Հայոց Ցեղասպանութեան դատապարտման եւ հատուցման
պահանջները ներկայացուեցան Հայաստանի Հանրապետութեան
100ամեակը միասնաբար տօնելու յաղթական մթնոլորտին մէջ
22 Ապրիլ 2018ի Կիրակի օրը յիշատակելի էջ մը եւս աւելցուց Յունաստանի հայութեան արձանագրած Հայ Դատի պահանջատիրական ելոյթներու՝ քաղաքական ձեռնարկներու հարուստ եւ ոգեւորիչ մատեանին վրայ։
Աթէնքի կեդրոնական սրահներէն «Բալլաս»ի մէջ, ընդառաջելով Հ.Յ.Դ. Յունաստանի Հայ Դատի յանձնախումբին հրաւէրին, մեծ թիւով հայեր եւ յոյներ ու օտարներ հաւաքուած էին՝ ոգեկոչելու համար 103րդ տարելիցը թրքական պետութեան կողմէ կազմակերպուած ու գործադրուած Հայոց Ցեղասպանութեան։
Ժամը 11:30էն սկսեալ, Աթէնքի կեդրոնի Սինտաղմա հրապարակի մերձակայ «Բալլաս» թատերասրահը բեմահարթակը դարձաւ, ի նպաստ Հայ Դատի եւ Հայաստանի, հելլէն զօրակցութիւնը վերահաստատող պետական ու քաղաքական հանդիսաւոր ելոյթներու։
Ատտիկէի Մարզպետարանի հովանաւորութեամբ եւ Հ.Յ.Դ. Յունաստանի Հայ Դատի Յանձնախումբին կազմակերպութեամբ իրականացած Ապրիլ 24ի այս տարուան քաղաքական կեդրոնական ձեռնարկին տպաւորիչ էր մասնակցութիւնը ինչպէս հելլէն պետական եւ քաղաքական պաշտօնատար անձնաւորութիւններու, նոյնպէս եւ Յունաստանի մօտ հաւատարմագրուած դեսպանութեանց քաղաքական եւ զինուորական ներկայացուցիչներուն։ Թատերասրահի մուտքին պատուոյ ընդունելութեան կարգ կը պահէին Հ.Մ.Ը.Մ.ի սկաուտները, իսկ պաշտօնական հիւրերուն կը դիմաւորէին եւ դէպի սրահի առաջին կարգերը կ՚առաջնորդէին Հ.Յ.Դ. Յունաստանի Հայ Դատի Յանձնախումբին անդամները։ Պատուոյ հիւրերու առաջին շարքին էին Յունաստանի կառավարութեան եւ խորհրդարանի ներկայացուցիչները, Ատտիկէի մարզպետարանի ներկայացուցիչը, Յունաստանի մօտ Հայաստանի Հանրապետութեան դեսպանի ներկայացուցիչը, Յունահայոց թեմակալ Առաջնորդը, Հ.Յ.Դ. Յունաստանի Կեդրոնական Կոմիտէի ներկայացուցիչը, Ազգային Վարչութեան ներկայացուցիչը, հելլէն իշխանութեանց նախարարներ ու փոխ-նախարարներ, խորհրդարանականներ, օտար դեսպաններ ու զինուորական կցորդներ, ինչպէս նաեւ՝ հայ կաթողիկէ ու աւետարանական յարանուանութեանց առաջնորդներն ու յունահայոց ծխատէր հոգեւոր հովիւներ։ Ներկայ էին նաեւ յունահայ գաղութի միութիւններու ներկայացուցիչները եւ մեծ թիւով հայրենակիցներ: Ներկայ էին նաեւ Ռ.Ա.Կ.ի եւ Ս.Դ.Հ.Կ. կուսակցութիւններու Յունաստանի մարմիններու ներկայացուցիչները:
Հանդիսութիւնը սկսաւ յատուկ պատրաստուած պատմական վիտէօ-երիզի մը ցուցադրութեամբ, որ Հայոց Ցեղասպանութեան պատմականը կը ներկայացնէր եւ երկրորդ մասը զանազան երկիրներու մէջ Ապրիլի պահանջատիրական ցոյցեր: Հանդիսութեան պաշտօնական բացումը կատարուեցաւ Յունաստանի եւ Հայաստանի Հանրապետութեանց զոյգ ոգերգներով՝ «Համազգային»ի «Յակոբ Փափազեան» երգչախումբի կատարողութեամբ եւ ներկաներու յոտնկայս ունկնդրութեամբ։
Օրուան նախագահ եւ հանդիսավար ընկ. Արթօ Շեմմաս, ի յիշատակ մեր նահատակներուն մէկ վայրկեանի յոտնկայս լռութեան հրաւիրելէ ետք ներկաները, յանուն Հ.Յ.Դ. Հայ Դատի Յանձնախումբին, յունարէնով ներկայացուց հանդիսութեան պաշտօնական բացման խօսքը։
