Հայկական բանակի հիմնադրութեան 28րդ տարեդարձի փառաշուք տօնակատարութիւններու ծիրէն ներս, Յունաստանի մէջ Հ.Հ. դեսպանատան կազմակերպութեամբ, Երեքշաբթի՝ 28 Յունուար 2020ին պաշտօնական ընդունելութեամբ նշուեցաւ մեր քաջարի բանակի տօնը։
Ընդունելութիւնը կազմակերպուած էր Աթէնքի կեդրոնը գտնուող հելլէն զինեալ ուժերու սպայից ակումբի շքեղ սրահին մէջ, մասնակցութեամբ մեծ թիւով դիւանագիտական, զինուորական եւ յունահայ համայնքի ներկայացուցիչներու։
Այսպէս, ներկայ եղան Յունաստանի զինեալ ուժերու ցամաքային, ծովային եւ օդային բաժանումներու բարձրաստիճան զինուորականներ, դեսպանատուներու ներկայացուցիչներ, ռազմական հարցերու մասնագէտներ եւ լրագրողներ։ Յունահայ գաղութին կողմէ իրենց ներկայութեամբ բանակի օրը պատուեցին Յունահայոց թեմակալ Առաջնորդ Գեղամ արք. Խաչերեան, Հայ կաթողիկէ համայնքի ժողովրդապետ Յովսէփ ծ.վ. Պէզազեան, Հայ աւետարանական համայնքի հովիւ վերապատուելի Վիգէն Չոլաքեան, քահանայից դասը, Ազգային վարչութեան ատենապետը, Հ.Յ.Դ. Յունաստանի Կեդր. Կոմիտէի ներկայացուցիչը, Հ.Յ.Դ. Հայ դատի յանձնախումբի ատենապետը, Հ.Կ.Խաչի եւ «Համազգային»ի Շրջ. վարչութիւններու ատենապետները, «Ազատ Օր»ը եւ հայ անհատներ, որոնք ներդրում ունեցած են հայոց բանակի կարիքներու լրացման։ Սրահին մուտքին, պաշտօնական հիւրերուն դիմաւորեցին Հ.Հ. դեսպանատան նորանշանակ զինուորական կցորդ փոխ գնդապետ Արթուր Դալիպալդեան եւ իր տիկինը, իսկ Հ.Հ. դեսպան Ֆադէյ Չարչօղլեանի անունով՝ նորանշանակ փոխ դեսպան եւ լիազօր նախարար Յասմիկ Դաշտոյեան։ Անոնց կողքին կանգնած, հելլէն սպայից վարժարանի մէջ ուսանող հայ զինուորականներէն խումբ մը պատուոյ բարեւ կու տային սրահը մուտք գործող հիւրերուն։
Ելոյթի սկիզբին, զինուորական կցորդ փոխ գնդապետ Ա. Դալիպալդեան իր խօսքը ուղղեց ներկաներուն եւ մէկ առ մէկ ներկայացուց հայոց բանակի նուաճումները, իսկ պաստառին վրայ ցուցադրուեցան յատկանշական նկարներ Հայաստանի զինեալ ուժերու գործունէութենէն։ Ան յայտնեց, որ հայոց բանակը պիտի շարունակէ տէր ու պաշտպան կանգնիլ մեր հայրենիքի ամբողջականութեան, ժառանգած ըլլալով հայ զինուորի քաջարի կերպարն ու անձնուիրութիւնը։
Յաջորդաբար, տեղի ունեցաւ հիւրասիրութիւն, ուր մտերմիկ զրոյցի ընթացքին բարձրաստիճան հիւրերը առիթը ունեցան զրուցելու դեսպանատան եւ գաղութի կառոյցներուն կողմէ ներկայ եղող ներկայացուցիչներուն հետ։ Բոլորն ալ շնորհաւորեցին հայոց բանակի տօնը եւ մաղթեցին անխախտ եւ անսասան երթ անոր։
Հայոց բանակի օրը նշուեցաւ Աթէնքի մէջ
Հայոց բանակի օրը նշուեցաւ Աթէնքի մէջ