Չորեքշաբթի, 26 Ապրիլ 2023-ի երեկոյեան ժամը 08:30-ին, «Մեղարօ Մուսիքիս»-ի գեղարուեստական տնօրէն Քրիս Ղալիլէասի ջանքերով ու կազմակերպութեամբ, Թեսաղոնիկէի «Մեղարօ Մուսիքիս» սրահէն ներս կատարուեցաւ Հայոց ցեղասպանութեան 108-ամեակին նուիրուած նուագահանդէս:
Հայոց ցեղասպանութեան 108-ամեակին նուիրուած նուագահանդէսին ներկայ գտնուեցան Թեսաղոնիկէի հոգեւոր հովիւ Տ. Եղիա աբղ. Մալխասեան, Թեսաղոնիկէի Հ.Հ. հիւպատոսարանի ներկայացուցիչ Սարգիս Տակազեան, «Մեղարօ Մուսիքիս»-ի գեղարուեստական տնօրէն Քրիս Ղալիլէաս, ազգ. հաստատութիւններու եւ կառոյցներու ներկայացուցիչներ եւ հայրենակիցներ:
Գեղարուեստական ելոյթը սկիզբ առաւ «Մակար Եկմալեան»-ի «Սուրբ, Սուրբ» երգով, կատարողութեամբ՝ Թեսաղոնիկէի խառն երգչախումբի եւ «Ս. Գիրիլոս եւ Մէթոտիոս եկեղեցւոյ երգչախումբին:
«Սուրբ, Սուրբ»-ի երգեցողութենէն ետք հանդէս երեք յատկանշական նուագող դէմքեր՝ Եաննիս Ղէօրղիատիս ծագումով հայ, ջութակահար, Նարէկ Հաղնազարեան Հայաստանէն ժամանած հռչակաւոր եւ բազմիցս պարգեւատրուած, թաւջութակհար եւ Ստաւրոս Տրիցաս յոյն դաշնամուր նուագող: Իրենց միացան նաեւ Թեսաղոնիկէի քաղաքապետարանի նուագախումբը՝ ղեկավարութեամբ հայ աշխարհահռչակ Մաէսթրօ Նուրհան Արմանի, ներկաներուն հրամցուցին Պէթովէնի ստեղծագործական կտորներէն երեք նուագներ:
Պէթովէնի կտորներէն ետք նաեւ Թեսաղոնիկէի քաղաքապետարանի նուագախումբը ղեկավարութեամբ Նուրհան Արմանի, ներկաներուն հրամցուց Արամ Խաչատուրեանի ստեղծագործական հիասքանչ կտորներ, որոնցմով յուզում պատճառեցին ներկայ ունկնդիր հայորդի զաւակներուն:
Հայոց ցեղասպանութեան սրբադասուած նահատակներուն 108-ամեակի նուիրուած տպաւորիչ եւ անմոռանալի ելոյթը իր աւարտին հասաւ Էտկար Յովհաննէսեանի «Երեւան Էրէբունի» երգով, երգչախումբներու երգեցողութեամբ եւ նուագախումբի ընկերակցութեամբ՝ ղեկավարութեամբ՝ Մաէսթրօ Նուրհան Արմանի, որուն ընթացքին ներկաները աւելի մեղմ ձայնով ընկերակցեցան եւ երգեցին այս հրաշալի եւ Երեւանին նուիրուած երգը:
ԹՂԹԱԿԻՑ