Կիրակի, 22 Ապրիլ 2018-ի առաւօտեան ժամը 11։30-ին, կազմակերպութեամբ Հ.Յ.Դ. Հայ Դատի Յանձնախումբին եւ համագործակցութեամբ Կեդրոնական Մակեդոնիոյ Մարզպետարանին, Թեսաղոնիկէի «Վելլիտիս» հանդիսասրահէն ներս տեղի ունեցաւ Հայոց Ցեղասպանութեան Ս. Նահատակներու 103րդ տարելիցի կեդրոնական քաղաքական ոգեկոչման ձեռնարկը, ներկայութեամբ շրջանիս Հոգեւոր Հովիւին, Գաղութիս Ազգ. հաստատութիւններու, կառոյցներու եւ միութիւններու բոլոր ներկայացուցիչներուն եւ անդամ-անդամուհիներուն, ինչպէս նաեւ հոգեւոր, քաղաքական եւ պետական անձնաւորութիւններու ու մանաւանդ յոյն ու հայ ժողովուրդի հոծ բազմութեան։
Սրահը ամբողջութեամբ լեցուն էր։
Ձեռնարկի բացումը կատարեց Հայ Դատի ներկայացուցիչ՝ Սաթենիկ Սիմոնեանը, բարի գալուստ մաղթելով բոլորին՝ անգամ մը եւս մեր յարգանքի տուրքը մատուցելու մեր Ս. Նահատակներու յիշատակին նուիրուած այս ոգեկոչման։ Ձեռնարկի ընթացքին բանախօսեց «Փանտէու» համալսարանի դասախօս՝ փրոֆ. Անկելոս Սիրիղոսի, «Օսմանեան կայսրութենէն մինչեւ ժամանակակից Թուրքիա. մտայնութիւններ եւ քաղաքական գործելաձեւեր» թեմայով։ Ձեռնարկի ընթացքին ողջոյնի խօսքեր ունեցան Յունաստանի կառավարութեան եւ Վարչապետին կողմէ խօսք առաւ՝ Արտաքին Գործոց Փոխ-Նախարար՝ Տիար Եոաննիս Ամանաթիտիս,, Հ.Հ. Դեսպան՝ Մեծարգոյ Տիար Ֆաթէյ Չարչօղլեանի կողմէ՝ Հ.Հ. Հիւպատոսուհի՝ Տիկ. Աննա Խաչատրեան, Թեսաղոնիկէի մարզային Շրջանի Փոխ-Մարզպետուհի՝ Տիկ. Փարասքէվի Փաթուլիտու, Թեսաղոնիկէի Քաղաքապետ՝ Տիար Եոաննիս Պութարիս, ինչպէս նաեւ Հ.Յ.Դ. Թեսաղոնիկէի Երիտասարդական Միութեան ներկայացուցիչ՝ Լեռնիկ Բեկջանեան։ Ներկայ էին Ֆրանսայի, Կիպրոսի, Ռումանիոյ եւ Ռուսիոյ հիւպատոսները, ինչպէս նաեւ Էսթոնիոյ, Ուրուկուէյի եւ Սլովաքիոյ Պատուոյ Հիւպատոսները, Յունաստանի Խորհրդարանի երեսփոխաններ՝ Էլենա Ռաբբի, Քոսթաս Կիւլէքաս, Սթավրոս Քալաֆաթիս եւ Գոստանդինոս Զուրարիս, Թեսաղոնիկէի Մատրոպոլիտ՝ Անթիմոսի Արք.ի ներկայացուցիչ՝ Հայր Եագոպոսը, Յունաստանի տարբեր Կուսակցութեան եւ ծովի ու ցամաքի զինուորական ներկայացուցիչներ, Օրէօքասթրոյի, Նէափոլիի եւ Էվոզմոյի քաղաքապետներ, Պոնտոսի ժողովուրդի կողմէ միութեան ներկայացուցիչներ եւ Յունահայ Առեւտուրի եւ Արդիւնաբերութեան Պալատի Ատենապետ։ Ձեռնարկի ընթացքին ելոյթ ունեցաւ համա-յունական հանրածանօթ «Οι Φιλοι του Μουσειου Βυζαντινου Πολιτισμου Θεσσαλονικης» երգչախումբը, Էլիզապէթ Տէմիրօղլույի ղեկավարութեամբ, որ յունարէն եւ մանաւանդ հայերէն երգերով ճոխացուց օրուան ելոյթը։
Քաղաքական ձեռնարկի աւարտին, կէսօրուան ժամը 1։30-ին, տեղի ունեցաւ քայլարշաւ դէպի Երրորդ Զօրաբանակի Անծանօթ Զինուորի Յուշարձանը ծաղկեպսակ զետեղելու համար։ Նշենք, որ տարբեր բարձրաստիճան անձնաւորութիւններու կողմէ զետեղուեցան ծաղկեպսակներ, ինչպէս նաեւ Թեսաղոնիկահայ Համայնքի կողմէ ծաղկեպսակ զետեղեց՝ Գաղութիս Թաղական Խորհուրդի Ատենապետ՝ Պրն. Յարութիւն Արթիւր Աբրահամեանը։