Հայոց ցեղասպանութեան 105րդ տարելիցի նշումը Հայաստանի եւ աշխարհի բոլոր հայագաղութներուն մէջ յարմարած են Պսակաձեւ ժահրի համավարակէն պաշտպանուելու նպատակով որդեգրուած սահմանափակումներուն։
Ապրիլեան պահանջատիրական նշումներու նախօրեակին, Հ.Յ.Դ. Հայ դատի յանձնախումբերը, գաղութային միացեալ մարմինները, ինչպէս նաեւ Հ.Յ.Դ. Երիտասարդական միութիւնները իրենց ազդու քարոզարշաւները պիտի կատարեն առցանց, տարբեր նախաձեռնութիւններով եւ ծրագիրներով։
Երեւանի մէջ, Հ.Յ.Դ. Երիտասարդական միութիւնը յայտարարած է, թէ ջահերով երթի տարեկան քայլարշաւը պիտի փոխարինէ մոմավառութեամբ, որ պիտի կատարեն բոլոր հայրենակիցները, իրենց բնակարաններու պատուհաններուն առջեւ մոմեր վառելով, ի յիշատակ Հայոց ցեղասպանութեան նահատակներուն։
Աւստրալիոյ մէջ, Հ.Յ.Դ. Հայ դատի յանձնախումբի նախաձեռնութեամբ, համացանցային ուղիղ սփռում նախատեսուած է Ուրբաթ՝ 24 Ապրիլին, ուր պիտի զրուցեն փրոֆ. Փանաեոթիս Տիամանտիս եւ գրագէտ Վիգէն Բաբգէնեան, անդրադառնալով Հայոց ցեղասպանութեան պատմական փաստի բոլոր հանգրուաններուն, ինչպէս նաեւ Աւստրալացի ժողովուրդի ու պետութեան կողմէ հայութեան բեկորներուն հանդէպ ցուցաբերուած զօրակցական քայլերուն շուրջ։
Անգլիոյ մէջ, Հ.Յ.Դ. Երիտասարդական Միութեան նախաձեռնութեամբ, ծրագիր մը սկսած է գործադրուիլ, բջիջային հեռաձայններու վրայ յատուկ քայլարշաւ մը կազմակերպելով, որ կը կոչուի #StepsToRecognition #OurWest #AYF
Մասնակիցները պարտին յատուկ այս քայլարշաւը ամբողջացնել մինչեւ 24 Ապրիլ, համացանցի վրայ զետեղելով իրենց բջիջային հեռաձայնով արձանագրուած քայլերու տուեալները։
Ամերիկայի մէջ եւս, նախատեսուած են համացանցային սփռումներ, ուր պատգամներով հանդէս պիտի գան Ա.Մ.Ն.ի պետական դէմքեր, գաղութային ներկայացուցիչներ եւ պիտի գործադրուին գեղարուեստական յատուկ յայտագրեր, տուներու մէջ երիզագրուած արուեստագիտական կատարումներով։
Լիբանանի մէջ, տեղի ունեցաւ խառն ժողով Ս.Դ.Հ.Կ.ի , Ռ.Ա.Կ.ի եւ Հ.Յ.Դ.ի միջեւ, որուն ընթացքին քննարկեցուեցաւ Ցեղասպանութեան 105ամեակը նշելու կարելիութիւնները։ Որոշուեցաւ որ լիբանանահայութիւնը անպայման նշէ Հայոց ցեղասպանութեան սրբադասուած նահատակներու յիշատակը եւ վերանորոգէ Հայ դատի պահանջատիրական իր ուխտը։ Բոլոր նախաձեռնութիւնները պիտի պատշաճեցուին ներկայ կացութենէն բխած պետական որոշումներուն եւ ամբողջականօրէն պիտի յարգուի ընկերային հեռաւորութեան սկզբունքը։
Յունաստանի մէջ, Հ.Յ.Դ. Յունաստանի Հայ դատի յանձնախումբի կազմակերպութեամբ եւ պետական հովանաւորութեամբ ու Հ.Հ. դեսպանութեան մասնակցութեամբ ամէն տարի ծրագրուած ոգեկոչական ելոյթներու շարքը, այս անգամ, ստեղծուած իրավիճակի բերումով, պիտի փոխարինուի Հ.Յ.Դ. Հայ դատի յաձնախումբի առցանց հաղորդումով, որ պիտի կատարուի Ուրբաթ՝ 24 Ապրիլի երեկոյեան ժամը 7։30ին, Յանձնախումբի Դիմատետրի (facebook) էջէն եւ «Ազատ Օր»ի կայքէջէն։