Յ. ՊԱԼԵԱՆ

­Հայ­րե­նի­քի սէ­րը գո­յու­թիւն
ու­նի միայն մեծ հո­գի­նե­րու մէջ.
շա­հու սէ­րը կը ներծ­ծէ
գռե­հիկ հո­գի­նե­րը:

­Փիէր-­Ժիւլ Ս­թահլ

Ին­չո՞ւ եր­բեմն հան­դի­սա­ւո­րու­թեամբ, մա­մու­լով, խորհր­դա­ժո­ղով­նե­րով եւ գի­տա­ժո­ղով­նե­րով չենք նշեր ­Հա­յոց ­Հայ­րե­նա­հան­ման Օ­րը, որ­պէս­զի խօ­սո­ւի, գի­տակ­ցու­թիւն արթն­նայ ազ­գի մը մեղմ եւ ան­ցաւ մա­շու­մին մա­սին:
­Հայ­րե­նա­հան­ման ըմբռ­նու­մը բո­վան­դա­կու­թիւն կու տայ զգա­ցա­կան հայ­րե­նա­սի­րու­թեան եւ ճամ­բայ կը հար­թէ յանձ­նա­ռու հայ­րե­նա­սի­րու­թեան առ­ջեւ՝ յի­շեց­նե­լով տի­րոջ պար­տա­կա­նու­թիւ­նը:
­Ցե­ղաս­պա­նու­թեան զոհ մի­լիո­նը սոսկ յի­շա­տակ է, զա­նա­զան ո­րա­կում­նե­րով. մարդ­կու­թեան դէմ ո­ճիր, սրբա­ցում:
­Գու­մա­րե­ցէ՛ք բա­րո­յա­կան մխի­թա­րու­թեան յա­րա­ճուն ճա­նա­չում­նե­րը, ո­րոնք ան­հե­տե­ւանք աղ­մուկ են ցարդ, կը ծա­ռա­յեն թուղթ սեւց­նե­լու: Ա­նոնք պատ­մու­թիւ­նը վերս­տին իր հու­նին մէջ դնող ազ­դակ չեն, ազ­գի որ­պէս այդ­պի­սին վե­րա­կան­գու­մին վրայ քար չեն ա­ւելց­ներ: ­Գէթ չկրցան այդ ը­նել ցարդ:
­Հա­րիւր տա­րիէ ի վեր կ’ապ­րինք ­Հայ­րե­նահն­ման Ա­ղէ­տին մէջ, բայց կար­ծէք այդ ե­րե­ւոյ­թը մեզ չ’ան­հանգստաց­ներ, ընդ­հա­կա­ռա՛կն: ­Բա­ցո­րոշ կամ լուռ գո­հու­նա­կու­թեամբ ըն­դու­նած ենք ­Հայ­րե­նա­հա­նու­մը, քա­նի որ ճո­ղոպ­րած ենք օս­մա­նեան հարս­տա­հա­րու­թիւն­նե­րէ, ջար­դէ, դար­ձած ենք յա­ռա­ջա­դէմ եր­կիր­նե­րու քա­ղա­քա­ցի, կ’ապ­րինք ա­պա­հով պայ­ման­նե­րու մէջ, ձեռք կը բե­րենք բարձր կեն­սա­մա­կար­դակ: Այս գո­հու­նա­կու­թիւ­նը այն աս­տի­ճան մեզ գե­րած է, որ այժմ ու­նի իր նո­րա­գոյն հե­տե­ւանք­նե­րը ­Կա­մա­ւոր ­Հայ­րե­նա­հան­ման իր ձե­ւով, զոր կը կո­չենք Ար­տա­գաղթ:
Ազ­գի ո­րա­կի եւ համ­րան­քի տե­սան­կիւ­նէն՝ Ար­տա­գաղ­թը կը շա­րու­նա­կէ ­Հայ­րե­նա­հա­նու­մը:
