Այս տարի եւս Արեւելեան Մակեդոնիոյ եւ Թրակիոյ, ինչպէս նաեւ Գալամաթայի հայաշատ շրջաններուն մէջ ապրող մեր հայրենակիցները, արժանավայել կերպով նշեցին Հայոց ցեղասպանութեան 106-րդ տարելիցը։ Բոլոր ելոյթները պատշաճեցան թագավարակին պատճառով կիրարկուած սեղմումներուն։ Միջոցառումներու շարքը կազմակերպուած եւ համադրուած էր Հայ դատի յանձնախումբի եւ տեղւոյն թաղային մարմիններու գործակցութեամբ, որոնց իրենց մասնակցութիւնը բերին նաեւ շրջաններու պետական, քաղաքապետական եւ զինուորական կարգերու ներկայացուցիչները։ Նշենք, որ այս տարի եւս, Հ.Յ.Դ. Հայ դատի յանձնախումբի կեդրոնական քաղաքական ելոյթին, որ սփռուեցաւ առցանց, ողջոյնի խօսքով հանդէս եկաւ շրջանի մարզպետ Խրիսթոս Մեթիոս։
ՔՍԱՆԹԻ
Շաբաթ՝ 24 Ապրիլին, Քսանթիի մէջ, Հայ դատի յանձնախումբի եւ Մակեդոնիոյ ու Թրակիոյ Հայ Գթութեան Խաչի կազմակերպութեամբ, հայկական ակումբին մէջ տեղի ունեցաւ արիւնատուութիւն՝ ի յիշատակ մէկ ու կէս միլիոն նահատակներուն, որուն մասնակցեցան մեծ թիւով հայեր։Յատկանշական էր նաեւ, որ յոյն բարեկամներ ընդառաջեցին կոչին եւ իրենց տուրքը մատուցեցին՝ արիւն պարգեւելով Հ.Գ.Խաչի արեան պահեստին։ Նոյն երեկոյ, քաղաքի կեդրոնի «Ազատութեան» հրապարակին վրայ տեղի ունեցաւ ժողովրդային հաւաք եւ մոմավարութիւն Ցեղասպանութեան, այլեւ Արցախի վերջին պատերազմին զոհուած զինուորներու եւ քաղաքացիներու յիշատակին։ Շրջանի հայկական շաբաթօրեայ վարժարանի աշակերտները յատուկ փայլ մը տուին յուշ երեկոյին, արտասանելով բանաստեղծութիւններ եւ գրական կտորներ։ Շրջանի հոգեւոր հովիւ Յովհաննէս Ծ. Վրդ. Սաղտըճեանի աղօթքով բոլորուեցաւ երեկոյի յայտագիրը։ Նշենք, որ իրենց ներկայութեամբ ելոյթը պատուեցին շրջանի յոյն մետրոպոլիտ Փանտելէիմոն եպիսկոպոսը, ինչպէս նաեւ քաղաքապետ Մանոլիս Ցելեփիս։
ԳԱՎԱԼԱ
Գավալայի մէջ, նախապէս դասաւորուած էր ելոյթներու շարք մը, որուն գլխաւոր բաժինը կը պարունակէր դափնեպսակներու զետեղում քաղաքի հերոսներու նուիրուած յուշարձանին առջեւ։ Սակայն, քաղաքէն ներս համավարակի ստեղծած մտահոգիչ պայմաններուն պատճառով, գործակցութեամբ շրջանի փոխմարզպետ Քոսթաս Անտոնիատիսի եւ քաղաքապետ Թոտորոս Մուրիատիսի, եղաւ յայտագիրի պատշաճեցում, ու այդպէս քաղաքապետարանի շէնքին առջեւ 24 Ապրիլի օրը կանգնեցաւ հայկական եռագոյնը, իսկ նոյն գիշեր կեդրոնական շէնքի մը պատին վրայ ցուցադրուեցան Հայոց ցեղասպանութեան մասին մեծադիր նկարներ, որոնք տպաւորիչ պատկեր մը տուին քաղաքի բնակիչներուն համար, իրազեկելով անոնց հայ ժողովուրդին վրայ գործուած մեծ եղեռնագործութեան մասին։
ԳՈՄՈԹԻՆԻ
24 Ապրիլի օրը, քաղաքի «Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ» եկեղեցւոյ մէջ Յովհաննէս Ծ. վրդ. Սաղտըճեան մատուցեց պատարագ, Հայոց ցեղասպանութեան սրբադասուած նահատակներուն համար։ Նոյն օրը, Հայ Գթութեան Խաչի կազմակերպութեամբ, հայկական եկեղեցւոյ սրահին մէջ տեղի ունեցաւ արիւնատուութիւն, որուն մասնակցեցան մեծ թիւով հայրենակիցներ։ Գոմոթինիի միօրեայ հայկական վարժարանի աշակերտութիւնը առցանց կապով ներկայացուց գեղեցիկ յայտագիր մը, զանազան գրութիւններով եւ աղօթքներով, որոնք իրենց ուսուցիչներու հսկողութեան տակ, յուզիչ պատկեր մը ստեղծեցին։
ԱԼԵՔՍԱՆՏՐՈՒՊՈԼԻՍ
Շաբաթ՝ 24 Ապրիլին, Ալըեքսանտրուպոլսոյ մէջ տեղի ունեցաւ գոհաբանական արարողութիւն եւ դափնեպսակներու զետեղում քաղաքի կեդրոնը կանգնած Պոնտական ցեղասպանութեան զոհերու յիշատակի կոթողին առջեւ։
Շրջանի հոգեւոր հովիւ Յովհաննէս Ծ. վրդ. Սաղտըճեան կատարեց գոհաբանական մաղթանք, ապա յաջորդեց դափնեպսակներու զետեղում։ Յուշարձանին առջեւ իրենց յարգանքի տուրքը մատուցեցին Էվրոսի փոխմարզպետ Տիմիթրիս Փեթրովիչ, քաղաքապետ Իոաննիս Զամպուքիս, երեսփոխաններ Անասթասիոս Տիմոսխաքիս եւ Սթաւրոս Քալեցիս, հայ համայնքի անունով Արմէնուհի Գուրպանեան եւ Էվրոսի գաղթականաց միութեան կողմէ Արթուր Քարակիոզիտիս։
Ելոյթի ամբողջ տեւողութեան, շրջանի հայկական միօրեայ վարժարանի աշակերտները, հայկական տարազներ հագած, տպաւորիչ տեսարան մեը ստեղծեցին յուշարձանին շուրջ։
ԳԱԼԱՄԱԹԱ
Այս տարի եւս, շրջանի մէջ հայկական «Ս. Նիկողայոս» եկեղեցւոյ թաղային խորհուրդի կազմակերպութեամբ, տեղի ունեցաւ գոհաբանական աղօթք եւ դափնեպսակներու զետեղում քաղաքի կեդրոնը կանգնած հայկական խաչքարին առջեւ։ Ներկայ եղան շրջանի քաղաքապետը, ինչպէս նաեւ ոստիկանապետը եւ զինուորական բարձրաստիճան ներկայացուցիչներ, քաղաքական դէմքեր եւ շրջանի հայութեան մեծ թիւ մը։
Գոհաբանական մաղթանքէն յետոյ եղաւ դափնեպսակներու զետեղում։
Գալամաթայի քաղաքապետ Թանասիս Վասիլոփուլոս կատարեց հետեւեալ յայտարարութիւնը. «106 տարիներ անցան Հայոց ցեղասպանութեան ահաւոր եղելութենէն։
Մենք յարգեցինք Օսմանեան կայսրութեան կողմէ մէկ ու կէս միլիոն նահատակներու յիշատակը։ Երկու ժողովուրդները ունին հասարակաց պայքարներ, նո՛յն ցաւը կը զգանք անիրաւ կերպով զոհուած մեր եղբայրներուն եւ քոյրերուն համար։ Հայ ժողովուրդը թիւով փոքր է, սակայն հոգիով մեծ է։ Մենք միշտ ձեր կողքին պիտի կանգնինք»։