«­Դե­ղո­րայ­քը մէկ տա­րի է՝ օ­դա­կա­յա­նում է, կա­ռա­վա­րու­թեա­նը լուր է տրո­ւել
եւ նո­րից մարդ չի գնա­ցել, որ վերց­նի»

­Մէկ տա­րիէ ի վեր Ե­րե­ւա­նի «­Զուարթ­նոց» օ­դա­կա­յա­նի պա­հես­տա­նո­ցին մէջ մնա­ցող յու­նա­հա­յու­թեան մար­դա­սի­րա­կան օգ­նու­թեան բժշկա­կան ի­րե­րու խնդի­րը լայն ար­ձա­գանգ գտած է հայ­րե­նի մա­մու­լին մէջ։ ­Հար­ցին շուրջ «Եր­կիր»-ի հետ զրոյ­ցին անդ­րա­դար­ձան ­Յու­նաս­տա­նի Հ.Կ.­Խա­չի Շրջ. վար­չու­թեան փո­խա­տե­նա­պե­տու­հի ընկ. ­Նո­րա ­Քիւր­տօղ­լեան եւ ­Մա­կե­դո­նիոյ ու Թ­րա­կիոյ Հ.Գ.­Խա­չի Շրջ. վար­չու­թեան ա­տե­նա­պե­տու­հի ընկ. ­Կիւ­լա ­Գա­սա­պեան։
«Եր­կիր»-ի լրագ­րող Ան­նա ­Բա­լեա­նի ստո­րագ­րու­թեամբ, լրա­տո­ւա­մի­ջո­ցը կը հիւ­րըն­կա­լէ ընկ. Կ. ­Գա­սա­պեա­նի տո­ւած հար­ցազ­րոյ­ցը։ Ս­տո­րեւ ամ­բող­ջա­կան գրու­թիւ­նը։
«­Տոն­նա­նե­րով դե­ղո­րայ­քը, բժշկա­կան սար­քա­ւո­րում­ներն ու այլ պա­րա­գա­ներ, որ ­Յու­նաս­տա­նի ­Հայ Օգ­նու­թեան ­Միու­թիւնն էր ու­ղար­կել 44-օ­րեայ պա­տե­րազ­մից ան­մի­ջա­պէս յե­տոյ, մէկ տա­րի է՝ ­Զո­ւարթ­նոց օ­դա­նա­ւա­կա­յա­նի պա­հես­տում է ու չի հաս­նում վի­րա­ւոր ու հաշ­մո­ւած մեր զի­նո­ւոր­նե­րին։
­Յու­նաս­տա­նի Հ.Օ.Մ. եր­կու կա­ռոյց­նե­րը՝ ­Յու­նաս­տա­նի ­Հայ ­Կա­պոյտ ­Խաչն ու ­Մա­կե­դո­նիա­յի եւ Թ­րա­կիա­յի ­Հայ Գ­թու­թեան ­Խա­չը բո­ղո­քի նա­մա­կով ի­րենց զայ­րոյթն էին յայտ­նել այս ա­ռի­թով։ ­Յու­նաս­տա­նի Հ.Օ.Մ.-ի ­Մա­կե­դո­նիա­յի եւ Թ­րա­կիա­յի ­Հայ Գ­թու­թեան ­Խա­չի ա­տե­նա­պե­տու­հի ­Կիւ­լա ­Գա­սա­պեա­նը «Եր­կիր»-ի հետ զրոյ­ցում ա­սաց՝ ոչ թէ բար­կա­ցած է, այլ նե­ղո­ւած է՝ ին­քը, իր ամ­բողջ շրջա­նը եւ ըն­կե­րու­հի­նե­րը։
