Հա­յու­թիւ­նը խուռ­նե­րամ շար­քե­րով վե­րա­հաս­տա­տեց իր կամ­քը

Հ.Յ.Դ. ­Յու­նաս­տա­նի ­Հայ դա­տի յանձ­նա­խում­բի եւ Ա­թէն­քի մարզ­պե­տա­րա­նի հա­մա­կազ­մա­կեր­պու­թեամբ, ­Կի­րա­կի, 21 Ապ­րիլ 2024-ի ա­ռա­ւօ­տեան, ժո­ղո­վուր­դի ան­նա­խըն­թաց ներ­կա­յու­թեամբ, նշո­ւե­ցաւ ­Հա­յոց ցե­ղաս­պա­նու­թեան 109-ա­մեա­կը, Ա­թէն­քի ե­րաժշ­տա­նո­ցի շքեղ սրա­հին մէջ, ո­րուն մաս­նակ­ցե­ցան ­Յու­նաս­տա­նի պե­տա­կան, քա­ղա­քա­կան, զի­նո­ւո­րա­կան, քա­ղա­քա­պե­տա­կան եւ հա­սա­րա­կա­կան կար­գե­րը։

Ս­րա­հի մուտ­քին, Հ.Մ.Ը.Մ.-ի սկաուտ­նե­րու խումբ մը կը դի­մա­ւո­րէր ժա­մա­նող հիւ­րե­րը, մինչ ­Հայ դա­տի յանձ­նա­խում­բի պա­տաս­խա­նա­տու ըն­կեր­նե­րը կ­՚ա­ռաջ­նոր­դէին օ­տար եւ հայ անձ­նա­ւո­րու­թիւն­նե­րը սրա­հին մէջ։ ­Պատ­րաս­տո­ւած էր նաեւ գե­ղա­տիպ խնա­մո­ւած յայ­տա­գիր մը հա­յե­րէն եւ յու­նա­րէն լե­զու­նե­րով։

­Քա­ղա­քա­կան ո­գե­կոչ­ման ե­լոյ­թին, կա­ռա­վա­րու­թեան եւ վար­չա­պե­տին ա­նու­նով ներ­կայ ե­ղաւ ­Հան­րա­յին դի­ւա­նա­գի­տու­թեան ընդհ. քար­տու­ղար Իոան­նիս Խ­րի­սու­լա­քիս, ­Յու­նաս­տա­նի խորհր­դա­րա­նի ա­նու­նով ե­րես­փո­խան Իոան­նիս ­Լո­վեր­տոս, խորհր­դա­րա­նի կու­սակ­ցու­թիւն­նե­րուն ներ­կա­յա­ցու­ցիչ­նե­րը, խորհր­դա­րա­նի նախ­կին նա­խա­գահ եւ «Փ­լեւ­սի է­լէֆ­թե­րիաս» կու­սակ­ցու­թեան ղե­կա­վար ­Զոի ­Քոնս­թան­թո­փու­լու, խորհր­դա­րա­նի նախ­կին նա­խա­գահ եւ հայ ժո­ղո­վուր­դի ջերմ պաշտ­պան Ա­փոս­թո­լոս ­Քաք­լա­մա­նիս, ­Յու­նաս­տա­նի ուղ­ղա­փառ ե­կե­ղեց­ւոյ Ար­քե­պիս­կո­պո­սի ներ­կա­յա­ցու­ցիչ հո­գե­ւո­րա­կա­նը, մեծ թի­ւով ե­րես­փո­խան­ներ եւ եւ­րո­պա­կան խորհր­դա­րա­նի ե­րես­փո­խան­ներ, մարզ­պե­տա­կան եւ քա­ղա­քա­պե­տա­կան կար­գե­րու ներ­կա­յա­ցու­ցիչ­ներ, նախ­կին նա­խա­րար­ներ, ­Յու­նաս­տա­նի ­Զի­նեալ ու­ժե­րու ընդհ. հրա­մա­նա­տա­րի ներ­կա­յա­ցու­ցի­չը եւ մեծ թի­ւով բարձ­րաս­տի­ճան սպա­ներ, ­Յու­նաս­տա­նի ­Կար­միր ­Խա­չի նա­խա­գա­հը, դես­պան­ներ եւ դես­պա­նու­թիւն­նե­րու ներ­կա­յա­ցու­ցիչ­ներ։ Ա­մէն տա­րո­ւան նման, յա­տուկ ներ­կա­յու­թիւն ու­նե­ցան հա­մա­պոն­տա­կան եւ ա­սո­րա­կան միու­թիւն­նե­րու ներ­կա­յա­ցու­ցիչ­նե­րը։

