­Հա­յոց ցե­ղաս­պա­նու­թեան 105րդ ­տա­րե­լի­ցին եւ հրէա­կան ­Ողջակիզման 75րդ ­տա­րե­լի­ցին ա­ռի­թով, Հ.Յ.Դ. ­Յու­նաս­տա­նի ­Հայ դա­տի յանձ­նա­խում­բը եւ Հ.Յ.Դ. ­Յու­նաս­տա­նի Ե­րի­տա­սար­դա­կան միու­թիւ­նը, ըն­դա­ռա­ջե­լով ի­րենց ուղ­ղուած յա­տուկ հրա­ւէ­րին, Ե­րեք­շաբ­թի՝ 18 ­Փետ­րո­ւար 2020ի ա­ռա­ւօ­տուն, ներ­կայ գտնո­ւե­ցան ­Լա­ղո­նի­սիի մէջ գտնո­ւող ­Քա­լի­վիա­յի թիւ 2 երկ­րոր­դա­կան պե­տա­կան վար­ժա­րա­նը (2ο Λύκειο Καλυβίων, Λαγονήσι)։
Եր­կու կա­րե­ւոր պատ­մա­կան փաս­տե­րուն անդրա­դառ­նա­լու եւ պատ­մա­կան տո­ւեալ­նե­րուն ու ա­նոնց հե­տա­գա­յի հե­տե­ւանք­նե­րուն շուրջ ա­շա­կեր­տու­թիւ­նը ի­րա­զե­կե­լու ու դաս­տիա­րա­կե­լու հա­մար, կրթա­րա­նի ու­սուց­չա­կան կազ­մը, ա­ռաջ­նոր­դու­թեամբ՝ տնօ­րէ­նու­հի տի­կին Ֆ. ­Մար­ղիո­րա­յի եւ բա­նա­սէր տի­կին Ան­նա ­Փո­լի­թո­ւի, նա­խա­պատ­րաս­տա­կան լայն աշ­խա­տանք մը գլխա­ւո­րած էին նա­խոր­դող օ­րե­րուն, դպրո­ցի ա­շա­կերտ­նե­րուն տար­բեր տե­սա­կի աշ­խա­տանք­ներ յանձ­նե­լով։
Այս­պէս, ա­նոնց Ա. Բ. եւ Գ. դա­սա­րան­նե­րէն խմբակ­ներ, վի­տէօ ե­րիզ­ներ պատ­րաս­տած էին, վե­րապ­րած­նե­րու յու­շեր ձայ­նագ­րե­լով, կամ ար­տա­սա­նու­թիւն­ներ գրի ա­ռած ու բա­նաս­տեղ­ծա­կան կտոր­ներ ընտ­րած էին, ի­րենց աշ­խա­տանք­նե­րուն ընդ­մէ­ջէն սոր­վե­լով ու դաս­տիա­րա­կո­ւե­լով պատ­մա­կան յստակ տո­ւեալ­նե­րուն մա­սին։
Ա­շա­կերտ­ներն ու ի­րենց ու­սուց­չու­հի­նե­րը, խօ­սե­լով մարդ­կու­թեան դէմ գոր­ծո­ւած ա­հա­ւոր եր­կու ո­ճիր­նե­րուն մա­սին, նկա­րագ­րե­ցին հա­յե­րուն ու հրեա­նե­րուն դէմ ի­րա­գոր­ծո­ւած բռնու­թիւն­նե­րը, նշե­լով թէ մարդ­կու­թիւ­նը եր­բեք չի կրնար մոռ­նալ կամ ան­տե­սել նման չա­րիք, ոչ ալ կրնայ եր­բեք հան­դուր­ժել մո­լե­ռան­դու­թեան, ցե­ղա­պաշ­տու­թեան ծայ­րա­յեղ ե­րե­ւոյթ­ներ։
­Վար­ժա­րա­նի ամ­փի­թատ­րո­նին մէջ հա­ւա­քո­ւած 275 ա­շա­կերտ­նե­րը, ու­շադ­րու­թեամբ հե­տե­ւե­ցան նիւ­թե­րու ներ­կա­յաց­ման։
Հ.Յ.Դ. ­Հայ դա­տի յանձ­նա­խում­բի ներ­կա­յա­ցու­ցիչ ընկ. Հ­ռիփ­սի­մէ ­Յա­րու­թիւ­նեան եւ Հ.Յ.Դ. Ե­րի­տա­սար­դա­կան միու­թեան ներ­կա­յա­ցու­ցիչ ընկ. ­Նա­նօր Էր­ջէ­նեան, խօ­սե­ցան ­Հա­յոց ցե­ղաս­պա­նու­թեան հե­տե­ւան­քով հա­յու­թեան կրած հե­տե­ւանք­նե­րուն մա­սին, նկա­րագ­րե­ցին պատ­մա­կան դէպ­քե­րը, ինչ­պէս նաեւ ներ­կա­յա­ցու­ցին նոր սե­րունդ­նե­րուն կող­մէ շա­րու­նա­կո­ւող հա­յու­թեան պա­հան­ջա­տի­րա­կան պայ­քա­րի հանգ­րո­ւան­նե­րը։ Ըն­կե­րու­հի­նե­րը շեշ­տե­ցին ­Հա­յոց ­ցե­ղաս­պա­նու­թեան մի­ջազ­գա­յին ճա­նաչ­ման անհ­րա­ժեշ­տու­թիւ­նը, հե­տե­ւանք­նե­րու վե­րաց­ման գոր­ծըն­թա­ցը եւ ժխտու­մին դէմ պայ­քա­րե­լու մեր ժո­ղո­վուր­դի ու ե­րի­տա­սար­դու­թեան պատ­րաս­տա­կա­մու­թիւ­նը։ ­Հար­ցում­նե­րու պա­տաս­խա­նե­լով, յա­ւե­լեալ անդ­րա­դար­ձան յու­նա­հայ գա­ղու­թի ի­րա­վի­ճա­կին, մշա­կու­թա­յին հար­ցե­րու, հայ եւ յոյն ժո­ղո­վուրդ­նե­րու մի­ջեւ բա­րե­կա­մու­թեան թե­մա­նե­րու։
Զ­րոյ­ցի ա­ւար­տին ցու­ցադ­րո­ւե­ցաւ կարճ ե­րիզ մը, սփիւռ­քի գա­ղութ­նե­րուն մէջ Ապ­րի­լեան ո­գե­կո­չա­կան ձեռ­նարկ­նե­րէ ու ժո­ղովր­դա­յին քայ­լար­շաւ­նե­րէ։
­Պէտք է նշել ա­շա­կեր­տու­թեան կող­մէ ցու­ցա­բե­րո­ւած հե­տաքրք­րու­թեան բարձր մա­կար­դա­կը, ո­րոնք հա­ւա­քի վեր­ջա­ւո­րու­թեան, ա­ռան­ձին զրոյց­նե­րով ալ շա­րու­նա­կե­ցին տե­ղե­կու­թիւն­ներ քա­ղել եր­կու ըն­կե­րու­հի­նե­րէն։
­Մեկ­նե­լէ ա­ռաջ, ա­նակն­կալ մը ներ­կա­յա­ցու­ցին ա­շա­կերտ­նե­րը եր­կու հիւ­րե­րուն, ի­րենց հրա­ւի­րե­լով դպրո­ցի ռա­տիո­կա­յա­նը, ուր հայ­կա­կան բա­նաս­տեղ­ծու­թեամբ եւ հայ­կա­կան եր­գե­րով՝ ճոխ բո­վան­դա­կու­թեամբ մշա­կու­թա­յին յայ­տա­գիր մը պատ­րաս­տած էին եւ նոյն պա­հուն (live) սփռե­ցին ե­թեր։