Չորեքշաբթի, 24 Ապրիլ 2024-ի կեսօրէ ետք ժամը 6-ին, Քալամաթայի քաղաքապետութեան նախաձեռնութեամբ, «Ֆրակոլիմնա» հրապարակէն ներս կանգնած հայկական խաչքարին առջեւ տեղի ունեցաւ Հայոց ցեղասպանութեան 109-ամեակի ոգեկոչումը։
Ներկայ էին Քալամաթայի քաղաքապետ պրն. Թանասիս Վասիլոփուլոս, Մէսինիայի փոխ նահանգապետ պրն. Սթաթիս Անասթասոբուլոս, տեղւոյն Տ. Խրիսոսթոմոս Մետրապոլիտի ա. քարտուղարը Տ. Փիլիպոս ծ. վարդապետ, Յունաստանի Հայոց թեմի Առաջնորդ Գերշ. Տ. Գեղամ Ս. արք. Խաչերեանի ներկայացուցիչ Տ. Պարէտ քհնյ. Խաչերեան, Ազգային վարչութեան ատենապետ պրն. Թագւոր Յովակիմեան, երեսփոխաններ, զինուորական ներկայացուցիչներ, լրագրողներ եւ տեղւոյն հայկական համայնքի ներկայացուցիչներն ու անդամները։
Բացման խօսքէն ետք, Տ. Պարէտ քահանայ կատարեց Մեծ Եղեռնի առթիւ գոհաբանական մաղթանքը։ Ապա հերթաբար խօսք առին պրն. Վասիլոփուլոս, պրն. Անասթասոբուլոս եւ Տ. Փիլիպոս ծ. վարդապետը։
Անոնք յետադարձ ակնարկ մը կատարելով, նախ անդրադարձան 1915-ի հայ ժողովուրդի ահաւոր աղէտին մասին։ Դատապարտեցին թուրքերուն կողմէ գործադրուած կոտորածը, ապա շեշտեցին դարերու պատմութեան ընթացքին հայ ու յոյն ժողովուրդներու դիմագրաւած նոյն սեւ ու դժուարին ճակատագիրը, որ յառաջացած է միեւնոյն թշնամիին կողմէ։ Աւարտին, անոնք գնահատանքով արտայայտուեցան Յունաստանէն եւ մասնաւորաբար Քալամաթայէն ներս ապրող ու գործող հայութեան մասին։
Պրն. Յովակիմեան, իր կարգին, անդրադարձաւ Հայոց ցեղասպանութեան աղէտին եւ դրդապատճառին մասին։ Ետքը, ան յատուկ կերպով ներկայացուց Արցախի այսօրուան իրավիճակը եւ դիմեց քաղաքակիրթ ու ազատամիտ յոյն եւ այլ պետութիւններուն, որպէսզի շատ արագ օգտակար դառնան Ղարաբաղի հայութեան եւ քաղաքական հարցի լուծման։
Ձեռնարկի աւարտին տեղի ունեցաւ դափնեպսակներու զետեղում, որմէ ետք քաղաքապետարանի շեփորախումբը նուագեց յունական ու հայկական ոգերգները։
Ապա, Տ. Պարէտ քհնյ. Խաչերեան ու պրն. Թագւոր Յովակիմեան հանդիպում ունեցան Քալամաթայի հայկական գաղութի ներկայացուցիչներուն ու ժողովուրդին հետ։
ԹՂԹԱԿԻՑ