­Հայ­րեն­հան­ման եւ Ար­տա­գաղ­թի քա­ղա­քա­կան, ըն­կե­րա­յին եւ մշա­կու­թա­յին հե­տե­ւանք­նե­րը հա­մա­պա­տաս­խան վե­րա­բե­րու­մի չենք ար­ժա­նաց­ներ, քա­նի որ ան­հա­տա­կան եւ հա­ւա­քա­կան մա­կար­դակ­նե­րու վրայ, ա­նոնց նկատ­մամբ չու­նինք ըն­կե­րա­յին գի­տու­թիւն­նե­րու լոյ­սին տակ մշա­կո­ւած ազ­գա­յին գա­ղա­փա­րա­խօ­սու­թե­նէ ներշն­չո­ւած կե­ցո­ւածք:
Ա­ւե­լի պարզ խօ­սե­լով՝ ­Ցե­ղաս­պա­նու­թեան զո­հե­րը ազ­գին հա­մար մեծ կո­րուստ ե­ղան, քա­նի որ ազ­գը կ’ապ­րի իր համ­րան­քով: Ի՞նչ պի­տի ըլ­լան ­Հայ­րե­նա­հան­ման եւ Ար­տա­գաղ­թի հե­տե­ւանք­նե­րը Ազ­գին հա­մար, ժա­մա­նա­կի գի­ծին վրայ, երբ կը դադ­րինք ան­մի­ջա­կա­նի հաւ­կու­րու­թեամբ զա­նոնք դի­տե­լէ եւ դա­տե­լէ:
Ա­սիոյ մէջ, կրօ­նա­կան տար­բե­րու­թիւն­նե­րու եւ մո­լե­ռան­դու­թեան պատ­ճա­ռով, երկ­րի բնիկ­ներ ա­պաս­տան կը գտնեն դրա­ցի երկ­րի մը մէջ (­Ռո­հին­կա­նե­րը կ’ա­պաս­տա­նին ­Պանկ­լա­տէշ):
Ինչ­պէս ե­րէկ, նաեւ այ­սօր, մի­ջազ­գա­յին հա­մայն­քը իր օ­րէնք­նե­րու ան­բա­ւա­րա­րու­թիւ­նը եւ իր ան­կա­րո­ղու­թիւ­նը կը շղար­շէ բա­րե­սի­րու­թեամբ եւ քա­ղա­քա­կան եր­թե­ւե­կով: ­Հայ­րե­նա­հան­ման կան­խար­գիլ­ման, սրբագ­րու­թեան, եւ ­Հայ­րե­նա­հա­նո­ւած­նե­րու ի­րա­ւուն­քի պաշտ­պա­նու­թեան օ­րէնք­ներ չկան: Եւ մեծ ­Խօ­սա­րա­նին մէջ, որ Մ.Ա.Կ. կը կո­չո­ւի, այս մա­սին ո՛չ ոք կը խօ­սի:
Ո՛չ մէկ ուժ, ո՛չ մէկ օ­րէնք, ինք­զինք աշ­խար­հի ի­րա­ւա­րա­րու­թեան կո­չած ո՛չ մէկ պե­տու­թիւն որ­պէս օ­րա­կարգ ու­նին ­Հայ­րե­նա­հա­նում­նե­րը: ­Թե­րեւս օր մը, աշ­խար­հի բո­լոր պե­տու­թիւն­նե­րը, Մ.Ա.Կ.ը եւ ա­նոնց շար­քին ­Թուր­քիան, կրնան ճանչ­նալ ­Հա­յոց ­Ցե­ղաս­պա­նու­թիւ­նը, ցա­ւակ­ցիլ, բայց ո՛չ ոք ձայն-ծպտուն պի­տի հա­նէ ­Հայ­րե­նա­հա­նում ա­ղէ­տին մա­սին, ո­րուն այ­սօր գո­հու­նակ զո­հերն են ­Հայ­րե­նա­հա­նուած­նե­րը եւ ա­նոնց յետ­նորդ­նե­րը:
­Ցե­ղաս­պա­նու­թեան ճա­նա­չում­նե­րուն մէջ տեղ մը, մեր եւ այ­լոց կող­մէ, չի յի­շո­ւիր, թէ ին­չո՞ւ ցե­ղաս­պա­նու­թիւն գոր­ծո­ւե­ցաւ: Կր­նա՞նք մէկ տող գտնել ե­ղած եւ բազ­մա­պատ­կո­ւող ճա­նա­չում­նե­րուն մէջ, մէկ տող, որ խօ­սի ի­րաւ պատ­ճա­ռին մա­սին, ո­րուն հե­տե­ւանքն է նաեւ այ­սօ­րո­ւան սփիւռք(ներ)ը: ­Բայց ին­չո՞ւ մե­զի բա­ւա­րա­րու­թիւն տո­ւող այդ ճա­նա­չում­նե­րուն հե­ղի­նակ­նե­րը պի­տի խօ­սին մեր կող­մէ ան­գի­տա­ցո­ւող եւ չպա­հան­ջո­ւող հար­ցե­րու մա­սին:
­Դի­պուկ է 2001ին Ֆ­րան­սա­յի կող­մէ ­Հա­յոց ­Ցե­ղաս­պա­նու­թեան ճա­նաչ­ման պա­րա­գան, որ չի յի­շա­տա­կեր ո՛չ ցե­ղաս­պա­նու­թիւն գոր­ծո­ղը, ո՛չ այն եր­կի­րը, ուր ա­նի­կա գոր­ծո­ւած է, ոչ ալ պատ­ճա­ռը այդ ցե­ղաս­պա­նու­թեան: ­Մենք մե­զի հարց կու տա՞նք, թէ ի՞նչ կը պա­հան­ջենք, ին­չո՞ւ կը պա­հան­ջենք, ի՞նչ կը ճանչ­նան կամ պի­տի ճանչ­նան:
­Բայց պատ­ճա­ռի եւ նպա­տա­կի ան­գի­տաց­ման հա­մար թե­րա­ցող­նե­րը մի­թէ ­Ցե­ղաս­պա­նու­թիւ­նը այս կամ այն ձե­ւով ճանչ­ցող­նե՞րն են, թէ՞ այդ ճա­նաչ­ման հա­մար դի­մող­նե­րը, աշ­խա­տող­նե­րը:
­Պահ մը ե­րե­ւա­կա­յենք, թէ ի՞նչ պի­տի մտա­ծեն եւ ինչ­պէ՞ս պի­տի հա­կազ­դեն ­Ցե­ղաս­պա­նու­թիւ­նը ճանչ­ցող մեր բա­րե­կամ­նե­րը, ե­թէ հար­ցը ներ­կա­յաց­նենք՝ ը­սե­լով, որ ցե­ղաս­պա­նու­թեան պատ­ճա­ռը հողն էր, եւ հա­յոց հայ­րե­նի­քի բռնագ­րաւ­ման եւ ցե­ղաս­պա­նու­թեան ճա­նաչ­ման հար­ցե­րը ա­նան­ջա­տե­լի են:
­Մեր բա­րե­կամ­նե­րը եւ խօ­սա­կից­նե­րը առ­նո­ւազն մեզ­մէ նո­ւազ միա­միտ են: Ա­նոնք կրնան հարց տալ, որ ե­թէ այդ բռնագ­րո­ւած հո­ղե­րը ա­զա­տագ­րո­ւին, այ­սօ­րո­ւան սփիւռք(ներ)ը, ­Հայ­րե­նա­հա­նո­ւած­նե­րը եւ ա­նոնց յետ­նորդ­նե­րը կը վե­րա­դառ­նա՞ն: ­Քայլ մըն ալ ա­ռաջ եր­թա­լով՝ կրնան դի­տել տալ, թէ ին­չո՞ւ պէտք է պա­հան­ջել այդ հո­ղե­րը, երբ այ­սօր ու­րիշ­ներ կ’ար­տա­գաղ­թեն, հո­ղը կը լքեն, կ’ա­ճեց­նեն ­Հայ­րե­նա­հա­նո­ւած­նե­րու համ­րան­քը:
Ա­ւե­լին ալ կրնան ը­սել: ­Հա­յաս­տան եւ Ար­ցախ միա­ցեալ տա­րա­ծու­թեան վրայ ամ­բողջ սփիւռ­քի բնա­կեց­ման տեղ կայ:
Այս ան­գի­տա­ցո­ւած իս­կա­կան պատ­ճա­ռով կը բա­ցատ­րո­ւին հա­յոց ցե­ղաս­պա­նու­թեան բա­րո­յամ­խի­թա­րա­կան ճա­նա­չում­նե­րը, ո­րոնք ոչ մէկ քա­ղա­քա­կան նկա­րա­գիր ու­նին եւ չեն ան­հանգս­տաց­ներ ո՛չ մեր բա­րե­կամ­նե­րը, ոչ ալ մեզ:
­Խօ­սիլ ­Ցե­ղաս­պա­նու­թեան պատ­ճա­ռին մա­սին՝ պի­տի ստի­պէր, որ մենք որ­պէս ան­մի­ջա­կան օ­րա­կարգ ու­նե­նա­յինք հայ­րե­նա­տի­րու­թիւն եւ հայ­րե­նա­դար­ձու­թիւն զոյ­գը:
­Հե­տե­ւա­բար՝ կէս-բե­րան ե­ղած պա­հան­ջին կը տրո­ւի կէս-բե­րան բա­ւա­րա­րու­թիւն:
­Հայ­րե­նա­նո­ւած ժո­ղո­վուր­դին իս­կա­կան կա­ցու­թեան գա­ղա­փա­րա­խօ­սա­կան պա­տաս­խա­նը հայ­րե­նի­քի ա­մոբղ­ջա­ցումն ու բնա­կե­ցումն են:
­Ցե­ղաս­պա­նու­թեան այ­սօ­րո­ւան ի­րո­ղա­կան քա­ղա­քա­կան բո­վան­դա­կու­թիւ­նը ե­ղած եւ տե­ւող ­Հայ­րե­նա­հա­նումն է: Այ­սինքն՝ հո­ղա­յին պա­հանջն է, որ իս­կա­կան ի­մաստ կու տայ ­Ցե­ղաս­պա­նու­թեան ճա­նա­չում­նե­րուն, լա­ցէն եւ սու­գէն, յու­շէն եւ յու­շագ­րու­թիւն­նե­րէն ան­դին, ազ­գա­յին ի­րա­ւուն­քին եւ գո­յու­թեան կու տայ քա­ղա­քա­կան ո­րակ:
Եւ ի հար­կէ, պէտք է խօ­սիլ սփիւռք(ներ)ի քա­ղա­քա­կան նա­խա­ձեռ­նու­թիւն­նե­րու նկա­տի առ­նո­ւե­լիք լրջու­թեան բո­վան­դա­կու­թեան մա­սին:
Ը­սինք՝ քա­ղա­քա­կան նա­խա­ձեռ­նու­թիւն­ներ, ո­րոնք հայ­րե­նակ­ցա­կան միու­թիւն­նե­րու ո՛չ հե­րի­սա­յով եւ ոչ ալ տու­տուկ-զուռ­նա­յով կը սահ­մա­նո­ւին:
Ի՞նչ ը­նել եւ ինչ­պէ՞ս, որ­պէս­զի ազ­գի ա­ւե­լի քան սփիւռք(ներ)ը կուլ չեր­թայ հա­մաշ­խար­հայ­նաց­ման հե­ղե­ղին: Այդ ը­նե­լու հա­մար մենք պէտք է դադ­րինք բա­ւա­րա­րո­ւե­լէ բա­ժա­կին կէս կամ քա­ռորդ լե­ցուն մա­սով, այլ՝ բո­լոր մի­ջոց­նե­րով մտա­ծել եւ գոր­ծել, որ­պէս­զի այդ դա­տարկ մա­սը կրկին լե­ցո­ւի, լե­ցուն մասն ալ ա­մէն օր քիչ մը ա­ւե­լի չդա­տար­կո­ւի:
Այս նպա­տա­կով՝ ի­րա­պէս պէտք է կազ­մա­կեր­պել հայ­կա­կան սփիւռք(ներ)ը ո՛չ որ­պէս այս կամ այն ձե­ւի հայ­կա­կան ծա­գու­մով մար­դոց ինք­նա­գոհ հա­մայնք­ներ, ո­րոնք ի­րենք զի­րենք կը տես­նեն յա­ւեր­ժա­ցող եւ յա­ւեր­ժա­կան սփիւռ­քաց­ման մէջ: ­Սե­րունդ պէտք է պատ­րաս­տել հայ­րե­նա­տի­րու­թեան եւ հայ­րե­նա­դար­ձու­թեան են­թա­հո­ղի վրայ, օ­րի­նակ, դպրոց­նե­րու, միու­թիւն­նե­րու, կու­սակ­ցու­թիւն­նե­րու, ե­կե­ղե­ցի­նե­րու ծրագ­րա­յին-կրթա­կան ա­ռա­ջադ­րանք­նե­րուն մէջ պէտք է ար­ձա­նագ­րել նոյն հայ­րե­նա­տի­րու­թիւն-հայ­րե­նա­դար­ձու­թիւ­նը:
Այ­սինքն՝ ­Հայ­րե­նա­հա­նո­ւած ըլ­լա­լու գի­տակ­ցու­թիւ­նը պէտք է թե­լադ­րէ այն ա­ռաջ­նոր­դող միտ­քը, որ սփիւռք(ներ)ը ժա­մա­նա­կա­ւոր սպաս­ման կեդ­րոն(ներ) է հա­յուն հա­մար:
Ե­թէ այս ժա­մա­նա­կա­ւո­րի սուր զգա­ցո­ղու­թիւ­նը կոր­սո­ւի, սփիւռք(ներ)ը ինք­զինք կը դա­տա­պար­տէ դեռ ժա­մա­նակ մըն ալ ըլ­լա­լու ծա­գու­մով հայ, օր մը այդ ան­գամ մոռ­նա­լու:
­Մարդ­կա­յին ըն­կե­րու­թիւն­նե­րու կազ­մա­ւոր­ման ու ձե­ւա­ւոր­ման մէջ ժա­մա­նա­կը ան­գութ է:
­Հայ­րե­նա­հա­նու­մը ազ­գի մը հան­դէպ գոր­ծո­ւած յո­ռե­գոյն ո­ճիրն է: Ան ազ­գի ան­դամ­նե­րը կը դա­տա­պար­տէ այ­լա­սեր­ման՝ ազ­գին հա­մար ողջ-մե­ռեալ­նե­րու:
­Հայ­րե­նա­հան­ման ա­ւեր գոր­ծած եւ գոր­ծող հե­տե­ւանք­նե­րուն, եւ ա­նոնց յաղ­թա­հար­ման կա­րե­լիու­թիւն­նե­րու քննու­թեան հա­մար, չ’ար­ժե՞ր հա­կա-ամ­բո­խա­վա­րա­կան եւ հա­կա-ինք­նա­խա­բէա­կան խորհր­դա­ժո­ղով մը գու­մա­րել, եւ խօ­սիլ զան­գո­ւած­նե­րուն՝ դուրս գա­լով բջիջ­նե­րու օ­ղա­կէն:
­Զան­գո­ւած­նե­րո՛ւն. մէկ առ մէկ: Իւ­րա­քան­չիւ­րին՝ ի՛ր յար­կին տակ, ոչ միայն յայ­տա­րա­րու­թիւն­նե­րով եւ հա­ղոր­դագ­րու­թիւն­նե­րով, ո­րոնք կը հաս­նին գիտ­ցող­նե­րուն եւ հա­մո­զո­ւած­նե­րուն:
­Հա­մա­ժո­ղո­վը պէտք է ար­տա­յայ­տո­ւի լուռ մե­ծա­մաս­նու­թեան եւ ան­տե­սա­նե­լի դար­ձած­նե­րուն մա­սին՝ զի­նո­ւե­լով հայ­րե­նա­տի­րու­թեան եւ հայ­րե­նա­դար­ձու­թեան ա­ռա­ջադ­րանք­նե­րով: