­Հո­վա­նա­ւո­րու­թեամբ ­Թե­սա­ղո­նի­կէի «Ս. Աս­տո­ւա­ծա­ծին» ե­կե­ղեց­ւոյ ­Թա­ղա­կան ­Խոր­հուր­դին եւ կազ­մա­կեր­պու­թեամբ ­Հա­մազ­գա­յի­նի ­Թե­սա­ղո­նի­կէի «Ղ. ­Սա­րեան» մաս­նա­ճիւ­ղի ­Վար­չու­թեան ու մեծ ջան­քե­րո­վը վար­չու­թեան ա­տե­նա­պե­տու­հի տիկ. ­Տի­րու­հի ­Ղա­լի­լէա-­Գալ­ֆա­յեա­նի՝ ­Յու­նա­հա­յու­թեան պատ­մու­թեան մէջ ա­ռա­ջին ան­գամ ըլ­լա­լով, հաս­տա­տո­ւե­ցաւ հայ­կա­կան սփռում՝ «ՕԼԻՄՓՈՍ ԼԵՌՆԷՆ ՄԻՆՉԵՒ ԱՐԱՐԱՏ» խո­րագ­րով, ­Թե­սա­ղո­նի­կէի քա­ղա­քա­պե­տա­րա­նի ձայ­նաս­փիւ­ռի կա­յա­նէն (FM 100.6), որ վստա­հա­բար սկսաւ մեծ ու­րա­խու­թիւն պատ­ճա­ռել բո­լոր յու­նա­հա­յե­րուն ու, մաս­նա­ւո­րա­բա՛ր, ­Թե­սա­ղո­նի­կէի հայ գա­ղու­թին։
Ար­դա­րեւ, նո­րա­հաս­տատ սփռում­նե­րը տե­ղի պի­տի ու­նե­նան ա­մէն Եր­կու­շաբ­թի օր՝ յու­նա­րէն եւ հա­յե­րէն լե­զու­նե­րով, կէ­սօ­րէ ետք ժա­մը 3։00էն 4։00, մաս­նակ­ցու­թեամբ ­Հա­մազ­գա­յի­նի ­Թե­սա­ղո­նի­կէի «Ղ. ­Սա­րեան» մաս­նա­ճիւ­ղի վար­չու­թեան ան­դամ-ան­դա­մու­հի­նե­րուն, ինչ­պէս նաեւ՝ ան­հատ կա­մա­ւոր ե­րի­տա­սարդ-ե­րի­տա­սարդ­նե­րու։ Սփ­ռում­նե­րուն նպա­տակն է մեր ժո­ղո­վուր­դին բաշ­խել հո­գե­ւոր, ազ­գա­յին, մշա­կու­թա­յին եւ այլ տե­սա­կի լու­րեր, հայ­կա­կան եւ օ­տար ա­ւան­դա­կան եր­գե­րու ունկնդ­րու­թիւն եւ բա­ցատ­րու­թիւն­ներ, հար­ցազ­րոյց­ներ՝ օ­տար եւ յայտ­նի դէմ­քե­րու հետ, ան­ցեա­լի յու­շեր, ե­ւայլն…։
Ա­ռա­ջին սփռու­մը ար­դէն իսկ կա­յա­ցած է Եր­կու­շաբ­թի՝ 4 ­Դեկ­տեմ­բեր 2017ին, ո­րուն ըն­թաց­քին գա­ղու­թի ե­րի­տա­սարդ­նե­րէն ­Տիգ­րան Պ­լէ­ճեան, ­Յո­վիկ ­Գա­սա­պեան, վար­չու­թեան ան­դա­մու­հի­նե­րէն ­Ռո­զա ­Թէր­զեան, ինչ­պէս նաեւ՝ շրջա­նի հո­գե­ւոր հո­վիւ Ս­տե­փա­նոս Վրդ. ­Փա­շա­յեան, ա­ռա­ջին հեր­թին, փո­խան­ցե­ցին ու բա­րի լու­րը ա­ւե­տե­ցին սոյն սփռու­մին եւ խո­րագ­րին մա­սին, ինչ­պէս նաեւ՝ մեր ժո­ղո­վուր­դին հա­ղոր­դե­ցին լու­րեր, հայ­կա­կան ա­ւան­դա­կան եր­գե­րու ունկնդրու­թիւն եւ բա­ցատ­րու­թիւն, եւ ո­րով­հե­տեւ ­Դեկ­տեմ­բեր ամ­սո­ւան ա­ռա­ջին շաբ­թո­ւան զու­գա­դի­պե­ցաւ սոյն սփռու­մին սկզբնա­ւո­րու­մը, հե­տե­ւա­բար, փո­խան­ցո­ւե­ցաւ նաեւ ­Հա­յաս­տա­նի ա­հեղ երկ­րա­շար­ժի մա­սին տե­ղե­կու­թիւն, ե­ւայլն…։
­Հա­ղորդ­ման ա­ռա­ջին հան­դի­պու­մին հրա­ւիրուած էր նաեւ ­Թե­սա­ղո­նի­կէի «Ա­րիս­թո­թէ­լեան» ­Հա­մալ­սա­րա­նի ­Յու­նաս­տա­նի ար­դի պատ­մու­թեան պա­տո­ւոյ փրո­ֆե­սոր Եոա­նիս ­Խա­սիո­տիս, որ հար­ցազ­րոյ­ցով մը հան­դէս ե­կաւ՝ հայ­կա­կան սփռու­մի մեծ կա­րե­ւո­րու­թեան մա­սին խօ­սե­լով, որ­պէս փոր­ձա­ռու անձ­նա­ւո­րու­թիւն կա­տա­րեց թե­լադ­րանք­ներ եւ իր բարձր գնա­հա­տան­քը յայտ­նեց սոյն յոյժ եւ կա­րե­ւոր ներդ­րու­մին հա­մար։ Այս ու­րախ առ­թիւ, բարձ­րօ­րէն կը գնա­հա­տենք ու կը շնոր­հա­ւո­րենք յու­նա­հա­յու­թիւնն ու մաս­նա­ւո­րա­բար ­Թե­սա­ղո­նի­կէի հա­յու­թիւ­նը եւ կը մաղ­թենք բա­րի ա­ռա­քե­լու­թիւն եւ աշ­խա­տանք, միաս­նա­կա­նու­թեան ո­գի, յա­ջո­ղու­թիւն­նե­րով ու ձեռ­բե­րում­նե­րով առլ­ցուն օ­րեր, ա­պա­գա­յա­տե­սիլ ու նպա­տա­կաս­լաց վե­րելք։
­Հայ­կա­կան սփռու­մը կրնաք ունկնդ­րել նաեւ online՝ FM 100.6.gr live։
­Յա­ջորդ սփռու­մը տե­ղի պի­տի ու­նե­նայ Եր­կու­շաբ­թի՝ 11 ­Դեկ­տեմ­բեր 2017ին, կէ­սօ­րէ ետք ժա­մը 3։00-4։00ին։

«ԺԱՄԱԴՐՈՒԵՑԷ՛Ք, ՀԵՏԵՒԵՑԷ՛Ք, ՃԱՇԱԿԵՑԷ՛Ք, ՔԱՋԱԼԵՐԵՑԷ՛Ք…»