­Կի­րա­կի՝ 28 ­Յու­նիս 2020ին, ­Մե­ծի ­Տանն ­Կի­լի­կիոյ ­Կա­թո­ղի­կոս Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Ա­րամ Ա. ­Վե­հա­փառ ­Հայ­րա­պե­տի 28 ­Յու­նիս եւ 1 ­Յու­լիս 1995ին ընտ­րու­թեան եւ օծ­ման 25ա­մեա­կին ա­ռի­թով, Ա­թէն­քի «Ս. Գ­րի­գոր ­Լու­սա­ւո­րիչ» Ա­թո­ռա­նիստ ­Մայր ե­կե­ղեց­ւոյ մէջ, հան­դի­սա­ւոր Ս. ­Պա­տա­րագ մա­տու­ցո­ւե­ցաւ: ­Պա­տա­րա­գեց թե­մա­կալ Ա­ռաջ­նորդ ­Գե­ղամ արք. ­Խա­չե­րեան: ­Յըն­թացս Ս. ­Պա­տա­րա­գի կա­տա­րո­ւե­ցաւ ­Հայ­րա­պե­տա­կան ­Մաղ­թան­քի հան­դի­սա­ւոր ա­րա­րո­ղա­կար­գը: Ա­րա­րո­ղու­թեան ներ­կայ էին Ազ­գա­յին ­Վար­չու­թեան ա­տե­նա­պետ Պրն. ­Պօ­ղոս ­Չո­լա­քեան, ան­դամ Էդ­գար ­Գալս­տեան եւ Հ.Յ.Դ ­Յու­նաս­տա­նի կեդ­րո­նա­կան ­Կո­մի­տէի ներ­կա­յա­ցու­ցիչ ընկ. ­Սեր­գօ ­Գու­յում­ճեան: ­Հայ­րա­պե­տա­կան ­Մաղ­թան­քին սկիզ­բը, Ա­ռաջ­նորդ Սր­բա­զա­նը յա­ւուր պատ­շա­ճի խօ­սե­ցաւ, մաս­նա­ւո­րե­լով եւ ար­ժե­ւո­րե­լով ­Հայ ժո­ղո­վուր­դի պատ­մու­թեան ըն­թաց­քին ­Հայ Ե­կե­ղեց­ւոյ ընդ­հան­րա­պէս եւ կա­թո­ղի­կոս­նե­րու մաս­նա­ւո­րա­պէս բե­րած նպաս­տը:
­Մեկ­նե­լով ­Հայ­րա­պե­տա­կան ­Մաղ­թան­քին ըն­թաց­քին ըն­թեր­ցո­ւած ­Յով­հան­նու Ա­ւե­տա­րա­նի «­Քաջ ­Հո­վիւ»ի տի­պա­րի ա­ւե­տա­րա­նա­կան հա­տուա­ծէն, ը­սաւ.- «Ընդ­հան­րա­կան ե­կե­ղեց­ւոյ բո­լոր սուրբ Ա­թոռ­նե­րու դա­րա­ւոր եւ ե­կե­ղե­ցա­բա­նա­կան սկզբունք է, ա­ղօթք կար­դալ իր հայ­րա­պե­տին, ե­կե­ղեց­ւոյ գլու­խին կե­նաց եւ հոգ­ւոյ փրկու­թեան հա­մար, ըլ­լայ օ­րա­կան ժա­մեր­գու­թեանց ըն­թաց­քին, Ս. ­Պա­տա­րագ­նե­րու մա­տուց­ման ա­տեն եւ ընտ­րու­թեան եւ օծ­ման տա­րե­դար­ձին առ­թիւ հան­դի­սա­ւո­րա­պէս կա­տա­րել ­Հայ­րա­պե­տա­կան ­Մաղ­թանք՝ հա­ւա­տա­ցեալ ժո­ղո­վուր­դին ա­նու­նով ար­տա­սա­նուած ա­ղօթք հո­վո­ւա­պե­տին ա­ռող­ջու­թեան եւ եր­կար ու բե­ղուն գա­հա­կա­լու­թեան հա­մար, ի շի­նու­թիւն ե­կե­ղեց­ւոյ: ­Հայ Ե­կե­ղե­ցին՝ իր Ա­ռա­քե­լա­կան յա­ջոր­դա­կա­նու­թեամբ, ա­ռա­քե­լու­թեամբ եւ ինք­նո­րոյն նո­ւի­րա­պա­տու­թեամբ Ընդ­հան­րա­կան Ե­կե­ղեց­ւոյ մէկ եւ ան­բա­ժան մասն է, եւ իբր այդ­պի­սին ինք եւս ու­նի այս իր գե­րա­գոյն հո­գե­ւոր պե­տին, հո­վո­ւա­պե­տին