Հ.Յ.Դ. ՀԱՅ ԴԱՏԻ ՅԱՆՁՆԱԽՈՒՄԻ ԿԱԶՄԱԿԵՐՊՈՒԹԵԱՄԲ

­Հա­յոց ­Ցե­ղաս­պա­նու­թեան 108-ա­մեա­կի քա­ղա­քա­կան ե­լոյթ Ա­թէն­քի մէջ

­Կի­րա­հի, 23 Ապ­րիլ 2023-ի ա­ռա­ւօ­տեան, Ա­թէն­քի կեդ­րո­նա­կան «Աք­րո­փոլ» ըն­դար­ձակ թա­տե­րաս­րա­հին մէջ տե­ղի ու­նե­ցաւ ­Հա­յոց ցե­ղաս­պա­նու­թեան 108-րդ ­տա­րե­լի­ցի քա­ղա­քա­կան ե­լոյ­թը, ներ­կա­յու­թեամբ յոյն պե­տա­կան, քա­ղա­քա­կան, զի­նո­ւո­րա­կան, դի­ւա­նա­գի­տա­կան, նա­հան­գա­պե­տա­կան եւ քա­ղա­քա­պե­տա­կան ներ­կա­յա­ցու­ցիչ­նե­րու։ Ե­լոյ­թը կազ­մա­կեր­պո­ւած էր Ա­թէն­քի մարզ­պե­տա­րա­նի եւ Հ.Յ.Դ. ­Հայ դա­տի յանձ­նա­խում­բին կող­մէ։
Ս­րա­հի մուտ­քին, Հ.Մ.Ը.Մ.-ի Ա­թէն­քի եւ ­Գո­քի­նիոյ սկաու­տա­կան կազ­մե­րը պա­տո­ւի ա­ռին բո­լոր պաշ­տօ­նա­կան հիւ­րե­րը, ո­րոնց կար­գին էին ­Յու­նաս­տա­նի կա­ռա­վա­րու­թեան ներ­կա­յա­ցու­ցիչ, կրթու­թեան փոխ­նա­խա­րար Ա­կե­լոս ­Սի­րի­ղոս, Ատ­տի­կէի մարզ­պետ Եոր­ղոս ­Փա­թու­լիս, ե­րես­փո­խա­նա­կան թեկ­նա­ծու­ներ, Ն. ­Քաք­լա­մա­նիս, Օ. ­Քե­ֆա­լոեան­նի, Ի. ­Մե­լաս, Տ. ­Մար­քո­փու­լոս, Ի. ­Պա­լա­ֆաս, Ն. ­Միլ­լիս, Տ. Սթ­րա­թու­լիս, Ք. ­Պող­տա­նոս, Լ. Ա­թա­նա­սիա­տիս, Ե. ­Մալ­թա­պես, Ս. Օ­հան­նէ­սեան, Ա­թէն­քի եւ հա­մայն ­Յու­նաս­տա­նի ար­քե­պիս­կո­պո­սի ներ­կա­յա­ցու­ցի­չը, ­Կիպ­րո­սի դես­պան Ք. ­Քե­նե­վե­զոս, Ատ­տի­կէի շրջա­նա­յին կա­ռա­վար­ման քար­տու­ղար Ղ. ­Զա­ֆի­րո­փու­լոս, Ա­թէն­քի փոխ­քա­ղա­քա­պետ Է. ­Քոլ­լա­թոս, ­Փի­րէա­յի քա­ղա­քա­պետ Ե. ­Մո­րա­լիս, ­Վու­լա­յի փոխ­քա­ղա­քա­պետ Ո. ­Գա­րա­յեան, ինչ­պէս նաեւ ­Յու­նաս­տա­նի զի­նեալ ու­ժե­րու ընդ. հրա­մա­նա­տա­րի, ցա­մա­քա­յին, օ­դա­յին եւ ծո­վա­յին ու­ժե­րու, նաեւ ոս­տի­կա­նու­թեան պե­տե­րու ներ­կա­յա­ցու­ցիչ զօ­րա­վար­ներ, պոն­տա­կան, ա­սո­րա­կան եւ հայ-յու­նա­կան բա­րե­կա­մու­թեան լի­կա­յի ներ­կա­յա­ցու­ցիչ­ներ։ Ն­կա­տի ու­նե­նա­լով ­Մա­յի­սին մէջ ­Յու­նաս­տա­նի ե­րես­փո­խա­նա­կան ընտ­րու­թիւն­նե­րու կազ­մա­կեր­պու­մը ու ա­նոր հե­տե­ւան­քով երկ­րի խորհր­դա­րա­նի լու­ծա­րու­մը, այս ան­գամ խորհր­դա­րա­նին կող­մէ պաշ­տօ­նա­կան ներ­կա­յա­ցու­ցիչ ներ­կայ չե­ղաւ ու խօսք չա­ռաւ ե­լոյ­թին։
­Հայ­կա­կան կող­մէն ներ­կայ էին ­Յու­նա­հա­յոց թե­մա­կալ ա­ռաջ­նորդ ­Գե­ղամ արք. ­Խա­չե­րեան, ­Հայ կա­թո­ղի­կէ ե­կե­ղեց­ւոյ ժո­ղովր­դա­պետ ­Յով­սէփ ծ. վրդ. ­Պէ­զա­զեան, ­Հայ ա­ւե­տա­րա­նա­կան ե­կե­ղեց­ւոյ կող­մէ վե­րա­պա­տո­ւե­լի ­Սե­րոբ Մկր­տի­չեան՝ ներ­կա­յաց­նե­լով վեր. ­Վի­գէն ­Չո­լա­գեա­նը, ­Գո­քի­նիոյ եւ ­Նէոս ­Գոզ­մո­սի հո­գե­ւոր հո­վիւ­ներ ­Պա­րէտ քհնյ. ­Խա­չե­րեան եւ ­Նա­րեկ քհնյ. ­Շա­հի­նեան, Հ.Հ. դես­պա­նա­տան դի­ւա­նա­գէտ­ներ Ան­նա Մկրտ­չեան եւ Ան­նա Ա­լեք­սա­նեան, Ազգ. Կեդրոնական վարչութեան անդամ Արմէն Տէրեան, Ազ­գա­յին վար­չու­թեան ա­տե­նա­պետ ­Թագ­ւոր ­Յո­վա­կի­մեան եւ ան­դամ­նե­րը, Հ.Յ.Դ. ­Յու­նաս­տա­նի ­Կեդ­րո­նա­կան կո­մի­տէի ներ­կա­յա­ցու­ցիչ ընկ. Հ­ռիփ­սի­մէ ­Յա­րու­թիւ­նեան, Հ.Կ.­Խա­չի, ­Հա­մազ­գա­յի­նի եւ Հ.Մ.Ը.Մ.-ի ներ­կա­յա­ցու­ցիչ­նե­րը։
­Յու­նաս­տա­նի եւ ­Հա­յաս­տա­նի ո­գերգ­նե­րու ուկնդ­րու­թե­նէն ետք, օ­րո­ւան նա­խա­գահ ընկ. Ար­ման Գ­րի­գո­րեան հրա­ւի­րեց վայր­կեա­նի մը յոտն­կայս լռու­թեամբ յար­գել յի­շա­տա­կը մէ­կու­կէս մի­լիոն նա­հա­տակ­նե­րուն, ինչ­պէս նաեւ Ար­ցա­խի 44-օ­րեսյ պա­տե­րազ­մի զո­հո­ւած հա­յոր­դի­նե­րուն։ ­Յա­ջոր­դա­բար, ան անդ­րա­դար­ձաւ ­Հա­յոց ցե­ղաս­պա­նու­թեան պատ­մա­կան եւ քա­ղա­քա­կան անժխ­տե­լիու­թեան ի­րա­կա­նու­թեան։ Ըն­կե­րոջ խօս­քը պի­տի տրո­ւի ա­ռանձ­նա­բար։
­Բեմ հրա­ւի­րո­ւե­ցաւ ­Յու­նաս­տա­նի կրթու­թեան փոխ­նա­խա­րար Ա­կե­լոս ­Սի­րի­ղոս, որ անդ­րա­դար­ձաւ ­Ցե­ղաս­պա­նու­թեան ի­րո­ղու­թեան եւ շեշ­տեց, թէ պէտք չէ թոյլ տալ ­Թուր­քիոյ ժխտե­լու իր կա­տա­րած ոճ­րա­գոր­ծու­թեան փաս­տը։ ­Փոխ­նա­խա­րա­րի խօս­քը պի­տի տրո­ւի ա­ռան­ձին։
­Յա­ջորդ խօ­սողն էր Ատ­տի­կէի մարզ­պետ Եոր­ղոս ­Փա­թու­լիս, որ նշեց, թէ հա­յե­րու միաս­նա­կան պայ­քա­րի ու­ժը ամ­բողջ աշ­խար­հի վրայ վառ կը պա­հէ ­Ցե­ղաս­պա­նու­թեան յի­շո­ղու­թիւ­նը եւ օ­րի­նակ կը դառ­նայ ­Թուր­քիոյ կող­մէ ցե­ղաս­պա­նո­ւած ժո­ղո­վուրդ­նե­րու ճա­նաչ­ման պայ­քա­րին։
­Յու­նաս­տա­նի մէջ Հ.Հ. ար­տա­կարգ եւ լիա­զօր դես­պան ­Տիգ­րան Մկրտ­չեա­նի խօս­քը ներ­կա­յա­ցուց խորհր­դա­կան Ան­նա Մկրտ­չեան։ ­Դես­պա­նի խօս­քը կու տանք ա­ռան­ձին։ Հ.Յ.Դ. ­Յու­նաս­տա­նի Ե­րի­տա­սար­դա­կան միու­թեան ու­ղեր­ձը կար­դաց ընկ. Ե­րո­ւանդ ­Մա­նու­կեան, ո­րու խօս­քը եւս պի­տի տրո­ւի ա­ռան­ձին։
­Խոր ապ­րու­մով եւ յու­զիչ ար­տա­յայ­տու­թիւն­նե­րով հան­րա­ծա­նօթ յոյն դե­րա­սան ­Խա­րիս ­Ռո­մաս ար­տա­սա­նեց ­Սիա­ման­թո­յի «­Պա­րը» զգա­յա­ցունց բա­նաս­տեղ­ծու­թիւ­նը, թարգ­մա­նու­թեամբ ­Յա­կոբ ­Ճէ­լա­լեա­նի։
Օ­րո­ւան բա­նա­խօսն էր ­Պե­ղո­պո­նե­զի հա­մալ­սա­րա­նի քա­ղա­քա­կան գի­տու­թեանց եւ մի­ջազ­գա­յին կա­պե­րու դա­սա­խօս, ­Մի­ջերկ­րա­կան եւ իս­լա­մա­կան գի­տու­թեանց կեդ­րո­նի տնօ­րէն, փրո­ֆե­սոր ­Սո­թի­րիս ­Ռու­սոս, որ բո­վան­դա­կա­լից եւ հա­մա­պար­փակ խօս­քե­րով ներ­կա­յա­ցուց ­Թուր­քիոյ կող­մէ ի­րա­գոր­ծո­ւած 20-րդ ­դա­րու քրիս­տո­նեայ ժո­ղո­վուրդ­նե­րու ցե­ղաս­պա­նու­թիւն­նե­րու պատ­մա­կան են­թա­հո­ղը, ա­պա շեշ­տը դրաւ հայ-յու­նա­կան ընդ­լա­նո­ւած ու ա­մուր գոր­ծակ­ցու­թեան մը հրա­մա­յա­կա­նին, դի­մագ­րա­ւե­լու հա­մար ներ­կայ թրքա­կան նո­րօս­մա­նա­կան նկրտում­նե­րը տա­րա­ծաշր­ջա­նէն ներս։ Փ­րո­ֆե­սո­րին խօս­քը պի­տի հրա­տա­րա­կենք ա­ռան­ձին։
­Յայ­տա­գի­րի ամ­բողջ տե­ւո­ղու­թեան, բե­մին վրայ մէ­ջընդ­մէջ ներ­կա­յա­ցո­ւե­ցան պատ­մա­կան նկա­րագ­րում­նե­րու տե­սա­նիւ­թեր ­Հա­յոց ցե­ղաս­պա­նու­թեան վե­րա­բե­րեալ, ո­րոնք ներ­կա­յա­ցուց Ա­լիս ­Ֆու­րու­ճեան։

­Քայ­լար­շաւ եւ դափ­նեպ­սակ­նե­րու
զե­տե­ղում Ան­ծա­նօթ ­Զի­նո­ւո­րի յու­շա­դամ­բա­նին առ­ջեւ

Ե­լոյ­թի ա­ւար­տէն ետք, ժո­ղովր­դա­յին թա­փո­րը քա­լեց Ա­թէն­քի կեդ­րո­նա­կան ճամ­բա­նե­րէն, հաս­նե­լու հա­մար ­Սին­տաղ­մա հրա­պա­րա­կին վրայ գտնո­ւող խորհր­դա­րա­նի շէն­քին առ­ջեւ։ Հ.Մ.Ը.Մ.-ի սկաուտ­նե­րուն ա­ռաջ­նոր­դող դրօ­շակ­նե­րով, թմբկա­հար­նե­րու տպա­ւո­րիչ կշռոյ­թով եւ եր­կու մաս­նա­ճիւ­ղե­րու սկաու­տա­կան լրիւ կազ­մե­րու շար­քե­րով, պաշ­տօ­նա­կան հիւ­րե­րը եւ ժո­ղո­վուր­դը ուղ­ղո­ւե­ցան դէ­պի Ան­ծա­նօթ զի­նո­ւո­րի յու­շա­դամ­բա­նը, ուր զե­տե­ղո­ւե­ցան ծաղ­կեպ­սակ­ներ։
