­Հա­յաս­տա­նի ներ-քա­ղա­քա­կան վեր­ջին ի­րա­դար­ձու­թիւն­նե­րէն ետք ­Հա­յաս­տա­նի եւ հայ ժո­ղո­վուր­դի նկատ­մամբ մի­ջազ­գա­յին հան­րու­թեան վե­րա­բե­րու­մը տասն ան­գամ ա­ւե­լի բարձր է, քան աս­կէ մէկ ա­միս ա­ռաջ: Ըստ «Ար­մէնփ­րես»ի՝ ­Յաղ­թա­նա­կի զբօ­սայ­գիին մէջ լրագ­րող­նե­րու հետ ճե­պազրոյ­ցի ժա­մա­նակ այս մա­սին ը­սած է Հ.Հ. նա­խա­գահ Ար­մէն ­Սարգ­սեան:
«­Պէտք է հպարտ ըլ­լալ այ­սօ­րո­ւայ ­Հա­յաս­տա­նով: Հ­պարտ, ո­րով­հե­տեւ կրցանք ը­նել այն­պի­սի բան, որ ո­րե­ւէ ու­րիշ եր­կիր կամ պե­տու­թիւն վեր­ջին տա­րի­նե­րուն, տաս­նա­մեակ­նե­րուն չէ կցած ը­նել: Ա­նի­կա յե­ղա­փո­խու­թիւն է հայ­կա­կան ձե­ւով, ուր մար­դիկ յե­ղա­փո­խու­թիւն կ’ը­նեն՝ ա­ռանց ընդ­հա­րում­նե­րու, ծա­ղիկ­նե­րով եւ ժպի­տով, ու­րա­խու­թեամբ եւ փու­չիկ­նե­րով»,- ը­սած է ան:
Լ­րագ­րո­ղի այն հար­ցին, թէ հան­դի­պա՞ծ է ար­դեօք Ար­մէն ­Սարգ­սեա­նը հան­րա­պե­տու­թեան եր­րորդ նա­խա­գա­հին հետ, Ար­մէն ­Սարգ­սեան պա­տաս­խա­նեց, որ թէյ խմած է ­Սերժ ­Սարգ­սեա­նի հետ: «­Սերժ ­Սարգ­սեա­նի հետ հան­դի­պած եմ մի քա­նի օր ա­ռաջ, քննար­կած եմ ի­րա­վի­ճա­կը, միա­սին թէյ խմած ենք»,- ը­սած է Ար­մէն ­Սարգ­սեան:
Ան շնոր­հա­ւո­րեց նաեւ լրա­տո­ւա­մի­ջոց­նե­րու ներ­կա­յա­ցու­ցիչ­նե­րը՝ նշե­լով, որ լրա­տո­ւա­կան դաշ­տը եւս լուրջ ներդ­րում ու­նի այս փո­փո­խու­թիւն­նե­րուն մէջ: «Ոչ միայն ես, այ­լեւ ամ­բողջ աշ­խար­հը կը գնա­հա­տէ ա­նի­կա: ­Մենք պէտք է այդ ողջ դրա­կան նե­րոյ­ժը, ե­ռան­դը ներդ­նենք, որ­պէս­զի մեր եր­կի­րը կա­ռու­ցո­ւի եւ դառ­նայ ա­ւե­լի լաւ»,- նշեց ան: Հ.Հ. չոր­րորդ նա­խա­գա­հը վստա­հե­ցուց, որ հայ­րե­նա­դար­ձու­թիւն ան­պայ­ման պի­տի ըլ­լայ: «Ոե­ւէ հա­յու հայ­րե­նի­քը այս­տե՛ղ է: Ես կը տես­նեմ՝ վե­րա­դարձ ար­դէն կայ, ա­մէն ինչ կա­խո­ւած պի­տի ըլ­լայ մեզ­մէ: Ե­թէ ո­րոշ ժա­մա­նակ անց այդ դրա­կան նե­րոյ­ժը ըլ­լայ եւ եր­կի­րը ա­ռաջ եր­թայ, ե­թէ դրա­կան քայ­լե­րը ըլ­լան, ա­պա կը կար­ծեմ, որ վե­րա­դարձ ան­պայ­ման պի­տի ըլ­լայ»,-ա­ւել­ցուց նա­խա­գա­հը: