­Յու­նաս­տան վե­րա­հաս­տա­տեց պե­տա­կան
ու քա­ղա­քա­կան իր զօ­րակ­ցու­թիւ­նը
­Հայ ­Դա­տին եւ ­Հա­յաս­տա­նին

Հա­յոց ­Ցե­ղաս­պա­նու­թեան 102րդ ­տա­րե­լի­ցին պատ­գա­մը՝

— ­Ցե­ղաս­պա­նը ան­պա­տիժ ձգել կը նշա­նա­կէ ա­ռիթ տալ ֆա­շա­կան ու­ժե­րուն՝ ձեռ­նար­կե­լու ցե­ղաս­պա­նա­կան նոր ո­ճիր­նե­րու

— Ընդ­լայ­նել եւ խո­րաց­նել հա­մա­գոր­ծակ­ցու­թիւ­նը ­Յու­նաս­տա­նի եւ ­Հա­յաս­տա­նի մի­ջեւ՝ ճա­կա­տագ­րա­կից զոյգ ժո­ղո­վուրդ­նե­րը ի­րա­րու կա­պող բո­լոր մար­զե­րէն ներս

­

Կի­րա­կի՝ 23 Ապ­րի­լին, կէ­սօ­րէ ա­ռաջ ժա­մը 11էն սկսեալ, Ա­թէն­քի կեդ­րո­նի ­Սին­տաղ­մա հրա­պա­րա­կի մեր­ձա­կայ «­Բալ­լաս» թա­տե­րաս­րա­հը բե­մա­հար­թա­կը դար­ձաւ, ի նպաստ ­Հայ ­Դա­տի եւ ­Հա­յաս­տա­նի, հել­լէն զօ­րակ­ցու­թիւ­նը վե­րա­հաս­տա­տող պե­տա­կան ու քա­ղա­քա­կան հան­դի­սա­ւոր ե­լոյթ­նե­րու։ Ատ­տի­կէի ­Մարզ­պե­տա­րա­նի հո­վա­նա­ւո­րու­թեամբ եւ Հ.Յ.Դ. ­Յու­նաս­տա­նի ­Հայ ­Դա­տի ­Յանձ­նա­խում­բին կազ­մա­կեր­պու­թեամբ ի­րա­կա­նա­ցած Ապ­րիլ 24ի այս տա­րո­ւան քա­ղա­քա­կան կեդ­րո­նա­կան ձեռ­նար­կին տպա­ւո­րիչ էր մաս­նակ­ցու­թիւ­նը ինչ­պէս հել­լէն պե­տա­կան եւ քա­ղա­քա­կան պաշ­տօ­նա­տար անձ­նա­ւո­րու­թիւն­նե­րու, նոյն­պէս եւ ­Յու­նաս­տա­նի մօտ հա­ւա­տար­մագ­րո­ւած դես­պա­նու­թեանց քա­ղա­քա­կան եւ զի­նո­ւո­րա­կան ներ­կա­յա­ցու­ցիչ­նե­րուն։
­Թա­տե­րաս­րա­հի մուտ­քին պա­տո­ւոյ ըն­դու­նե­լու­թեան կարգ կը պա­հէին Հ.Մ.Ը.Մ.ի սկաուտ­նե­րը, իսկ պաշ­տօ­նա­կան հիւ­րե­րուն կը դի­մա­ւո­րէին եւ դէ­պի սրա­հի ա­ռա­ջին կար­գե­րը կ­՚ա­ռաջ­նոր­դէին Հ.Յ.Դ. ­Յու­նաս­տա­նի ­Հայ ­Դա­տի ­Յանձ­նա­խում­բին ան­դամ­նե­րը։
­Պա­տո­ւոյ հիւ­րե­րու ա­ռա­ջին շար­քին էին ­Յու­նաս­տա­նի կա­ռա­վա­րու­թեան եւ խորհր­դա­րա­նի ներ­կա­յա­ցու­ցիչ­նե­րը, Ատ­տի­կէի մարզ­պե­տու­հին, Եւ­րո­պա­կան ­Խորհր­դա­րա­նի փոխ-նա­խա­գահ օ­րո­ւան բա­նա­խօ­սը, ­Յու­նաս­տա­նի մօտ ­Հա­յաս­տա­նի ­Հան­րա­պե­տու­թեան դես­պա­նը, ­Յու­նա­հա­յոց թե­մի ­Կա­թո­ղի­կո­սա­կան ­Փո­խա­նոր­դը, Հ.Յ.Դ. ­Յու­նաս­տա­նի ­Կեդ­րո­նա­կան ­Կո­մի­տէի ներ­կա­յա­ցու­ցի­չը, Ազգային Վարչութեան ներ­կա­յա­ցու­ցի­չը, հել­լէն իշ­խա­նու­թեանց փոխ-նա­խա­րար­ներ, խորհր­դա­րա­նա­կան­ներ, օ­տար դես­պան­ներ ու զի­նո­ւո­րա­կան կցորդ­ներ, ինչ­պէս նաեւ՝ հայ կա­թո­ղի­կէ ու ա­ւե­տա­րա­նա­կան յա­րա­նո­ւա­նու­թեանց ա­ռաջ­նորդ­ներն ու յու­նա­հա­յոց ծխա­տէր հո­գե­ւոր հո­վիւ­ներ։
­Ժա­մը 11։35ին հան­դի­սու­թեան պաշ­տօ­նա­կան բա­ցու­մը կա­տա­րո­ւե­ցաւ ­Յու­նաս­տա­նի եւ ­Հա­յաս­տա­նի ­Հան­րա­պե­տու­թեանց զոյգ ո­գերգ­նե­րով՝ ­Հա­մազ­գա­յի­նի «­Յա­կոբ ­Փա­փա­զեան» երգ­չա­խում­բի կա­տա­րո­ղու­թեամբ եւ ներ­կա­նե­րու յոտն­կայս ունկնդ­րու­թեամբ։
Օ­րո­ւան նա­խա­գահ եւ հան­դի­սա­վար  ընկ. Ս­դաւ­րոս Ա­պա­րեան, յա­նուն Հ.Յ.Դ. ­Հայ ­Դա­տի ­Յանձ­նա­խում­բին, յու­նա­րէ­նով ներ­կա­յա­ցուց հան­դի­սու­թեան պաշ­տօ­նա­կան բաց­ման խօս­քը։ Ընդ­հա­նուր կեր­պով շեշ­տը դնե­լով ­Հայ ­Դա­տի պա­հան­ջա­տի­րու­թիւ­նը ի­րա­ւա­կան դաշ­տի մէջ ար­մա­տա­ւո­րե­լու այ­սօ­րո­ւան անհ­րա­ժեշ­տու­թեան վրայ՝ ընկ. Ա­պա­րեան կա­րե­ւո­րու­թեամբ ներ­կա­նե­րուն ու­շադ­րու­թեան յանձ­նեց թէ՛ ­Սի­սի պատ­մա­կան կա­թո­ղի­կո­սա­րա­նին վե­րա­տի­րա­նա­լու ­Մե­ծի ­Տանն ­Կի­լի­կիոյ ­Կա­թո­ղի­կոս Ա­րամ Ա. ­Վե­հա­փա­ռի պա­հան­ջա­տի­րա­կան քայ­լին ար­ժե­ւոր­ման կա­րե­ւո­րու­թիւ­նը, թէ՛ Եւ­րո­պա­կան ­Խորհր­դա­րա­նի ­Յու­նիս 1987ի պատ­մա­կան ո­րո­շու­մին՝ ­Հայ­կա­կան ­Հար­ցին քա­ղա­քա­կան լու­ծում մը ա­ռա­ջադ­րե­լու եւ թրքա­կան պե­տու­թե­նէն հա­մա­պա­տաս­խան վե­րա­բե­րում պա­հան­ջե­լու եւ­րո­պա­կան եւ մի­ջազ­գա­յին դի­ւա­նա­գի­տու­թեան հու­նով յա­ռաջ ըն­թա­նա­լու հրա­մա­յա­կա­նը։
Ա­պա՝ ­Հա­մազ­գա­յի­նի «­Յա­կոբ ­Փա­փա­զեան» երգ­չա­խում­բը, խմբա­վար պրն. Մկր­տիչ Գ­րի­գո­րեա­նի ղե­կա­վա­րու­թեամբ, յա­ջո­ղու­թեամբ մեկ­նա­բա­նեց եւ սրա­հը ջեր­մա­ցուց «­Սուրբ ­Սուրբ», «Ո՜վ ­Հա­յոց Աշ­խարհ» եւ «­Սայ­լի երգ» խմբերգ­նե­րով։
Այ­նու­հե­տեւ՝ ի­րա­րու յա­ջոր­դե­ցին ­Հել­լէն կա­ռա­վա­րու­թեան, ­Հել­լէն խորհր­դա­րա­նի, Ատ­տի­կէի մարզ­պե­տա­րա­նի, ­Յու­նաս­տա­նի մօտ Հ.Հ. դես­պա­նու­թեան եւ Հ.Յ.Դ. Ե­րի­տա­սար­դա­կան ­Միու­թեան ող­ջոյ­նի խօս­քե­րը։
­Հել­լէն կա­ռա­վա­րու­թեան ա­նու­նով հան­դի­սու­թեան իր ող­ջոյ­նի խօս­քը ուղ­ղեց ար­տա­քին գոր­ծոց փոխ-նա­խա­րար պրն. Եան­նիս Ա­մա­նա­թի­տիս, որ ­Պոն­տո­սի յոյ­նե­րուն դէմ նոյն թրքա­կան պե­տու­թեան գոր­ծած ցե­ղաս­պա­նա­կան ո­ճի­րին յղում կա­տա­րե­լով՝ կա­րե­ւո­րու­թեամբ շեշ­տեց, որ ե­թէ օ­րին մի­ջազ­գա­յին հան­րու­թիւ­նը ճանչ­նար, դա­տա­պար­տէր եւ ար­դար դա­տաս­տա­նի ար­ժա­նաց­նէր հայ ժո­ղո­վուր­դին դէմ գոր­ծադ­րո­ւած ցե­ղաս­պա­նա­կան ո­ճի­րը՝ ար­ժա­նի պա­տի­ժին են­թար­կե­լով ցե­ղաս­պա­նը, կա­րե­լի պի­տի ըլ­լար կան­խել ոչ միայն պոն­տոս­ցի­նե­րու, այ­լեւ՝ այլ ժո­ղո­վուրդ­նե­րու դէմ գոր­ծո­ւած ցե­ղաս­պա­նու­թիւն­նե­րը։ ­Մին­չեւ մեր օ­րե­րը ի զօ­րու կը մնայ միեւ­նոյն ճշմար­տու­թիւ­նը. ­Հա­յոց ­Ցե­ղաս­պա­նու­թիւ­նը ճանչ­նա­լով, յան­ցա­գոր­ծու­թիւ­նը դա­տա­պար­տե­լով եւ ցե­ղաս­պա­նը ար­դար պա­տի­ժի են­թար­կե­լով՝ մի­ջազ­գա­յին հան­րու­թիւ­նը ի վի­ճա­կի կ­՚ըլ­լայ կան­խե­լու ցե­ղաս­պա­նու­թեանց կրկնու­մը։
­Յա­նուն հել­լէն խորհր­դա­րա­նի ող­ջոյ­նի խօսք ուղ­ղեց ­Յոյն-­Հայ­կա­կան բա­րե­կա­մու­թեան խորհր­դա­րա­նա­կան յանձ­նա­խում­բի նա­խա­գահ տի­կին Է­լէ­նի Ս­թա­մա­թա­քի։ Իր ե­լոյ­թին մէջ տի­կին Ս­թա­մա­թա­քի նախ շեշ­տեց յոյն եւ հայ ժո­ղո­վուրդ­նե­րը ի­րա­րու սեր­տօ­րէն կա­պող դա­րա­ւոր բա­րե­կա­մու­թիւնն ու սրտա­կից յա­րա­բե­րու­թիւն­նե­րը։ Ա­պա՝ անդ­րա­դար­ձաւ ­Հա­յոց ­Ցե­ղաս­պա­նու­թեան ճա­նա­չու­մին, դա­տա­պար­տու­մին եւ հա­տու­ցու­մին կա­րե­ւո­րու­թեան, որ­պէս­զի կան­խո­ւին նմա­նօ­րի­նակ ո­ճիր­նե­րը։ ­Վեր­ջա­պէս եւ յա­տուկ կա­րե­ւո­րու­թեամբ ան ա­ռա­ջադ­րեց սեր­տաց­նել, ընդ­լայ­նել եւ խո­րաց­նել բա­րե­կա­մա­կան գոր­ծակ­ցու­թիւ­նը ­Յու­նաս­տա­նի եւ ­Հա­յաս­տա­նի մի­ջեւ՝ ի խնդիր ճա­կա­տագ­րա­կից զոյգ ժո­ղո­վուրդ­նե­րու վա­ղո­ւան հա­մընդ­հա­նուր զար­գաց­ման։
Ատ­տի­կէի մարզ­պե­տա­րա­նի ող­ջոյ­նի խօս­քը ներ­կա­յա­ցուց նոյ­նինքն մարզ­պե­տու­հի տի­կին ­Րէ­նա ­Տու­րու, որ ­Հա­յոց ­Ցե­ղաս­պա­նու­թեան ճա­նա­չու­մին, դա­տա­պարտ­ման եւ հայ­կա­կան պա­հան­ջա­տի­րու­թեան իր զօ­րակ­ցու­թիւ­նը յայտ­նե­լով՝ կա­րե­ւո­րու­թեամբ շեշ­տեց, որ ան­պա­տիժ մնա­լով՝ ցե­ղաս­պա­նա­կան յան­ցա­գոր­ծու­թիւն­նե­րը խրա­խու­սան­քի ա­ռիթ կը դառ­նան ցե­ղաս­պա­նու­թեան իսկ ըն­դու­նակ ֆա­շա­կան ու­ժե­րուն հա­մար, որ­պէս­զի ա­նար­գել եւ ան­պա­տիժ շա­րու­նա­կեն ոտ­նա­կո­խու­մը մարդ­կա­յին եւ ազ­գա­յին ի­րա­ւանց ինչ­պէս այժ­մու ­Թուր­քիոյ մէջ, այն­պէս ալ ամ­բողջ Եւ­րո­պա­յի եւ Աշ­խար­հի տա­րած­քին։ Էր­տո­ղա­նի ֆա­շա­կան բռնա­կա­լու­թիւ­նը ամ­րապն­դե­լու կո­չո­ւած ­Թուր­քիոյ վեր­ջին հան­րա­քո­ւէէն մեկ­նե­լով եւ ա­նոր հա­մա­հունչ Ֆ­րան­սա­յի նա­խա­գա­հա­կան ընտ­րա­պայ­քա­րի ըն­թաց­քին հնչած ֆա­շա­կան բռնու­թեանց կո­չե­րուն յղում կա­տա­րե­լով՝ տի­կին ­Տու­րու ա­հա­զանգ հնչե­ցուց ընդ­հան­րա­պէս այ­դօ­րի­նակ յան­ցա­գործ­նե­րը եւ յատ­կա­պէս ­Հա­յոց ­Ցե­ղաս­պա­նու­թեան հա­մար պա­տաս­խա­նա­տու թրքա­կան պե­տու­թիւ­նը ան­պա­տիժ ձգե­լու մի­ջազ­գա­յին վար­քա­գի­ծին նկատ­մամբ։
­Յա­նուն ­Հա­յաս­տա­նի ­Հան­րա­պե­տու­թեան ող­ջոյ­նի իր խօս­քը հա­յե­րէ­նով ներ­կա­յա­ցուց դես­պան պրն. ­Ֆա­դէյ ­Չար­չօղ­լեան, ո­րուն ե­լոյ­թը ամ­բող­ջու­թեամբ կու տանք մեր այս հա­մա­րով։ Հ.Հ. դես­պա­նը յատ­կա­պէս ընդգ­ծեց, որ ազ­գա­յին ու պե­տա­կան վե­րած­նունդ ապ­րող հայ ժո­ղո­վուրդն ու ­Հա­յաս­տա­նը պի­տի շա­րու­նա­կեն ի­րենց պա­հան­ջա­տի­րու­թիւ­նը՝ մին­չեւ ամ­բող­ջա­կան ար­դա­րու­թեան ի­րա­կա­նա­ցու­մը, որ­պէս­զի ոչ միայն հայ ժո­ղո­վուր­դը կա­րե­նայ վե­րա­կանգ­նել իր ի­րա­ւունք­նե­րը, այ­լեւ հա­մայն մարդ­կու­թիւ­նը կա­րե­նայ ե­րաշ­խա­ւո­րել, որ այ­լեւս եր­բեք չկրկնո­ւին մարդ­կու­թեան դէմ ուղ­ղո­ւած ցե­ղաս­պա­նա­կան յան­ցա­գոր­ծու­թիւն­նե­րը։
Իր կար­գին ող­ջոյ­նի խօս­քով հան­դէս ե­կաւ Հ.Յ.Դ. ­Յու­նաս­տա­նի Ե­րի­տա­սար­դա­կան ­Միու­թիւ­նը, ո­րուն ա­նու­նով ընկ. Ար­մէն Ա­ճէ­մեան անձ­նա­կան վկա­յու­թիւն մը տո­ւաւ նո­րա­հաս հայ սե­րունդ­նե­րուն՝ իբ­րեւ ­Հայ ­Դա­տի պա­հան­ջա­տէր ե­րի­տա­սար­դու­թեան՝ ազ­գա­յին եւ քա­ղա­քա­ցիա­կան կրկնակ պատ­կա­նե­լու­թեանց հա­մադր­ման եւ հել­լէն հա­սա­րա­կու­թեան մէջ հա­յօ­րէն հա­մար­կո­ւե­լու ի­րո­ղու­թեան մա­սին։ Պրն. Ա­ճէ­մեան թրքա­կան պե­տու­թեան ցե­ղաս­պա­նա­կան ո­ճի­րին ար­ժա­նի պա­տաս­խան մը նկա­տեց հա­յոց նո­րա­հաս սե­րունդ­նե­րուն ոչ միայն վե­րապ­րումն ու պա­հան­ջա­տի­րա­կան զար­թօն­քը, այ­լեւ մշա­կու­թա­յին կեն­սու­նա­կու­թիւ­նը՝ հա­յա­պահ­պան­ման ուղ­ղու­թեամբ շա­րու­նա­կե­լու սե­րունդ­նե­րու հաս­տա­տա­կամ եր­թը։
­Կեդ­րո­նա­կան բա­նա­խօ­սու­թե­նէն ա­ռաջ տե­ղի ու­նե­ցաւ վի­տէօ ե­րի­զի մը ցու­ցադ­րու­թիւ­նը, ո­րը կը ներ­կա­յաց­նէր քատ­րեր 1987ի Եւ­րո­պա­կան ­Խորհր­դա­րա­նի առ­ջեւ ­Ցե­ղաս­պա­նու­թեան ճա­նաչ­ման ա­ռի­թով կազ­մա­կեր­պո­ւած ցոյ­ցե­րէն, նաեւ Ա­րամ Ա. ­Վե­հա­փառ ­Հայ­րա­պե­տի հար­ցազ­րոյ­ցը ­Սի­սի ­Կա­թո­ղի­կո­սա­րա­նի վե­րա­դարձ­ման ­Թուր­քիոյ դէմ դա­տա­կան հար­ցին ա­ռըն­չու­թեամբ ու քատ­րեր աշ­խար­հի զա­նա­զան վայ­րե­րու մէջ տե­ղի ու­նե­ցած պա­հան­ջա­տի­րա­կան ցոյ­ցե­րէն։
Այ­նու­հե­տեւ հան­դի­սա­վա­րը բեմ հրա­ւի­րեց օ­րո­ւան գլխա­ւոր բա­նա­խօ­սը՝ Եւ­րո­պա­կան ­Խորհր­դա­րա­նի փոխ-նա­խա­գահ պրն. ­Տի­միդ­րիս ­Բա­բա­տի­մու­լի­սը, որ իր խօս­քին սկզբնա­ւո­րու­թեան յայտ­նեց, որ տա­րի­ներ ­Գա­րէա­յի շրջա­նին մէջ ապ­րած ըլ­լա­լով՝ անձ­նա­պէս շատ հայ բա­րե­կամ­ներ ու­նե­ցած է եւ ա­ւե­լիով մտեր­մա­ցած է հայ ժո­ղո­վուր­դին հետ։ Օ­րո­ւան բա­նա­խօ­սը իր ե­լոյ­թը զար­գա­ցուց՝ Եւ­րո­պա­կան ­Խորհր­դա­րա­նին ­Յու­նիս 1987ի պատ­մա­կան ո­րո­շու­մին վրայ հիմ­նո­ւե­լով։ Ընդգ­ծեց, որ «­Հայ­կա­կան ­Հար­ցին քա­ղա­քա­կան լու­ծում մը» ա­ռա­ջադ­րող ե­րես­նա­մեայ այդ ո­րո­շում-բա­նա­ձե­ւը այ­սօր եւս կը շա­րու­նա­կէ պահ­պա­նել իր այժ­մէա­կա­նու­թիւ­նը։ Իբ­րեւ ի­րա­ւա­կան հիմ­քը ­Հայ ­Դա­տի պա­հան­ջա­տի­րու­թեան՝ այդ ո­րո­շու­մը կը հու­նա­ւո­րէ նաեւ ­Հա­յաս­տա­նի վե­րան­կա­խա­ցեալ ­Հան­րա­պե­տու­թեան եւ Եւ­րո­պա­կան ­Միու­թեան մի­ջեւ գոր­ծակ­ցու­թեան մար­զե­րու ըն­դար­ձա­կու­մը, յա­րա­բե­րու­թեանց սեր­տա­ցու­մը, այ­լեւ ու մա­նա­ւանդ ­Հա­յոց ­Ցե­ղաս­պա­նու­թեան ճա­նաչ­ման ու դա­տա­պարտ­ման ուղ­ղու­թեամբ ­Հայ ­Դա­տի պա­հան­ջա­տի­րու­թեան յա­ռաջ­խա­ղաց­քը։ Պրն. ­Բա­բա­տի­մու­լիս այս առն­չու­թեամբ դի­տել տո­ւաւ, որ ­Յու­նաս­տան ի վի­ճա­կի է եւ պէտք է ա­ռա­ւել կեն­սու­նա­կու­թիւն ցու­ցա­բե­րէ, որ­պէս­զի հա­մեւ­րո­պա­կան անհ­րա­ժեշտ ճնշու­մը բա­նե­ցո­ւի թրքա­կան իշ­խա­նու­թեանց վրայ եւ ­Թուր­քիա ըն­դու­նի իր պատ­մա­կան պա­տաս­խա­նա­տո­ւու­թիւ­նը՝ ի խնդիր պատ­մա­կան ար­դա­րու­թեան եւ հա­յոց ի­րա­ւունք­նե­րու վե­րա­կանգ­նու­մին։ Իր խօս­քի ա­ւար­տին՝ օ­րո­ւան բա­նա­խօ­սը յո­ռե­տե­սու­թեամբ անդ­րա­դար­ձաւ ­Թուր­քիոյ նա­խա­գահ Էր­տօ­ղա­նի կող­մէ բռնա­կա­լու­թեան ուղ­ղու­թեամբ նե­տո­ւած սահ­մա­նադ­րա­կան եւ քա­ղա­քա­կան վեր­ջին քայ­լե­րուն, ո­րոնք ոչ միայն թրքա­կան պե­տու­թիւ­նը ա­ւե­լիով կը մխրճեն սե­փա­կան պա­տաս­խա­նա­տո­ւու­թիւ­նը ու­րա­նա­լու յան­ցա­գործ վար­քա­գի­ծին մէջ, այ­լեւ ֆա­շա­կա­նու­թեան նո­րո­վի թափ տա­լով՝ կը շեշ­տեն ցե­ղաս­պա­նա­կան նոր յան­ցա­գոր­ծու­թեանց վտան­գը։
­Հան­դի­սու­թեան ըն­թաց­քին եւ պար­բե­րա­բար՝ օ­րո­ւան հան­դի­սա­վա­րը սրա­հին փո­խան­ցեց ներ­կայ պաշ­տօ­նա­կան հիւ­րե­րու ա­նուն­նե­րը, ինչ­պէս նաեւ ­Հա­յոց ­Ցե­ղաս­պա­նու­թեան 102րդ ­տա­րե­լի­ցի քա­ղա­քա­կան կեդ­րո­նա­կան հան­դի­սու­թեան եւ Հ.Յ.Դ. ­Յու­նաս­տա­նի ­Հայ ­Դա­տի ­Յանձ­նա­խում­բին ուղ­ղո­ւած զօ­րակ­ցա­կան հե­ռա­գիր­նե­րը։
­Հան­դի­սու­թեան ա­ւար­տին, ներ­կա­նե­րը՝ պաշ­տօ­նա­կան անձ­նա­ւո­րու­թեանց ա­ռաջ­նոր­դու­թեամբ, սրա­հէն հա­ւա­քա­բար քա­լե­ցին դէ­պի ­Սին­տաղ­մա­յի հրա­պա­րա­կի Ան­ծա­նօթ ­Զի­նո­ւոր յու­շա­դամ­բա­նը, ուր հել­լէն բա­նա­կի փո­ղե­րա­խում­բի նո­ւա­գակ­ցու­թեամբ եւ պա­տո­ւոյ պա­հա­կա­գուն­դի ըն­կե­րակ­ցու­թեամբ՝ տե­ղի ու­նե­ցաւ ծաղ­կեպ­սակ­նե­րու զե­տեղ­ման ա­րա­րո­ղու­թիւ­նը։
­Յա­նուն ­Յու­նաս­տա­նի հա­յու­թեան՝ ­Հա­յոց ­Ցե­ղաս­պա­նու­թեան102րդ ­տա­րե­լի­ցին ա­ռի­թով եւ ի յի­շա­տակ հա­յոց սրբա­ցեալ նա­հա­տակ­նե­րուն, Ան­ծա­նօթ ­Զի­նո­ւո­րի յու­շա­դամ­բա­նին ծաղ­կեպ­սակ զե­տե­ղեց ընկ. ­Պետ­րոս ­Պար­սա­մեան։