Բաւական երկար տարիներէ ի վեր Յունաստանի Երկոտասնեան կղզեխումբի Ռոտոս կղզիէն ներս հայկական մշակութային կեանքը նոր շունչ ստացաւ, Համազգայինի Տիգրան-Երկաթ մասնաճիւղի հիմնադրութեամբ եւ իր ժրաջան նախագահ Վասիլիս Պարտիզպանեան-Վասիլիու ջանքերուն շնորհիւ, որուն հետ գործակցեցաւ Համազգայնական մտաւորական եւ բանասէր հանգուցեալ Խարա Քէօսէյեանը։ Բազմաթիւ էին ձեռնարկները եւ երեկոները, որոնք տարիներուն ընթացքին կազմակերպուեցան, Թուրքիոյ սահմանամերձ այս կղզիէն ներս, գործակցութեամբ նաեւ Հ.Յ.Դ. Հայ դատի յանձնախումբին։ Լուսանկարներու եւ ժապաւէններու ցուցադրութիւններ, հայկական մշակոյթի ներկայացման երեկոներ՝ հայ երգիչներու եւ Համազգայինի պարախումբերու մասնակցութեամբ, ինչպէս նաեւ շատ կարեւոր եղան տեղւոյն Պոնտական ու Կիպրական կազմակերպութիւններուն հետ գործակցութիւնները տարբեր առիթներով։
Ներկայիս, Ռոտոսի Համազգայինի նոր անդամներով օժտուած վարչութեան ջանքերով, Հայոց զեղասպանութեան 109-ամեակին նուիրուած իւրայատուկ ոգեկոչական ձեռնարկ մը տեղի ունեցաւ կղզիի հին բերդաքաղաքին մէջ գտնուող De Milly շքեղ սրահէն ներս, Չորեքշաբթի, 24 Ապրիլ 2024-ի երեկոյեան։
Պատմական այս գեղեցիկ վայրէն ներս, համախմբուեցան քաղաքապետական ու հասարակական կազմակերպութեանց ներկայացուցիչներ, յարգելու համար Հայոց ցեղասպանութեան զոհերու յիշատակը։
Ձեռնարկի հաղորդավարն էր Ռոտոսի ծանօթ լրագրող Թերիս Խածիիոանու, որ խօսեցաւ Թուրքիոյ ուրացման քաղաքականութեան մասին, ապա բեմ հրաւիրեց կազմակերպութեանց ներկայացուցիչները՝ ողջոյնի խօսքերը ուղղելու։
Խօսքերով հանդէս եկան Ռոտոսի մետրոպոլիտի ներկայացուցիչը, փոխ մարզպետներ Տիաքողէորղիու եւ Նավրոզիտիս, Ռոտոսի Կիպրացիներու եւ Պոնտոսցիներու միութեանց նախագահները, ինչպէս նաեւ այլ անձնաւորութիւններ։
Խօսքերով հանդէս եկան իրաւաբան Աննա Սաաքիտու եւ ճարտարագէտ Մարինա Տիաքողիորղաքի, որոնք անդրադարձան հայ ժողովուրդին դէմ գործուած Թուրքիոյ ոճիրին, պատմական իրադարձութիւնները նշելով եւ ներկայացնելով ցեղասպանութեան հետեւանքները եւ քաղաքական հետեւութիւնները։
Իրենց խօսքերուն մէջ ընդ մէջ ցուցադրուեցան երկու պատմական երիզներ։
Ձեռնարկի աւարտին կոմիտասեան երաժշտութիւնը հնչեց սրահին մէջ Համազգայինի մասնաճիւղի քարտուղարուհի Ալվինա Տիզիրեանի ջութակի նուագներով։
Մեծապէս շնորհաւորելի են Համազգայինի նոր վարչութեան անդամները, որ խնամուած ու բծախնդրութեամբ կազմակերպուած այս կարեւոր ձեռնարկը իրագործեցին, Հայոց ցեղասպանութեան նիւթին անդրադառնալու առիթը ընծայելով կղզիի բնակիչներուն։
Համազգայինի թղթակից