«Ե­րու­սա­ղէ­մի մէջ, նա­ւա­կա­տի­քի տօ­նը կը կա­տա­րո­ւէր եւ ձմեռ էր։ ­Յի­սուս կը շրջէր ­Տա­ճա­րին ­Սո­ղո­մո­նի սրա­հին մէջ։ Եւ Հ­րեա­նե­րը շուր­ջը հա­ւա­գո­ւե­ցան ու ը­սին. «­Մին­չեւ ե՛րբ մեր սիր­տը պի­տի մա­շեց­նես, ե­թէ դուն ես Ք­րիս­տո­սը՝ ը­սէ մե­զի յայտ­նա­պէս։» ­Յի­սուս պա­տաս­խա­նեց ա­նոնց. «Ըսի ձե­զի, բայց դուք չէք հա­ւա­տար։ ­Գոր­ծե­րը զորս կ’ը­նեմ ­Հօրս ա­նու­նով, կը վկա­յեն ին­ծի, սա­կայն դուք չէք հա­ւա­տար, ո­րով­հե­տեւ իմ ոչ­խար­նե­րէս չէք։ Ոչ­խար­ներս կը լսեն ձայնս, ես կը ճանչ­նամ զա­նոնք եւ ա­նոնք կը հե­տե­ւին ին­ծի, եւ ես կու տամ ա­նոնց յա­ւի­տե­նա­կան կեան­քը, ա­նոնք եր­բեք պի­տի չկոր­սուին, եւ ոչ ոք կրնայ զա­նոնք իմ ձեռ­քե­րէս յափշ­տա­կել։ ­Հայրս որ ին­ծի տո­ւաւ զա­նոնք, բո­լո­րէն մեծ է, եւ որ ոչ ոք կա­րող է ­Հօրս ձեռ­քէն բան մը յափշ­տա­կել. ­Հայ­րը եւ ես մէկ ենք։» (­Յով­հան­նէս 10/22-30):
Ի՜նչ տե­սակ հար­ցում է։ «­Մին­չեւ ե՛րբ մեր սիր­տը պի­տի մա­շեց­նես, ե­թէ դուն ես Ք­րիս­տո­սը՝ ը­սէ մե­զի յայտ­նա­պէս» (հա­մար 24): Հ­րեա­նե­րը կ’ու­զէին փոր­ձել ­Յի­սու­սին, գնա­հա­տել զին­քը ըստ ի­րենց չա­փա­նիշ­նե­րու հի­ման վրայ: ­Փաս­տեր կ’ու­զէին։ ­Քիչ մը ա­ւե­լի ան­դին դժգոհ են այս պա­տաս­խա­նէն, նոյն իսկ կը փոր­ձեն ձեր­բա­կա­լել զին­քը (­Յովհ. 10/39):
­Փա­րի­սե­ցի­նե­րը ի­րենց կարծ­րա­ցած սիր­տը թոյլ չի տար որ ըն­դու­նին ­Յի­սու­սը որ­պէս ­Մե­սիան: Եւ սա­կայն, ­Յի­սուս ար­դէն շատ հրաշք­ներ գոր­ծած է. «Ը­սի ձե­զի, բայց դուք չէք հա­ւա­տար։ ­Գոր­ծե­րը զորս կ’ը­նեմ ­Հօրս ա­նու­նով, կը վկա­յեն ին­ծի, սա­կայն դուք չէք հա­ւա­տար» (հա­մար 25)։ Մտ­քիս կու գայ ­Մատ­թէոս ա­ւե­տա­րա­նի­չի հա­տո­ւա­ծը. «­Բան­տին մէջ, Յով­հան­նէս լսեց Ք­րիս­տո­սի գոր­ծե­րուն մա­սին։ Ա­շա­կերտ­ներ ղրկեց ա­նոր՝ հարց­նե­լու հա­մար. «­Դո՛ւն ես Ան որ պի­տի գար, կամ ու­րիշ մէ­կու մը պի­տի սպա­սենք»: ­Յի­սուս պա­տաս­խա­նեց. «գաց՛էք եւ պատ­մե­ցէք ­Յով­հան­նէ­սին, ինչ որ կը լսէք ու կը տես­նէք. կոյ­րե­րը կը կը տես­նեն, կա­ղե­րը կը քա­լեն, բո­րոտ­նե­րը կը մաք­րո­ւին, խու­լե­րը կը լսեն, մե­ռել­նե­րը յա­րու­թիւն կ’առ­նեն եւ Ա­ւե­տա­րա­նը կը քա­րո­զո­ւի աղ­քատ­նե­րուն» (­Մատ­թէոս 11/2-5):
­Կոյ­րե­րը կը տես­նեն, կա­ղե­րը կը քա­լեն, բո­րոտ­նե­րը կը մաք­րո­ւին, խու­լե­րը կը լսեն… սա­կա­յին դեռ կան կաս­կածող­ներ. «սա­կայն դուք չէք հա­ւա­տար, ո­րով­հե­տեւ իմ ոչ­խար­նե­րէս չէք»: (­Հա­մար 26): Ոչ։ փա­րի­սե­ցի­նե­րը, ո­րոնք թա­կար­դո­ւած են ի­րենց կա­նոն­նե­րու վան­դա­կու­մի մէջ եւ­ ի­րենց դա­տարկ ծե­սե­րու մեջ, կա­րո­ղու­թիւն չու­նին լսե­լու ­Յի­սու­սի խօս­քե­րը եւ ոչ ալ կրնան ըն­դու­նիլ: Ի­րենք միայն կ’ու­զեն հա­կա­սու­թեան մեջ մնալ։ Ի­րենք շատ հե­ռու են ­Յի­սու­սէն, ի­րենք հե­ռու են Աս­տուծ­մէ:
Եր­բեմն մենք ալ նմա­նա­պէս կը հե­ռա­նանք Աս­տուծ­մէ, կը հրա­ժա­րինք լսել ի­րեն, եր­բեմն նոյ­նիսկ մեր­ժել իր գո­յու­թիւ­նը: Այս դէպ­քե­րու մէջ ­Տէ­րը, որ կը յար­գէ մեր ա­զա­տու­թիւ­նը, կա­րող չէ մի­ջամ­տել։ Ին­քը նոյն­քան մօտ է մե­զի, համ­բե­րա­տար կը սպա­սէ, որ մենք նշմա­րել իր ներ­կա­յու­թիւ­նը, բայց մենք չա­փա­զանց զբա­ղած ենք նշմա­րե­լու հա­մար, եւ­ այդ­պէ­սով մի­նակ­նիս կը մնանք մեր սահ­ման­նե­րու փա­կո­ւած աշ­խար­հի դժո­ւա­րու­թիւն­նե­րու դեմ պայ­քա­րե­լու հա­մար։ ­Միայ­նու­թեան մի կա­թիլ՝ ընկղմուած Աս­տու­ծոյ բա­րու­թեան ով­կիա­նո­սին մէջ: ­Բայց մե­կու­սա­նա­լով, հրա­ժա­րե­լով հաւա­տա­լէ, մենք այս կա­թի­լի պա­տե­րը կը դարձ­նենք ան­թա­փան­ցե­լի: Որ­քան ան­թա­փան­ցե­լի էր այդ հրեա­նե­րու սիր­տը։
­Մենք ի­րենց նման խուլ եւ կոյր կը մնանք այն հրաշք­նե­րու հան­դէպ, ո­րոնք ­Յի­սու­սը կը շա­րու­նա­կէ ա­մէն օր կա­տա­րել մեր շուր­ջը: Կ’արգի­լենք, որ օգ­նեն մե­զի: «Ով որ ճշմար­տու­թեան կողմն է՝ կը լսէ իմ ձայնս» (­Յովհ.18/37): Այս բա­ցո­ւած­քը կը պակ­սէր փա­րի­սե­ցի­նե­րուն, եւ ­մե­զի կը պակ­սի, երբ կը կղզիա­նանք մեր ե­սա­սի­րա­կան «ես»-ի մէջ: Ա­ռանց միւս­նե­րը նկա­տե­լու։ Ա­ռանց հասկ­նա­լու ­Յի­սու­սին, սա­կայն Իր բա­րու­թիւ­նը կը փաթ­թէ մեզ: ­Բա­ւա­րար է, որ ճիգ թա­փենք նա­յե­լու ա­ւե­լի քան մեր կա­թի­լի պա­տին, որ­պէսզի մեզ դի­մա­ւո­րէ ­Յի­սու­սի գիր­կը:
«Ե­թէ զիս կը ճանչ­նաք, ­Հայրս ալ պի­տի ճանչ­նաք, եւ այժմ իսկ կը ճանչ­նաք եւ տե­սած էք զինք։» ­Փի­լիպ­պոս ը­սաւ ա­նոր. «­Տէ՛ր, ցոյց տուր մե­զի ­Հայ­րը եւ կը բա­ւէ մե­զի։» ­Յի­սուս ը­սաւ ա­նոր. «Այ­դքան ժա­մա­նա­կէ ի վեր ձե­զի հետ եմ, ­Փի­լիպ­պոս, եւ տա­կա­ւին չե՛ս ճանչ­նար զիս։ Ով որ զիս տե­սաւ, ­Հայրն ալ տե­սաւ» (­Յով­հան­նէս 14/7-14):
«Ով որ ու­նի իմ պա­տո­ւի­րան­ներս եւ կը պա­հէ զա­նոնք, ան է որ կը սի­րէ զիս։ Ով որ զիս կը սի­րէ, պի­տի սրո­ւի ­Հօր­մէս, ես ալ պի­տի սի­րեմ զինք եւ ին­զինքս պի­տի յայտ­նեմ ա­նոր» (Յով­հան­նէս 14/21-26):
«­Թող ի­րենք մէկ ըլ­լան ինչ­պէս որ մենք մէկ ենք» (­Յով­հան­նէս 17/11)։ (­Միու­թիւն եւ Եր­րոր­դու­թիւն ­Յով­հան­նէ­սի Ա­ւե­տա­րա­նի մէջ): ­Յով­հան­նէ­սի Ա­ւե­տա­րա­նը կ’օգ­նէ մե­զի հասկ­նա­լու Եր­րոր­դու­թեան խոր­հուր­դը, հա­ղոր­դու­թիւ­նը աստ­ուա­ծա­յին ան­ձե­րու՝ ­Հօր, Որ­դիի եւ ­Հո­գիի միջեւ: ­Չորս ա­ւե­տա­րան­նե­րէն ­Յով­հան­նէսն այն մէկն է, որ ա­մե­նա­մեծ շեշ­տը կը դնէ ­Հօր, Որ­դիի եւ ­Հո­գիի խոր միու­թեան վրայ: ­Յով­հան­նէ­սի բնա­գի­րէն (­Յով­հան­նէս 17/6-8) կը տես­նենք, որ Որ­դիին ա­ռա­քե­լու­թիւ­նը ­Հօր սի­րոյ գե­րա­գոյն յայտ­նու­թիւնն է։ Եւ այս միու­թիւ­նը ­Հօր եւ Որ­դիի միջեւ հռչա­կել կու տայ ­Յի­սու­սին՝ «ես եւ ­Հայ­րը մէկ ենք» (­Յով­հան­նէս. 10/30): ­Յի­սու­սի եւ ­Հօր միջեւ այն­պի­սի ու­ժեղ միու­թիւն մը կայ, որ ով կը տես­նէ մէ­կուն դէմ­քը, կը տես­նէ նաեւ միւ­սին դէմ­քը: Եւ կա­տա­րե­լով ­Հօր­մէն ստա­ցո­ւած միու­թեան այս ա­ռա­քե­լու­թիւ­նը՝ ­Յի­սու­սը կը հայտ­նէ ­Հո­գին: Ճշ­մար­տու­թեան ­Հո­գին կու գայ ­Հօր­մէն (­Յով­հան­նէս 15/26): Որ­դիին խնդրան­քով (­Յովհ. 14:16) ­Հայ­րը ­Զին­քը կը ղրկէ մեզ­մէ իւ­րա­քան­չիւ­րին վրայ, որ­պէս զի նա մնայ մե­զի հետ՝ քա­ջա­լե­րե­լով եւ­ ուժ տա­լով։ ­Նոյ­նիսկ ­Հո­գին կու գայ մե­զի Որ­դիին կող­մէն (­Յովհ. 16/7-8): Այս­պէ­սով, ճշ­մար­տու­թեան ­Հո­գին, որ կու գայ մե­զի, հա­ղոր­դակ­ցու­թիւնն է այն խոր միու­թեան, որ գո­յու­թիւն ու­նի ­Հօր եւ Որ­դիին միջեւ (­Յով­հան­նէս 15/26-27): ­Հո­գին կա­րող չէ փո­խան­ցել այլ ճշմար­տու­թիւն, քան Որ­դիի ճշմար­տու­թիւ­նը: Ա­մէն ինչ որ կապ ու­նի Որ­դիին խոր­հուր­դին հետ, ­Հո­գին մե­զի կը ճանչց­նէ (Յով­հան­նէս 16/13-14): Աս­տու­ծոյ մէջ միու­թեան այս փոր­ձա­ռու­թիւ­նը շատ ու­ժեղ էր ­Սի­րե­լի Ա­շա­կեր­տի հա­սա­րա­կու­թեան մէջ: ­Սէ­րը, որ կը միաց­նէ աս­տո­ւա­ծա­յին ան­ձե­րը ­Հօ­րը, Որ­դիին եւ ­Հո­գիին, թոյլ կու տայ մե­զի տես­նե­լու Աս­տո­ւած մար­դոց միու­թեան սի­րոյ հա­սա­րա­կու­թեան մի­ջո­ցով։ Այդ­պէս էր նաեւ հա­սա­րա­կու­թեան ա­ռա­ջար­կը, որ­տեղ սէ­րը պէտք է ըլ­լայ Աս­տու­ծոյ ներ­կա­յու­թեան նշա­նը հա­սա­րա­կու­թեան մէջ (­Յով­հան­նէս 13/34-35): Եւ այս սէ­րը միու­թիւն կը կեր­տէ հասա­րա­կու­թեան մէջ (­Յով­հան­նէս 17/21):
­Տես­նենք Աս­տու­ծոյ ­Միու­թիւ­նը հասկ­նա­լու հա­մար մեր միու­թիւ­նը։

­Հայր ­Յով­սէփ Թ.Ծ.Վ. Պէ­զա­զեան
Ա­ռա­քե­լա­կան ­Կա­ռա­վա­րիչ
­Յու­նաս­տա­նի ­Հայ կա­թո­ղի­կէ ­
Հա­մայն­քի