­Յու­լիս 6ի այս օ­րը ծննդեան տա­րե­դարձն է հայ ժո­ղո­վուր­դի հո­գեմ­տա­ւոր հարս­տու­թեան նոր ժա­մա­նակ­նե­րու ­Նա­հա­պե­տին՝ ­Հայր ­Ղե­ւոնդ Ա­լի­շա­նի։
Ս­տեղ­ծա­գոր­ծե­լու եւ ու­սում­նա­սի­րե­լու, գի­տու­թիւն ամ­բա­րե­լու եւ ճա­նա­չու­մի իր անս­պառ պա­շա­րը անմ­նա­ցորդ բաշ­խե­լու, այ­լեւ ու մա­նա­ւանդ՝ սե­րունդ­ներ ­Հայ­կեան ­Հան­ճա­րի պաշ­տա­մուն­քով դաս­տիա­րա­կե­լու ան­մահ գոր­ծին ռահ­վի­րան է Ա­լի­շան։
Օժ­տո­ւած՝ գրո­ղի ու գի­տաշ­խա­տո­ղի բա­ցա­ռիկ շնորհ­նե­րով, ստեղ­ծա­գոր­ծե­լու բարձ­րո­րակ տա­ղան­դով եւ ճա­ռա­գայ­թող ի­մաս­տու­թեամբ, ­Հայր ­Ղե­ւոնդ Ա­լի­շան լիար­ժէք շնչա­ւո­րեց ու բեղմ­նա­ւո­րեց ի­րեն ըն­ծա­յո­ւած կեան­քի ժա­մա­նա­կը։ Ան­խոնջ աշ­խա­տանքն ու ստեղ­ծա­գոր­ծու­թիւ­նը կո­չում դար­ձան ­Նա­հա­պե­տին հա­մար, որ մին­չեւ ա­լե­հեր ու ծե­րու­նա­զարդ իր տա­րի­քը՝ ամ­բող­ջա­պէս նո­ւի­րո­ւե­ցաւ հա­յոց հո­գեմ­տա­ւոր հարս­տու­թիւ­նը վե­րա­նո­րո­գե­լու եր­կուն­քին։
Ա­լի­շա­նի ծննդեան 197րդ ­տա­րե­դար­ձին նո­ւի­րո­ւած այս վկա­յու­թիւ­նը կ­’ար­ժէ սկսիլ իր ի­մաս­տուն պատ­գամ­նե­րով հա­ղոր­դո­ւե­լու պա­հով.

— ­Մի ու­րա­նար զեր­կիրդ եւ զազգդ սի­րուն։
— ­Ծառն ար­մա­տով է ծառ՝ տունն հի­մամբ է տուն:
— Չ­կայ ա­ւե­լի պա­տո­ւա­կան ա­րա­րած, քան մար­դը, ո­րուն հա­մար ստեղ­ծո­ւած է ա­մէն բան:
— Թշ­նա­միին ջախ­ջա­խե­լու հա­մար հա­րո­ւած եւ հան­ճար է պէտք:
— Ար­ծիւ միտ­քը ար­ծո­ւի թեւ ալ կ­’ու­զէ:

Այս­պէ՛ս. ­Յու­լիս 6ին, 197 տա­րի ա­ռաջ, ­Պոլ­սոյ մէջ, հնա­հա­ւաք ու դրա­մա­գէտ ­Պետ­րոս-­Մար­գար Ա­լի­շա­նեա­նի ըն­տա­նե­կան յար­կին տակ ու­րա­խու­թիւն կը տի­րէր։
­Լոյս աշ­խարհ ե­կած էր ա­րու զա­ւակ մը, ո­րուն ա­նու­նը դրին ­Քե­րով­բէ։
Օրհ­նեալ եւ օրհ­նա­բեր ծնունդ էր.
— Ապ­րե­ցաւ մին­չեւ 1901 թո­ւա­կա­նը՝ ստեղ­ծա­գոր­ծա­կան բեղմ­նա­ւոր կեան­քով։
— Ապ­րե­ցաւ ան­բա­սիր վար­քով՝ մարմ­նա­ւո­րե­լով հայ հո­գե­ւո­րա­կա­նի սրբա­կեաց կեր­պա­րը։
— Ապ­րե­ցաւ հան­ճա­րեղ ան­մահ­նե­րու ճա­ռա­գայ­թու­մով՝ լու­սա­ւո­րե­լով ու ջեր­մաց­նե­լով ար­դի ժա­մա­նակ­նե­րու ՀԱ­Յուն սիրտն ու հո­գին, միտքն ու էու­թիւ­նը։
Եւ յա­ւեր­ժա­ցաւ ­Հայր ­Ղե­ւոնդ Ա­լի­շան ա­նու­նով։
­Դէ­պի աղ­բիւ­րը լոյ­սին տե­ւա­կան ձգտու­մի եւ ան­խոնջ աշ­խա­տան­քի ու­ղե­ւո­րու­թիւն մը ե­ղաւ իր կեան­քը։
­Պոլ­սոյ «­Չա­լը­խեան» նա­խակր­թա­րա­նը հա­զիւ ա­ւար­տած՝ 12 տա­րե­կան ­Քե­րով­բէն ղրկո­ւե­ցաւ ­Վե­նե­տի­կի ­Սուրբ ­Ղա­զա­րի վան­քը եւ յանձ­նո­ւե­ցաւ Մ­խի­թա­րեան­նե­րու դաս­տիա­րա­կու­թեան։ ­Վան­քի Ըն­ծա­յա­րանն ու «­Մու­րատ ­Ռա­փա­յէ­լեան» բարձ­րա­գոյն վար­ժա­րա­նը ա­ւար­տեց 1841ին՝ ար­դէն կու­սակ­րօն վար­դա­պետ ձեռ­նադ­րո­ւած։ Ան­մի­ջա­պէս նո­ւի­րո­ւե­ցաւ նոյն վար­ժա­րա­նէն ներս ու­սուց­չու­թեան՝ միա­ժա­մա­նակ աշ­խա­տակ­ցե­լով 1843ին կեան­քի կո­չո­ւած «­Բազ­մա­վէպ» հան­դէ­սին։ Այս շրջա­նին լոյս տե­սան իր ա­ռա­ջին բա­նաս­տեղ­ծու­թիւն­նե­րը, ո­րոնք գրա­բա­րով գրո­ւած էին եւ կը կրէին Մ­խի­թա­րեան­նե­րու դա­սա­կան դպրո­ցին շեշ­տա­կի կնի­քը։
1848ին նշա­նա­կո­ւե­ցաւ «­Ռա­փա­յէ­լեան» վար­ժա­րա­նի տե­սուչ՝ միա­ժա­մա­նակ ստանձ­նե­լով «­Բազ­մա­վէպ»ի խմբագ­րու­թիւ­նը (1849-1851)։
Ամ­բողջ Եւ­րո­պան ցնցող յե­ղա­փո­խա­կան պոռթ­կում­նե­րու ժա­մա­նակ­ներ էին. իսկ Ի­տա­լիոյ տա­րած­քին ազ­գա­յին միա­ւոր­ման ու ա­զա­տագ­րու­թեան յե­ղա­փո­խա­կան շար­ժում­նե­րը ի­րենց բարձ­րա­կէ­տին հա­սած էին։ Այդ խմո­րում­նե­րը ան­տար­բեր չձգե­ցին ե­րի­տա­սարդ Ա­լի­շա­նին, որ «­Բազ­մա­վէպ»ի է­ջե­րուն լոյս ըն­ծա­յեց «­Նա­հա­պետ» ստո­րագ­րու­թեամբ իր ազ­գա­յին-յե­ղա­փո­խա­շունչ բա­նաս­տեղ­ծու­թիւն­նե­րը։ «Պլ­պուլն Ա­ւա­րա­րայ­րի», «­Հա­յոց Աշ­խար­հիկ», «­Լուսն­կայն ­Գե­րեզ­մա­նաց ­Հա­յոց», «­Բամբ Ո­րո­տան» եւ «­Նո­ւագք» շար­քի միւս բա­նաս­տեղ­ծու­թիւն­նե­րով՝ Ա­լի­շա­նի «­Նա­հա­պե­տի եր­գե­րը» ոչ միայն նոր ու­ղի բա­ցին Մ­խի­թա­րեան­նե­րու դա­սա­կան քեր­թո­ղու­թեան առ­ջեւ, այ­լեւ՝ ընդ­հան­րա­պէս ար­դի հայ գրա­կա­նու­թիւ­նը թար­մա­ցու­ցին ու յա­ռաջ մղե­ցին վի­պա­պաշտ (ռո­ման­թիք) դպրո­ցի հու­նով։ Ա­ւե­լի՛ն. հայ ժո­ղո­վուր­դի ազ­գա­յին-ա­զա­տագ­րա­կան զար­թօն­քին կրա­կը վա­ռե­ցին ժա­մա­նա­կի հայ մտա­ւո­րա­կա­նու­թեան եւ ե­րի­տա­սար­դու­թեան մէջ՝ եւ­րո­պա­կան ոս­տան­նե­րէն մին­չեւ ­Պո­լիս ու ­Վան, մին­չեւ ­Թիֆ­լիս ու ­Մոս­կո­ւա։
­Պեր­ճա­խօս է վկա­յու­թիւ­նը Ա­լի­շա­նի կրտսեր ժա­մա­նա­կա­կից եւ հա­յոց ազ­գա­յին ու յե­ղա­փո­խա­կան զար­թօն­քին մէջ իր կար­գին մե­ծակ­շիռ ներդ­րում կա­տա­րած ­Մի­քա­յէլ ­Նալ­բան­դեա­նի, որ օ­րին ող­ջու­նե­լով «­Նա­հա­պետ ստո­րագ­րու­թեամբ Հ. ­Ղե­ւոնդ Ա­լի­շա­նեանց ար­ժա­նա­ւոր վար­դա­պե­տի հրա­տա­րա­կած հո­յա­կապ քեր­թո­ւած­քը՝ «Պլ­պուլն Ա­ւա­րայ­րի», չվա­րա­նե­ցաւ յայ­տա­րա­րե­լու, թէ «չա­փա­բե­րա­կան քեր­թո­ւա­ծոց մէջ ար­ժա­նա­ւոր վար­դա­պե­տը ա­խո­յեան չու­նի»…
1849ին բռնկած ի­տա­լե­ւաւստ­րիա­կան պա­տե­րազ­մին հե­տե­ւան­քով՝ «­Մու­րատ ­Ռա­փա­յէ­լեան» վար­ժա­րա­նի դա­սա­ւան­դու­թիւն­նե­րը առ­կա­խո­ւե­ցան։ 1850ին, Մ­խի­թա­րեան­նե­րու Աբ­բա­հայր Գ. ­Հիւր­միւ­զի հետ, Ա­լի­շան ան­ցաւ ­Վա­տի­կան, ուր­կէ տա­րի մը ետք — ­Մու­րատ ­Ռա­ֆա­յէ­լեա­նի կտա­կին հետ կա­պո­ւած հար­ցե­րու լուծ­ման ա­ռա­քե­լու­թեամբ — ու­ղար­կո­ւե­ցաւ ­Լոն­տոն։ Ա­լի­շան եր­կա­րաձ­գեց ­Լոն­տոն իր կե­ցու­թիւ­նը, որ­պէս­զի մօ­տէն ծա­նօ­թա­նայ եւ ու­սում­նա­սի­րէ ­Քեմպ­րի­ճի հա­մալ­սա­րա­նին ու Օքս­ֆոր­տի մա­տե­նա­դա­րա­նին հին ձե­ռա­գիր­նե­րու աշ­խար­հահռ­չակ հա­ւա­քա­ծոն։ Ա­լի­շան ոչ միայն ման­րա­մասն քննար­կեց, այ­լեւ՝ ցան­կագ­րեց իր գտած հայ­կա­կան բո­լոր ձե­ռա­գիր­նե­րը։ ­Լոն­տո­նէն ետք, ու­սում­նա­սի­րա­կան եւ ինք­նա­զար­գաց­ման նպա­տակ­նե­րով, Ա­լի­շան շրջե­ցաւ եւ­րո­պա­կան գլխա­ւոր կեդ­րոն­նե­րը՝ յա­ջոր­դա­բար ­Պեր­լին, ­Վիեն­նա, ­Փա­րիզ եւ ­Կանտ՝ ­Պել­ճի­քա։ ­Վե­նե­տիկ վե­րա­դար­ձաւ 1853ին։
­Հա­մաշ­խար­հա­յին մշա­կոյ­թի ու մտքի մեծ կեդ­րոն­նե­րուն հետ մօ­տէն շփու­մի ծա­ռա­յած այդ տա­րի­նե­րը հիմ­նա­կան շրջա­դարձ ա­ռա­ջա­ցու­ցին Ա­լի­շա­նի հե­տա­գայ գոր­ծու­նէու­թեան մէջ։ ­Բա­նաս­տեղծն ու գրա­բա­րով ստեղ­ծա­գոր­ծող ­Հե­ղի­նա­կը ի­րենց տե­ղը զի­ջե­ցան, Ա­լի­շա­նի մէջ, ազ­գա­յին շուն­չով, աշ­խար­հա­բա­րով եւ յա­ռաջ­դի­մա­կան մտա­ծո­ղու­թեամբ սե­րունդ հասց­նող ­Դաս­տիա­րա­կին եւ, միեւ­նոյն ա­ռա­ջադ­րան­քով, բա­նա­սի­րա­կան ու պատ­մա­գի­տա­կան բնա­գա­ւառ­նե­րու մէջ կո­թո­ղա­կան աշ­խա­տա­սի­րու­թիւն­ներ ի­րա­գոր­ծող ­Գի­տաշ­խա­տո­ղին եւ գա­ղա­փա­րա­կան շար­ժում հու­նա­ւո­րող Մ­տա­ւո­րա­կա­նին։
­Ման­կա­վար­ժա­կան իր ծա­ռա­յու­թեան շրջա­նին, «­Մու­րատ ­Ռա­փա­յէ­լեան»ի տես­չու­թեան կող­քին, Ա­լի­շան 1859էն 1861 դա­սա­ւան­դեց նաեւ ­Փա­րի­զի «­Մու­րա­տեան» վար­ժա­րա­նին մէջ։
­Հայր ­Ղե­ւոնդ Ա­լի­շա­նի ման­կա­վար­ժա­կան գոր­ծու­նէու­թիւ­նը շա­րու­նա­կո­ւե­ցաւ մին­չեւ 1872 թո­ւա­կա­նը, երբ ու­սուց­չա­կան աս­պա­րէ­զէն քա­շո­ւե­ցաւ եւ ո­րո­շեց ամ­բող­ջու­թեամբ նո­ւի­րո­ւիլ գի­տա­կան աշ­խա­տան­քի։
Այ­նու­հե­տեւ, մին­չեւ իր վախ­ճա­նը 22 ­Նո­յեմ­բեր 1901ին, ­Հայ­կեան ­Հան­ճա­րին վե­հա­շուք ­Նա­հա­պե­տը փա­կո­ւե­ցաւ Ս. ­Ղա­զա­րի վան­քի իր աշ­խա­սե­նեա­կին մէջ եւ ստեղ­ծեց ա­ւե­լի քան յի­սուն հա­տոր հա­յա­գի­տա­կան պատ­կա­ռե­լի եր­կեր, ո­րոնք փառ­քը կը կազ­մեն հայ ժո­ղո­վուր­դի հո­գեմ­տա­ւոր ժա­ռան­գու­թեան։
Ինչ­պէս իր բա­նաս­տեղ­ծու­թեանց, նոյն­պէս եւ բա­նա­սի­րա­կան թէ պատ­մա­գի­տա­կան իր աշ­խա­տա­սի­րու­թեանց մէջ, Ա­լի­շան միեւ­նոյն մեծ ու խո­րին պատ­գա­մը փո­խան­ցեց հայ ժո­ղո­վուր­դի զա­ւակ­նե­րուն.- ­Պաշ­տե­լու աս­տի­ճան սի­րել եւ պահ­պա­նել հա­յոց լե­զուն ու հայ­րե­նի հո­ղը, հայն ու իր մշա­կոյ­թը, ո­րոնք ծաղ­կու­մի եւ ճա­ռա­գայ­թու­մի ա­ռաջ­նոր­դե­ցին հայ­կեան հան­ճա­րը՝ դա­րա­ւոր ստրկու­թեան եւ խա­ւա­րի ու ան­կու­մի ժա­մա­նակ­նե­րուն դէմ ինք­նա­պահ­պան­ման եւ վե­րա­կանգ­նու­մի հզօ­րա­գոյն զէն­քե­րը դառ­նա­լով հա­յու­թեան ի­րե­րա­յա­ջորդ սե­րունդ­նե­րուն։
­Հայ­կա­կա­նին ու հայ­րե­նա­կա­նին պաշ­տա­մուն­քը Ա­լի­շան յա­ւեր­ժա­ցուց նախ իր բա­նաս­տեղ­ծու­թեամբ։ 1850ա­կան­նե­րու վեր­ջե­րուն, «­Նո­ւագք» ընդ­հա­նուր ա­նու­նին տակ ի մի բե­րե­լով հա­մե­մա­տա­բար ե­րի­տա­սարդ տա­րի­քին գրո­ւած իր քեր­թո­ւած­նե­րը, Ա­լի­շան 1857ին եւ 1858ին յա­ջոր­դա­բար լոյս ըն­ծա­յեց «­Ման­կու­նի», «­Մաղ­թու­նի», «­Խո­հու­նի», «Բ­նու­նի», «­Հայ­րու­նի», «­Տէ­րու­նի» եւ «Տխ­րու­նի» խո­րագ­րո­ւած գրքոյկ­նե­րը, ո­րոնք մէկ կող­մէ մարդ­կա­յին ան­սահ­ման բա­րու­թեան, մարդ­կայ­նա­պաշտ ապ­րում­նե­րու եւ խո­հե­րու, ինչ­պէս եւ քրիս­տո­նէա­կան հա­ւատ­քի վե­րա­հաս­տատ­ման նո­րօ­րեայ ա­ւե­տա­րան­ներ ե­ղան, իսկ միւս կող­մէ սրտե­րուն եւ մտքե­րուն մէջ վա­ռե­ցին խա­րոյ­կը հա­յոց փա­ռա­պանծ ան­ցեա­լի ո­գե­կոչ­ման, հայ­րե­նի բնու­թեան պաշ­տա­մուն­քին, հայ­րե­նի հո­ղին՝ քա­րին ու ջու­րին ո­գեշնչ­ման եւ, մա­նա­ւանդ, ­Հայ­կեան ­Հան­ճա­րի սա­ւառ­նե­լու նե­րու­ժին շղթա­յա­զերծ­ման։
­Հա­ւատ­քի՛ մար­դու, ազ­գա­յի՛ն գոր­ծի­չի եւ տա­ղան­դա­շատ գրո­ղի իր մեծ պատ­գա­մը Ա­լի­շան թուղ­թին յանձ­նեց նաեւ ար­ձակ է­ջե­րով, ո­րոնք 1871ին լոյս տե­սան «­Խորհր­դա­ծու­թիւնք՝ ընդ ե­ղեւ­նեաւ» հա­տո­րով։
Իսկ հա­յա­գի­տա­կան աշ­խա­տա­սի­րու­թեանց իր կո­թո­ղա­կան վաս­տա­կով՝ ­Հայր ­Ղե­ւոնդ Ա­լի­շան պատ­րաս­տեց, բա­ռին ա­մէ­նէն ընդգր­կուն ի­մաս­տով, հան­րա­գի­տա­րա­նը ­Հա­յաս­տան Աշ­խար­հին եւ ստեղ­ծա­գործ ­Հա­յուն։ ­Հա­կա­ռակ որ բնաւ չտե­սաւ աշ­խար­հը հա­յոց եւ չու­նե­ցաւ հնա­րա­ւո­րու­թիւ­նը ուղ­ղա­կիօ­րէն ապ­րե­լու իր պաշ­տած ժո­ղո­վուր­դի ա­ռօ­րեա­յին մէջ, Ա­լի­շան գա­ւառ առ գա­ւառ եւ գիւղ առ գիւղ ման­րա­մաս­նօ­րէն ներ­կա­յա­ցուց պատ­մա­կան ­Հա­յաս­տա­նը՝ իր թէ՛ նիւ­թե­ղէն, թէ՛ ո­գե­ղէն բնու­թագ­րով, իր հո­ղով ու բոյ­սե­րով, իւ­րա­քան­չիւր ա­ւա­նի կա­պո­ւած պատ­մա­կան ու ազ­գա­յին յի­շո­ղու­թեամբ, հա­յե­րէ­նի ժո­ղովր­դա­յին ու բար­բա­ռա­յին ճո­խու­թեամբ եւ հարս­տու­թեամբ, այ­լեւ ու մա­նա­ւանդ հա­յա­կերտ կո­թող­նե­րով, կան­գուն մնա­ցած ու պահ­պա­նո­ւած ըլ­լան ա­նոնք, թէ ո­սոխ­նե­րու կող­մէ քա­րու­քանդ ե­ղած…
­Մաս­նա­գէտ­նե­րու միա­հա­մուռ վկա­յու­թեամբ՝ «­Յու­շիկք ­Հայ­րե­նեաց ­Հա­յոց», «­Տե­ղա­գիր հա­յոց մե­ծաց», «Նշ­մարք եւ նշխարք ­Հա­յաս­տա­նի», «­Շի­րակ», «­Սի­սո­ւան», «Այ­րա­րատ», «­Սի­սա­կան», «­Հին հա­ւատք հա­յոց», «Ար­շա­լոյս Ք­րիս­տո­նէու­թեան ­Հա­յոց», «­Հա­յա­պա­տում», «Շ­նոր­հա­լի եւ պա­րա­գայ իւր», «­Հայ բու­սակ» եւ միւս գոր­ծե­րով, Ա­լի­շան ոչ միայն հա­յա­գի­տու­թեան ըն­ծա­յա­բե­րեց գի­տե­լի­քի հսկա­յա­կան պա­շար, այ­լեւ սկզնաղ­բիւր դար­ձաւ պատ­մա­գի­տու­թեան եւ լե­զո­ւա­բա­նու­թեան, աշ­խար­հա­գի­տու­թեան եւ բու­սա­գի­տու­թեան բնա­գա­ւառ­նե­րուն մէջ։
Այս բո­լո­րով ե­զա­կի մե­ծու­թիւն դար­ձաւ ­Հայր ­Ղե­ւոնդ Ա­լի­շան։
Եւ պա­տա­հա­կան չէ, որ ­Նա­հա­պե­տին վախ­ճա­նու­մը հա­մազ­գա­յին սու­գով պա­տեց ողջ ­Հա­յաս­տանն ու հայ ժո­ղո­վուր­դը։
Եւ նոյ­նիսկ մեր օ­րե­րուն որ­քա՜ն թե­լադ­րա­կան կը հնչէ «Դ­րօ­շակ»ի ­Դեկ­տեմ­բեր 1901ի հա­մա­րին վկա­յու­թիւ­նը, որ Ա­լի­շա­նը կը հռչա­կէր «­Հա­յաս­տա­նի բա­րի ո­գին» եւ «ազ­գա­յին յոյ­սե­րու ստեղ­ծող հան­ճար»ը։
Այ­սօր կը նշենք հայ մտքի ու գրա­կա­նու­թեան ա­լե­հեր ­Նա­հա­պե­տին ծննդեան 197ա­մեա­կը եւ կը հա­ղոր­դո­ւինք ­Հա­յու կե­նա­րար իր ­Հա­ւատ­քով՝

­Մեր ­Տէրն ի երկ­նուց ծայ­րէն երբ ի­ջաւ
Երկ­րիս հի­ման քարն յԱ­րա­րատ դրաւ,
Այն մեր ­Մա­սի­սու երկ­նա­ձեւ սա­րէն
Ա­չեց ըզ­բո­լոր՝ վե­րա­ցաւ նո­րէն…