Հայոց ցեղասպանութեան մէկուկէս միլիոն նահատակներու յիշատակը յարգելու նախաձեռնութեամբ, Գաւալայի քաղաքապետարանը, գործակցութեամբ տեղւոյն հայ համայնքին, Երկուշաբթի 24 Ապրիլ 2023-ի առաւօտուն, կատարեց Եռագոյն դրօշի պաշտօնական պարզումի արարողութիւն, քաղաքապետական պարտէզի վայրէն ներս։
Արարողութեան ներկայ եղան Գաւալայի քաղաքապետ Թէոտորոս Մուրիատիս, Հայ դատի յանձնախումբի անունով ընկ. Մարի Գալայճեան, փոխքաղաքապետ Աթոսթոլոս Մումծաքիս, երեսփոխանական թեկնածու Աթինա Փանաեոթիտու եւ գաւալահայ հայրենակիցներ։
Հայաստանի ոգերգի հնչիւնին տակ, հայկական դրօշը վեր բարձրացաւ, որպէս յարգանքի տուրք Ցեղասպանութեան անմեղ զոհերու յիշատակին։
Իր խօսքը ուղղելով ներկաներուն, քաղաքապետը իր խոնարհումը կատարեց անմեղ նահատակներուն համար, շեշտելով, թէ այսօրուան Թուրքիան պարտի առերեսուիլ իր անցեալին հետ եւ ճանչնալ Հայոց ցեղասպանութեան ընթացքին իր կատարած յանցագործութիւնները։ Ան շեշտեց, թէ դրօշի պարզումը կու գայ յիշեցնելու հայ ժողովուրդի պայքարը եւ ապագային այլ ցեղասպանութիւններու կանխումը։
Ընկ. Մարի Գալայճեան իր խօսքին մէջ նշեց, թէ Գաւալայի քաղաքապետարանը միշտ զօրավիգ կը կանգնի Հայ դատի յանձնախումբի բոլոր ծրագիրներուն, մանաւանդ Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչման համար իր անխերապահ զօրակցութիւնը կը յայտնէ տեղական հայութեան։ Ան նաեւ շեշտեց թէ Թուրքիոյ հանդէպ կրաւորական կեցուածքները Ցեղասպանութեան ճանաչման ուղղութեամբ, ճամբայ կը բանան նոր ոճիրներու, նոյն ցեղասպանին կողմէ։
ԳԼԽԱՒՈՐ ԷՋ ԳԱՂՈՒԹԱՅԻՆ Գաղութային կեանք Հայոց ցեղասպանութեան 108-ամեակին, Գաւալայի մէջ ծածանեցաւ Հայաստանի դրօշը