Ընդհանուր կերպով շեշտը դրաւ Հայ Դատի պահանջատիրութեան շարժումին պատմական հոլովոյթին վրայ՝ Մեծ Եղեռնի 50ամեակին առիթով Հայաստանի մէջ ծաւալած առաջին ցոյցերէն մեկնելով, որոնք կատարուեցան 1965ին: Անդրադարձաւ նաեւ Ցեղասպանութեան հետեւանքներուն եւ մեծ ոճիրէն երեք տարի յետոյ հայութեան մղած հերոսական յաղթական պատերազմին, որ ամրագրեց ազատ ապրելու հայ ժողովուրդին կամքը:
Անդրադարձաւ նաեւ Ղարաբաղի անկախութեան 30ամեակի պայքարին՝ թէ՛ պատերազմի ընթացքին ու մինչեւ զինադադար եւ թէ վերջին տարիներու հայոց բանակին ունեցած յաջողութիւններուն: Այնուհետեւ՝ իրարու յաջորդեցին Հելլէն կառավարութեան, Հելլէն խորհրդարանի, Ատտիկէի մարզպետարանի ներկայացուցիչները:
Հելլէն կառավարութեան անունով հանդիսութեան իր ողջոյնի խօսքը ուղղեց արտաքին գործոց փոխ-նախարար պրն. Թերենս Քուիք, որ անդրադարձաւ իր պաշտօնական այցելութիւններուն Հայաստան եւ շեշտեց իր յուզումը՝ Հայոց Ցեղասպանութեան յուշարձան եւ թանգարան այցելութեան ժամանակ:
Նաեւ՝ խօսեցաւ արդէն իսկ ստորագրուած եռակողմ համաձայնագիրներու մասին՝ Յունաստանի, Հայաստանի եւ Կիպրոսի միջեւ, որոնք կը վերաբերին համագործակցութեան մշակութային եւ կրթական ոլորտներէն ներս:
Հելլէն խորհրդարանի նախագահ պրն. Նիքօ Վուցիսի կողմէ խօսք առաւ տիկ. Էլէնի Սթամաթաքի, որ կը նախագահէ հայ-յունական միջ-խորհրդարանական բարեկամութեան վարչութիւնը: Ան ըսաւ, որ Հայոց Ցեղասպանութիւնը կը մնայ 20րդ դարու ամենադաժան ոճրագործութիւնը մեր հաւաքական յիշողութեան մէջ:
Անոր յաջորդեց Ատտիկէի մարզպետի՝ Ռենա Տուրուի ներկայացուցիչը տիկ. Մարիա Խրիսթաքի: Ան շեշտեց երկու ժողովուրդներու եղբայրական կապերը եւ նոյն պատմական ուղին անցած ըլլալու աւանդը:
Ապա՝ «Համազգային»ի «Յակոբ Փափազեան» երգչախումբը, խմբավար պրն. Մկրտիչ Գրիգորեանի ղեկավարութեամբ ու տիկ. Վարդենի Սպարթալեանի դաշնակի ընկերակցութեամբ, յաջողութեամբ մեկնաբանեց եւ սրահը ջերմացուց «Ով հայոց աշխարհ», եւ «Տէր Զօր» խմբերգներով։
Յաջորդաբար, նախագահը բեմ հրաւիրեց Յունաստանի մօտ Հ.Հ. դեսպան պրն. Ֆադէյ Չարչօղլեանի ներկայացուցիչը՝ դեսպանորդ պրն. Ալեքսանտր Սարգսեանը, որ փոխանցեց պարոն դեսպանին խօսքը: Իր խօսքին մէջ, պրն. Սարգսեան նշեց Հայաստանի կառավարութեան նախաձեռնութիւնները Մ.Ա.Կ.ի մէջ՝ ցեղասպանութիւններու կանխարգիլման նպատակով: Նաեւ՝ մեր ժողովուրդի երախտագիտութիւնը յայտնեց Յունաստանի խորհրդարանին, որ 1996ին ճանչցաւ Հայոց Ցեղասպանութիւնը:
Հ.Յ.Դ. Երիտասարդական Միութեան ողջոյնի խօսքը արտասանեց ընկ. Վազգէն Սավուլեան: Իր խօսքին մէջ ան ծանրացաւ Թուրքիոյ այսօրուան ներքին եւ արտաքին քաղաքականութեան վրայ՝ նշելով, թէ երկիր մը, որ չի յարգեր իր քաղաքացիները, կը ճնշէ ու կը բանտարկէ զանոնք, այդ պետութենէն չենք կրնար սպասել, որ յարգէ յոյներուն, ասորիներուն, քիւրտերուն եւ հայերուն իրաւունքները:
Այնուհետեւ՝ հրաւիրուեցաւ օրուայ բանախօս եւ Կիպրոսի Հանրապետութեան արտաքին գործոց նախկին նախարար պրն. Իոաննիս Քասուլիտիս: Ան խօսեցաւ Թուրքիոյ ժխտողական քաղաքականութեան մասին եւ անոր բանեցուցած ճնշումին մասին այն երկիրներուն վրայ, որոնք Ցեղասպանութիւնը ճանչնալու ճանապարհին վրայ են՝ սպառնալիքներով եւ վախի մթնոլորտի տարածումով: Նաեւ՝ անդրադարձաւ կիպրահայ համայնքին, որ ըստ իրեն շատ դրական արդիւնք ունեցած է երկրի բոլոր ոլորտներուն մէջ՝ անդրադառնալով նաեւ բռնագրաւուած շրջանին մէջ լքուած հայկական Մակարավանքին:
Յայտարարեց նաեւ, որ Արցախը միշտ պիտի ըլլայ հայկական հող եւ անոնք, որոնք կը խօսին հայերու կողմէ հողերու բռնագրաւման մասին, հաւանաբար անծանօթ է անոնց տարածաշրջանի պատմութիւնը եւ հայկական բնակչութեան մեծամասնութիւն ըլլալը դարերու ընդմէջէն:
Օրուան բանախօսի աւարտին «Համազգային»ի «Նայիրի» պարախումբը, Էտկար Էկեանի պարուսուցչութեամբ, ներկայացուց երկու հայկական պարեր՝ «Կարմիր նուռ»ը եւ «Բերդ»ը:
Հանդիսութիւնը իր աւարտին հասաւ յատուկ պատրաստուած պատմական վիտէօ-երիզի մը ցուցադրութեամբ՝ նուիրուած Հայաստանի Հանրապետութեան անկախութեան 100ամեակին: Հանդիսութեան ընթացքին եւ պարբերաբար՝ օրուան հանդիսավարը սրահին փոխանցեց ներկայ պաշտօնական հիւրերու անունները։
Հանդիսութեան աւարտին, ներկաները՝ պաշտօնական անձնաւորութեանց առաջնորդութեամբ, Հ.Մ.Ը.Մ.ի սկաուտներու եւ Աթէնքի քաղաքապետարանի նուագախումբի ընկերակցութեամբ, սրահէն հաւաքաբար քալեցին դէպի Սինտաղմայի հրապարակի Անծանօթ Զինուոր յուշադամբանը, ուր տեղի ունեցաւ ծաղկեպսակներու զետեղման արարողութիւնը։
Յանուն Յունաստանի հայութեան՝ Հայոց Ցեղասպանութեան 103րդ տարելիցին առիթով եւ ի յիշատակ հայոց սրբացեալ նահատակներուն, Անծանօթ Զինուորի յուշադամբանին ծաղկեպսակ զետեղեց ընկ. Միքայէլ Տիլսիզեան։
Ծաղկեպսակներ զետեղեցին նաեւ յունական կառավարութեան, յունական խորհրդարանի, Ատտիկէի մարզպետարանի, Աթէնքի քաղաքապետարանի ներկայացուցիչները, Կիպրոսի նախկին արտաքին գործոց նախարարը եւ օրուան բանախօսը, Ատտիկէի ապակեդրոն վարչակազմի ներկայացուցիչը, ինչպէս նաեւ Կիպրոսի եւ Խրուաթիոյ դեսպանները, Յունաստանի մօտ Հ.Հ. դեսպանի ներկայացուցիչը, Պոնտոսցիներու եւ Ասորիներու միութեանց նախագահները:
Ընդհանուր առումով՝ Յունաստանի պետական, կառավարական եւ քաղաքական շրջանակները, ինչպէս նաեւ օտար դիւանագիտական կառոյցները իրենց ներկայացուցիչներով ոչ միայն պաշտօնական հանդիսաւորութիւն տուին Հայոց Ցեղասպանութեան 103րդ տարելիցի ոգեկոչման կեդրոնական ձեռնարկին, այլեւ իրենց ելոյթներով եւ ուղերձներով աւելիով շեշտադրեցին Հայ Դատի Յանձնախումբին փոխանցած օրուան պատգամը։
Այն պատգամը՝ որ հայ ժողովուրդի խաչելութեան խորհուրդին կը միացնէ Մեծ Եղեռնէն երեք տարի ետք Հայաստանի ու հայութեան նուաճած հրաշափառ յարութեան յաղթական խորհուրդը՝ հայութիւնը բնաջնջելու թրքական ոճիրին տրուած հայկական հատու պատասխանը նկատելով այս տարի ազգային միասնականութեամբ տօնակատարուող Հայաստանի Հանրապետութեան հիմնադրութեան հարիւրամեակը։