Հայոց Ցեղասպանութեան յիշատակի տօնակատարութեանց ձեռնարկներու ծիրէն ներս, Շաբաթ՝ 28 Ապրիլ 2018ին, Յունաստանի հայոց թեմի առաջնորդ Գեղամ Արք. Խաչերեան եւ Կրօնական Ժողովի անդամներ, Ազգային Վարչութեան դիւանը՝ ատենապետ Պօղոս Չոլաքեան, ատենադպիր Թագւոր Յովակիմեան եւ վարչութեան անդամ տիկ. Արաքսի Աբէլեան-Քոլանեան ներկայ գտնուեցան Քալամաթայի Այիոս Նոքոլաոս եկեղեցւոյ մէջ մատուցուած հայկական Սուրբ եւ Անմահ Պատարագին։ Պատարագեց Գոքինիոյ Ս. Յակոբ եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ Վահրիճ Վրդ. Ղարախանեան։ Սուրբ Պատարագի երգեցողութիւնը ղեկավարեց Կրօնական Ժողովի ատենապետ Հրայր Աւագ Քհնյ. Նիկոլեան։ Ս. Պատարագին ներկայ գտնուեցաւ՝ իր օգնական երեք վարդապետներով՝ Մեսինիասի մետրոպոլիտ Խրիսոսթոմոս Արքեպիսկոպոս, որ եկեղեցւոյ մետրոպոլիտական գահը տրամադրեց Առաջնորդ Սրբազան Հօր. նաեւ ներկայ էին հիւրաբար քաղաքը գտնուող Աղեքսանդրիոյ յունաց պատրիարքութեան Եգիպտոսի Իսմայիլիայի նահանգի Ղավրիլ մետրոպոլիտը, Քալամաթայի փոխ-քաղաքապետ տիկ. Մարիա Իքոնոմաքու եւ Քալամաթայի մէջ կայք հաստատած ութսուն հայրենակիցներ։
Յայտնենք, որ նախօրօք՝ 15 Փետրուար 2018ին, Առաջնորդ Սրբազանին, Ազգային Վարչութեան ատենապետին եւ Կրօնական ժողովի անդամներուն Քալամաթայի Մետրոպոլիտի տուած ծանօթացման եւ քաղաքավարական այցելութեան առթիւ, Քալամաթայի հայութեան ազգային եւ հոգեւոր կարիքներու մատակարարման հարցով Ազգային Առաջնորդարանի դիմումներուն ընդառաջելով՝ Խրիսոսթոմոս Արքեպիսկոպոսը իր ազնիւ տրամադրութիւնը յայտնած էր, որ միշտ պատրաստ է շրջանի հայութեան հոգեւոր կարիքներու մատակարարման համար եկեղեցի մը տրամադրելու։ Սուրբ Պատարագի ընթացքին Առաջնորդ Սրբազան Հայրը յունարէն լեզուով ողջունեց Մեսինիասի Մետրոպոլիտը, յատուկ շնորհակալութիւն յայտնելով ընձեռուած այս առիթին եւ եկեղեցւոյ տրամադրուելուն համար՝ ըսելով, որ քրիստոնէական եղբայրական ոգիի ի՜նչ գեղեցիկ երեւոյթ է, որ հայ եկեղեցւոյ զաւակներ՝ յոյն եկեղեցւոյ կամարներուն ներքեւ հոգւոր եւ ազգային կարիքներու մատակարարում կը ստանան։ Այս գեղեցիկ երեւոյթը կը պարտինք Մեսինիասի Մետրոպոլիտին հոգատար հոգեւոր առաջնորդ ըլլալու իրողութեան կողքին նաեւ անոր ակադեմական եւ աստուածաբանական ներհուն գիտնական ըլլալուն։ Առաջնորդ Սրբազանը նաեւ շեշտեց այն իրողութիւնը, որ լուսամիտ եւ լայն գիտութեան տէր հոգեւոր առաջնորդներ, որոնք լաւապէս կը ճանչնան եկեղեցիներու ուղղափառ դաւանանքը՝ պատմական, աշխարհաքաղաքական, ժամանակներու մտայնութեան ազդակներու յառաջացուցած իւրայատկութիւնները, օրհնանք են եկեղեցիներուն մերձեցման եւ միութեան աշխատանքին մէջ։
Առաջնորդ Սրբազան Հօր խօսքէն ետք, Մեսինիասի մետրոպոլիտը նաեւ իր սրտի խօսքը ուղղեց՝ ողջունելով եւ իր ուրախութիւնը յայտնելով, որ Առաջնորդ Սրբազանը եւ Ազգային Վարչութիւնը հովուական եւ ազգային հոգատարութեամբ հետամուտ են Յունաստանի մէջ ապրող բոլոր հայերու եւ ի մասնաւորի Քալամաթա շրջանի հայութեան կարիքներու մատակարարման։ Ս. Պատարագի ընթացքին ներկայ հաւատացեալները ստացան սուրբ հաղորդութիւն։ Աւարտին, Առաջնորդ Սրբազան Հայրը, նախքան սրբադասուած նահատակներու բարեխօսութեան արարողութիւնը կատարելը, հայերէն լեզուով ներկայ հայրենակիցներուն խօսք ուղղելով ըսաւ, թէ այսուհետեւ հոգեհանգիստ արարողութիւն չենք կատարեր, այլ՝ սուրբերու յատուկ աղօթք։ Անդրադարձաւ, սուրբերու կեանքի օրինակին, յատկապէս Հայոց Ցեղասպանութեան նահատակներու օրինակին, որոնք Քրիստոսի Յարութեան հաւատքով զոհեցին նիւթականն ու անցաւորը, պահելու համար հոգեկանն ու յաւիտենականը եւ մեզի կտակեցին հաւատքի եւ ազգութեան պահպանման համար նուիրաբերումի եւ զոհողութեան գերագոյն գիտակցութիւնը։ Նահատակ սուրբերը յաղթականներ են, հերոսական տիպարներ՝ որոնք այսօր եւ ամէնուր մեզի կը թելադրեն, որ մենք՝ յարաբերաբար նահատակներուն դիմագրաւած տառապանքին, աւելի բնականոն եւ խաղաղ կեանքի պայմաններու մէջ, առաւել եւս ուշադիր պէտք է ըլլանք չօտարանալու մեր պապերու հաւատքէն եւ ազգային գիտակցութենէն եւ ջանանք մեր նոր սերունդները մանաւանդ հայ պահել։
Աւարտին, Քալամաթայի հայութեան անունով նաեւ խօսք առաւ տիկ. Վարսիկ Գալստեան, որ հայերէն եւ յունարէն լեզուներով անդրադարձաւ Հայոց Ցեղասպանութեան անարդարութեան եւ նոր սերունդներուն պատրաստակամութիւնը յայտնեց աննահանջ կորովով յառաջ տանելու մեր բիւրաւոր նահատակներու իրաւունքներուն պահանջման արդարացի դատը։
Եկեղեցական արարողութենէն ետք, եկեղեցւոյ շրջափակին մէջ զետեղուած յուշակոթողին առջեւ, Ազգային Վարչութեան ատենապետ Պօղոս Չոլաքեան եւ Քալամաթայի հայութեան անունով տիկ. ՍոՖիա Մարգարեան դափնեպսակներ զետեղեցին եւ բոլոր ներկաները հնչեցուցին հայկական եւ յունական ազգային քայլերգները։ Ապա՝ եկեղեցւոյ բակին մէջ տեղի ունեցաւ հիւրասիրութիւն ի պատիւ Առաջնորդ Սրբազանին, Կրօնական Ժողովի եւ Ազգային Վարչութեան անդամներուն, ի ներկայութեան Մեսինիասի Մետրոպոլիտին եւ իր հիւրերուն։ Սոյն հիւրասիրութեան ընթացքին հաւաքուած հայրենակիցներուն խօսք ուղղեց Ազգային Վարչութեան ատենապետ Պօղոս Չոլաքեան՝ յայտնելով, որ Ազգային Առաջնորդարանը մօտէն կը հետեւի իրենց եւ պատրաստ է կարելի եղած օժանդակութեան ձեռք երկարելու։ Նոյնպէս Առաջնորդ Սրբազանը իր խօսքը ուղղեց ներկայ հայրենակիցներուն՝ յատկապէս նշելով հայրենիքէն եկած մեր հայրենակիցիներուն հայրենասիրական ոգին եւ ազգային գիտակցութիւնը, զոր տասնամեակներով անոնք արտայայտած են Ապրիլ 24ին դէպի Ծիծեռնակաբերդ հարիւր հազարաւորներու քայլարշաւով եւ յարգանքի տուրքը մատուցանելով նահատակներու յիշատակին։ Սրբազան Հայրը նաեւ մատնանշեց՝ սփիւռքահայութեան մէկ դարու փորձառութենէն մեկնած, օտար ամայի ճամբէքի մոլորեցուցիչ եւ այլասերող դիւթանքներն ու հմայքները, որոնք կը շարունակեն կուլ տալ հազարաւոր հայորդիներ։ Առաջնորդ Սրբազան Հայրը եւ Ազգային Վարչութեան անդամները նաեւ աշխատանքային կարճ հանդիպում մը ունեցան Քալամաթայի հայութեան պատասխանատու տիկ. ՍոՖիա Մարգարեանի եւ անոր օգնականներուն հետ, յառաջիկային աւելի կազմակերպուած ձեւով զբաղուելու եւ հետաքրքրուելու Քալամաթայի հայութեան կեանքով։
Հայոց Ցեղասպանութեան 103րդ տարելիցը Քալամաթայի մէջ
Հայոց Ցեղասպանութեան 103րդ տարելիցին առիթով՝ հայկական Ս. Պատարագ Քալամաթայի մէջ