Հայր Ղեւոնդ Ալիշան (1820-1901)

Հայր Ղեւոնդ Ալիշան (1820-1901). ­­Հա­յաս­տա­նի եւ հա­յու­թեան պաշ­տա­մուն­քին ­­Նա­հա­պե­տը՝ վսե­մա­շուք քեր­թո­ղը Ն.

0
3754

­­Նո­յեմ­բեր 9ի այս օ­րը, 117 տա­րի ա­ռաջ, ­­Վե­նե­տի­կի մէջ, ծե­րու­նա­զարդ տա­րի­քին վախ­ճա­նե­ցաւ ­­Հայ­կեան ­­Հան­ճա­րին վե­հա­շուք «­­Նա­հա­պետ»ը՝ ­­Հայր ­­Ղե­ւոնդ Ա­լի­շան։
9 ­­Նո­յեմ­բեր 1901ին հայ ժո­ղո­վուրդն ու ­­Հա­յաս­տա­նը կորսն­ցու­ցին հայ մտքի եւ գրա­կա­նու­թեան հսկա­նե­րէն «­­Մեծն Ա­լի­շա­նը», ինչ­պէս որ մա­հո­ւան ա­ռի­թով զինք ա­նո­ւա­նած էր Հ.Յ.Դ. պաշ­տօ­նա­թերթ «Դ­րօ­շակ»ը՝ շեշ­տե­լով, որ հա­յոց «­­Նա­հա­պետ»ը «կրօնք մ­’ու­նէր՝ ­­Հա­յաս­տա­նը, եւ ի­տէալ մը՝ ա­նոր ա­զա­տու­թիւ­նը եւ փառ­քը»։
­­Բա­ռին ա­մէ­նէն ընդգր­կուն ի­մաս­տով կրօն մը կը հան­դի­սա­նայ ­­Հա­յաս­տա­նը «­­Նա­հա­պետ» գրչա­նու­նով ան­մա­հա­ցած ­­Ղե­ւոնդ Ա­լի­շա­նի հա­մար, որ ա­մէն բա­նէ ա­ռաջ եւ վեր՝ ­­Հա­ւատ­քի ­­Մարդն է. Ա­լի­շան ապ­րե­ցաւ եւ գոր­ծեց ան­բա­սիր հո­գե­ւո­րա­կա­նի վար­քով ու մե­ծակ­շիռ ներդ­րում ու­նե­ցաւ ոչ միայն ո­րո­շա­պէս Մ­խի­թա­րեան ­­Միա­բա­նու­թեան ազ­գա­յին դի­մագ­ծի պայ­ծա­ռա­կերտ­ման մէջ, այ­լեւ ընդ­հան­րա­պէս՝ 19րդ ­դա­րու հա­յոց Ազ­գա­յին ­­Զար­թօն­քի հո­գեմ­տա­ւոր շղթա­յա­զերծ­ման ա­ռու­մով։
­­Հա­կա­ռակ գրա­բա­րա­խառն իր հա­յե­րէ­նին, ­­Հայր ­­Ղե­ւոնդ Ա­լի­շան նաեւ դրօ­շա­կիր մը հան­դի­սա­ցաւ՝ ի խնդիր մեր ­­Մայ­րե­նիի աշ­խար­հա­բար մշակ­ման ու բիւ­րե­ղաց­ման պայ­քա­րին։ Իր ա­ռա­ջին բա­նաս­տեղ­ծու­թիւն­նե­րով իսկ հա­յոց միջ­նա­դա­րեան ռա­միկ, այ­լեւ գրա­կան հա­յե­րէ­նը վե­րա­կեն­դա­նա­ցուց եւ յա­ռա­ջա­պա­հը դար­ձաւ սե­փա­կան ժո­ղո­վուր­դին հասկ­նա­լի ու սրտա­մօտ հա­յե­րէ­նով ստեղ­ծա­գոր­ծե­լու շար­ժու­մին։
­­Հա­ւատ­քի ­­Մար­դու եւ ­­Ժո­ղովր­դա­կան ­­Հա­յու իր կրկնա­կի ար­ժա­նի­քով՝ հայ մտքի եւ գրա­կա­նու­թեան ­­Նա­հա­պե­տը շա­րու­նակ պատ­գա­մեց.