«­Նոր ի­մա­ցանք , որ դե­ղո­րայ­քը մէկ տա­րի է՝ դեռ օ­դա­կա­յա­նում է, այն­տե­ղից կա­ռա­վա­րու­թեա­նը լուր է տրո­ւել եւ նո­րից մարդ չի գնա­ցել՝ հե­տաքրք­րո­ւե­լու եւ վերց­նե­լու։ Այ­սինքն, ես չեմ կա­րող պատ­ճառն ի­մա­նալ, չեմ ու­զում վատ բան մտա­ծել, ու­զում եմ յար­գել մարդ­կանց, բայց չեմ կա­րո­ղա­նում՝ այս­պի­սի պա­հե­րին, երբ մեր ժո­ղո­վուրդն այդ դե­ղո­րայ­քի ու բժշկա­կան պա­րա­գա­նե­րի այդ­քան մեծ կա­րիքն ու­նէր ու այդ օգ­նու­թիւնն այն­տեղ գցած մնայ», ա­սաց ­Գիւ­լա ­Գա­սա­պեա­նը։
­Մէկ տա­րո­ւայ ըն­թաց­քում հնա­րա­ւոր է շատ բան ար­դէն փչա­ցած լի­նի, քա­նի որ յայտ­նի էլ չէ, թէ ինչ պայ­ման­նե­րում է պա­հո­ւել դե­ղո­րայ­քը՝ մտա­հոգ է ա­տե­նա­պե­տու­հին։ Այ­նինչ յու­նա­հայ հա­մայն­քը այն­քան ջա­նադ­րա­բար հա­ւա­քել էր պա­տե­րազ­մի ըն­թաց­քում, ան­գամ կո­րո­նա­ւի­րու­սի պայ­ման­նե­րում նա­խընտ­րել է տու­գանք­ներ վճա­րել, միայն թէ կա­րո­ղա­նայ դուրս գալ տնից եւ պա­հան­ջո­ւած օ­ժան­դա­կու­թիւ­նը Հ.Օ.Մ. հասց­նել։
«Ես չեմ ու­զում փա­ռա­բա­նել մեր կա­տա­րած աշ­խա­տան­քը, ո­րով­հե­տեւ, ի վեր­ջոյ, Ս­փիւռ­քի մէջ ապ­րող­ներս՝ հա­յու­թիւնս, այն­պէս չենք տու­ժում, ինչ­պէս ­Հա­յաս­տա­նում՝ մեր հայր­նի­քում ապ­րո­ղը, բայ­ցե­ւայն­պէս այն­պի­սի երկ­րում, ինչ­պի­սինն է ­Յու­նաս­տա­նը, որ բա­րե­կա­մա­սէր է, ոտ­քի հա­նե­ցինք ոչ միայն մեր մեծ ու փոքր գա­ղութ­նե­րը, այ­լեւ մեր յոյն ըն­կեր­նե­րին, ձե­ւը գտանք մէ­կը միւ­սին լուր տա­լու, մեր ե­րի­տա­սարդ­նե­րին ոտ­քի հա­նե­ցինք եւ ա­սա­ցինք՝ պի­տի ա­նենք դա, եւ օ­րե­րով աշ­խա­տե­ցին, մին­չեւ այդ տու­ձե­րը պատ­րաս­տեն», ա­սաց ­Կիւ­լա ­Գա­սա­պեա­նը։
­Յու­նաս­տա­նի կա­ռա­վա­րու­թիւ­նից ռազ­մա­կան եր­կու օ­դա­նաւ էին խնդրել Հ.Օ.Մ.-ու­հի­նե­րը, որ­պէս­զի օ­ժան­դա­կու­թիւնն ա­րագ հաս­նի վի­րա­ւոր հայ զի­նո­ւոր­նե­րին, բայց այժմ պար­զում են, որ շտապ հաս­ցո­ւած այդ բե­ռը դեռ օ­դա­նա­ւա­կա­յա­նից չեն հա­նել ու տեղ չեն հասց­րել։ ­Հի­մա նաեւ ան­յար­մար վի­ճա­կում են յայտ­նո­ւել ­Յու­նաս­տա­նի կա­ռա­վա­րու­թեան առ­ջեւ։
Օգ­նու­թեան մի մա­սը՝ տաք հա­գուստ, խա­ղա­լիք­ներ, ծած­կոց­ներ եւ այլն, ­Հա­յաս­տան հաս­նե­լուն պէս տե­ղի Հ.Օ.Մ. կա­ռոյ­ցը վերց­րեց ու բաշ­խեց կա­րի­քա­ւոր­նե­րին, բայց միւս մա­սը՝ դե­ղո­րայքն ու բժշկա­կան պա­րա­գա­նե­րը ­Յու­նաս­տա­նի Հ.Օ.Մ.-ը ո­րո­շել էր ­Հա­յաս­տա­նի արտ­գործ­նա­խա­րա­րու­թեան ու ար­տա­կարգ ի­րա­վի­ճակ­նե­րի նա­խա­րա­րու­թեան մի­ջո­ցով բաշ­խել՝ կա­ռա­վա­րու­թեանն էլ կա­րե­ւո­րու­թիւն տա­լու ցան­կու­թեամբ, բայց հէնց այս մա­սը մնաց ­Զո­ւարթ­նոց օ­դա­նա­ւա­կա­յա­նում ու չհա­սաւ կա­րի­քա­ւոր­նե­րին։ «Երբ ի­մա­ցանք՝ չէինք կա­րո­ղա­նում հա­ւա­տալ, որ դա ի­րա­կա­նու­թիւն է։ Ի հար­կէ, ­Հա­յաս­տա­նի դես­պա­նը կայ, բայց նրա­նից բա­ցի մեծ գա­ղութ կայ ­Յու­նաս­տա­նում, ո­րը շատ լաւ ըն­դու­նո­ւած եւ յար­գո­ւած է յոյն ժո­ղովրդի եւ յու­նա­կան կա­ռա­վա­րու­թեան կող­մից։ ­Մենք եւ մե­զա­նից ա­ռա­ջո­ւայ սե­րունդ­նե­րը շատ մեծ աշ­խա­տան­քով ենք հա­սել այս վստա­հու­թեա­նը եւ կ­‘ու­զե­նանք նոյ­նը շա­րու­նա­կո­ւի», նշեց ա­տե­նա­պե­տու­հին։
­Պէտք է այս հար­ցը կար­գա­ւո­րո­ւի, ա­սաց ­Կիւ­լա ­Գա­սա­պեա­նը, հա­կա­ռակ դէպ­քում օ­դա­նա­ւա­կա­յա­նի սպա­սար­կու­թիւ­նը ստի­պո­ւած պի­տի լի­նի դէն նե­տել այդ ա­մէ­նը, քա­նի որ տեղ է գրա­ւում»։ «Եր­կիրն այ­սօր» հա­ղոր­դա­շա­րի լրագ­րող ­Զա­րու­հի ­Սա­հա­կեա­նի հար­ցում­նե­րուն պա­տաս­խա­նեց նաեւ ընկ. ­Նո­րա ­Քիւր­տօղ­լեան, որ ի մի­ջի այ­լոց ը­սաւ։ «Ան­շուշտ ընդվ­զու­մի, հիաս­թա­փու­թեան զգա­ցում­ներ ու­նե­ցանք, բայց ան­մի­ջա­պէս մտա­հո­գուե­ցանք, թէ ինչ պի­տի ըլ­լայ այդ ապ­րան­քով, ան­մի­ջա­պէս ժա­մադ­րու­թիւն ու­զե­ցինք ­Յու­նաս­տա­նի մօտ ­Հա­յաս­տա­նի դես­պան պրն. Մկրտ­չեա­նին հետ եւ ին­քը շատ ա­րագ ըն­դու­նեց մե­զի, ուր ա­նոր ներ­կա­յա­ցու­ցինք ամ­բողջ խնդի­րը եւ մեր ընդվ­զու­մը նաեւ մեր պա­հան­ջը որ այս ապ­րան­քը, թէ­պէտ շատ ու­շա­ցած, հաս­նի իր նպա­տա­կին, մէկ տա­րի այս դե­ղե­րը հոն, հա­ւա­նա­բար ան­գոր­ծա­ծե­լի դար­ձած են սա­կայն կան ու­րիշ բժշկա­կան սար­քեր, ո­րոնք կրնան օգ­տա­գոր­ծո­ւիլ եւ պէտք է հաս­նին ի­րենց տի­րոջ:
Անդ­րա­դառ­նա­լով յոյն ժո­ղո­վուր­դին մօտ յո­ռի տպա­ւո­րու­թիւնն­ներ ստեղ­ծո­ւե­լու հա­ւա­նա­կա­նու­թեան, ըն­կե­րու­հին ընդգ­ծեց, որ շատ մեծ մտա­հո­գու­թիւն կայ, ե­թէ այս լու­րը հաս­նի յոյն ժո­ղո­վուր­դին եւ յու­նա­կան պե­տա­կան մա­կար­դա­կի վրայ գտնո­ւող ան­ձե­րուն, ո­րով­հե­տեւ սի­րա­յօ­ժար ձե­ւով ի­րենք մաս­նակ­ցե­ցան օգ­նու­թեան հա­ւա­քագր­ման աշ­խա­տան­քին եւ նաեւ մեր բա­րե­կա­մա­կան կա­պե­րը այն ժա­մա­նակ օգ­տա­գոր­ծե­ցինք եւ կա­րո­ղա­ցանք ա­պա­հո­վել յու­նա­կան պե­տու­թե­նէն ար­տա­քին գոր­ծոց նա­խա­րա­րու­թեան եւ պաշտ­պա­նու­թեան նա­խա­րա­րու­թե­նէն, զի­նո­ւո­րա­կան օ­դա­նաւ եր­կու ան­գամ, որ­պէս­զի այս օգ­նու­թիւ­նը հաս­նի ­Հա­յաս­տան:
Հ.Կ.­Խա­չի ներ­կա­յա­ցու­ցի­չը խօ­սե­լով պե­տա­կան պա­տաս­խա­նա­տո­ւու­թեան եւ այս խնդիրով ցու­ցա­բե­րած ան­գոր­ծու­թեան մա­սին, նշեց. «­Շատ յայտ­նի է, յստակ է, թէ ով է պա­տաս­խա­նա­տուն, որ այս ապ­րան­քը մէկ տա­րի ետք տա­կա­ւին պա­հո­ւած է պա­հես­տա­նոց­նե­րուն մէջ, դե­ղեր ո­րոնք թո­ւա­կան ու­նին եւ պէտք էր ար­դէն գոր­ծա­ծո­ւած ըլ­լա­յին, ո­րոնց ար­ժէ­քը շատ մեծ է, շատ յստակ է, թէ ով է պա­տաս­խա­նա­տուն: ­Պա­տաս­խա­նա­տուն է այդ նա­խա­րա­րու­թիւ­նը ո­րուն ուղ­ղո­ւած էր այս օգ­նու­թեան ապ­րան­քը: Եւ շատ հիաս­թա­փե­ցու­ցիչ էր, որ այս ապ­րան­քը ուղ­ղո­ւած էր յատ­կա­պէս պա­տե­րազ­մէն տու­ժող մեր զի­նո­ւոր­նե­րուն եւ ար­ժա­նա­ցաւ ան­տար­բե­րու­թեան կամ ինչ այլ, չենք գի­տեր պատ­ճառ­նե­րը»:
Ն­շենք, որ զա­նա­զան հայ­րե­նի մի­ջոց­ներ անդ­րա­դար­ձան ստեղ­ծո­ւած լուրջ խնդի­րին, ներ­կա­յաց­նե­լով անոր ծալ­քե­րը եւ Հ.Օ.Մ-ի ­Յու­նաս­տա­նի եր­կու միա­ւոր­նե­րու բո­ղո­քի նա­մա­կը ­Հա­յաս­տա­նի կա­ռա­վա­րու­թեան։