Ապ­րիլ 13ը ե­ղաւ պատ­մա­կան օր մը ­Րոտ Այ­լըն­տի հա­յու­թեան հա­մար: Ար­դա­րեւ, յա­տուկ բա­նա­ձե­ւով մը, տեղ­ւոյն խորհր­դա­րա­նը ճանչ­ցաւ ­Հա­յոց ­Ցե­ղաս­պա­նու­թիւ­նը: ­Միեւ­նոյն ժա­մա­նակ, նա­հան­գը ճանչ­ցաւ նաեւ հրեա­նե­րու Ող­ջա­կի­զու­մը: Այս եր­կու բա­նա­ձե­ւե­րը ար­դիւնքն էին ներ­կա­յա­ցու­ցիչ­ներ ­Քա­թը­րին ­Գա­զա­րեա­նի եւ Աա­րոն ­Ռու­կըն­պըր­կի հե­տե­ւո­ղա­կան աշ­խա­տանք­նե­րուն: ­Խորհր­դա­րա­նի խօս­նակ ­Նի­քը­լաս ­Մա­թիէ­լօ յայտ­նեց, թէ այս բա­նա­ձե­ւե­րը միա­ձայ­նու­թեամբ ըն­դու­նո­ւած են:
Այս հան­դի­սու­թեան ներ­կայ էին ­Սուրբ ­Սա­հակ-­Մես­րոպ եւ ­Սուրբ ­Վար­դա­նանց ե­կե­ղե­ցի­նե­րու հո­վիւ­ներ Շ­նորք ­Սո­ւին եւ ­Գաբ­րիէլ ­Նա­զա­րեան: ­Ներ­կայ էր նաեւ ­Րոտ Այ­լըն­տի ­Հայ ­Դա­տի ­Յանձ­նա­խում­բի պա­տաս­խա­նա­տու Ա­նի ­Հա­րո­յեան:
Ե­ռա­գոյն դրօ­շա­կի ծա­ծան­ման հան­դի­սու­թեան ա­րա­րո­ղու­թիւ­նը կա­տա­րո­ւե­ցաւ տեղ­ւոյն Հ.Մ.Ը.Մ.ի սկաուտ­նե­րուն մաս­նակ­ցու­թեամբ: