Ս. ՊԱՏԱՐԱԳ ՔԱԼԱՄԱԹԱՅԻ ՄԷՋ
Կիրակի` 17 Նոյեմբեր 2019ին Սուրբ եւ Անմահ
պատարագ պիտի մատուցուի Քալամաթայի
Ս. Նիկողայոս եկեղեցւոյ մէջ,
առաւօտեան ժամը 10.30ին։
Արարողութեան պիտի նախագահէ՝
Յունաստանի Հայոց Թեմի Առաջնորդ
ԳԵՐԱՇՆՈՐՀ Տ. ԳԵՂԱՄ ԱՐՔ. ԽԱՉԵՐԵԱՆ
Պիտի պատարագէ Կրօնական ժողովի ատենապետ՝
Տ. ՀՐԱՅՐ ԱՒ. ՔՀՆՅ. ՆԻԿՈԼԵԱՆ
Սիրով կը հրաւիրենք շրջանի մեր ժողովուրդի
զաւակները ներկայ գտնուելու
Սուրբ եւ Անմահ պատարագին։
ՀԱՅՈՑ ՑԵՂԱՍՊԱՆՈՒԹԵԱՆ
ԽԱՉՔԱՐ — ՅՈՒՇԱՐՁԱՆԻ ԲԱՑՈՒՄ
Բարձր հովանաւորութեամբ եւ ներկայութեամբ
Յունաստանի Հայոց Թեմի Առաջնորդ
ԳԵՐԱՇՆՈՐՀ Տ. ԳԵՂԱՄ ԱՐՔ. ԽԱՉԵՐԵԱՆԻ
Ձեռնարկը իրենց ներկայութեամբ պիտի պատուեն՝
Մեսինիասի մետրոպոլիտ
Տ. ԽՐԻՍՈՍԹՈՄՈՍ ԱՐՔԵՊԻՍԿՈՊՈՍ
Բէլոբոնիսոսի մարզպետ (Περιφερειάρχης Πελοποννήσου)
պրն. ԲԱՆԱՅԻՈԹԻՍ ՆԻՔԱՍ
Քալամաթայի քաղաքապետ
պրն. ԹԱՆԱՍԻՍ ՎԱՍԻԼՈԲՈՒԼՈՍ
Նախագահութեամբ՝
Յունաստանի Հայոց Թեմի Ազգային Վարչութեան
կազմակերպութեամբ՝ Քալամաթայի
քաղաքապետարանի եւ Ս. Նիկողայոս եկեղեցւոյ
թաղային խորհուրդի
Ողջոյնի խօսք՝
Հ.Յ.Դ. Հայ Դատի Յանձնախումբի
հանդիսավարութեամբ՝
պրն. ԹԱԳՒՈՐ ՅՈՎԱԿԻՄԵԱՆԻ
Պիտի մասնակցի Համազգայինի «Նանօր» պարախումբը, պարուսուցութեամբ՝ պրն Էտկար Էկեանի։
Կիրակի՝ 17 Նոյեմբեր 2019ին, յաւարտ Սուրբ եւ Անմահ Պատարագի ժամը 12ին, Ս. Նիկողայոս եկեղեցւոյ դիմացի հրապարակին վրայ։
Դիւան Ազգային Առաջնորդարանի
Ծանօթ՝
Ատտիկէի հաւատացեալ ժողովուրդին կը տեղեկացնենք, թէ Քալամաթայի յուշարձանի բացման ելոյթին համար, բուլման ինքնաշարժ պիտի տրամադրուի, որ ճամբայ պիտի ելլէ Կիրակի առաւօտ ժամը 7.30ին՝ Ինթէրքոնթինէնթալ պանդոկէն եւ ժամը 7.45ին՝ Գոքինիոյ Ս. Յակոբ եկեղեցիէն։ Երթեւեկութեան ծախս՝ 15 եւրօ։
Արձանագրութեան համար կը խնդրուի տեղեակ պահել Տ. Հրայր Աւ. քհնյ. Նիկոլեանին՝ հեռ. 6971688110, Տ. Պարէտ քհնյ. Խաչերեանին՝ հեռ. 6977547343, Տ. Նարեկ քհնյ. Շահինեանին՝ հեռ. 6974431561։ Արձանագրութեան պայմանաժամ մինչեւ Երկուշաբթի՝ 4 Նոյեմբեր 2019։