­Տեղ­ւոյն վրայ, յու­նա­կան բա­նա­կի ցա­մա­քա­յին, օ­դա­յին եւ ծո­վա­յին խառն ջո­կատ մը, ինչ­պէս նաեւ օ­դա­յին ու­ժե­րու նո­ւա­գա­խում­բը պա­տո­ւի ա­ռին պաշ­տօ­նա­կան անձ­նա­ւո­րու­թիւն­նե­րը։
­Ծաղ­կեպ­սակ­ներ զե­տե­ղե­ցին՝ ­Յու­նաս­տա­նի նա­խա­գա­հի ներ­կա­յա­ցու­ցիչ սպան, հայ հա­մայն­քի ա­նու­նով ընկ. ­Կիւ­լա ­Գա­րա­պա­ճա­քեան, ­Հա­մա­պոն­տա­կան միու­թեան կող­մէ Եոր­ղոս ­Վա­րի­թի­միա­տիս, Ա­թէն­քի փոխ­քա­ղա­քա­պետ Էւ­ղե­նիոս ­Քոլ­լա­թոս, Ատ­տի­կէի մարզ­պետ Եոր­ղոս ­Փա­թու­լիս, Հ.Հ. դես­պա­նին կող­մէ Ան­նա Մկրտ­չեան, ­Յու­նաս­տա­նի զի­նեալ ու­ժե­րուն կող­մէ փոխ­ծո­վա­կալ Խ­րիս­թոս ­Քե­փար­նա­քոս, ­Փա­սօք կու­սակ­ցու­թեան կող­մէ ­Նի­քոս ­Մի­լոս, ­Սի­րի­զա կու­սակ­ցու­թեան կող­մէ Եան­նիս ­Պա­լա­ֆաս եւ վար­չա­պե­տի ու կա­ռա­վա­րու­թեան կող­մէ փոխ­նա­խա­րար Ա­կե­լոս ­Սի­րի­ղոս։
­Նո­ւա­գա­խում­բը հնչե­ցուց ­Հա­յաս­տա­նի եւ ­Յու­նաս­տա­նի ո­գերգ­նե­րը, մինչ զի­նո­ւո­րա­կան ջո­կա­տը եւ Հ.Մ.Ը.Մ.-ի սկաուտ­նե­րու կազ­մե­րը պա­տո­ւի ա­ռին։ ­Նոյն պա­հուն յոյն եւ օ­տար հա­ւա­քո­ւած մեծ բազ­մու­թիւ­նը, ներ­կայ հայ ժո­ղո­վուր­դի կող­քին, յար­գան­քով հե­տե­ւե­ցաւ ա­րա­րո­ղու­թեան եւ իր տուր­քը տո­ւաւ խորհր­դա­ւոր ե­լոյ­թին։
Ա­ւար­տին, նո­ւա­գա­խում­բի հնչիւն­նե­րուն տակ, փոխ­նա­խա­րա­րը ան­ցաւ ջո­կա­տին առ­ջե­ւէն եւ ձեռ­նո­ւե­ցաւ պաշ­տօ­նա­կան կար­գի հիւ­րե­րուն հետ։
Ա­պա, սկաու­տա­կան շար­քե­րու տո­ղանց­քով ամ­բող­ջա­ցաւ դափ­նեպ­սակ­նե­րու զե­տեղ­ման յու­զիչ ա­րա­րո­ղու­թիւ­նը։

* * *

­Նոյն օ­րը, Հ.Յ.Դ. ­Յու­նաս­տա­նի ­Հայ դա­տի յանձ­նա­խում­բի եւ տե­ղա­կան մարզ­պե­տու­թիւն­նե­րու հա­մա­կազ­մա­կեր­պու­թեամբ տե­ղի ու­նե­ցան ­Հա­յոց ցե­ղաս­պա­նու­թեան 108-րդ ­տա­րե­լի­ցի ո­գե­կո­չում­ներ ­Թե­սա­ղո­նի­կէի եւ Ա­լեք­սանտ­րու­պոլ­սոյ մէջ, ո­րոնց պի­տի անդ­րա­դառ­նանք յա­ջոր­դիւ։