Յունահայ գաղութին կողմէ կազմակերպուած Հայոց ցեղասպանութեան 108-րդ տարելիցի ելոյթներու ծիրէն ներս, Գալամաթայի հայութիւնը եւս, գլխաւորութեամբ տեղւոյն համայնքի թաղային խորհուրդին, կազմակերպեց ոգեկոչական ելոյթ եւ դափնեպսակներու զետեղում։ Հաւաքը տեղի ունեցաւ Ս. Նիկողայոս եկեղեցւոյ դիմաց գտնուող պուրակի հայկական խաչքարին առջեւ, ներկայութեամբ Գալամաթայի քաղաքապետական, նահանգապետական, քաղաքական, ոստիկանական եւ զինուորական կարգերու բարձր ներկայացուցիչներուն։ Հոն մեկտեղուած էր նաեւ Գալամաթայի հայութիւնը, որ իր յարգանքի տուրքը մատուցեց մեր ազգի եղեռնագործութեան զոհերուն։
Տեղի ունեցան պատշաճ խօսքեր, հայ եւ յոյն ներկաներուն կողմէ, որոնք անդրադարձան Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչման իրականութեան, շեշտը դնելով Թուրքիոյ անպատճելի մնալու իրողութեան, որ պատճառ կը դառնայ նոր ոճրագործութիւններու եւ առաւելապաշտութեան քաղաքականութեան տարածաշրջանէն ներս։ Խօսողները նշումներ ըրին Արցախի շրջափակման ու Ատրպէյճանի շղթայազերծած բռնարարքներուն մասին, սկսելով 44-օրեայ պատերազմէն մինչեւ Բերձորի արգելափակումը։ Յոյն խօսողները իրենց զօրակցութիւնը յայտնեցին հայութեան եւ տեղական հայ համայնքին, մաղթելով որ մարդկութիւնը պիտի կանխէ նոր ոճիրներ, որոնք կը գործուին նոյն ցեղասպաններուն կողմէ։
Շրջանի յոյն հոգեւորականի ներկայութեան կատարուեցաւ եկեղեցական արարողութիւն, ի յիշատակ մէկուկէս միլիոն նահատակուած հայերուն, որուն յաջորդեց դափնեպսակներու զետեղում։ Յաջորդաբար, մեր հայրենակիցները յուզումի մթնոլորտին մէջ մոմեր վարեցին յուշարձանին շուրջը՝ խորհրդանշելով նահատակ հայերու թիւը եւ 1915 թուականը, ինչպէս նաեւ ծաղիկներ խոնարհեցուցին յուշակոթողին առջեւ։
ԳԼԽԱՒՈՐ ԷՋ ԳԱՂՈՒԹԱՅԻՆ Գաղութային կեանք Հայոց ցեղասպանութեան ոգեկոչումը Գալամաթայի մէջ