­Հա­յոց ­Ցե­ղաս­պա­նու­թեան 107-ա­մեա­կին նո­ւի­րո­ւած ե­լոյթ­նե­րու ծի­րէն ներս, ­Կի­րա­կի, 17 Ապ­րիլ 2022-ին, Ք­սան­թիի մէջ գոր­ծող «Թ­րա­կիոյ ա­րո­ւես­տի եւ ա­ւան­դու­թեան» հաս­տա­տու­թեան սրա­հէն ներս տե­ղի ու­նե­ցաւ քա­ղա­քա­կան ո­գե­կո­չա­կան ձեռ­նար­կը, հա­մա­կազ­մա­կեր­պու­թեամբ Հ.Յ.Դ. ­Հայ դա­տի յանձ­նա­խում­բին, Ք­սան­թիի ­Թա­ղա­յին խոր­հուր­դի եւ Ա. ­Մա­կե­դո­նիոյ ու Թ­րա­կիոյ միջ­թա­ղա­յին խոր­հուր­դին: Ե­լոյ­թը կը հո­վա­նա­ւո­րէր շրջա­նի մարզ­պե­տա­րա­նը:
­Ներ­կայ էին Ա­ռաջ­նոր­դա­կան փո­խա­նորդ եւ շրջա­նի հո­գե­ւոր հո­վիւ ­Յով­հան­նէս Ծ. վրդ. ­Սաղ­տը­ճեան, Ք­սան­թիի մետ­րո­պո­լի­տի ներ­կա­յա­ցու­ցի­չը, հել­լէն կա­ռա­վա­րու­թեան կող­մէ ­Գա­ւա­լա նա­հան­գի ե­րես­փո­խան պրն. ­Մա­քա­րիոս ­Լա­զա­րի­տիս, փոխ մարզ­պե­տը, քա­ղա­քա­պե­տը, զօ­րա­բա­ժի­նի ու ոս­տի­կա­նու­թեան ներ­կա­յա­ցու­ցիչ­նե­րը ու քա­ղա­քա­կան այլ դէմ­քեր: ­Ներ­կայ էին նաեւ Ազ­գա­յին վար­չու­թեան ներ­կա­յա­ցու­ցիչ ­Զա­պէլ Այ­վա­զեան, ինչ­պէս նաեւ Ա. ­Մա­կե­դո­նիոյ եւ Թ­րա­կիոյ կա­ռոյց­նե­րու ներ­կա­յա­ցու­ցիչ­նե­րը:
­Բաց­ման խօս­քը կա­տա­րեց տիկ. ­Մա­րիա ­Պա­րո­նեան: Ան անդ­րա­դար­ձաւ ­Ցե­ղաս­պա­նու­թեան շրջա­նէն մին­չեւ 44-օ­րեայ ար­ցա­խեան պա­տե­րազ­մի ժա­մա­նա­կաշր­ջա­նը տի­րող կա­ցու­թեան եւ շեշ­տեց, թէ հա­յու­թիւ­նը պի­տի շա­րու­նա­կէ իր խա­ղաղ պայ­քա­րը ճա­նաչց­ման ու ար­դա­րու­թեան հա­տուց­ման հա­մար:
­Յա­ջոր­դա­բար, օ­րո­ւան հան­դի­սա­վա­րը կար­դաց նաեւ Հ.Հ. դես­պա­նու­թեան ու­ղար­կած ող­ջոյ­նի խօս­քը:
­Յայ­տա­գի­րի ըն­թաց­քին, խօս­քեր ար­տա­սա­նե­ցին հել­լէն խորհր­դա­րա­նի կող­մէ ­Գա­ւա­լա­յի ե­րես­փո­խան պրն. ­Մա­քա­րիոս ­Լա­զա­րի­տիս, Ք­սան­թիի փոխմարզ­պետ պրն. ­Քոնս­տան­տի­նոս ­Քուր­թի­տիս եւ Ք­սան­թիի քա­ղա­քա­պետ պրն. ­Մա­նո­լիս ­Ցե­լե­փիս:
Օ­րո­ւայ բա­նա­խօսն էր ­Հա­մալ­սա­րա­նի հան­րա­ծա­նօթ դա­սա­խօս եւ աշ­խար­հա­քա­ղա­քական հար­ցե­րու հմուտ վեր­լու­ծա­բան պրն. Իոան­նիս ­Մա­զիս, որ իր նե­րա­ծա­կա­նին մէջ խօ­սե­ցաւ տա­րա­ծաշր­ջա­նա­յին ու աշ­խար­հագ­րա­կան մե­թո­տա­բա­նու­թեան մա­սին, քար­տէս­նե­րով ցոյց տո­ւաւ հին եւ նոր տի­րող կա­ցու­թիւն­նե­րը, ո­րոնք ստեղ­ծո­ւած են աշ­խար­հի մէջ, եւ մա­նա­ւանդ հի­մա՝ Ուք­րա­նիոյ պա­տե­րազ­մի մեկ­նար­կէն ետք, ա­պա յայտ­նեց, թէ այս պա­տե­րազ­մը շատ լուրջ եւ ճգնա­ժա­մա­յին է, որ պի­տի փո­խա­կեր­պէ ամ­բողջ աշ­խար­հը:
­Հաս­նե­լով հայ­կա­կան հար­ցին ան ը­սաւ, թէ ­Հա­րա­ւա­յին ­Կով­կա­սը կա­րե­ւոր մաս մը կը կազ­մէ աշ­խար­հա­քա­ղա­քա­կան դաշ­տին վրայ, ուր դժբախ­տա­բար ­Հա­յաս­տա­նը եւ ալ ա­ւե­լի դժբախտ Ար­ցա­խը մաս­նիկն են այդ շրջա­նին:
Ի մի­ջի այ­լոց, ան հար­ցա­կան դրաւ՝ ներ­կա­յիս ­Հա­յաս­տա­նը ի՞նչ պէտք է ը­նէ. մին­չեւ Ուք­րա­նիոյ պա­տե­րազ­մը իր ա­ւար­տին հաս­նի կա­րե­լի չէ պա­տաս­խան տալ: ­Բայց դժբախ­տա­բար, շա­րու­նա­կեց ան, ­Հա­յաս­տա­նի գո­յու­թիւ­նը դժո­ւար հարց մըն է, լու­ծու­մը՝ ալ ա­ւե­լի: ­Հա­յաս­տան կը նա­յի դէ­պի Ա­րեւ­մուտք, բայց ա­րեւ­մուտ­քը չի կրնար ա­նոր պաշտ­պա­նել:
­Յա­ջոր­դեց գե­ղա­րո­ւես­տա­կան բա­ժին, ո­րուն ըն­թաց­քին ­Կո­մի­տա­սի չորս ստեղ­ծա­գոր­ծու­թիւն­ներ մե­ներ­գեց ­Վա­սի­լի­քի ­Ցիա­քի­րու­տի, Ա­նաս­թա­սիա ­Վա­ֆիա­տո­ւի դաշ­նա­կի ըն­կե­րակ­ցու­թեամբ:
Ե­լոյ­թէն ա­ռաջ կա­տա­րո­ւե­ցաւ գո­հա­բա­նա­կան ա­ղօթք ­Յով­հան­նէս Ծ. վրդ. ­Սաղ­տը­ճեա­նի կող­մէ ու դափ­նեպ­սակ­նե­րու զե­տե­ղում քա­ղա­քի յու­շա­կո­թո­ղին առ­ջեւ՝ շրջա­նի քա­ղա­քա­կան, զի­նո­ւո­րա­կան եւ ոս­տի­կա­նու­թեան, այ­լեւ միու­թիւն­նե­րու ներ­կա­յա­ցու­ցիչ­նե­րուն կող­մէ,:

­Յի­շա­տա­կի ե­րե­կոյ եւ հա­մերգ ­Հա­յոց ցե­ղաս­պա­նու­թեան
նա­հա­տակ­նե­րուն հա­մար

Ուր­բաթ, 15 Ապ­րի­լի ե­րե­կո­յեան, ­Գա­ւա­լա­յի «­Մեծ ա­կումբ»-ի սրա­հին մէջ տե­ղի ու­նե­ցաւ յուշ ե­րե­կոյ եւ հա­մերգ նո­ւի­րո­ւած ­Հա­յոց ցե­ղաս­պա­նու­թեան նա­հա­տակ­նե­րու յի­շա­տա­կին։
Ե­լոյ­թը, որ կազ­մա­կեր­պո­ւած էր ­Հայ դա­տի յանձ­նա­խում­բին եւ ­Գա­ւա­լա­յի ­Թա­ղա­յին խոր­հուր­դին կող­մէ կը վա­յե­լէր ­Գա­ւա­լա­յի մարզ­պե­տու­թեան հո­վա­նա­ւո­րու­թիւ­նը։
Ի­րենց ներ­կա­յու­թեամբ ե­րե­կոն պա­տո­ւե­ցին Ա­ռաջ­նոր­դա­կան փո­խա­նոր­դը, նա­հան­գի մետ­րո­պո­լի­տի ներ­կա­յա­ցու­ցի­չը, ­Գա­ւա­լա­յի ե­րես­փո­խան ­Մա­քա­րիոս ­Լա­զա­րի­տիս, ­Գա­ւա­լա­յի փոխ­մարզ­պետ Ա­լեք­սիս ­Փո­լի­թիս, քա­ղա­քա­պետ ­Թէո­տո­րոս ­Մու­րիա­տիս, նա­հան­գա­յին եւ քա­ղա­քա­պե­տա­կան խոր­հուրդ­նե­րու ան­դամ­ներ, զի­նո­ւո­րա­կան կար­գե­րու ներ­կա­յա­ցու­ցիչ­ներ եւ շրջա­նի յու­նա­կան միու­թիւն­նե­րու վար­չա­կան­ներ։
­Բաց­ման խօս­քը կա­տա­րեց Խ­րիս­թի­նա ­Մա­թե­ւո­սեան, որ շեշ­տեց, թէ հա­յու­թեան պայ­քա­րը պի­տի շա­րու­նա­կո­ւի մին­չեւ վերջ­նա­կան հա­տու­ցում։ ­Յա­տուկ տե­սաե­րի­զի ցու­ցադ­րու­թե­նէն ետք, կեդ­րո­նա­կան խօ­սո­ղը ե­ղաւ ընկ. ­Մա­րի ­Գա­լայ­ճեան, որ շեշ­տեց. «­Ցե­ղաս­պա­նու­թիւ­նը եւ այլ ո­ճիր­նե­րը մարդ­կու­թեան հան­դէպ չեն կրնար մո­ռա­ցու­թեան տրո­ւիլ՝ ոչ մարդ­կա­յին յի­շո­ղու­թեան մէջ, ոչ ալ ժո­ղո­վուրդ­նե­րու դա­տաս­տա­նին առ­ջեւ։ ­Հա­յոց ցե­ղաս­պա­նու­թեան ճա­նա­չու­մը պատ­մա­կան ար­դա­րու­թեան վե­րա­կանգ­նու­մէն ան­դին, նա­խա­պայ­ման կը հան­դի­սա­նայ կան­խե­լու հա­մար նման ո­ճիր­ներ ա­պա­գա­յին։ ­Թուր­քիոյ ան­պա­տիժ մնա­լու ի­րո­ղու­թիւ­նը պատ­ճառ դար­ձաւ ­Փոքր Ա­սիոյ ա­ղէ­տին, կը շա­րու­նա­կո­ւի մին­չեւ այ­սօր ­Սու­րիոյ, ­Լի­պիոյ եւ մա­նա­ւանդ ­Կով­կա­սի մէջ թուրք-ատր­պէյ­ճա­նա­կան յար­ձա­կո­ղա­կա­նու­թեամբ եւ Ար­ցա­խի վրայ շղթա­յա­զեր­ծո­ւած պա­տե­րազ­մով»։
­Յա­ջոր­դա­բար, ող­ջոյ­նի խօս­քե­րով հան­դէս ե­կան փոխ­մարզ­պետն ու քա­ղա­քա­պե­տը, ո­րոնք դա­տա­պար­տե­ցին ­Հա­յոց ցե­ղաս­պա­նու­թեան ժխտու­մը եւ դրո­ւա­տե­ցին ­Գա­ւա­լա­յի հա­յու­թեան ներդ­րու­մը քա­ղա­քի կեան­քի ծաղ­կու­մին մէջ։
­Գե­ղա­րո­ւես­տա­կան յայ­տա­գի­րին ի­րենց մաս­նակ­ցու­թիւ­նը բե­րին ­Գա­ւա­լա­յի ե­րաժշ­տա­կան վար­ժա­րա­նի կի­թա­ռի բա­ժի­նի ու­սա­նող­նե­րը, ի­րենց ու­սու­ցիչ­նե­րու՝ Ա­նաս­թա­սիոս ­Տե­լիո­սի եւ Է­լեւ­թե­րիոս Թ­րիան­տա­ֆի­լո­ւի հսկո­ղու­թեան տակ։ Ա­նոնք յա­ջո­ղու­թեամբ մեկ­նա­բա­նե­ցին հայ­կա­կան, յու­նա­կան եւ օ­տար ժո­ղովր­դա­յին-ազ­գագ­րա­կան եր­գեր յու­զում ստեղ­ծե­լով ներ­կայ բազ­մու­թեան մօտ։

ԹՂԹԱԿԻՑ