ՅՈՎՍԷՓ ՊԱՐԱԶԵԱՆ
Զեկոյց՝ ներկայացուած Երեւանի մէջ Հ.Հ. սփիւռքի նախարարութեան եւ Լրագրողներու Համահայկական Խմբաւորումին կողմէ Մայիս 30էն Յունիս 1 կազմակերպուած լրագրողներու 9րդ համաժողովի եռօրեայ նիստի ընթացքին, «Պետականութիւն եւ լրագրութիւն» նիւթով:
Աշխարհիս վրայ պետութիւններու, կառավարութիւններու, աւելի լայն իմաստով իշխանութիւններու հանդէպ լրագրողներու կեցուածքն ու դիրքաւորումը հիմնականօրէն կը տարբերին՝ իշխանամէտ, ընդդիմադիր, չէզոք, անկախ, կամ պիտակաւորուած կողմորոշումներու տարբերակուածութեան ու գաղափարաբանական զանազանութեան ըմբռնողութեամբ:
Պետութիւնները ընդհանրապէս անհանդուրժողութիւն կը ցուցաբերեն ամէն ինչի հանդէպ, որ մօտէն թէ հեռուէն կապ ունի, կամ՝ կապ կրնայ ունենալ զիրենք քննելու-քննարկելու տարաբնոյթ հարցերով:
Հարկ է յստակացնել, սակայն, թէ պետութիւնները ընկերային զարգացման ու շարունակականութեան վրայ կը հիմնուին. ատոնք տուեալներ են, որ անխուսափելիօրէն կ՛առնչուին մեր նշած քննական թէ քննադատական ըմբռնումնումներու ընդունուած հոլովոյթին հետ:
Երկար ատենէ ի վեր, աշխարհիս մէջ, պետականութեան կազմաւորման կառուցային դրսեւորման պատկերացումին շուրջ նոր տեսաբանութիւն մը կը զարգանայ, այն է թէ՝ հանրապետական պիտակի տակ գործող պետութիւններ կեղծ արդարութեան զարգացման հոլովոյթ մը կ՛ապրին, կորսնցուցած ըլլալով իրենց ճարտարութիւնն ու ճկունութիւնը. եթէ ոչ, ո՞րն է պետականութեան մը որակային հանգամանքը, երբ չի կրնար յարգել գաղափարներու եւ տեսակէտներու այլազանութեան ու զանազանութեան տարբերականութիւնը:
Հայաստանի սփիւռքի նախարարութեան կողմէ Հայաստան-Սփիւռք մամլոյ այս 9րդ համաժողովի լոյսին տակ՝ ճշդուած օրուան նիւթը ինքնին կը սահմանէ անոր բովանդակային բնոյթը, ինչպէս նաեւ հրապարակուած օրակարգային համապարփակ խօսքերու ու վերլուծումներու խորքն ու էութիւնը:
Գէշ չէ, նիւթը՝ այլապէս օգտակար է, քանի որ ինքնաբերաբար կը բխի մեր ժամանակներու ազգային ու քաղաքական այժմէական պահանջներէ, որուն համար ալ անբարդոյթ մղումով կարելի է շատ բան ըսել:
Ճիշդ է, պետութիւն մը, որեւէ պետութիւն մասնաւորներուն համար չէ միայն. բոլորին համար է, այդ պատճառով ալ՝ պետականութիւնը ժողովրդավարական սկզբունքներէ եւ գաղափարական առաքինութիւններէ չի վախնար: Չի վախնար մանաւանդ հայրենասիրութենէ, որովհետեւ պետական հայրենասիրութիւնը ե՛ւ արական է, ե՛ւ իգական: Պետականութիւնը լաւ կը ճանչնայ երկուքն ալ եւ իւրաքանչիւր պարագայի ճիշդ կ՛օգտագործէ ամէն մէկուն առանձնայատկութիւնը:
Վերլուծե՛նք:
Երբ պետութեան սահմանումը կուտանք, նախ եւ առաջ հայրենասիրական համընդհանուր սկզբունքային մօտեցում պէտք է ունենալ: Մեր պարագային երեք հիմնական պատճառներով.
ա) Նորակազմ, հազիւ 27 տարուան անկախութեան տիրացած ըլլալու հանգամանքը:
բ) Շարունակուող պատերազմի մէջ գտնուելու հանգամանքը:
գ) Իր պատմութեան մէջ ահաւոր ծաւալով ճանչցած արտագաղթին պատճառով: Այսինքն, երկիր մը, որու բնակչութեան երկու երրորդը կ՛ապրի մայր հողէն հեռու, եւ բարեացակամօրէն ըսած՝ միայն մէկ երրորդը կ՛ապրի հայրենի հողին վրայ, անորոշ ու տատանող ապագայի մը առջեւ գտնուելով:
Անհրաժեշտ է ճիշդ գնահատել մեզի պարտադրուած երեւոյթները: Մեր պետականութիւնը ասկէ վերջ՝ պետականութեան զուգահեռ պիտի մեծնայ ու զօրանայ, իրմէ պակսածն ու աւելցածը արժեւորելով առաւելագոյն հնարաւորութեանց կարելիութիւններով:
Գիտենք, որ պետականութեան հասկացողութեան հասունացումը քիչ մը ժամանակ կ՛ուզէ, բայց վստահ եղէք, որ պետականութիւն զգեցած հանրապետութեան առաքելութիւնը երբեք չի վերջանար:
Իր դիմագրաւած ներկայ դժուարութեանց պատճառով հայկական պետականութիւնը չ՛արտայայտեր, չի՛ կրնար արտայայտել բազմակողմանիօրէն ու բազմաճակատօրէն իր ըսել եւ իր ընել ուզածը: Մենք ալ, կարգ մը բաներ կը փորձենք մատնացոյց ընել, առանց երբեմն ամէն ինչ իրենց ճշգրիտ անունով արտայայտելու:
Պետականութեան մը մէջ առանձնաշնորհեալ ժողովրդավարութեան ցուցանիշ չի կրնար համարուիլ՝ առանձնաշնորհեալ հրեշտակներ եւ ոչ-առանձնաշնորհեալ սատանաներ ունենալը: Առանձնաշնորհեալները՝ ի՛նչ տիպի կամ կերպի մարդիկ ըլլան անոնք, սեւ կամ սպիտակ ոչխարներ չեն կրնար սնուցանել, միտումնաւորօրէն կողմնորոշուած դասակարգումներ կատարել, որովհետեւ մէկ օրուան մէջ սեւը սպիտակի եւ սպիտակը սեւի կրնայ վերածուիլ:
Նոյնպէս, եւ վերադառնալով մեր համագումարի օրուան նիւթին, ըսենք, թէ պետականութեան մէջ առանձնաշնորհեալ տեղեկատուութիւնը ժողովրդավարութեան ցուցանիշ չի կրնար համարուիլ: Լրագրողը քաղաքական անկախութիւն պէտք է ունենայ, երբ պետութեան համար որեւէ վերլուծում կոչուած է ընելու: Լրագրողը պէտք է առաջնորդուի ազգային պարկեշտութենէ, եւ ոչ թէ շահամոլ զգուշաւորութենէ: Առնուազն՝ պարկեշտ զգուշաւորութենէ, կամ զգուշաւոր պարկեշտութենէ:
Լրագրողը պէտք է խարանէ քուէի, ազգային արժէքներու եւ հանրապետական կառոյցներու հետ խաղալ ուզող իշխանութեանց, եւ իշխանաւորներուն:
Այս բոլորով հանդերձ, զգո՜յշ, պէտք է լաւ գիտնալ թէ՝ պետութեան, կամ պետական հասկացողութեան, ինչպէս նաեւ ու մանաւանդ բանակին հանդէպ արտակարգ յարգանք պէտք է ունենալ, որովհետեւ պետականութիւնն ու բանակը բաներ են, որոնցմէ հայը զրկուած էր դարերու ընթացքին եւ զրկուած էր այն չափով, որ կարծես համաշխարհային անբուժելի, այլեւ բացասականօրէն փոխանցիկ մանրէ մը հարուածած ըլլար հայուն ճակատագիրը:
Պետութիւնները միշտ ալ գերիշխող մեծամասնութիւններու պատկերը չեն ցոլացներ, այնքան ատեն, որ մութին մէջ կը մնան պետութեամբ զբաղող մեխանիզմներ: Այս բարդ ու անթափանցիկ հարցին մէջ շատ մը բաներ դաշտ, ճակատ ու այլ բաներ փոխած են: Դաշտն ու ճակատն ալ անուն փոխած են:
Յստակ պէտք է ըլլայ բոլոր ժամանակներու մէջ թէ՝ պետութիւնները արժէքային շրջագիծի մը մէջ պէտք է տարուբերին: Եթէ անկէ դուրս գալ ուզեն, պիտի նմանին աղի ջուրի մէջ սնանող ձուկի մը, որուն անուշ ջուրի մէջ կը փորձենք լողալ սորվեցնել: Անոր ապագան փայլուն չի կրնար ըլլալ:
Եկէ՛ք, սա պարզ հաստատումներէն անդին երթանք, որպէսզի այն տպաւորութիւնը չստացուի, թէ մենք ալ հին մոտաներու, կամ լոզունգային կանխորոշուած ոճի մը մշակոյթի հետեւորդներ թէ ջատագովներ ենք:
Լրագրող մը, իմա՝ հայ լրագրող մը, խմբագիր մը, իր գործը ճիշդ ու արդիւնաւոր ձեւով ընելու համար, օրուան բազմազան հարցերու մասին միայն իր պետութենէն չի կրնար տեղեկանալ, ոչ ալ միայն իր պետութենէն կրնայ ղեկավարուիլ: Հայկական աղբիւրներէ անդին, անհրաժեշտ է որ ան օգտագործէ նաեւ թրքական, ազերիական, վրացական, ռուսական, ամերիկեան, եւրոպական, պարսկական, մէկ խօսքով բարեկամ, թշնամի, դաշնակից թէ ոչ պետութեանց թղթակիցներէ, տարբեր ու տարբեր հաղորդակցական միջոցներէ: Աւելին, միջազգային վերլուծաբաններէ: Հաղորդակցութինն է որ հասարակութիւնը կրնայ ճշմարիտ առօրեային ու ճշմարիտ եղելութիւններուն կապել:
Քիչ մը աւելի անդին երթալով՝ աւելցնենք, որ պետական բազմաճիւղ հանգամանքներով զբաղուող ղիկավար անձանց խորհրդատուներ, իրենց ղեկավարներուն պէս մտածող մարդոցմէ պէտք չէ բաղկանան, մէկ խօսքով՝ պետական մեքենայի մարդիկ պէտք չէ ըլլան անոնք:
Ընդունինք, որ ցանկացած շատ մը բաներ պետութիւններուն մէջ չկան, անոնց գործը հեզասահ ու արդիւնաւոր դարձնելու համար:
Պետութիւն մը պէտք չէ գոհանայ միայն լոզունգային հռետորութեամբ, որովհետեւ հռետորութիւնը շատ մը պարագաներու կրնայ հակառակ արդիւնքը տալ: Շատ մը պարագաներու ալ, ատոր փաստերը կան:
Հրապարակագիրներ կան, որ ամէն առիթով կը ճգնին պահպանել հայերէն լեզուի որակային էութիւնը, նոյնիսկ երբ բաւարար միջոցներէ զրկուած են, այդ որակի գոյատեւումը ապահովելու համար:
Լրագրողը, ի հարկին՝ պետութիւն քննող, քննարկող, քննատատող ու միաժամանակ գնահատող պէտք է ըլլայ: Ընթերցողն ալ՝ նո՛յն պատճառներով լրագրողին: Երբ լրագրողը ազգային կենսական հարցերու մօտեցման հաշւոյն յաջորդական ցուցմունքներ կը կատարէ, ու իր պետութիւնը ամէն ինչ կ՛անտեսէ եւ կը շարունակէ միեւնոյն սխալները կրկնել, թերեւս ժամանակաւորապէս կրնայ գոհացում զգալ իր ընթացքին համար, սակայն այդ հարցերը ապագային, վստահաբար իր դիմաց պիտի ցցուին:
Պետական ղեկավարութիւնները մտքի տարածք պէտք է ունենան, նորանոր դաշտեր բանան, այդ բացուածքն ալ ընդարձակեն:
Պետութիւն մը պարտի նկատի ունենալ՝ որքան նշանաւոր, նոյնքան մըն ալ աննշան բաներ, մանաւանդ տխուր բաներ:
Պետական դրամագլուխին համազօր ու հաւասարաչափ է լրագրական դրամագլուխը:
Լրագրողը կը պատկերացնեմ երկրաշարժներ արձանագրող սիզմոկրաֆիք ելեկտրոնական սարքի մը, որ երկրաշարժը արձանագրելէ ետք, պարտի անոր արդիւնքը հասարակութեան փոխանցել, որքան ալ տխուր ըլլայ անոր արդիւնքը:
Հարց տուող կրնա՞յ ըլլալ, եթէ լրագրողը կրնայ ազդել պետութեան վրայ:
Անշո՛ւշտ որ կ’ազդէ, անշո՛ւշտ որ կրնայ ազդել: Եթէ չազդէ, սխալ կ’ընէ:
Լրագրող մը, յաճախ, ընդդիմադիր կուսակցութենէ մը, օտար պետութենէ մը աւելի նկատի կ’առնուի, քան իր պետութենէն: Օտար դեսպաններ ու փորձագէտներ ուշի-ուշով կը կարդան որոշ ու ազդեցիկ լրագրողներու յօդուածներն ու վերլուծումները:
Լրագրողը յաճախ գաղտնի սպասարկութիւններէն մէկ քայլ առաջ, իսկ պետութիւններէն երկու քայլ առաջ կրնայ գտնուիլ իր տրամադրած կապերով, աղբիւրներով, ծանօթութիւններով, փորձառութեամբ, հնարաւորութիւններով ու հնարամտութեամբ:
Պետութիւնները լրջութեամբ պէտք է մօտենան լրագրողներուն: Այս համագումարը կարծեմ ատոր կարեւորութեան ցուցանիշ պէտք է համարել՝ ուստի եւ պէտք է սրտանց շնորհաւորել նախաձեռնողները, կազմակերպողները եւ այս ազատ բեմը մեզի ընձեռողները:
Չմոռնանք. լրագրութիւնը ազնուական առաքելութիւն մըն է, ուր լրագրողը իր կեանքին կէսը կ’անցընէ խօսելով ու գրելով այնպիսի բաներու մասին որ չի գիտեր, իսկ մնացեալ կէսն ալ կ՚անցընէ լուռ մնալով այնպիսի բաներու մասին, որ գիտէ:
Գիտցէ՛ք, ան՝ որ չի կրնար հասկնալ լրագրողի մը լռութիւնը, երբե՛ք պիտի չհասկնայ ո՛չ իր խօսածը, ոչ ալ իր գրածը: