Հայոց ցեղասպանութեան 107-ամեակի ոգեկոչման ձեռնարկներու ծիրէն ներս Հ.Կ.Խաչի արիւնատուութեան արշաւը իր աւարտին հասաւ
Հայոց ցեղասպանութեան 107-ամեակի ոգեկոչման ձեռնարկներու ծիրէն ներս Հ.Կ.Խաչի արիւնատուութեան Բ. փուլը տեղի ունեցաւ երէկ, Կիրակի՝ 10 Ապրիլ 2022-ին, առաւօտեան ժամը 10:00-էն մինչեւ կէսօրուան ժամը 14:00, Գոքինիոյ «Զաւարեան» կեդրոնէն ներս։
Մեր հայրենակիցները, որոնք անցեալ Կիրակի չէին մասնակցած արիւնատուութեան Ա. փուլին, Ֆիքսի շրջանէն ներս, ներկայ եղան Գոքինիոյ ակումբը, ընդառաջելով Հ.Կ.Խաչի կոչին: Հ.Կ.Խաչի ընկերուհիները, արիւնատուութեան բժիշկներու խումբին հետ սիրով կ’ընդունէին կամաւոր արիւնատուներուն ու պատասխանատու բժիշկը խիստ քննութենէ կ’անցընէր կամաւորներուն, որպէսզի բոլոր առողջապահական օրէնքները յարգուին: Կարելի եղաւ 42 հոգիէ արիւն ստանալ, հակառակ որ ներկաներու թիւը աւելի բարձր էր, սակայն առողջապահական տարբեր պատճառներով՝ մաս մը մերժուեցաւ: Ստացուած արեան քանակը տրամադրուեցաւ «Էվանկելիզմոս» հիւանդանոցի համակարգի Հայ Կապոյտ Խաչի անունին պահք դրուած արեան պահեստանոցին։ Հակառակ տիրող դժուար պայմաններուն, արեան նուիրաբերումը թանկագին գործընթաց մըն է, որ Հ.Կ. Խաչը, գիտակցելով անոր անհրաժեշտութիւնը, իր մարդասիրական գործունէութեան ծրագիրին մէջ կը ներառնէ ամէն տարի, յուսալով որ պիտի կարողանայ օգնութեան հասնի մեր հայրենակիցներուն, երբ որ կարիքը ստացուի: