Կիրակի՝ 21 Յունիս 2020ին, Աթէնքի «Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ» Մայր եկեղեցւոյ մէջ մատուցուեցաւ Ս. Պատարագ, որուն հանդիսապետեց թեմակալ Առաջնորդ Գեղամ արք. Խաչերեան, որ նաեւ յաւուր պատշաճի քարոզ խօսեցաւ:
«Ձեր մէջ կա՞յ հայր մը, որուն զաւակը ձուկ ուզէ եւ ինք ձուկի փոխարէն օձ տայ անոր, եւ կամ կարիճ տայ երբ զաւակը հաւկիթ խնդրէ:
Արդ, եթէ դուք որ չար էք՝ գիտէք ձեր զաւակներուն լաւ պարգեւներ տալ, ձեր երկնաւոր հայրը որքա՜ն աւելի լաւ պարգեւ մը՝ Ս. Հոգին պիտի տայ անոնց, որոնք իրեն կը դիմեն:» (Ղուկաս 11:11-13): «Հայր Մեր» աղօթքի ուսուցման յաջորդող խօսքերուն մէջ, բաղդատական պատկերաւոր առակի մը ընդմէջէն Յիսուս խօսեցաւ երկնաւոր Հօր մասին, որ պարզ մահկանացու մարդոցմէ աւելի գիտէ լաւը պարգեւել իրեն դիմողներուն: Քրիստոնեայ հաւատացեալը Աստուծոյ կը դիմէ իբրեւ հայր եւ մանուկի մը անմեղութեամբ կը վստահի ու կ՚ապաւինի Անոր:
Անդրադառնալով նոյն օրը զուգադիպող Հայրերու միջազգային օրուան, Սրբազան հայրը խօսեցաւ հայրութեան գաղափարին, հայրութեան դերակատարութեան ու հօր տիպարին մասին:
Մարդկային կեանքի զարգացումը եւ փորձառութիւնը եւ մինչեւ իսկ օրէնսդրութիւնը երկու տեսակի իմաստներ սահմանած է հայր բառին, որ կը նկատուի մանուկի մը ծնունդին պատճառ ծնող մը, նաեւ՝ մանուկի մը սէր տածող, հոգատար, դաստիարակ, պաշտպան եւ ապաւէն կանգնող անձ մը: Մարդկային ընկերութեան հոլովոյթին ընթացքին յառաջացած օրէնսդրութիւնը, իր կազմաւորման եւ ձեւաւորման առաջին իսկ օրերէն, հայրական իշխանութիւնը ֆիզիքական ծնող մը ըլլալէ անդին տուած է նաեւ մանուկին տէր, պաշտպան, հոգատար եւ տնօրինող ըլլալու կարողութիւնը ունեցող անձին: Այդ իմաստով ալ ներկայ աշխարհի օրէնսդրութեանց հիմք հանդիսացող հռոմէական օրէնքը, ընտանիքի մը հայրական բացարձակ իշխանութեան փոխանցումը կը շնորհէր ընտանիքի անդամները պաշտապանելու, հոգալու եւ տիրութիւն ընելու կարող անձին, թէկուզ թէ ան ամուրի կամ անզաւակ ըլլար:
Հայրերու օրուան առիթով, Սրբազան հայրը առաջին հերթին որդիական ակնածանօք եւ երխատագիտութեամբ շնորհաւորեց մեր ազգին հոգեւոր հայրութեան բարձրագոյն պատասխանատուութիւնը ի վերուստ յանձն առած հովուապետին՝ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Սրբազնագոյն Կաթողիկոս՝ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ հայրապետին, որուն հայրախնամ տնօրինումները քսանհինգ տարիներէ ի վեր կը վայելեն մեր ժողովուրդի զաւակները, մաղթելով քաջառողջ եւ երկարամեայ գահակալութիւն:
Շնորհաւորեց հայ եկեղեցւոյ ծառայութեան կոչուած բոլոր հոգեւոր հայրերը, ի մասնաւորի Յունաստանի հայոց թեմէն ներս ծառայող գերապատիւ, հոգեշնորհ եւ արժանապատիւ հայրերը, որոնք Եկեղեցւոյ ծառայութեան կոչումով հոգեւոր խնամք կը մատակարարեն մեր ժողովուրդի զաւակներուն:
Գնահատանքի արժանի խօսքերով շնորհաւորեց մեր ժողովուրդի եւ իմասնաւորի յունահայոց մեծ հայրերը, որոնք այսօր, տարիքի յառաջացման պատտճառով, նուազած է իրենց հայրական աշխոյժ եւ պատասխանատու դերակատարութիւնը, սակայն իրենց հայրական պարտականութիւնը գիտակցօրէն եւ պատասխանատուութեամբ կատարած անձի գոհունակութեամբ կը վայելեն զաւակներու եւ թոռներու սէրն ու գուրգուրանքը եւ անոնց առթած ուրախութիւնը:
Ի մասնաւոր գնահատական խօսք ուղղեց յունահաոց երիտասար ծնողներուն, որոնք իրենց ծնողական ընտանեկան պատասխանատուութեան ամենալարուած հանգրուանին ըլլալով հանդերձ, յատուկ հոգատարութիւն, խնամատարութիւն, սէր եւ խանդաղատանք ցուցաբերեցին իրենց տարեց ծնողներուն հանդէպ, յատկապէս թագավարակի պատճառած տնային արգելափակման օրերուն, խստապահանջութեամբ պատուիրելով որ իրենց յառաջացած տարիքի ծնողները տունը մնան ապահով եւ անվնաս, եւ իրենք յանձն առին անոնց առօրեայ բոլոր կարիքները հոգալ: Եւ այս վերաբերունքը Սրբազան հայրը վերագրեց անոր, այս երիտասարդ ծնողները, երբ իրենց կարգին ունեցան ծնողքք ըլլալու փորձառութիւնը, լաւապէս հասկցան թէ ինչ կը նշանակէ պատսխանատու ծնողք ըլլալ եւ զաւակ մեծցնել եւ դաստիարակել:
Աւարտին, Սրբազան հայրը աղօթք բարձրացուց երկաւոր Հօր Աստուծոյ, որ Իր խնամքին, հոգատարութեան, եւ հովնանիին տակ պահէ մեր բոլոր մեծ հայրերն ու հայրերը, ինչպէս նաեւ հոգեւոր հայրերը:
Ս. Պատարագի աւարտին, Առաջնորդ Սրբազան հայրն ու եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ Հրայր Աւագ քհնյ. Նիկոլեան, եկեղեցւոյ ներքեւի սրահին մէջ, հոգաբարձութեան եւ եկեղեցասէր Տիկնանց յանձնախումբի անդամներուն հիւրասիրութեան մտերմիկ մթնոլորտի մէջ հանդիպումներ ունեցան: