­Մեծ է խոր­հուր­դը Սր­բոց ­Թարգ­ման­չաց տօ­նին, որ ­Հա­յաս­տա­նեայց Ե­կե­ղեց­ւոյ տօ­նա­ցոյ­ցով կ’ո­գե­կո­չո­ւի ­Հոկ­տեմ­բեր ամ­սու երկ­րորդ ­Շա­բաթ օ­րը։
­Խոր­քին մէջ մեր ե­կե­ղե­ցին եր­կու տօն նո­ւի­րած է հին­գե­րորդ դա­րու հա­յոց ­Թարգ­մա­նիչ ­Սուր­բե­րուն։ Ա­ռա­ջին տօ­նը նո­ւի­րո­ւած է ուղ­ղա­կի ­Սուրբ ­Սա­հակ ­Պար­թեւ ու ­Մես­րոպ ­Մաշ­տոց ­Հայր ­Թարգ­մա­նիչ­նե­րուն եւ տե­ղի կ­’ու­նե­նայ ­Յու­նի­սի վեր­ջը կամ ­Յու­լի­սի սկիզ­բը։ Իսկ երկ­րոր­դը՝ ­Հոկ­տեմ­բե­րի երկ­րորդ շա­բա­թա­վեր­ջը գրա­ւող տօ­նը, նո­ւի­րո­ւած է Ա­նոնց ար­ժա­նա­ւոր ա­շա­կերտ­նե­րուն՝ Եզ­նիկ ­Կող­բա­ցիի եւ ­Կո­րիւն Ս­քան­չե­լիի, Ե­ղի­շէ ­Պատ­մի­չի եւ ­Մով­սէս ­Խո­րե­նա­ցիի, ­Ղա­զար ­Փար­պե­ցիի եւ ­Դա­ւիթ Ան­յաղ­թի, ­Ղե­ւոնդ ­Վա­նան­դե­ցիի եւ մեր միւս թարգ­մա­նիչ մա­տե­նա­գիր­նե­րուն ու հայ մտքի ռահ­վի­րա­նե­րուն։
­Թէեւ իբ­րեւ ե­կե­ղե­ցա­կան տօն սկսաւ Սր­բոց ­Թարգ­ման­չաց ո­գե­կո­չու­մը, բայց ժա­մա­նա­կի ըն­թաց­քին ժո­ղովր­դա­յին այն­քա՜ն լայն ըն­դու­նե­լու­թեան գտաւ այդ տօ­նը եւ հայ ժո­ղո­վուր­դին հո­գե­հա­րա­զատ ա­ւան­դու­թիւն կեր­տեց ա՛յն աս­տի­ճան, որ նաեւ ազ­գա­յին-ժո­ղովր­դա­յին տօն դար­ձաւ՝ ար­ժա­նա­ւո­րա­պէս խորհրդան­շե­լով ­Հայ Մ­շա­կոյ­թի եւ Դպ­րու­թեան Օ­րը։
Եւ երբ 16 դա­րե­րու հե­ռա­ւո­րու­թե­նէն կը նա­յինք ու ար­ժե­ւոր­ման լու­սար­ձա­կին տակ կ­’առ­նենք հին­գե­րորդ դա­րու հա­յոց ­Թարգ­ման­չաց ­Շար­ժու­մը, ա­ռա­ջին հեր­թին ու­շադ­րու­թիւն կը գրա­ւէ հայ ժո­ղո­վուր­դին ա­ռանձ­նա­յա­տուկ՝ թարգ­մա­նիչ­ներ սրբաց­նե­լու եւ ա­նոնց տօն նուի­րե­լու ազ­գա­յին ե­րե­ւոյ­թը։
­Հայ հո­գեմ­տա­ւոր ժա­ռան­գու­թեան ե­րախ­տա­ւոր­նե­րէն ­Խո­րէն ­Պա­լեա­նի վկա­յու­թեամբ, ­Հայ Ա­ռա­քե­լա­կան Ե­կե­ղե­ցին ինք չե­ղաւ նա­խա­ձեռ­նո­ղը ­Թարգ­ման­չաց սրբա­ցու­մին։ ­Մեր ժո­ղո­վուր­դը ի՛նք իբ­րեւ սուր­բե­րու ըն­կա­լեց եւ պաշ­տա­մուն­քի ա­ռար­կայ դար­ձուց հին­գե­րորդ դա­րու ­Թարգ­մա­նիչ­նե­րը։ Իսկ ­Հա­յաս­տա­նեայց Ե­կե­ղե­ցին, ի տես ժո­ղովր­դա­յին այդ փա­րու­մին, ­Սուր­բե­րու կար­գին ար­ժա­նա­ցուց հայ մշա­կոյ­թի եւ դպրու­թեան ա­ռա­քե­լա­տիպ մեր նա­խա­հայր­նե­րը։
­Տար­բեր ալ չէր կրնար ըլ­լալ, ո­րով­հե­տեւ սոսկ թարգ­մա­նիչ­ներ չե­ղան Ա­նոնք՝ բա­ռին ըն­թա­ցիկ, օ­տար­նե­րու ստեղ­ծած մարդ­կա­յին մտքի գլուխ-գոր­ծոց­նե­րը հա­յե­րէ­նի փո­խադ­րե­լու հաս­կա­ցո­ղու­թեամբ։ Ոչ ալ, նոյ­նիսկ, ժա­մա­նա­կի քա­ղա­քակր­թա­կան նո­ւա­ճում­նե­րը հա­յաց­նե­լու, ազ­գա­յին մեր լե­զո­ւամ­տա­ծո­ղու­թեան պատ­շա­ճեց­նե­լու թարգ­մա­նա­կան ի­րենց ար­ժա­նի­քին հա­մար, միայն, ա­նոնք սրբա­ցո­ւե­ցան։ ­Թարգ­ման­չաց ­Շար­ժու­մը շատ ու շատ ա­ւե­լին էր այդ բո­լո­րէն, ուղ­ղա­կի հայ գրե­րու գիւ­տը մշա­կու­թա­յին ա­րա­րու­մով կեն­սա­գոր­ծե­լու մեծ եր­կունք մը ե­ղաւ եւ, իբ­րեւ այդ­պի­սին, դա­րե­րուն բա­ցո­ւե­լու թռիչ­քով օժ­տեց մին­չեւ քրիս­տո­նէու­թեան ­Հա­յաս­տան մուտ­քը ստեղ­ծո­ւած ու զար­գա­ցած հայ մշա­կոյ­թը՝ ա­նոր վե­րա­նո­րոգ­ման եւ նոր ժա­մա­նակ­նե­րու շուն­չով վե­րա­հաս­տատ­ման եր­թին թափ տա­լով։
­Պա­տա­հա­կան չէր, որ ­Սա­հակ ­Պար­թեւ եւ ­Մես­րոպ ­Մաշ­տոց, Վ­ռամ­շա­պուհ Ար­քա­յի ամ­բող­ջա­կան ա­ջակ­ցու­թիւ­նը վա­յե­լե­լով՝ ի­րենց պատ­րաս­տած ար­ժա­նա­ւոր ա­շա­կերտ­նե­րու մե­ծա­թիւ հոյ­լով ձեռ­նար­կե­ցին, ա­ռա­ջին հեր­թին, նո­րաս­տեղծ հայ գի­րե­րով Աս­տո­ւա­ծա­շուն­չը թարգ­մա­նե­լու տի­տա­նա­կան աշ­խա­տան­քին։ Ա­ւե­լի քան ե­րե­սուն տա­րի խլեց հա­ւա­քա­կան այդ աշ­խա­տան­քը եւ պսա­կո­ւե­ցաւ Աս­տո­ւա­ծա­շուն­չի հա­յա­ցու­մով, որ օ­տար­նե­րու իսկ վկա­յու­թեամբ՝ ար­ժա­նա­ցաւ «­Թա­գու­հի ­Թարգ­մա­նու­թեանց» կո­չու­մին։ Եբ­րա­յե­րէ­նի եւ յու­նա­րէ­նի հմուտ ու բազ­մա­կող­մա­նի ճա­նա­չո­ղու­թեամբ ու հո­գեմ­տա­ւոր մշա­կու­մի բարձ­րո­րակ մա­կար­դա­կով կա­տա­րո­ւե­ցաւ թարգ­ման­չա­կան աշ­խա­տան­քը՝ զու­գա­հե­ռա­բար հայ ­Թարգ­մա­նիչ­նե­րուն ըն­ձե­ռե­լով ի­րենց ժա­մա­նա­կի գի­տու­թեան եւ ճա­նա­չո­ղու­թեան յա­ռա­ջա­պահ դիր­քե­րուն վրայ յաղ­թա­հա­սակ կանգ­նե­լու զար­գա­ցու­մը։
­Հե­տե­ւա­բար, հայ­կա­կան ինք­նա­սի­րու­թիւ­նը շո­յե­լու հա­մար չէ, այլ Աս­տո­ւա­ծա­շուն­չի հա­յաց­ման հո­գեմ­տա­ւոր մեծ նո­ւա­ճու­մը եւ, դա­րեր ետք, ա­նոր լու­սապ­սա­կը դար­ձած ­Նա­րե­կը ըստ ար­ժան­ւոյն մե­ծա­րե­լու մղու­մով է, որ օ­տա­րը նոյ­նիսկ վկա­յեց, թէ Աս­տու­ծոյ հետ խօ­սե­լու լե­զուն հա­յե­րէ՛նն է։
Ա­ւե­լի՛ն. Աս­տո­ւա­ծա­շուն­չի թարգ­մա­նու­թիւ­նը միայն սկիզբն էր եր­կանց։ ­Հե­տե­ւե­ցան աս­տո­ւա­ծա­բա­նա­կան ի­մաս­տա­սի­րու­թեան եւ քրիս­տո­նէա­կան գրա­կա­նու­թեան ժա­մա­նա­կի գլուխ-գոր­ծոց­նե­րուն նոյն­քան յա­ջո­ղակ եւ հա­յա­շունչ թարգ­մա­նու­թիւն­նե­րը, ո­րոնք են­թա­հո­ղը դար­ձան ­Թարգ­ման­չաց միեւ­նոյն ­Սե­րուն­դին կող­մէ ոչ-կրօ­նա­կան, մարդ­կա­յին մտքի տար­բեր բնա­գա­ւառ­նե­րէ ներս ար­ձա­նագ­րո­ւած օ­տա­րա­լե­զու նո­ւա­ճում­նե­րուն հա­յաց­ման, ա­պա նաեւ՝ հա­մա­պա­տաս­խա­նա­բար հայ­կա­կան մե­ծար­ժէք գոր­ծե­րու ստեղ­ծու­մին։
Այդ­պէ՛ս, հա­յե­րէ­նով ի­րենց նո՛ր կեան­քը ապ­րե­ցան ժա­մա­նա­կի յոյն թէ ա­սո­րի շատ մը մե­ծու­թիւն­ներ։ Ա­նոնց ի­մաս­տա­սի­րա­կան, գի­տա­կան եւ գե­ղա­րո­ւես­տա­կան գլուխ-գոր­ծոց­նե­րուն հա­յե­րէն թարգ­մա­նու­թիւ­նը եւ հա­յա­ցու­մը ոչ միայն յատ­կան­շո­ւե­ցան հա­րա­զա­տու­թեամբ ու խոր ըն­կա­լու­մով, այ­լեւ ներշնչ­ման աղ­բիւր դար­ձան թարգ­մա­նիչ­նե­րու ինք­նու­րոյն ստեղ­ծա­գոր­ծու­թեանց հա­մար։ ­Մե­ծա­նուն այդ հե­ղի­նակ­նե­րու գոր­ծե­րէն ո­մանք, ինչ­պէս որ կը վկա­յէ հա­յոց ազ­գա­յին մշա­կոյ­թի ու­րիշ մեծ ե­րախ­տա­ւոր մը՝ ­Ռա­ֆա­յէլ Իշ­խա­նեան, այ­սօ­րո­ւան մարդ­կու­թեան ծա­նօթ են ի­րենց հա­յա­ցո­ւած տար­բե­րա­կով, ո­րով­հե­տեւ մայ­րե­նի լե­զո­ւով գրո­ւած բնա­գիր­նե­րը կոր­սո­ւած են…
­Թարգ­ման­չաց ­Շար­ժու­մը ազ­գա­յին նշա­նա­կու­թեամբ մեծ գործ կա­տա­րեց նաեւ ­Հա­յաս­տա­նի ամ­բողջ տա­րած­քին դպրոց­նե­րու ցանց ստեղ­ծե­լով ու ըն­դար­ձա­կե­լով։ ­Հարկ էր պատ­րաս­տել ու դաս­տիա­րա­կել հա­յե­րէն գիրն ու գրա­կա­նու­թիւ­նը գիտ­ցող ու գոր­ծա­ծող նոր սե­րունդ, որ իր կար­գին սե­փա­կան ժո­ղո­վուր­դը ա­ռա­ւե­լա­գոյն չա­փով հա­ղորդ ու մաս­նա­կից պի­տի դարձ­նէր ­Թարգ­ման­չաց ի­րա­գոր­ծած մեծ թռիչ­քին՝ հայ մշա­կոյ­թի եւ դպրու­թեան վե­րա­նո­րոգ­ման, հա­յոց հո­գեմ­տա­ւոր ինք­նա­հաս­տատ­ման կե­նա­րար եր­կուն­քին։
­Հե­տա­գայ դա­րե­րու խա­ւա­րին եւ կոր­ծան­ման չա­րի­քին՝ հայ ժո­ղո­վուր­դը դի­մադ­րեց իր ­Թարգ­ման­չաց ­Լոյ­սով։
Եւ սրբա­ցուց իր ­Թարգ­մա­նիչ­նե­րը։