9 ­Սեպ­տեմ­բե­րին տե­ղի ու­նե­ցաւ ­Մար­տու­նիի շրջա­նի ­Սօս հա­մայն­քի ­Հայկ ­Յա­կո­բեա­նի ա­նու­նը կրող դպրո­ցի նոր շէն­քին եւ մար­զա­դահ­լի­ճին բաց­ման ա­րա­րո­ղու­թիւ­նը: ­Նոր շէն­քին կա­ռու­ցու­մը տնտե­սա­ւո­րո­ւած է «­Հա­յաս­տան» ­Հա­մա­հայ­կա­կան ­Հիմ­նադ­րա­մի եւ Ար­ցա­խի ­Հան­րա­պե­տու­թեան կա­ռա­վա­րու­թեան կող­մէ:
­Հայկ ­Յա­կո­բեա­նի ա­նու­նը կրող դպրո­ցի նոր շէն­քին պաշ­տօ­նա­կան բաց­ման ա­րա­րո­ղու­թեան ներ­կայ էին Ար­ցա­խի նա­խա­գահ ­Բա­կօ ­Սա­հա­կեան, հայ ա­ռա­քե­լա­կան ե­կե­ղեց­ւոյ Ար­ցա­խի թե­մի ա­ռաջ­նորդ ­Պար­գեւ Արք. ­Մար­տի­րո­սեան, վար­չա­պետ Ա­րա ­Յա­րու­թիւ­նեան եւ այլ պե­տա­կան ան­ձեր, ինչ­պէս նաեւ ­Մար­տու­նիի շրջա­նի մե­ծա­մաս­նա­կան ընտ­րա­կար­գով ընտ­րո­ւած պատ­գա­մա­ւոր, Հ.Յ.Դ. Ար­ցա­խի ­Կեդ­րո­նա­կան ­Կո­մի­տէի ներ­կա­յա­ցու­ցիչ ­Դա­ւիթ Իշ­խա­նեան: ­Ձեռ­նար­կին ներ­կայ էին նաեւ «­Հա­յաս­տան» ­Հա­մա­հայ­կա­կան ­Հիմ­նադ­րա­մի տնօ­րէն Ա­րա ­Վար­դա­նեան, հիմ­նադ­րա­մի ­Միա­ցեալ ­Նա­հանգ­նե­րու ա­րեւմ­տեան շրջա­նի տե­ղա­կան յանձ­նա­խում­բի տնօ­րէն ­Սար­գիս ­Քո­թան­ճեան, աշ­խար­հի տար­բեր վայ­րե­րէն Ար­ցախ հա­սած բա­րե­րար­ներ եւ այլ հրա­ւի­րեալ­ներ:
Ող­ջոյ­նի խօս­քով հան­դէս ե­կաւ ­Սօս հա­մայն­քի նա­խա­գահ ­Յու­նան Գ­րի­գո­րեան: ­Հա­մայն­քի նա­խա­գա­հին հա­մա­ձայն՝ դպրո­ցի նախ­կին շէն­քը ան­շուք ու վթա­րա­յին վի­ճա­կի մէջ էր եւ այ­լեւս պի­տա­նի չէր գոր­ծա­ծու­թեան հա­մար: ­Գիւ­ղին հա­մար ա­ռաջ­նա­յին խնդիր դար­ձած էր դպրո­ցի յար­մա­րա­ւէտ շէն­քի մը կա­ռու­ցու­մը:
Ե­լոյ­թով հան­դէս ե­կաւ «­Հա­յաս­տան» ­Հա­մա­հայ­կա­կան ­Հիմ­նադ­րա­մի տնօ­րէն Ա­րա ­Վար­դա­նեան: ­Ներ­կա­յաց­նե­լով մինչ այդ ­Սօս հա­մայն­քին եւ ընդ­հան­րա­պէս Ար­ցա­խի մէջ ի­րա­կա­նա­ցո­ւող աշ­խա­տանք­նե­րը, ան յոյս յայտ­նեց, որ կա­տա­րո­ւած աշ­խա­տանք­նե­րը նպաս­տեն բնակ­չու­թեան թի­ւի ա­ճին, յատ­կա­պէս գիւ­ղա­կան հա­մայնք­նե­րուն մէջ:
Ե­լոյթ ու­նե­ցաւ նաեւ «­Հա­յաս­տան» ­Հա­մա­հայ­կա­կան ­Հիմ­նադ­րա­մի ­Միա­ցեալ ­Նա­հանգ­նե­րու ա­րեւմտեան շրջա­նի տե­ղա­կան յանձ­նա­խում­բի տնօ­րէն ­Սար­գիս ­Քո­թան­ջեան. «Դպ­րո­ցին բա­ցու­մը նոր շունչ հա­ղոր­դեց գիւ­ղին: Այ­սօր ու­նինք մօտ 60 բա­րե­րար­ներ ­Միա­ցեալ ­Նա­հանգ­նե­րու բո­լոր ծայ­րե­րէն: Ա­նոնց շնոր­հիւ է, որ ի­րա­կա­նա­ցաւ ­Սօս հա­մայն­քի դպրո­ցին կա­ռու­ցու­մը»:
Շ­նոր­հա­կա­լա­կան խօս­քե­րով հան­դէս ե­կան ­Մար­տու­նիի վար­չա­կազ­մի պա­տաս­խա­նա­տու ­Կա­րօ ­Թով­մա­սեան եւ դպրո­ցի տնօ­րէն ­Մա­նու­շակ ­Վա­նեան:
­Սօս հա­մայն­քին ա­նու­նով «­Հա­յաս­տան» ­Հա­մա­հայ­կա­կան ­Հիմ­նադ­րա­մին ­Միա­ցեալ ­Նա­հանգ­նե­րու ա­րեւմ­տեան շրջա­նի տե­ղա­կան յանձ­նա­խում­բին տնօ­րէն ­Սար­գիս ­Քո­թան­ջեա­նին շնոր­հո­ւե­ցաւ ­Սօս հա­մայն­քի պա­տո­ւոյ քա­ղա­քա­ցիի կո­չու­մը:
Դպ­րո­ցի պաշ­տօ­նա­կան բաց­ման ա­րա­րո­ղու­թե­նէն ետք ձեռ­նար­կին մաս­նակ­ցած դաշ­նակ­ցա­կան պատ­գա­մա­ւոր­ներ ­Դա­ւիթ Իշ­խա­նեան եւ Ա­լեո­շա ­Գաբ­րիէ­լեան, ինչ­պէս նաեւ խումբ մը ըն­կեր­ներ, ի­րենց յար­գան­քի տուր­քը մա­տու­ցե­ցին դաշ­նակ­ցա­կան ըն­կեր ­Հայկ ­Յա­կո­բեա­նի շի­րի­մին:
Ն­շենք, թէ ­Հայկ ­Յա­կո­բեան մաս­նակ­ցած է ­Մա­նա­շի­տի, ­Բուզ­լու­խի, ­Գե­տա­շէ­նի եւ ­Մար­տու­նա­շէ­նի գոր­ծո­ղու­թիւն­նե­րուն: 1989էն մին­չեւ 1994 մաս­նակ­ցած է Ա­մա­րա­սի ինք­նա­պաշտ­պա­նու­թեան, Աղ­տա­մի եւ ­Ֆի­զու­լիի շրջան­նե­րու շարք մը գիւ­ղե­րու ա­զա­տագրման: ­Զո­հո­ւած է Եղ­լա­ւէն­դի մէջ` ա­կա­նի պայ­թու­մէ: