­Կի­րա­կի¸ 24 Ապ­րիլ 2022-ին¸ Ք­րիս­տո­սի Հ­րա­շա­փառ ­Յա­րու­թեան տօ­նին եւ ­Հա­յոց ­Ցե­ղաս­պա­նու­թեան նա­հա­տակ սուր­բե­րու յի­շա­տա­կին առ­թիւ¸ ­Յու­նաս­տա­նի ­Թե­մի բո­լոր ե­կե­ղե­ցի­նե­րէն ներս յըն­թացս սուրբ պա­տա­րա­գի կա­տա­րո­ւե­ցաւ նա­հա­տակ սուր­բե­րու բա­րե­խօ­սա­կան մաղ­թանք։
­Նէոս ­Գոզ­մո­սի «Ս. ­Յով­հան­նու ­Կա­րա­պետ» ե­կե­ղեց­ւոյ մէջ¸ սուրբ պա­տա­րա­գի ա­րա­րո­ղու­թեան եւ սրբա­խօ­սա­կան մաղ­թան­քին հան­դի­սա­պե­տեց թե­միս Ա­ռաջ­նորդ Սր­բա­զան հայ­րը՝ ­Գե­ղամ արք. ­Խա­չե­րեան։
­Բա­րե­խօ­սա­կան մաղ­թան­քէն ետք¸ Ա­ռաջ­նորդ Սր­բա­զան ­հայ­րը օ­րո­ւան խոր­հուր­դով իր պատ­գա­մը ուղ­ղեց ներ­կայ հա­ւա­տա­ցեալ­նե­րուն։ ­Մէջ­բե­րե­լով ­Սուրբ ­Յա­րու­թեան ա­ւե­տի­սը իւ­ղա­բեր կա­նանց տո­ւող հրե­շ­տա­կին շեշ­տա­կի խօս­քե­րը¸ որ կ’ը­սէր ա­նոնց¸ թէ ին­չու՞ ող­ջը մե­ռել­նե­րուն մէջ կը փնտռեն¸ նոյն խօս­քին պրիս­մա­կէն դի­տե­լով նա­հա­տակ­նե­րու յի­շա­տա­կի ո­գե­կո­չու­մը¸ նոյն խօս­քը կ’ուղ­ղո­ւի իւ­րա­քան­չիւր հա­յուն¸ որ սուրբ նա­հա­տակ­նե­րը մե­ռել­նե­րու կար­գին կը դա­սեն։
­Նա­հա­տակ­ներն մա­հո­ւան հետ կապ չու­նին¸ ա­նոնք ­Յա­րու­թեան հա­ւատ­քով ի­րենց նա­հա­տա­կու­թեամբ մա­հը ան­տե­սե­լով կեան­քը ընտ­րած են։ Իւ­րա­քան­չիւր Ապ­րի­լ 24-ի յի­շա­տա­կումը ինք­նին ­Սուրբ ­Յա­րու­թեան տօն է ար­դէն¸ ո­րով­հե­տեւ¸ ա­ւե­լի պեր­ճա­խօս տօն եւ ա­ռիթ չկայ քան Ք­րիս­տո­սի հրա­շա­փառ ­Յա­րու­թեան տօ­նը¸ որ լա­ւա­գոյնս կը թարգ­մա­նէ մեր ժո­ղո­վուր­դի ­Յա­րու­թեան հա­ւատ­քի ըմբռ­նու­մը։
Ակ­նար­կե­լով հայ ժո­ղո­վուր­դին փո­թոր­կա­լից պատ­մու­թեան¸ Ա­ռաջ­նորդ Սր­բա­զան ­հայ­րը դի­տել տո­ւաւ¸ որ ե­թէ իր պատ­մու­թեան ըն­թաց­քին հա­զար ան­գամ իյ­նա­լով հան­դերձ վե­րա­կանգ­նած է¸ պա­տա­հա­կա­նօ­րէն չէ ե­ղած ա­տի­կա։ ­Վե­րա­կանգ­նու­մը իր նա­խա­պայ­ման­նե­րը ու­նի։ Ե­թէ իբ­րեւ ազգ վե­րա­կանգ­նած ենք միշտ¸ պատ­ճա­ռը այն է¸ որ իւ­րա­քան­չիւր սե­րունդ ինք­զինք լա­ւա­պէս ճանչ­ցած է¸ իր ազ­գա­յին հո­գե­կան կո­րովն ու ա­րիու­թիւ­նը պա­հած է¸ իր ստա­ցած ազ­գա­յին եւ հա­յե­ցի դաս­տիա­րա­կու­թեամբ։ ­Վեր­ջին ժա­մա­նակ­նե­րու հայ­կա­կան մեր ի­րա­կա­նու­թեան անդ­րա­դառ­նա­լով ան ը­սաւ¸ այ­սօր ալ կը շա­րու­նա­կենք¸ մա­նա­ւանդ պա­հան­ջա­տի­րա­կան ե­լոյթ­նե­րուն եւ ար­շաւ­նե­րուն ա­ռի­թով¸ բե­մե­րէն ը­սել նոյն բա­նը¸ թէ պի­տի վե­րա­տի­րա­նանք¸ պի­տի ա­զա­տագ­րենք¸ պի­տի վե­րա­դարձ­նենք ո­գե­ւո­րող խօս­քե­րը։ ­Սա­կայն¸ երբ բե­մե­րէն եւ հրա­պա­րակ­նե­րէն կը վե­րա­դառ­նանք մեր ա­ռօ­րեայ ազ­գա­յին կեան­քին¸ ի յայտ կու գայ¸ որ մեր գո­յա­պայ­քա­րին հա­մար տար­րա­կան պա­տաս­խա­նա­տո­ւու­թիւն­ներն ան­գամ կը դժո­ւա­րա­նանք յանձն առ­նե­լու¸ երբ ար­դէն հրա­պա­րա­կի վրայ հետզ­հե­տէ կը նո­ւա­զին ա­նոնք¸ ո­րոնք վե­րա­կանգ­նու­մի ազ­գա­յին ո­գին ու­նին։ Եւ իբ­րեւ օ­րի­նակ բե­րաւ¸ Ա­րամ Ա. ­Վե­հա­փառ ­Հայ­րա­պե­տին ­Կի­լի­կիոյ ­Կա­թո­ղի­կո­սու­թեան թե­մե­րու ճամ­բով մեր գա­ղութ­նե­րուն կա­տա­րած բո­լո­րով միա­տեղ վե­րա­կազ­մա­կեր­պո­ւե­լու¸ վե­րա­կեն­սա­ւո­րո­ւե­լու¸ վե­րաշ­խու­ժա­նա­լու պատ­գամ թե­լադ­րան­քը¸ որ տա­կա­ւին կը մնայ գա­ղա­փար¸ ծրա­գիր¸ ա­ռանց գործ­նա­կան եւ շօ­շա­փե­լի նա­խա­ձեռ­նու­թիւն­նե­րու այս ուղ­ղու­թեամբ։
­Վե­րա­կանգ­նու­մի հա­մար անհ­րա­ժեշտ բո­լոր կա­ռոյց­ներն ալ¸ ե­կե­ղե­ցի-հա­ւատք¸ դպրոց եւ ազ­գա­յին ինք­նու­թիւն¸ ըն­տա­նիք եւ ժո­ղովր­դա­յին ազ­գա­յին ժա­ռան­գու­թիւն¸ մարմ­նակր­թա­կան միու­թիւն­ներ եւ չար­քաշ ու նո­ւի­րեալ­նե­րու կա­մա­ւոր բա­նակ¸ մշա­կու­թա­յին միու­թիւն եւ ազ­գա­յին մշա­կոյթ¸ ե­րի­տա­սար­դա­կան միու­թիւն­ներ եւ պայ­քա­րի մար­տու­նակ ան­կոտ­րում կո­րով¸ բա­րե­սի­րա­կան կա­նա­ցի միու­թիւն­ներ եւ ազ­գա­յին խնա­մա­տա­րու­թիւն¸ ի­գա­կան սե­ռի կա­րո­ղա­կա­նու­թեան ամ­բող­ջա­կան զի­նո­ւո­րագրում¸ բո­լորն ալ անհ­րա­ժեշտ կա­ռոյց­ներ են¸ ո­րոնք գո­յու­թիւն ու­նե­ցան¸որ­պէս­զի իւ­րա­քան­չիւր սե­րունդ ինք­զինք հա­յօ­րէն ճանչ­նայ եւ ու­նե­նայ այն բո­լոր տո­ւեալ­նե­րը¸ իր մէջ պա­հե­լու վե­րա­կանգ­նե­լու ազ­գա­յին ծի­նա­յին կա­րո­ղա­կա­նու­թիւ­նը։ ­Բո­լոր կա­ռոյց­ներն ալ անհ­րա­ժեշտ են անխ­տիր եւ բո­լորն ալ պէտք է որ ի­րենց նպա­տա­կին ծա­ռա­յեն։ Ոչ մէկ կա­ռոյց դուրս պէտք է մնայ իւ­րա­քան­չիւր սե­րուն­դի դաս­տիա­րա­կու­թեան պա­տաս­խա­նա­տո­ւու­թե­նէն։ Այ­լա­պէս¸ ան­ցեա­լէն ե­կող վե­րա­կանգ­նե­լու մեր ազ­գա­յին յատ­կու­թիւ­նը¸ այ­սօր կը մնայ խօս­քի սահ­ման­նե­րուն մէջ եւ հե­տե­ւա­բար՝ ժա­մա­նա­կավ­րէպ։ Այդ շող­շո­ղուն խօս­քե­րը ե­թէ բե­մե­րէն վար գոր­ծով չար­դիւ­նա­ւո­րո­ւին¸ օ­դին մէջ ցնդած ձայ­նի կը վե­րա­ծո­ւին եւ պա­տա­հա­կան ու այդ վայր­կեա­նին ստեղ­ծած խան­դա­վա­ռու­թիւն։
­Մեր հին ու նոր¸ մի­լիո­նա­ւոր սուրբ նա­հա­տակ­նե­րը¸ ­Յա­րու­թեան հա­ւատ­քին վրայ հիմ­նո­ւած յա­ւեր­ժու­թեան ազ­գա­յին ար­ժէք­նե­րու ա­ռաջ­նա­հեր­թու­թիւն­ներ կտա­կե­ցին յա­ջորդ սե­րունդ­նե­րուն։ Ի­րենց կեան­քով ու նա­հա­տա­կու­թեամբ ցոյց տո­ւին¸ թէ մեր ազ­գը յա­ւեր­ժօ­րէն պահ­պա­նող ար­ժէք­նե­րը ո­րոնք են։
­Բա­րե­խօ­սա­կան մաղ­թան­քի ա­ւար­տին¸ Ա­ռաջ­նորդ Սր­բա­զա­նը հրա­ւի­րեց ներ­կա­նե­րը միաս­նա­բար եր­գե­լու՝ վասն հա­ւա­տոյ եւ վասն հայ­րե­նեաց գո­յա­պայ­քա­րին խորհր­դա­նիշ եր­կու քայ­լերգ­նե­րը՝ ­Կի­լի­կիա եւ ­Մեր ­Հայ­րե­նիք։

ԹՂԹԱԿԻՑ