­Հայ­րե­նեաց պաշտ­պա­նու­թեան հա­մար նա­հա­տա­կո­ւած հե­րոս զի­նո­ւոր­նե­րու յի­շա­տա­կի օր

0
719

­Հայ ե­կե­ղեց­ւոյ եր­կու ­Վե­հա­փառ հայ­րա­պետ­նե­րու՝ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ­Գա­րե­գին Բ. Ա­մե­նայն ­Հա­յոց ­Կա­թո­ղի­կո­սի եւ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Ա­րամ Ա. ­Մե­ծի ­Տանն ­Կի­լի­կիոյ ­Կա­թո­ղի­կո­սի հետ հա­մա­խոր­հուրդ, ­Հա­յաս­տա­նի ­Հան­րա­պե­տու­թեան Ար­մէն ­Սարգ­սեան 22 ­Նո­յեմ­բե­րը յայ­տա­րա­րած ըլ­լա­լով Ար­ցա­խի հայ­րե­նեաց հո­ղի պաշտ­պա­նու­թեան մար­տե­րուն նա­հա­տա­կո­ւած հա­յոց բա­նա­կի քա­ջա­րի հե­րոս զի­նո­ւոր­նե­րու հո­գի­նե­րուն յի­շա­տա­կի օր, ­Կի­րա­կի՝ 22 ­Նո­յեմ­բեր 2020-ին, թե­միս բո­լոր ե­կե­ղե­ցի­նե­րէն ներս յա­ւարտ ս. պա­տա­րա­գի կա­տա­րո­ւե­ցաւ հո­գե­հանգս­տեան հան­դի­սա­ւոր ա­րա­րո­ղու­թիւն: Ա­թէն­քի «Ս. Գ­րի­գոր ­Լու­սա­ւո­րիչ» մայր ե­կե­ղեց­ւոյ մէջ ա­րա­րո­ղու­թեանց հան­դի­սա­պե­տեց թե­միս Ա­ռաջ­նորդ Սր­բա­զան հայ­րը՝ ­Գերշ. Տ. ­Գե­ղամ Ս. արք. ­Խա­չե­րեան, որ յա­ւուր պատ­շա­ճի իր պատ­գա­մին մէջ ը­սաւ. «­Հա­յաշ­խար­հի բարձ­րա­գոյն հան­գա­ման­քի անձ­նա­ւո­րու­թեանց այս նա­խա­ձեռ­նու­թիւ­նը, յի­շա­տա­կի օր եւ ե­կե­ղե­ցա­կան հո­գե­հան­գիս­տի ա­րա­րո­ղու­թեան ա­ռիթ ըլ­լա­լու կող­քին, ազ­գա­յին խո­րի­մաստ պատ­գամ եւ կոչ կը բո­վան­դա­կէ իր մէջ:
­Յի­շա­տա­կի այս օ­րով, մենք մե­ռել­նե­րը չէ որ կը յի­շենք: ­Նա­հա­տակ հե­րոս­ներ մա­հո­ւան հետ կապ չու­նին, ա­նոնք կեան­քի հետ կապ ու­նին, հա­մազ­գա­յին սրբու­թիւն­նե­րու ու ար­ժէք­նե­րու հետ կապ ու­նին, ո­րոնք ազ­գի մը սե­րունդ­նե­րուն հետ յա­ւերժ կ­՚ապ­րին:
Հա­յոց պատ­մու­թիւ­նը մե­զի եր­կու սուրբ գիր­քեր ա­ւանդ ժա­ռան­գած է. մէ­կը՝ Աս­տո­ւա­ծա­շունչն է՝ քրիս­տո­նէա­կան մեր հա­ւատ­քին աղ­բիւ­րը, ուր Աս­տու­ծոյ պատ­գամ­նե­րը կը հնչեն, ո­րուն գլխա­ւոր պատ­գա­մը յա­րու­թեան եւ յա­ւի­տե­նա­կան կեան­քի ճշմար­տու­թիւնն է: ­Յա­րու­ցեալ Փրկ­չին գե­րեզ­մա­նին այ­ցե­լու­թեան ե­կող իւ­ղա­բեր կի­նե­րուն հրեշ­տա­կը ը­սաւ, «ին­չո՞ւ ող­ջը մե­ռել­նե­րուն մէջ կը փնտռէք:» (­Ղու­կաս:24:5):
Ք­րիս­տո­նեան մա­հո­ւան եւ գե­րեզ­մա­նին հետ կապ չու­նի, քա­նի որ մարմ­նին մա­հը վախ­ճա­նը չէ կեան­քին, այլ գո­յա­վի­ճա­կի փո­փո­խու­թիւն: Ք­րիս­տո­նեան իր այդ հա­ւատ­քը կ­՚ար­տա­յայ­տէ անձ­նա­զոհ ապ­րե­լա­կեր­պով, «Ով որ իր ան­ձը կը սի­րէ՝ կը կորսնց­նէ զայն, եւ որ իր ան­ձը կ­՚ան­տե­սէ այս աշ­խար­հին վրայ՝ զայն յա­ւի­տե­նա­կան կեան­քին հա­մար պա­հած կ­՚ըլ­լայ: (­Յով­հան­նէս 12:25)» Անձ­նու­րա­ցու­թիւ­նը քրիս­տո­նեա­յի կեան­քին հիմ­նա­կան սկզբունքն է: ­Սուր­բե­րու վար­քը կեն­դա­նի վկա­յու­թիւն է այդ հա­ւատ­քին:
Երկ­րորդ մեր սուրբ գիր­քը ­Հայ­րե­նա­շունչն է, ուր կը հնչեն մեր ազ­գա­յին յա­ւեր­ժա­կան պատ­գամ­նե­րը, ո­րոնց ոս­կե­ղեէն հա­մար­նե­րէն մէ­կը, զոր 5-րդ ­դա­րու ­Վար­դա­նանց դիւ­ցազ­նա­մա­րի հե­րո­սա­պա­տու­մը արձ­նա­նագ­րած Ե­ղի­շէ ­Պատ­միչ, նա­հա­տա­կու­թեան ըմբռ­նու­մը քրիս­տո­նէա­կան հա­ւատ­քի սկզբուն­քով գե­ղեց­կօ­րէն բա­նա­ձե­ւած է՝ «­Մահ ոչ ի­մա­ցեալ մահ է, մահ ի­մա­ցեալ ան­մա­հու­թիւն է»։
­Հե­տե­ւա­բար ­Նա­հա­տակ­նե­րը մե­ռել­ներ չեն, ո­րով­հե­տեւ ա­նոնք իբ­րեւ ո­գե­ւո­րող ո­գե­ղէն տի­պար­ներ կ­՚ապ­րին սե­րունդ­նե­րու հո­գի­նե­րուն մէջ, սէր եւ նո­ւի­րում սնու­ցա­նե­լով հայ­րե­նի­քին նկատ­մամբ: Ան­ցեա­լի մեր բո­լոր նա­հա­տակ հե­րոս­նե­րը շա­րու­նա­կե­ցին ապ­րիլ յա­ջորդ սե­րունդ­նե­րուն մէջ, եւ մեր նօ­րօեայ նա­հա­տակ հե­րոս­նե­րը պի­տի շա­րու­նա­կեն ապ­րիլ յա­ջոր­դող սե­րունդ­նե­րուն մէջ, հայ­րե­նա­սի­րու­թեան կեն­դա­նի օ­րի­նակ­ներ հան­դի­սա­նա­լով, ինչ­պէս որ ե­կե­ղեց­ւոյ կեան­քին մէջ սուր­բե­րը՝ հաս­տա­տուն հա­ւատ­քի ապ­րո­ւած վկա­յու­թիւն­ներ են:
­Նա­հա­տակ հե­րոս­նե­րուն յի­շա­տա­կը յար­գե­լը մեր բո­լո­րին նո­ւի­րա­կան բայց եւ նո­ւա­զա­գոյն պար­տա­կա­նու­թիւնն է, ո­րով­հե­տեւ նա­հա­տակ­նե­րը յար­գե­լը ի­րենց ար­ժէ­քը չէ որ կը բարձ­րաց­նէ, այլ մեր ազ­գա­յին գի­տակ­ցու­թեան ո­րակն ու մա­կար­դա­կը ցոյց կու տայ: ­Նա­հա­տակ հե­րոս­նե­րը անմ­նա­ցորդ հայ­րե­նա­սի­րու­թեան դա­սա­գիր­քեր են, հայ­րե­նա­սի­րու­թեան չա­փա­նի­շեր են, ո­րոնց յա­րա­բե­րա­բար կը չա­փո­ւի մեր հայ­րե­նա­սի­րու­թեան չափն ու մա­կար­դա­կը:
­Հայ­րան­սի­րու­թիւ­նը միայն պա­տե­րազ­մի ճա­կա­տին վրայ չէ որ կը դրսե­ւո­րո­ւի, այլ ան ազ­գի իւ­րա­քան­չիւր զա­ւա­կի կեան­քին մէջ մնա­յուն մտա­ծե­լա­կերպ ու գոր­ծե­լա­կերպ է. պար­զա­պէս, հայ­րե­նա­սէր հե­րոս նա­հա­տա­կը ան է, որ իր կեան­քի ըն­թաց­քին, իր հայ­րե­նա­սի­րու­թեան վրայ այն­քան հաս­տատ է, որ ե­թէ հարկ ըլ­լայ ան իր կեանքն ան­գամ կը զո­հէ, միշտ այն ան­խախտ հա­ւատ­քով, որ իր կեան­քի զո­հա­բե­րու­մը հայ­րե­նի­քը ամ­րապն­դող եւ ա­նոր յա­ւեր­ժու­թեան հիմ­քե­րը ա­մուր պա­հող զօ­րու­թիւն է: Այ­լա­պէս ինչ­պէս կա­րե­լի է բա­ցատ­րել եւ տար­բեր չի ըն­կա­լո­ւիր, ի­րենց չա­փա­հաս կեան­քի ար­շա­լոյ­սին, խան­դով ու վառ ե­րազ­նե­րով ա­պա­գա­յին նա­յող մեր նո­րօեայ հե­րոս­նե­րուն նա­հա­տա­կու­թիւ­նը ի սէր հայ­րե­նի­քին:
­Նա­հա­տակ հե­րոս­նե­րը ի­րենց հա­յեր­նի­քի պա­րա­տա­կա­նու­թիւ­նը կա­տա­րե­ցին: Այ­սու­հե­տեւ, ա­նոնք ապ­րող­նե­րուս հա­մար կը մնան հայ­րե­նա­սի­րու­թեան ուղ­ղե­ցոյց եւ խթան, որ մենք անխ­տիր, ա­մէ­նօ­րեայ մեր կեան­քով, ա­մէն պա­րա­գա­յի եւ ա­մէն մա­կար­դա­կի եւ ա­մէն գնով կա­տա­րենք հայ­րե­նի­քի յա­ւեր­ժու­թեան հա­մար մեր նո­ւի­րա­կան ազ­գա­յին պար­տակ­նու­թիւ­նը:
­Բիւր յար­գանք ա­նոնց լոյս յի­շա­տա­կին եւ հայ­րե­նա­սի­րու­թեան անս­պառ կո­րով բո­լո­րիս. Ա­մէն»։

ԹՂԹԱԿԻՑ