«­­Մանկ­տիք, զիս հա­յոց հողն ու ջուրն սնու­ցել,
Ես այն հող ու ջուր սրտով եմ սի­րել.
­­Հայ­րե­նեաց հա­րուստ է հողն, ջուրն ա­նուշ,
­­Քանց օ­տար զարդ, քաղցր հայ­րե­նեացն փուշ»…

«­­Հայ­րե­նի­քի փուշ»ն­ ան­գամ «օ­տար զարդ»էն ա­ւե­լի «քաղցր» նկա­տե­լու եւ նա­խընտ­րե­լու այս հա­ւա­տամ­քին դրօ­շա­կիրն է ­­Մեծն Ա­լի­շան եւ բնաւ ալ սոսկ յա­ւուր պատ­շա­ճի յար­գան­քի խօսք չէր, որ ­­Նա­հա­պե­տի վախ­ճան­ման ա­ռի­թով՝ թարգ­մա­նը հան­դի­սա­նա­լով մեր ժո­ղո­վուր­դին, «Դ­րօ­շակ» վկա­յեց.
«­­Հա­յաս­տա­նի բա­րի ո­գին, Ա­լի­շա­նը եւս մե­ռաւ, այն­քան մա­հե­րէ ետ­քը, ո­րոնք 19րդ ­դա­րուն ազ­գա­յին յոյ­սե­րուն ծլի­լը եւ ծաղ­կի­լը տե­սած եւ, միան­գա­մայն, այդ յոյ­սե­րու ստեղ­ծող հան­ճար­նե­րը ե­ղած էին։
«Ա­լի­շան ամ­բողջ ազ­գինն է, ­­Հա­յաս­տա­նի ան­ցեա­լին ու ա­պա­գա­յին, ո­րուն նո­ւի­րո­ւած էր իր բո­լոր էու­թիւ­նով։ Ոչ մէ­կը կրցած է ա­նոր պէս հզօր եւ օ­լիմ­պեան կեր­պով մարմ­նաց­նել մեր ազ­գին տրո­փող ու ա­զա­տա­սէր ո­գին։ Ոչ ոք հո­գե­ւոր մթնո­լոր­տի մը մէջ այն­քան աշ­խար­հա­կան ե­ղաւ եւ ա­ւե­լի բա­նա­պաշտ, եւ ոչ ոք պա­տե­րազ­մի շե­փո­րը այն­քան լայ­նօ­րէն հնչե­ցուց, որ­քան նա­հա­պետն հա­յոց։
«Ա­լի­շան յե­ղա­փո­խու­թեան կը պատ­կա­նի, մեր ազ­գա­յին շարժ­ման մեծ մու­սան ե­ղաւ։ ­­Բո­լոր ստրուկ ազ­գե­րը ի­րենց եր­գիչ­նե­րը ու­նե­ցան, ո­րոնք բո­ցա­շունչ տո­ղե­րու մէջ հայ­րե­նա­սի­րա­կան ո­գիին թափ տո­ւին։ ­­Մենք ու­նե­ցանք Ա­լի­շա­նը, որ ե­ղաւ «Ա­ւա­րայ­րի պլպու­լը», եր­գեց «­­Կար­միր ­­Վար­դա­նը»։ Իր տա­ղե­րը հան­գուշն ու մեղմ՝ ե­րա­զան­քը, մրմուն­ջը կամ ա­նուշ տեն­չան­քի մը պղա­տո­նա­կան զգայ­նու­թիւ­նը չեն տար միայն, այլ բար­կա­ճայթ վրի­ժա­գոռ, սա­լասմ­բակ ճախ­րանք մը ու­նին, ա­րիւ­նը մտրա­կող եւ գոր­ծի մղող… հա­պօ՜ն յա­ռաջ։
«Ան լսե­լի ը­րաւ, ա­ռա­ջին ան­գամ, «­­Բամբ Ո­րո­տա­նը»՝ ­­Մար­սէ­յէ­զի մը չափ հրա­բոր­բոք, ա­նոր չափ սրտոտ.
«Ի զէ՜ն, ի վրէժ, օն անդր յա­ռաջ»։

Իր այս շուն­չով ու թռիչ­քով էր, որ Ա­լի­շան հա­յոց ­­Հա­ւատ­քին խո­րա­նը բարձ­րա­ցուց եւ աս­տո­ւա­ծա­հա­ճոյ դար­ձուց ­­Հա­յաս­տա­նի ու հայ­կա­կա­նու­թեան սէրն ու պաշ­տա­մուն­քը։
­­Հա­ւա­տաց եւ հա­ւա­տա­ցուց՝

«­­Մի՛ ու­րա­նար զեր­կիրդ եւ զազգդ սի­րուն,
­­Ծառն ար­մա­տով է ծառ՝ տունն հի­մամբ է տուն»:

­­Մար­տու­նա­կու­թիւն քա­րո­զեց եւ կամ­քեր կռա­նեց՝ շա­րու­նակ յոր­դո­րե­լով, որ՝

«Թշ­նամ­ւոյն ջախ­ջա­խե­լու հա­մար հա­րո­ւած եւ հան­ճար է պէտք»:

Ո­րով­հե­տեւ կը հա­ւա­տար, թէ՝

«Ար­ծիւ միտ­քը ար­ծո­ւոյ թեւ ալ կ­’ու­զէ»:

­­Հա­յաս­տանն ու հա­յու­թիւ­նը այս­քա՜ն խոր ըն­կա­լու­մով եւ լայն հո­րի­զո­նի ընդգր­կու­մով պաշ­տա­մուն­քի ար­ժա­նա­ցուց Ա­լի­շան եւ, իբ­րեւ ի­րա՛ւ ՆԱՀԱՊԵՏ, իր ար­ժա­նա­ւոր տե­ղը գրա­ւեց ­­Խա­չա­տուր Ա­բո­վեա­նով ու ­­Մի­քա­յէլ ­­Նալ­բան­դեա­նով, Խ­րի­մեան ­­Հայ­րի­կով ու ­­Րաֆ­ֆիով լու­սա­ւոր՝ հա­յոց ազ­գա­յին նո­րա­գոյն զար­թօն­քը շնչա­ւո­րող, թե­ւա­ւո­րող ու լու­սա­ւո­րող մեր ­­Մե­ծե­րու հա­մաս­տե­ղու­թեան մէջ։
Ինչ­պէս իր բա­նաս­տեղ­ծու­թեանց, նոյն­պէս եւ բա­նա­սի­րա­կան թէ պատ­մա­գի­տա­կան իր աշ­խա­տա­սի­րու­թեանց մէջ, Ա­լի­շան միեւ­նոյն մեծ ու խո­րին պատ­գա­մը փո­խան­ցեց հայ ժո­ղո­վուր­դի զա­ւակ­նե­րուն.¬ ­­Պաշ­տե­լու աս­տի­ճան սի­րել եւ պահ­պա­նել հա­յոց լե­զուն ու հայ­րե­նի հո­ղը, հայն ու իր մշա­կոյ­թը, ո­րոնք ծաղ­կու­մի եւ ճա­ռա­գայ­թու­մի ա­ռաջ­նոր­դե­ցին հայ­կեան հան­ճա­րը՝ դա­րա­ւոր ստրկու­թեան մէջ ան­գամ։
­­Հա­յաս­տա­նի եւ հա­յու­թեան նիւ­թե­ղէն ու ո­գե­ղէն այդ ար­ժէք­նե­րուն փա­րե­լով է, որ մեր սե­րունդ­նե­րը ի վի­ճա­կի պի­տի ըլ­լան խա­ւա­րի ու ան­կու­մի ժա­մա­նակ­նե­րուն դէմ օժ­տո­ւե­լու ինք­նա­պահ­պան­ման եւ վե­րա­կանգ­նու­մի հզօ­րա­գոյն զէն­քե­րով։
­­Հայ­կա­կա­նին ու հայ­րե­նա­կա­նին պաշ­տա­մուն­քը Ա­լի­շան յա­ւեր­ժա­ցուց նախ իր բա­նաս­տեղ­ծու­թեամբ։ 1850ա­կան­նե­րու վեր­ջե­րուն, «­­Նո­ւագք» ընդ­հա­նուր ա­նու­նին տակ ի մի բե­րե­լով հա­մե­մա­տա­բար ե­րի­տա­սարդ տա­րի­քին գրո­ւած իր քեր­թուած­նե­րը, Ա­լի­շան 1857ին եւ 1858ին յա­ջոր­դա­բար լոյս ըն­ծա­յեց «­­Ման­կու­նի», «­­Մաղ­թու­նի», «­­Խո­հու­նի», «Բ­նու­նի», «­­Հայ­րու­նի», «­­Տէ­րու­նի» եւ «Տխ­րու­նի» խո­րագ­րո­ւած գրքոյկ­նե­րը, ո­րոնք մէկ կող­մէ մարդ­կա­յին ան­սահ­ման բա­րու­թեան, մարդ­կայ­նա­պաշտ ապ­րում­նե­րու եւ խո­հե­րու, ինչ­պէս եւ քրիս­տո­նէա­կան հա­ւատ­քի վե­րա­հաս­տատ­ման նո­րօ­րեայ ա­ւե­տա­րան­ներ ե­ղան, իսկ միւս կող­մէ սրտե­րուն եւ մտքե­րուն մէջ վա­ռե­ցին խա­րոյ­կը հա­յոց փա­ռա­պանծ ան­ցեա­լի ո­գե­կոչ­ման, հայ­րե­նի բնու­թեան պաշ­տա­մուն­քին, հայ­րե­նի հո­ղին՝ քա­րին ու ջու­րին ո­գեշնչ­ման եւ, մա­նա­ւանդ, ­­Հայ­կեան ­­Հան­ճա­րի շղթա­յա­զերծ­ման։
­­Հա­ւատ­քի՛ մար­դու, ազ­գա­յի՛ն գոր­ծի­չի եւ տա­ղան­դա­շա՜տ գրո­ղի իր մեծ պատ­գա­մը Ա­լի­շան թուղ­թին յանձ­նեց նաեւ ար­ձակ է­ջե­րով, ո­րոնք 1871ին լոյս տե­սան «­­Խորհր­դա­ծու­թիւնք՝ ընդ ե­ղեւ­նեաւ» հա­տո­րով։
Իսկ հա­յա­գի­տա­կան աշ­խա­տա­սի­րու­թեանց իր կո­թո­ղա­կան վաս­տա­կով՝ ­­Հայր ­­Ղե­ւոնդ Ա­լի­շան պատ­րաս­տեց, բա­ռին ա­մէ­նէն ընդգր­կուն ի­մաս­տով, հան­րա­գի­տա­րա­նը ­­Հա­յաս­տան Աշ­խար­հին եւ ստեղ­ծա­գործ ­­Հա­յուն։
­­Հա­կա­ռակ որ բնաւ չտե­սաւ աշ­խար­հը հա­յոց եւ չու­նե­ցաւ հնա­րա­ւո­րու­թիւ­նը ուղ­ղա­կիօ­րէն ճանչ­նա­լու իր պաշ­տած ժո­ղո­վուր­դը իր ա­ռօ­րեայ կեն­սա­կեր­պով՝ Ա­լի­շան գա­ւառ առ գա­ւառ եւ գիւղ առ գիւղ ման­րա­մաս­նօ­րէն ներ­կա­յա­ցուց պատ­մա­կան ­­Հա­յաս­տա­նը իր թէ՛ նիւ­թե­ղէն, թէ՛ ո­գե­ղէն բնու­թագ­րով, իր հո­ղով ու բոյ­սե­րով, իւ­րա­քան­չիւր ա­ւա­նի կա­պուած պատ­մա­կան ու ազ­գա­յին յի­շո­ղու­թեամբ, հա­յե­րէ­նի ժո­ղովր­դա­յին ու բար­բա­ռա­յին ճո­խու­թեամբ եւ հարս­տու­թեամբ, այ­լեւ ու մա­նա­ւանդ հա­յա­կերտ կո­թող­նե­րով, կան­գուն մնա­ցած ու պահ­պա­նո­ւած ըլ­լան ա­նոնք, թէ ո­սոխ­նե­րու կող­մէ քա­րու­քանդ ե­ղած…
­­Մաս­նա­գէտ­նե­րու միա­հա­մուռ վկա­յու­թեամբ՝ «­­Յու­շիկք ­­Հայ­րե­նեաց ­­Հա­յոց», «­­Տե­ղա­գիր հա­յոց մե­ծաց», «Նշ­մարք եւ նշխարք ­­Հա­յաս­տա­նի», «­­Շի­րակ», «­­Սի­սո­ւան», «Այ­րա­րատ», «­­Սի­սա­կան», «­Հին հա­ւատք հա­յոց», «Ար­շա­լոյս Ք­րիս­տո­նէու­թեան ­­Հա­յոց», «­­Հա­յա­պա­տում», «Շ­նոր­հա­լի եւ պա­րա­գայ իւր», «­­Հայ բու­սակ» եւ միւս գոր­ծե­րով, Ա­լի­շան ոչ միայն հա­յա­գի­տու­թեան ըն­ծա­յա­բե­րեց գի­տե­լի­քի հսկա­յա­կան պա­շար, այ­լեւ սկզբնաղ­բիւր դար­ձաւ պատ­մա­գի­տու­թեան եւ լե­զո­ւա­բա­նու­թեան, աշ­խար­հա­գի­տու­թեան եւ բու­սա­գի­տու­թեան բնա­գա­ւառ­նե­րուն մէջ։
Այս բո­լո­րին հան­րա­գու­մար ե­զա­կի մե­ծու­թիւնն է ­­Հայր ­­Ղե­ւոնդ Ա­լի­շան, ո­րուն պատ­գա­մը լա­ւա­գոյնս կը խտաց­նէ՝ մին­չեւ մեր օ­րե­րը ազ­գա­յին-հայ­րե­նա­սի­րա­կան եր­գի իր թե­լադ­րա­կա­նու­թիւ­նը պահ­պա­նող եւ վե­րա­նո­րո­գող «­­Բամբ Ո­րո­տան»ը.

­­Բա՛մբ, ո­րո­տան բար­ձուստ բամ­բիւնք
յԱյ­րա­րա­տեան դաշտն ի վայր,
Ա­րի ա­րանց ա­րիւնք՝ յե­ռանդ ա­ռա­տա­նան ի հրա­զայր,
Հ­րա­ւէր հայ­րե­նեաց հըռ­չա­կի ‘նդհա­նուր,
­­Հո­գիք ­­Հայ­կա­զանց բոր­բո­քին ի հուր,
Որք երկ­նա­ւո­րին պսա­կին էք կա­րօտ,
Որք երկ­նա­ւո­րին փա­ռաց երկ­նա­յորդ։

­­Հապ’օ՜ն ա­րի ա­րանց ման­կունք,
­­Հայ­րե­նավ­րէժ­քըդ ­­Հայ­կա­զունք,
­­Հապ’օ՜ն ի զէ՛ն գուն­դա­գունդ
­­Յե­ռեալ ի պար թունդ ի թունդ,
Ի զէ՛ն, ի վրէ՛ժ, օ՜ն անդր յա­ռաջ,
Ի զէ՛ն, ի վրէ՛ժ, մի՛ ձախ մի՛ յաջ,

Օ՛ն անդր յա­ռաջ,
­­Մի՛ ձախ մի՛ յաջ,
Օ՛ն անդր յա­ռաջ,
­­Յա­ռա՜ջ, յա­ռա՜ջ,
­­Հապ’օ՜ն յա­ռաջ: