Միացեալ Նահանգներու Ներկայացուցիչներու տան կողմէ Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչման որոշումը աննկարագրելի գոհունակութեամբ ընդունուեցաւ բովանդակ հայաշխարհին մէջ։
Երկար տարիներու անդուլ պայքարի, հետեւողական յամառ աշխատանքի, կապերու եւ յարաբերութիւններու շղթայ մըն էր, որ ծաւալեցաւ Ամերիկայի Հայ դատի յանձնախումբին կողմէ, որուն ջանքերը պսակուեցան ամերիկեան ճանաչումով։
Յունաստանի հանրային կարծիքը անմասն չմնաց այս կարեւոր լուրէն։ Հեռատեսիլի, ձայնասփիւռի, տպագիր կամ համացանցի մամուլին ճամբով, լրատուական բոլոր միջոցները լայնօրէն անդրադարձան Ներկայացուցիչներու տան որոշումին, օրեր առաջ եւ ճանաչումէն յետոյ՝ մանրամասն հաղորդումներով եւ յօդուածներով։
Ճանաչումէն անմիջապէս ետք, Հ.Յ.Դ. Յունաստանի Հայ դատի յանձնախումբի հեռաձայները չդադրեցան զարնելէ, մանաւանդ հանրածանօթ լրատուական միջոցներու գրասենեակներէն եկող հրաւէրներով, որոնք անպայման եւ շեշտակի կերպով ուզեցին աւելին իմանալ ու իրազեկ դարձնել իրենց հետեւորդները Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչման մասին։ Այսպէս, Հայ դատի յանձնախումբի անդամները, մօտ երկու տասնեակ լրատուական միջոցներու տուին մանրամասն հարցազրոյցներ եւ պատասխանցին լրագրողներու հարցումներուն։
Ծանօթ է յունական զանգուածային լրատուական միջոցներու զգայնութիւնը Հայոց ցեղապանութեան հիմնախնդիրին համար, մանաւանդ Յունաստանի եւ Թուրքիոյ կնճռոտ յարաբերութիւններու ոլորտին մէջ, կիպրական հարցի առնչութեամբ, յոյներու եւ պոնտոսցիներու կրած տառապանքներուն, բնաջնջման եւ տեղահանութիւններու պատմական ցաւոտ իրողութիւններու լոյսին տակ։
Աւելի քան ակնյայտ է յոյն քաղաքական եւ հասարակական շրջանակներուն կողմէ արտայայտուած հիացմունքը հայերուն հանդէպ, որոնք յաճախ կը վկայեն ու կը շեշտեն, որ «դուք կարողացած էք ձեր արդար դատը միջազգային ուշադրութեան եւ հանրային կարծիքին կեդրոնը բերել»։ Իսկ, Յունաստանի Հայ դատի յանձնախումբը յոյն քաղաքական աշխարհին մօտ միշտ ալ գնահատած ու շեշտած է հայ, յոյն եւ կիպրական կազմակերպութիւններու գործակցութիւնը միջազգային ատեաններէն ներս։
Վերջին օրերուն, յունական լրատուական միջոցներու հեղեղի նման շարունակական հրաւէրներն ու «պահանջ»ները հիւրասիրելու համար հայութեան տեսակէտները, մեզ պէտք է մղեն առաւել զգօնութեան եւ պատրաստութեան՝ Հայոց ցեղասպանութեան ու Հայ դատի գերխնդիրը ներկայացնելու եւ հանրային կարծիքը իրազեկելու աշխատանքին մէջ։
Յունական հանրային կարծիքը եւ լրատուական միջոցները ուշադրութեամբ կը հետեւին հայկական հարցերուն։ Աւելի քան հրամայական է, որ ասկէ ետք, Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչման եւ իրազեկման գործընթացին մէջ, ունենալ գիտականօրէն պատրաստուած ուժեր, քաղաքական եւ պատմական ծալքերը յաջողապէս ներկայացնող, հայ դատի իրաւական անժխտելի իրողութիւնը վերլուծող ատակ անձեր։
Անոնք պէտք է ի վիճակի ըլլան մեր ազգային հարցերը ներկայացնել գիտական մօտեցումով եւ միաժամանակ՝ քաղաքական խոր ըմբռնումով, մանաւանդ, երբ իրերայաջորդ ճանաչումներէն անդին, իրաւական եւ քաղաքական բոլոր ճամբաները կը բացուին՝ Հայ դատի պահանջատիրական ընթացքը այլեւս հատուցման ուղիին վրայ դնելու համար։
Յունաստանի Հայ դատի յանձնախումբի աշխատելաձեւին ու գործունէութեան մթնոլորտին մէջ թրծուած մեր սքանչելի երիտասարդները արդէն այդ շարունակական պատրաստութեան եւ դաստիարակութեան մթնոլորտին մէջ կը շնչեն։
Ասկէ ետք, աշխատանքները աւելի հետեւողական պէտք է դառնան եւ քարոզչական ծրագիրները աւելի շեշտակի բնոյթ պէտք է ստանան։ Այս բոլորին համար, յատկապէս համալսարաններու մէջ իրաւաբանական, քաղաքական եւ ընկերային գիտութիւններով զբաղողներու ներգրաւումը աւելի կարեւոր կը դառնայ։ Նոր սերունդը պէտք է այլեւս իր ձեռքին մէջ առնէ Հայ դատի քաղաքական եւ իրաւական պահանջատիրութեան նորանոր պատասխանատուութիւնը։
Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչումը եւ նոր սերունդի պատասխանատուութիւնը
Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչումը եւ նոր սերունդի պատասխանատուութիւնը