­Հայ­կա­կան կող­մէն ներ­կայ ե­ղան ­Յու­նա­հա­յոց թե­մա­կալ ա­ռաջ­նորդ ­Գե­ղամ արք. ­Խա­չե­րեան, ­Հայ կա­թո­ղի­կէ հա­մայն­քի ժո­ղովր­դա­պետ ­Յով­սէփ ծ.վրդ. ­Պէ­զա­զեան, ­Հայ ա­ւե­տա­րա­նա­կան հա­մայն­քի հո­վիւ վեր. ­Վի­գէն ­Չո­լա­քեան, հո­գե­ւոր դա­սը,  Հ.Հ. դես­պա­նու­թեան կող­մէ հիւ­պա­տոս­ ­Նի­քո­լայ ­Սա­հա­կով, Ազ­գա­յին վար­չու­թեան ա­տե­նա­պե­տը եւ ան­դամ­նե­րը, Հ.Յ.Դ. ­Յու­նաս­տա­նի ­Կեդր. կո­մի­տէի ներ­կա­յա­ցու­ցի­չը եւ ան­դամ­նե­րը, Հ.Կ.­Խա­չի, Հ.Մ.Ը.Մ.-ի եւ ­Հա­մազ­գա­յի­նի ներ­կա­յա­ցու­ցիչ­նե­րը, վար­ժա­րան­նե­րու տնօ­րէ­նու­թիւն­նե­րը եւ ու­սուց­չա­կան կազ­մե­րը, ինչ­պէս նաեւ Հ.Մ.Ը.Մ.-ի Ա­թէն­քի, ­Գո­քի­նիոյ եւ ­Գա­րէա­յի սկաու­տա­կան կազ­մե­րը, ո­րոնք յա­տուկ փայլ եւ գոյն տո­ւին յա­ջոր­դած քայ­լար­շա­ւին։

­Յու­նաս­տա­նի եւ ­Հա­յաս­տա­նի ո­գերգ­նե­րու յո­տըն­կայս ունկնդ­րու­թե­նէն ետք, վայր­կեա­նի մը լռու­թեամբ յար­գո­ւե­ցաւ յի­շա­տա­կը մի­լիոն ու կէս սրբա­դա­սո­ւած ան­մեղ զո­հե­րուն, ինչ­պէս նաեւ Ար­ցա­խի մէջ զո­հո­ւած հայ­րե­նա­կից­նե­րու յի­շա­տա­կը։

­Քա­ղա­քա­կան ե­լոյ­թի բա­ցու­մը կա­տա­րեց ընկ. ­Վազ­գէն ­Սա­վու­լեան, որ հա­մա­պար­փակ կեր­պով անդ­րա­դար­ձաւ ­Թուր­քիոյ ցե­ղաս­պան քա­ղա­քա­կա­նու­թեան եւ Ա­րե­ւել­քի ժո­ղո­վուրդ­նե­րու բնաջնջ­ման։ Ն­շեց, որ քա­ղա­քա­կիրթ ժո­ղո­վուրդ­նե­րուն կող­մէ ­Հա­յոց ցե­ղաս­պա­նու­թեան ճա­նաչ­ման ի­րո­ղու­թեան դի­մաց, ­Թուր­քիան կը շա­րու­նա­կէ մեր­ժու­մի եւ ժխտո­ղա­կան քա­ղա­քա­կա­նու­թիւ­նը։ Ան յա­տուկ անդ­րա­դարձ ը­րաւ Ար­ցա­խի հիմ­նա­հար­ցին, նշե­լով հայ ժո­ղո­վուր­դի ա­զատ ապ­րե­լու ձգտու­մը Ար­ցա­խի հո­ղին վրայ, բայց նաեւ թուր­քե­ւատր­պէյ­ճա­նա­կան յար­ձա­կո­ղա­կա­նու­թեան հե­տե­ւանք­նե­րը, ո­րոնք պատ­ճառ դար­ձան Ար­ցա­խի հա­յա­թափ­ման՝ մի­ջազ­գա­յին ըն­տա­նի­քի ան­տար­բեր կե­ցո­ւած­քին տակ։ Ըն­կե­րը մաս­նա­ւո­րա­պէս ընդգ­ծեց հայ ժո­ղո­վուր­դի բազ­մա­դա­րեայ մշա­կու­թա­յին եւ կրօ­նա­կան կո­թող­նե­րու ա­ւե­րու­մը ա­զե­րի ձեռ­քով, որ նպա­տակ ու­նի հիմ­նո­վին վե­րաց­նել հա­յու հետ­քը իր բնօր­րա­նէն։ Ան նաեւ խօ­սե­ցաւ ցե­ղաս­պա­նո­ւած ժո­ղո­վուրդ­նե­րու պայ­քա­րի միաս­նա­կան կամ­քին մա­սին, կան­խե­լու հա­մար ­Թուր­քիոյ նո­րօ­րեայ ծա­ւա­լա­պաշ­տու­թեան ըն­թաց­քը։ Ան յայտ­նեց, թէ հայ ժո­ղո­վուր­դի պայ­քա­րը յա­նուն ար­դա­րու­թեան եւ ար­ցա­խա­հա­յու­թեան վե­րա­կանգ­ման իր հայ­րե­նի հո­ղին վրայ պի­տի շա­րու­նա­կո­ւի անն­կուն կամ­քով։

­Յա­ջոր­դա­բար, բեմ հրա­ւի­րո­ւե­ցաւ ­Յու­նաս­տա­նի կա­ռա­վա­րու­թեան ներ­կա­յա­ցու­ցիչ Իոան­նիս Խ­րի­սու­լա­քիս, որ դա­տա­պար­տեց ­Հա­յոց ցե­ղաս­պա­նու­թեան եւ այլ ցե­ղաս­պա­նու­թիւն­նե­րու ժխտո­ղա­կան քա­ղա­քա­կա­նու­թիւ­նը, ա­պա գո­վա­սան­քով ար­տա­յայ­տո­ւե­ցաւ յու­նա­հայ հա­մայն­քի նո­ւա­ճում­նե­րուն, մաս­նա­ւոր անդ­րա­դարձ կա­տա­րե­լով հայ եւ յոյն միջ­պե­տա­կան գոր­ծակ­ցու­թեան մա­սին։

­Յու­նաս­տա­նի խորհր­դա­րա­նին կող­մէ խօսք ար­տա­սա­նեց ե­րես­փո­խան Իոան­նիս ­Լո­վեր­տոս, որ նա­խա­պէս վեր­յի­շեց իր պա­տա­նե­կան տա­րի­նե­րը, իր նախ­նիկ­նե­րուն կող­մէ նկա­րագ­րո­ւած ա­հա­ւոր պատ­մու­թիւն­նե­րուն մա­սին օս­մա­նեան եւ քե­մա­լա­կան ­Թուր­քիոյ կա­տա­րած սպանդ­նե­րուն առն­չու­թեամբ։ Ան նաեւ յու­զու­մով անդ­րա­դար­ձաւ Ե­րե­ւա­նի մէջ ­Հա­յոց ցե­ղաս­պա­նու­թեան թան­գա­րան այ­ցե­լու­թեան մա­սին, մա­տու­ցե­լով իր յար­գան­քի տուր­քը ան­մեղ զո­հե­րու յի­շա­տա­կին։ Եզ­րա­փա­կեց ը­սե­լով, թէ ­Յու­նաս­տա­նի խոհր­դա­րա­նը պի­տի շա­րու­նա­կէ պայ­քա­րը ցե­ղասպա­նու­թիւն­նե­րու ճա­նաչ­ման ուղ­ղու­թեամբ։

Ատ­տի­կէի մարզ­պետ ­Նի­քոս ­Խար­տա­լիաս կուռ եւ ո­գե­ւո­րիչ ու­ղեր­ձով մը անդ­րա­դար­ձաւ ­Թուր­քիոյ կող­մէ ծրագ­րո­ւած ու ի­րա­գոր­ծո­ւած ցե­ղաս­պա­նու­թեան, որ դու­ռը բա­ցաւ Ա­րե­ւել­քի ժո­ղո­վուրդ­նե­րու բնաջնջ­ման։ ­Շեշ­տեց, թէ պատ­մա­կան յի­շո­ղու­թիւ­նը պէտք է ան­մառ մնայ բո­լո­րին սիր­տին մէջ, իսկ ան եւս խօ­սե­ցաւ Ար­ցա­խի ժո­ղո­վուր­դի ող­բեր­գու­թեան մա­սին։

Հ.Հ. ­Յու­նաս­տա­նի մէջ դես­պան ­Տիգ­րան Մկրտ­չեա­նի խօս­քը ար­տա­սա­նեց հիւ­պա­տոս ­Նի­քո­լայ ­Սա­հա­կով, որ յա­տուկ նշում ը­րաւ Ար­ցա­խի պա­տե­րազ­մին եւ Ատր­պէյ­ճա­նի վա­րած հա­յա­տեաց քա­ղա­քա­կա­նու­թեան։ ­Դես­պա­նին խօս­քը պի­տի հրա­տա­րա­կենք ա­ռան­ձին։

Հ.Յ.Դ. ­Յու­նաս­տա­նի Ե­րի­տա­սար­դա­կան ­Միու­թեան ­Կեդր. վար­չու­թեան ա­նու­նով ու­ղերձ ար­տա­սա­նեց ընկ. Օն­նիկ ­Պետ­րո­սեան, որ ներ­կա­յա­ցուց հայ ե­րի­տա­սար­դու­թեան կամ­քը ու պայ­քա­րի ան­կոտ­րում ո­գին, տէր կանգ­նե­լու հայ ժո­ղո­վուր­դի ի­րա­ւունք­նե­րուն ու ար­ցա­խա­հա­յու­թեան վե­րա­կանգն­ման։ Ըն­կե­րոջ խօս­քը պի­տի հրա­տա­րա­կենք ա­ռան­ձին։

Օ­րո­ւան գլխա­ւոր բա­նա­խօսն էր ­Փան­տիօ հա­մալ­սա­րա­նի ծա­նօթ դա­սա­խօս, օս­մա­նա­գի­տու­թեան եւ թրքա­գի­տու­թեան ո­լոր­տի մաս­նա­գէտ, ­Տի­միթ­րիս Ս­թա­թա­քո­փու­լոս։ ­Յար­գե­լի խօ­սո­ղը նախ անդ­րա­դար­ձաւ թուրք ցե­ղի յատ­կա­նիշ­նե­րուն, օ­տար եւ մա­նա­ւանդ քրիս­տո­նեայ ժո­ղո­վուրդ­նե­րուն հան­դէպ վա­րած բազ­մա­դա­րեայ քա­ղա­քա­կա­նու­թեան, ա­պա ու­րո­ւագ­ծեց 19-րդ­ եւ 20-րդ ­դա­րե­րուն ըն­թաց­քին՝ հա­մի­տեան օ­րե­րէն մշա­կո­ւած քա­ղա­քա­կա­նու­թիւ­նը, ո­րուն հե­տե­ւան­քը ե­ղաւ ­Հա­յոց ցե­ղաս­պա­նու­թիւ­նը ու ա­նոր յա­ջոր­դող փոք­րա­սիա­կան ա­ղէ­տը։ Ան, անդ­րա­դառ­նա­լով ներ­կայ ­Թուր­քիոյ քա­ղա­քա­կան ե­րե­սին, դա­տա­պար­տեց ա­նոր ղե­կա­վա­րու­թեան նո­րօս­մա­նա­կան հե­տապն­դում­նե­րը, միա­ժա­մա­նակ ափ­սո­սանք յայտ­նեց մի­ջազ­գա­յին ըն­տա­նի­քի երկ­դի­մի քա­ղա­քա­կա­նու­թեան հա­մար, որ պատ­ճառ կը դառ­նայ ­Թուր­քիոյ լկտիա­ցու­մին ու տա­րա­ծաշր­ջա­նա­յին նո­ւա­ճո­ղա­կան քա­ղա­քա­կա­նու­թեան։ ­Յար­գե­լի խօ­սո­ղը զա­նա­զան պատ­մա­կան տո­ւեալ­նե­րով անդ­րա­դար­ձաւ 20-րդ ­դա­րու ա­ռա­ջին տաի­նե­րու ող­բեր­գու­թիւն­նե­րուն, նշե­լով թէ կա­րե­լի պի­տի ըլ­լար ա­նոնց­մէ խու­սա­փիլ ե­թէ մեծ տէ­րու­թիւն­նե­րը  տէր կանգ­նած ըլ­լա­յին մի­ջազ­գա­յին օ­րէն­քին ու քե­մա­լա­կան քա­ղա­քա­կա­նու­թեան զսպու­մին։

Ե­լոյ­թի ըն­թաց­քին ցու­ցադ­րո­ւե­ցան եր­կու տե­սա­նիւ­թեր, մին ­Հա­յոց ցե­ղաս­պա­նու­թեան ու հայ ժո­ղո­վուր­դի սփիռ­քաց­ման մա­սին, իսկ երկ­րոր­դը ընդ­հա­նուր ներ­կա­յա­ցում մըն էր Ար­ցա­խի վրայ սան­ձա­զեր­ծո­ւած պա­տե­րազ­մին ու ար­ծո­ւա­բոյ­նի հա­յա­փաթ­ման հե­տե­ւանք­նե­րուն։ ­Տե­սա­նիւ­թե­րու պատ­րաս­տու­թեան խնամ­քը կա­տա­րո­ւած էր ընկ. Ա­լիս ­Ֆու­րուն­ճեա­նին կող­մէ։

­Հո­գե­կան վե­րել­քի պա­հեր ե­ղան Հ.Կ.­Խա­չի «­Զա­ւա­րեան» ազ­գա­յին վար­ժա­րա­նի ա­շա­կեր­տու­թեան ներ­կա­յա­ցու­ցած եր­գե­րը։ ­Տաս­նեակ ա­շա­կերտ­ներ բեմ բարձ­րա­ցան բե­մին վրայ եւ ի­րենց ու­սուց­չու­հի Է­մի­լիա ­Ֆո­լիա­յի դաշ­նա­մու­րի ըն­կե­րուկ­ցու­թեան ներ­քոյ, հա­մար­ձակ եւ ինք­նավս­տահ ար­տա­յայ­տու­թիւն­նե­րով, ներ­կա­յա­ցու­ցին կո­մի­տա­սեան եր­գեր եւ ծա­նօթ յու­նա­կան երգ մը։ Տ­պա­ւո­րիչ ե­ղաւ ա­շա­կերտ­նե­րու ե­լոյ­թը, որ գնա­հա­տո­ւե­ցաւ մա­նա­ւանդ օ­տար հիւ­րե­րուն կող­մէ, մատ­ղաշ դէմ­քե­րուն վրայ տես­նե­լով հայ ժո­ղո­վուր­դի ա­պա­գա­յի ե­րաշ­խա­ւո­րումն ու պայ­քա­րի շա­րու­նա­կու­թիւ­նը։

­Քա­ղա­քա­կան ո­գե­կոչ­ման վեր­ջին մա­սը հան­դի­սա­ցաւ ժո­ղովր­դա­յին քայ­լար­շա­ւը դէ­պի Ան­ծա­նօթ ­Զի­նո­ւո­րի յու­շա­դամ­բա­նը եւ դափ­նեպ­սակ­նե­րու զե­տե­ղու­մը։

Ա­թէն­քի քա­ղա­քա­պե­տա­կան նո­ւա­գա­խում­բի ա­ռաջ­նոր­դու­թեամբ, աչ­քի զար­նող պատ­կեր մը ներ­կա­յա­ցու­ցին Հ.Մ.Ը.Մ.-ի սկաու­տա­կան խիտ շար­քե­րը, ո­րոնց առ­ջե­ւէն կը ծա­ծա­նէր Ե­ռա­գոյ­նը, Ար­ցա­խի եւ յու­նա­կան դրօ­շը, ինչ­պէս նաեւ Հ.Մ.Ը.Մ.-ի դրօ­շը։  Ա­նոնց հե­տե­ւե­ցան պաշ­տօ­նա­կան հիւ­րե­րու խում­բը եւ ժո­ղո­վուր­դի մե­ծա­թիւ թա­փո­րը, ո­րուն կը հսկէին ­Հայ դա­տի յանձ­նա­խում­բի ան­դամ­նե­րը։ ­Ճամ­բուն ըն­թաց­քին, ան­ցորդ ժո­ղո­վուր­դը հիա­ցու­մով եւ քա­ջա­լե­րա­կան խօս­քե­րով զօ­րա­վիգ կը կանգ­նէր հա­յու­թեան հա­մախմ­բու­մին։

­Յու­նաս­տա­նի խորհ­ր­դա­րանի շէն­քին առ­ջեւ՝ Ան­ծա­նօթ ­Զի­նո­ւո­րի յու­շա­դամ­բա­նին շուրջ ար­դէն կանգ­նած կը սպա­սէր ­Յու­նաս­տա­նի օ­դա­յին ու­ժե­րու նո­ւա­գա­խում­բը եւ ենթասպա­նե­րու ու զի­նո­ւոր­նե­րու խառն ջո­կատ մը, որ պա­տո­ւի կե­ցաւ ե­լոյ­թի ամ­բողջ տե­ւո­ղու­թեան։

­Հեր­թա­բար դափ­նեպ­սակ­ներ զե­տե­ղե­ցին ­Յու­նաս­տա­նի կա­ռա­վա­րու­թեան, խորհր­դա­րա­նի, քա­ղա­քա­կան կու­սակ­ցու­թիւն­նե­րու, մարզ­պե­տա­րա­նի, զի­նեալ ու­ժե­րու, պոն­տա­կան եւ ա­սո­րա­կան միու­թիւն­նե­րու ներ­կա­յա­ցու­ցիչ­նե­րը, իսկ հայ գա­ղու­թին ա­նու­նով՝ ընկ. ­Գէորգ ­Գո­լա­նեան։

­Յու­զու­մի ցնցիչ պա­հե­րուն մէջ, նո­ւա­գա­խում­բը հնչե­ցուց ­Հա­յաս­տա­նի եւ ­Յու­նաս­տա­նի ո­գերգ­նե­րը, ո­րոնց­մէ ետք բարդձ­րաս­տի­ճան հիւ­րե­րը մօ­տե­ցան Հ.Մ.Ը.Մ.-ի սկաու­տա­կան շար­քե­րուն ու ի­րենց հիա­ցու­մը ար­տա­յայ­տե­ցին պա­տա­նե­կան սե­րուն­դի խում­բե­րուն։

Ա­մէն տա­րո­ւան նման, ­Յու­նաս­տա­նի պե­տա­կան օ­րէնսդ­րու­թեան մաս կազ­մած ­Հա­յոց ցե­ղաս­պա­նու­թեան քա­ղա­քա­կան ո­գե­կո­չա­կան նշու­մը, այս տա­րի եւս ան­նա­խըն­թաց մաս­նակ­ցու­թեան, յար­գան­քի եւ պա­հան­ջա­տի­րու­թեան նշա­նա­կա­լից ե­լոյթ մը ե­ղաւ։

­Յու­նա­հա­յու­թիւ­նը կը շա­րու­նա­կէ իր պա­հան­ջա­տի­րա­կան ե­լոյթ­նե­րու շար­քը, որ պի­տի շա­րու­նա­կո­ւի ­Չո­րեք­շաբ­թի, 24 Ա­պրի­լի ե­րե­կո­յեան, ­Նէա Զ­միռ­նիի հա­յոց ցե­ղաս­պա­նու­թեան յու­շա­կո­թո­ղին առ­ջեւ կա­տա­րո­ւե­լիք գո­հա­բա­նա­կան ա­րա­րո­ղու­թեամբ, ա­պա դէ­պի թրքա­կան դես­պա­նա­տուն եւ ­Թե­սա­ղո­նի­կէի թրքա­կան հիւ­պա­տո­սա­րա­նը՝ Հ.Յ.Դ. ­Յու­նաս­տա­նի Ե­րիտ. ­Միու­թեան կող­մէ կազ­մա­կեր­պո­ւած պա­հան­ջա­տի­րա­կան հա­մա­ժո­ղովր­դա­յին ցոյ­ցե­րով։ Ապ­րի­լեան ե­լոյթ­նե­րու շար­քը պի­տի ամ­բող­ջա­նայ ­Կի­րա­կի, 28 Ապ­րի­լին ­Թե­սա­ղո­նի­կէի մէջ կազ­մա­կեր­պո­ւե­լիք ո­գե­կո­չա­կան քա­ղա­քա­կան ե­լոյ­թով: