Կիրակի՝ 25 Փետրուար 2018ի առաւօտեան ժամը 10։30ին, Թեսաղոնիկէի «Ս. Աստուածածին» եկեղեցւոյ մէջ մատուցուեցաւ Ս. եւ Անմահ Պատարագ, մասնակցութեամբ եկեղեցւոյ սպասաւորներուն եւ ներկայութեամբ շրջանի բոլոր միութիւններու ներկայացուցիչներուն եւ հաւատացեալ հոծ բազմութեան։ Ս. Պատարագը մատուցեց շրջանի հոգեւոր հովիւ Ստեփանոս Վրդ. Փաշայեան։ Եկեղեցական արարողութեան իր մասնակցութիւնը բերաւ նաեւ Աթէնքէն հիւրաբար ժամանած՝ Յունաստանի մէջ հանրածանօթ երաժիշտ եւ յօրինող Հայկ Եազըճեան, որ իր քաղցր ձայնով օրուան «Տէր Ողորմեա…»ն երգեց եւ ներկաներուն յուզում պատճառեց։
Աւարտին, հիւրն ու եկեղեցւոյ սպասաւորները՝ յիշատակելի խմբանկարով՝ բաժնուեցան իրարմէ։ Նշենք, որ Հայկ Եազըճեան Երկուշաբթի՝ 26 Փետրուար 2018ի կէսօրուան ժամը 3էն 4, իր մասնակցութիւնը բերաւ նաեւ Թեսաղոնիկէի քաղաքապետարանի FM100.6 ռատիոկայանի հայկական սփռումի յայտագրին, հաղորդավարութեամբ՝ գաղութի երիտասարդ ուժերէն Յովիկ Գասապեանի եւ ընկերակցութեամբ՝ «Համազգային Հայ Կրթական եւ Մշակութային Միութեան» Թեսաղոնիկէի «Ղ. Սարեան» մասնաճիւղի վարչութեան անդամուհի Ռոզա Թերզեանի։
Թղթակից