­Հա­յաս­տա­նի պե­տա­կան «­­­Բա­րե­կա­մու­թիւն» պա­րա­խում­բը, Աղ­րի­նիօ քա­ղա­քա­պե­տա­րա­նէն հրա­ւէր ստա­ցած ըլ­լա­լով՝ մի­ջազ­գա­յին ժո­ղովր­դա­յին պա­րե­րու փա­ռա­տօ­նին մաս­նակ­ցե­լու, 23-27 Օ­գոս­տո­սին ­Յու­նաս­տան գտնո­ւե­ցաւ եւ ներ­կա­յա­ցուց հայ­կա­կան ժո­ղովր­դա­կան պա­րե­րու տպա­ւո­րիչ շա­րան մը, լա­ւա­գոյն տպա­ւո­րու­թիւն­նե­րը ձգե­լով Աղ­րի­նիո­յի հա­սա­րա­կու­թեան։
Աղ­րի­նիո­յի քա­ղա­քա­պե­տա­րա­նի հրա­ւէ­րով, 300 պա­րող­ներ 10 եր­կիր­նե­րէ ի­րենց մաս­նակ­ցու­թիւ­նը բե­րին փա­ռա­տօ­նին, միաց­նե­լով ի­րենց մշա­կոյթ­նե­րը եր­գի եւ պա­րի ընդ­մէ­ջէն: Եր­կիր­նե­րը ո­րոնք մաս­նակ­ցե­ցան հե­տե­ւեալ­ներն էին. ­­Հա­յաս­տան, Է­քո­ւա­տոր, ­­Ճա­փոն, Ս­պա­նիա, Ի­տա­լիա, Խ­րո­ւա­թիա, ­­Կիպ­րոս, Ու­րու­կո­ւէյ, ­­Լե­հաս­տան, ­­Թայ­ո­ւան:
­Փա­ռա­տօ­նի նա­խօ­րեա­կին, բո­լոր եր­կիր­նե­րու պա­րա­խում­բե­րը ի­րենց ա­ւան­դա­կան տա­րազ­նե­րով շրջա­գա­յե­ցան Աղ­րի­նիո­յի տար­բեր շրջան­նե­րուն մէջ, խան­դա­վա­ռե­ցին ժո­ղո­վուր­դը եւ ար­ժա­նա­ցան ա­նոնց գնա­հա­տան­քին:
­Փա­ռա­տօ­նի ըն­թաց­քին, ­Հա­յաս­տա­նի պա­րա­խում­բը շատ լաւ ներ­կա­յա­ցում ու­նե­ցաւ եւ ար­ժա­նա­վա­յել ձե­ւով ներ­կա­յա­ցուց ­­Հա­յաս­տա­նի մշա­կոյ­թը յոյն ժո­ղո­վուր­դին: Ինչ­պէս ար­դէն հա­ղոր­դած էինք, Աղ­րի­նիօ մեկ­նե­լէն ա­ռաջ, պա­րա­խում­բի ան­դամ­նե­րը եւ պա­տաս­խա­նա­տու­նե­րը այ­ցե­լե­ցին Ա­թէն­քի Ս. Գ­րի­գոր ­­Լու­սա­ւո­րիչ ե­կե­ղե­ցին եւ մօ­տէն ծա­նօ­թա­ցան յու­նա­հայ գա­ղու­թի կարգ մը ե­րես­նե­րուն։