Ինչպէս ծանօթ է, Արամ Ա. Կաթողիկոս, Հայրապետական պատգամով մը 2020 տարին ձօնած է յատուկ խնամքի կարօտ հայորդիներու տարի։
Յունահայոց թեմի Կրօնական ժողովի գործադրութեամբ, Կիրակի՝ 26 Յունուար 2020ի առաւօտեան Ս. Պատարագի ժամանակ, Յունաստանի բոլոր եկեղեցիներէն ներս ընթերցուեցաւ Վեհափառ հայրապետի սոյն պատգամը։
Թեսաղոնիկէի «Ս. Աստուածածին» եկեղեցւոյ մէջ մատուցուեցաւ ս. եւ անմահ պատարագ, ներկայութեամբ Թեսաղոնիկէի կառոյցներու, ներկայացուցիչներուն, ինչպէս նաեւ խուռներամ բազմութեան։ Ս. Պատարագը մատուցեց շրջանի հոգեւոր հովիւ Ստեփանոս վրդ. Փաշայեան։ Քարոզի պահուն, ան ընթերցեց Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա. Վեհափառ հայրապետի պատգամը, նուիրուած՝ յատուկ խնամքի կարօտ հայորդիներու տարուան, ուր Նորին սրբութիւնը մանրամասն կերպով անդրադարձած է յատուկ խնամքի կարօտ հայորդիներու մասին եւ կոչ ուղղած բոլորին ու մասնաւորաբար մեր ազգայիններուն, թէ՛ նիւթապէս եւ թէ բարոյապէս գործնապէս օգտակար հանդիսանալու, պատասխանատուութիւն ստանձնելու զանոնք գուրգուրանքի եւ հոգատարութեան արժանացնելու մասնաւորաբար մեր ընկերային ու հայ կեանքէն ներս։
Հայրապետական պատգամի ընթերցում Թեսաղոնիկէի մէջ
Հայրապետական պատգամի ընթերցում Թեսաղոնիկէի մէջ