հա­մար տա­րե­կան մաղ­թան­քի ա­րա­րո­ղա­կար­գը: ­Հա­յոց պատ­մու­թեան ըն­թաց­քին, ­Հայ Ե­կե­ղե­ցին ի՛ր հո­վո­ւա­պե­տին՝ սրբազ­նա­գոյն կա­թո­ղի­կո­սին գլխա­ւո­րու­թեամբ սոսկ կրօ­նա­բա­րո­յա­կան հաս­տա­տու­թիւն մը չէ ե­ղած, այ­լեւ ազ­գա­յին կեան­քին մէջ գլխա­ւոր դե­րա­կա­տա­րու­թիւն եւ մաս­նակ­ցու­թիւն ու­նե­ցած է: Այդ դե­րա­կա­տա­րու­թիւ­նը ա­ռա­ւե­լա­բեր շեշ­տո­ւած է, երբ քա­ղա­քա­կան իշ­խա­նու­թեան ան­կու­մէն ետք, հա­յոց կա­թո­ղի­կո­սը ստանձ­նած է ազ­գին ղե­կա­վա­րու­թիւ­նը, ագ­գին միաս­նու­թիւ­նը պա­հե­լու եւ ինք­նու­թիւ­նը պահ­պա­նե­լու եւ օ­տար իշ­խա­նու­թեանց հետ բա­նակ­ցե­լու, հայ ժո­ղո­վուր­դին հա­մար նպաս­տա­ւոր պայ­ման­ներ ա­պա­հո­վե­լու:
Քա­ղա­քա­կան իշ­խա­նու­թեան բա­ցա­կա­յու­թեան ա­մե­նա­ցայ­տուն պա­րա­գան­նե­րէն ե­ղաւ, ­Կի­լի­կեան թա­գա­ւո­րու­թեան ան­կու­մէն ետք, հայ ե­կե­ղեց­ւոյ կա­թո­ղի­կոս­նե­րուն ստանձ­նած դե­րա­կա­տա­րու­թիւ­նը ազ­գին գո­յու­թիւ­նը պա­հե­լու ի­մաս­տով, երբ ժո­ղո­վուր­դը թախ­ծու­թեան կը մատ­նո­ւէր նա­յե­լով ­Սի­սի ար­քա­յա­կան պա­լա­տի ա­ւե­րակ­նե­րուն, իսկ միւս կող­մէն կը քա­ջա­լե­րո­ւէր նա­յե­լով ­Սի­սի կա­թո­ղի­կո­սա­րա­նին: Ե­ղաւ շրջան մը, երբ ­Կի­լի­կիոյ մէջ կա­թո­ղի­կոս ըլ­լա­լը ստոյգ մա­հո­ւան դա­տա­պար­տո­ւիլ կը նշա­նա­կէր, ղօ­զան-օղ­լու ա­ւա­տա­պետ­նե­րուն ձեռ­քով, կա՛մ թու­նա­ւո­րո­ւե­լով եւ կա՛մ այլ ձե­ւով սպան­նո­ւե­լու: ­Սա­կայն, ան­մի­ջա­պէս յա­ջորդ կա­թո­ղի­կո­սը կ’ընտ­րո­ւէր, որ­պէս­զի դա­տար­կու­թեան եւ յու­սալ­քու­մի ա­ռիթ չտրո­ւե­լով որ կա­թո­ղի­կոս կ­՚ընտ­րո­ւէր, ստոյգ գի­տէր որ մա­հա­պարտ է:
­Կի­լի­կիոյ շրջա­նին վեր­ջին կա­թո­ղի­կո­սը՝ ­Սա­հակ Բ. հա­կա­ռակ յա­ռա­ջա­ցած տա­րի­քին, որ­դե­կո­րոյս հօր մը պէս հե­տե­ւե­ցաւ եւ շրջե­ցաւ ցե­ղաս­պա­նու­թեան ճի­րան­նե­րէն ա­զա­տած խլեակ­նե­րուն մէջ, ա­մո­քեց, պատս­պա­րեց, հո­վո­ւեց մին­չեւ որ ա­պա­հո­վա­բար կա­թո­ղի­կո­սու­թեան Ս. Ա­թո­ռը հաս­տա­տեց ­Պէյ­րու­թի ա­րո­ւար­ձան Ան­թի­լիա­սի մէջ: Այ­նու­հե­տեւ, հա­մա­հայ­կա­կան ո­րո­շու­մով սկսաւ ­Կի­լի­կիոյ ­Կա­թո­ղի­կո­սու­թեան ա­ռա­քե­լու­թեան շա­րու­նա­կու­թիւ­նը, ­Սա­հակ Բ. ­Կա­թո­ղի­կո­սէն մին­չեւ ­Գա­րե­գին Բ. ­Կա­թո­ղի­կոս, տա­կաւ առ տա­կաւ թե­մե­րու կազ­մա­կեր­պո­ւա­ծու­թեամբ, Դպ­րե­վան­քի հաս­տա­տու­մով, կա­ռոյց­նե­րու շի­նու­թեամբ, գա­ղութ­նե­րու հաս­տա­տու­մով, մշա­կու­թա­յին եւ հրա­տա­րակ­չա­կան ա­ռա­քե­լու­թեամբ եւ շի­նա­րա­րա­կան ծրա­գիր­նե­րով ու Ս. Ա­թո­ռին միջ-ե­կե­ղե­ցա­կան հա­մաշ­խար­հա­յին ա­տեան­նե­րու մէջ մաս­նակ­ցու­թեամբ Ս. Ա­թո­ռը ու­ճա­ցաւ:
28 ­Յու­նիս 1995ին, Ա­րամ Ա. ­Կա­թո­ղի­կո­սի ընտ­րու­թիւ­նը, ­Կի­լի­կեան Ս. Ա­թո­ռի հին կաղ­նիին ա­ւի­շէն ըմ­պած ըլ­լա­լով, նոր ժա­մա­նակ­նե­րու ծաղ­կուն գա­հա­կա­լու­թեան ա­ւե­տի­սը տո­ւաւ: ­Վե­հա­փառ ­Հայ­րա­պե­տի գա­հա­կա­լու­թեան անց­նող 25 տա­րի­նե­րը ե­ղան ե­կե­ղե­ցա­կան, հո­գե­ւոր, կրթա­կան, մշա­կու­թա­յին, թե­մա­կան կեան­քի կազ­մա­կերպ եւ ար­դիւ­նա­ւոր տա­րի­նե­րու հա­ւատ­քի ա­ռա­քե­լու­թիւն մը:
­Մե­ծի ­Տանն ­Կի­լի­կիոյ ­Կա­թո­ղի­կո­սու­թիւ­նը ճա­ռա­գայ­թող հո­գե­ւոր կեդ­րոն ե­ղաւ կրօ­նա­կան թէ քա­ղա­քա­կան աշ­խար­հի ղե­կա­վա­րու­թեանց հա­մար:
­Վե­հա­փառ հայ­րա­պե­տը հա­մաշ­խա­րա­հա­յին ամ­պիոն­նե­րու վրայ հա­մա­մարդ­կա­յին ի­րա­ւունք­նե­րու, ա­զա­տու­թիւն­նե­րու եւ ար­դա­րու­թեան նոր իմն ­Դա­ւիթ Ան­յաղթ հռե­տոր ճար­տա­սանն ե­ղաւ, ո­րուն ա­նու­րա­նա­լի բա­ժինն ու ար­դար ի­րա­ւունքն ա­ռա­ջադ­րե­լով ­Հա­յոց ցե­ղաս­պա­նու­թեան նա­հա­տակ­նե­րու ­Դա­տի հա­տուց­ման պա­հանջ­նե­րը:
25ա­մեա­կին հանգ­րո­ւա­նին, նոր տաս­նա­մեակ­նե­րու քա­ջա­ռողջ եւ ծաղ­կուն հայ­րա­պե­տա­կան գոր­ծու­նէու­թեան մաղ­թանք­նե­րով, մեր ա­ղօթք­նե­րը կը բարձ­րաց­նենք առ Աս­տո­ւած, որ քա­ջա­ռոջ եւ կեն­սու­նակ պա­հէ ազ­գըն­տիր ազ­գա­շէն եւ ե­կե­ղե­ցա­շէն 25ա­մեայ վաս­տա­կա­ւոր ­Վե­հա­փառ ­Հայ­րա­պե­տին՝ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Ա­րամ Ա. ­Կա­թո­ղի­կո­սին, ո­րուն հո­վո­ւա­պե­տա­կան գե­րա­գոյն պա­տաս­խա­նա­տուու­թեան վրայ ներ­կայ հանգ­րո­ւա­նին ծան­րօ­րէն կը ճնշէ եւ ա­մե­նօ­րեայ քունն ու ան­դոր­րը կը կրծէ, ­Կի­լի­կիոյ հա­յու­թեան մի­ջին ա­րե­ւե­լեան գա­ղութ­նե­րուն, եւ ի մաս­նա­ւո­րի ­Սու­րիոյ եւ ­Լի­բա­նա­նի հա­յու­թեան դի­մագ­րա­ւած ա­ղի­տա­հար տագ­նա­պա­լի վի­ճա­կը, ո­րուն հե­տե­ւան­քով, իր հո­գա­տա­րու­թեան յանձ­նո­ւած ժո­ղո­վուր­դը, գրե­թէ ամ­բող­ջու­թեամբ տա­կաւ առ տա­կաւ դար­ձեալ տե­ղա­հա­նու­թեան եւ ար­տա­գաղ­թի ցու­պը ձե­ռին դէ­պի ա­րեւմ­տեան ոս­տան­նե­րը կը չո­ւէ: Ա­րամ Ա. ­Վե­հա­փա­ռին հայ­րա­կան յոր­դոր­նե­րուն, պատ­գամ­նե­րուն եւ կո­չե­րուն ընդ­մէ­ջէն ան­գամ մը եւս կը հնչէ ­Կի­լի­կիոյ վշտա­կիր ­Սա­հակ Բ. կա­թո­ղի­կո­սին՝ հայ­րա­կան սրտա­ռուշ կո­չը, հայ­րե­նա­մերձ քա­ղաք­նե­րէն հե­ռա­ւոր օ­տար ա­մա­յի ա­փե­րը հե­ռա­ցող հող­մաց­րիւ զա­ւակ­նե­րուն, ը­սե­լով՝ «ՅՈ՞ ԵՐԹԱՔ», երբ, դէ­պի ա­րեւ­մուտ­քի լու­սա­ւոր ոս­տան­նե­րու հա­յա­կուլ խա­ւա­րին մէջ կոր­սո­ւե­լու վտան­գը ար­տո­րա­ցող իր ժո­ղո­վուր­դի զա­ւակ­նե­րուն Ա­րամ Ա. ­Վե­հա­փառ հայ­րա­պե­տը կտակ կը պատ­գա­մէ՝ կառ­չած մնալ ազ­գա­յին եւ հո­գե­ւոր մեր յա­ւի­տե­նա­կան ար­ժէք­նե­րուն:
Ի սրտէ կը մաղ­թենք, որ ­Տէրն Աս­տո­ւած ուժ եւ զօ­րու­թիւն պար­գե­ւէ, ­Հայ­րա­պե­տա­կան ­Գա­ւա­զա­նը ան­սա­սան պա­հէ եւ գա­հա­կա­լու­թեան եր­կար օ­րե­րով օրհ­նէ ազ­գըն­տիր մեր սի­րե­լի ­Վե­հա­փառ ­Հայ­րա­պե­տին՝ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Ա­րամ Ա. ­Կա­թո­ղի­կո­սին, որ­պէս քրիս­տո­սա­տիպ քաջ եւ անձն­դիր հո­վիւ, նոր տաս­նա­մեակ­ներ ա­նե­րեր հո­վո­ւո­ւա­պե­տե­լու հայ ­Ժո­ղո­վուր­դը, հայ ե­կե­ղե­ցին, ­Կի­լի­կիոյ հա­յու­թիւ­նը, սփիւռ­քա­հա­յու­թիւ­նը: ­Հայ­րա­պե­տա­կան մաղ­թեր­քին բա­ռե­րով կ’ը­սենք, ­Պա­հեա ով ­Տէր ան­սա­սան, զ­Սուրբ Ա­թոռ ­Կի­լի­կեան, կեց­ցէ՛, կեց­ցէ՛ առ յա­ւէտ, Տ. Տ. Ա­րամ ­Հայ­րա­պետ. ա­մէն»
Ս. ­Պա­տա­րա­գի ա­ւար­տին, եր­գո­ւե­ցաւ ­Կի­լի­կիա եւ ­Հայ­րա­պե­տա­կան մաղ­թեր­քը:
­Նոյն ա­ռի­թով, թե­մի բո­լոր ե­կե­ղե­ցի­նե­րէն ներս եւս կա­տա­րո­ւե­ցաւ ­Հայ­րա­պե­տա­կան ­Մաղ­թանք:
Ազ­գա­յին վար­չու­թեան ան­դամ­ներ ներ­կայ գտնուե­ցան, ­Գո­քի­նիոյ «Ս. ­Յա­կոբ» Ե­կե­ղե­ւոյ մէջ ա­տե­նադ­պիր՝ պրն. ­Թագ­ւոր ­Յո­վա­կի­մեան, ­Թե­սա­ղո­նի­կէի «Ս. Աս­տո­ւա­ծա­ծին» ե­կե­ղեց­ւոյ մէջ՝ տիկ. ­Վե­րա Պ­լէ­ճեան եւ ­Գա­ւա­լա­յի «Ս. ­Խաչ» ե­կե­ղեց­ւոյ մէջ՝ ­Տիկ. ­Զա­պէլ Այ­վա­զեան: