Հայոց ցեղասպանութեան 108-րդ տարելիցի ոգեկոչումներու ծիրէն ներս, Երկուշաբթի, 24 Ապրիլ 2023-ի երեկոյեան ժամը 7-ին, նախագահութեամբ Յունաստանի թեմի առաջնորդական փոխանորդ Յովհաննէս ծ. վրդ. Սաղտըճեանի, կազմակերպութեամբ Գոմոթինիի թաղային խորհուրդին, տեղւոյն «Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ» եկեղեցւոյ սրահին մէջ տեղի ունեցաւ երաժշտական աննախընթաց համերգ եւ յուշ երեկոյ՝ նուիրուած հայ նահատակ ցեղի բոլոր զոհերու յիշատակին:
Հանդիսութեան ներկայ էին նախկին նախարար Էվրիփիտիս Սթիլիանիտիս, նախկին նախարար Եորղոս Փեթալոթիս, երեսփոխան Տիմիթրա Խարիթու, փոխքաղաքապետ Տիմիթրիս Փոլիթիատիս, քաղաքապետական խորհուրդի ատենապետուհի Քլէոփաթրա Սթոեանիտու, նահանգապետի ներկայացուցիչ Զոի Քոզմիտու, փոխքաղաքապետեր Տիմիթրիս Քարասթաւրու, Անասթասիա Լիւիէրաթու եւ Եաննիս Մորֆիտիս, երեսփոխանական թեկնածու Եորղոս Մանանաս, ոստիկանութեան տնօրէն Միխալիս Սեվրենիտիս եւ Գոմոթինիի հայութիւնը։
Ելոյթին բացումը կատարեց թաղային խորհուրդի անդամ Վահէ Կիւմիւշեան: Յաջորդաբար, ողջոյնի խօսք արտասանեց թաղականութեան ատենապետ Ստեփան Մատթէոսեան, որ ներկաներուն դիտել տուաւ հայ ապրելու ոգին, յիշելով ու յիշեցնելով մեր նահատակներու արեան գինը։ Հայոց ցեղասպանութեան 108-ամեակը ոգեկոչող համերգի ընթացքին, գերազանցապէս հնչեցին հայաշունչ գեղարուեստական երգեր, երգեցողութեամբ Գոմոթինիի «Նայիրեան մեղեդի» խումբին, ղեկավարութեամբ հոգեւոր հովիւ Դանիէլ քհնյ. Գալօղլեանի
Սրահին մէկ կողմը զետեղուած էր Ծիծեռնակաբերդի Հայոց ցեղասպանութեան յուշակոթողի մանրակերտ օրինակը, որուն առջեւէն անցան երգչախումբի անդամները եւ մէկ առ մէկ զետեղեցին փոքր մոմեր, որոնք կը խորհրդանշէին անմար կրկին իմաստը։
Ծաղկաւէտ, կիսալոյս սրահի խորհրդաւորութեան մէջ մատուցուեցան ազգային երգեր եւ բանաստեղծութիւններ։ Երգչախումբի մեղմանուշ երգեցողութիւնը եւ պատանիներուն կողմէ համարձակ ընթերցումները յուզումի պահեր ստեղծեցին։ Աղջիկներու հեզաճկուն պարը, տխուր երաժշտութեան հնչիւններուն տակ, կը նմանէր ցաւոտ երթին, որուն ընթացքին հայ ազգը քալեց տաք անապատներուն մէջ, արհաւիրքի ողբերգական այդ օրերուն։
Սրահը լեցուցած շուրջ 150 ներկաներու սիրտերը թփռտացին մեղեդիական կշռոյթով, որ հետզհետէ վերածուեցաւ ամբողջական համանուագի, երբ մեր նահատակներուն ձայնը հնչեց հայ երգի ու խօսքի բառերէն։ Ապրիլեան նահատակներու հոգին ու ձայնը ծփաց Գոմոթինիի հարազատ հայկական օճախին մէջ:
Ելոյթի ամփոփումը կատարեց հայր սուրբը, որ ներկաներուն ուղղած իր բառերով՝ վերահաստատեց հայութեան լիիրաւ յանձնառութիւնը հայրենական, արցախեան, ազգային, եկեղեցական ու մշակութային ոգեղէն արժէքներուն նկատմամբ՝ այն սեպելով ե՛ւ պարտք, ե՛ւ իրաւունք՝ դիտել տալով, որ սոյն արժէքներն են, որ մեզ կը դարձնեն ամբողջական հայ-քրիստոնեայ մարդ։
ԹՂԹԱԿԻՑ