Հայոց ցեղասպանութեան 108-ամեակի ոգեկոչման ձեռնարկներու ծիրէն ներս Հ.Կ.Խաչի արիւնատուութեան Ա. փուլը տեղի ունեցաւ երէկ, Կիրակի՝ 19 Մարտ 2023-ին, առաւօտեան ժամը 10:00-էն մինչեւ կէսօրուան ժամը 14:00, Գոքինիոյ «Զաւարեան» կեդրոնի «Զաքարեան-Սարաճեան» զոյգ սրահներէն ներս։
Մեր հայրենակիցները ներկայ եղան Գոքինիոյ ակումբը, ընդառաջելով Հ.Կ.Խաչի կոչին: Միութեան ընկերուհիները, արիւնատուութեան բժիշկներու խումբին հետ սիրով կ’ընդունէին կամաւոր արիւնատուներուն ու պատասխանատու բժիշկը խիստ քննութենէ կ’անցընէր կամաւորներուն, որպէսզի բոլոր առողջապահական օրէնքները յարգուին: Կարելի եղաւ 26 հոգիէ արիւն ստանալ, հակառակ որ ներկաներու թիւը աւելի բարձր էր, սակայն առողջապահական տարբեր պատճառներով՝ մաս մը մերժուեցաւ: Ստացուած արեան քանակը տրամադրուեցաւ «Էվանկելիզմոս» հիւանդանոցի համակարգի Հայ Կապոյտ Խաչի անունին պահք դրուած արեան պահեստանոցին։ Արեան նուիրաբերումը թանկագին գործընթաց մըն է, որ Հ.Կ. Խաչը, գիտակցելով անոր անհրաժեշտութիւնը, իր մարդասիրական գործունէութեան ծրագիրին մէջ կը ներառնէ ամէն տարի, յուսալով որ պիտի կարողանայ օգնութեան հասնի մեր հայրենակիցներուն, երբ որ կարիքը ստացուի: Նշենք, թէ բոլոր անոնք, որոնք առիթը չունեցան երէկ ներկայ ըլլալու «Զաւարեան» կեդրոն, կրնան մասնակցիլ արիւնատուութեան արշաւի երկրորդ փուլին, որ տեղի պիտի ունենայ Կիրակի, 14 Մայիս 2023-ին, Ֆիքսի «Արամ Մանուկեան» ակումբէն ներս, առաւօտեան ժամը 10-էն մինչեւ 2:
ԳԼԽԱՒՈՐ ԷՋ ԳԱՂՈՒԹԱՅԻՆ Գաղութային կեանք Հայոց ցեղասպանութեան 108-ամեակի ոգեկոչման ձեռնարկներու ծիրէն ներս սկսաւ Հ.Կ.Խաչի արիւնատուութեան արշաւը