւն հա­յոց ազ­գա­յին հո­գեմ­տա­ւոր գան­ձա­րա­նին։