Բարձր հո­վա­նա­ւո­րու­թեամբ եւ ներ­կա­յու­թեամբ ­Յու­նաս­տա­նի հա­յոց թե­մի ա­ռաջ­նորդ ­Գե­ղամ արք. ­Խա­չե­րեա­նի, կազ­մա­կեր­պու­թեամբ «­Հա­մազ­գա­յին» ­Հայ կրթա­կան եւ մշա­կու­թա­յին միու­թեան ­Թե­սա­ղո­նի­կէի «Ղ. ­Սա­րեան» մաս­նա­ճիւ­ղի վար­չու­թեան եւ գոր­ծակ­ցու­թեամբ Հ.Գ.­Խա­չի ­Մա­կե­դո­նիոյ եւ Թ­րա­կիոյ Շր­ջա­նա­յին վար­չու­թեան ու «­Հա­մազ­գա­յին»ի ­Յու­նաս­տա­նի Շր­ջա­նա­յին վար­չու­թեան, 28 Օ­գոս­տո­սէն մին­չեւ 1 ­Սեպ­տեմ­բեր 2019, ­Խալ­քի­տի­քիի ա­մա­րա­նո­ցէն ներս տե­ղի ու­նե­ցան հայ­կա­կան պա­րա­խում­բե­րու ա­ռա­ջին վար­պե­տաց դա­սըն­թացք­ներ5 ո­րոնց մաս­նակ­ցե­ցան ­Յու­նաս­տա­նի տար­բեր քա­ղաք­նե­րէ` Ա­թէն­քէն ­«Հա­մազ­գա­յի­ն»ի «­Նա­յի­րի» պա­րա­խում­բը՝ Էտ­կար Է­կեա­նի պա­րու­սու­ցու­թեամբ, ­Թե­սա­ղո­նի­կէի «­Հա­մազ­գա­յի­ն»ի «­Մա­սիս» պա­րա­խում­բը՝ ­Ռա­ֆա­յէլ ­Վար­դա­զա­րեանի պա­րու­սու­ցու­թեամբ, ­Գո­մո­թի­նիի «Ու­րար­տու» պա­րա­խում­բը՝ ­Ռու­զան­նա ­Զօհ­րա­պեա­նի պա­րու­սու­ցու­թեամբ, ինչ­պէս նաեւ ­Ռու­մա­նիոյ «­Վար­դա­վառ» պա­րա­խում­բը՝ ­Պե­լա ­Մար­տի­կեա­նի պա­րու­սու­ցու­թեամբ եւ ­Պուլ­կա­րիոյ «­Նուր» պա­րա­խում­բը՝ մե­նա­կա­տար Սր­բու­հի ­Մել­քո­նեա­նի մաս­նակ­ցու­թեամբ, հա­մախմ­բե­լով ա­ւե­լի քան 50 երկ­սեռ ե­րի­տա­սարդ­ներ։ ­Դա­սըն­թացք­նե­րուն հա­մար հրա­ւի­րո­ւած էր պա­րա­գէտ, պա­րու­սոյց «CID UNESCO»ի ներ­կա­յա­ցու­ցիչ Ա­նա­հիտ ­Սա­րի­բէ­կեան։ ­Ներ­կայ էին նաեւ հիւ­սի­սա­յին ­Յու­նաս­տա­նի մէջ ծա­ռա­յող հո­գե­ւոր հո­վիւ­նե­րը եւ կա­մա­ւոր­ներ։
­Պա­րա­խում­բե­րու հա­մախմ­բու­մը նո­ւի­րո­ւած էր վեր­ջերս մա­հա­ցած «­Հա­մազ­գա­յին»ի ­Յու­նաս­տա­նի Շր­ջա­նա­յին վար­չու­թեան վաս­տա­կա­շատ ա­տե­նա­պետ՝ ընկ. ­Յով­սէփ ­Պա­րա­զեա­նի յի­շա­տա­կին։
5 օ­րո­ւան վրայ տա­րա­ծո­ւած հա­մախմ­բու­մի ա­ռօ­րեայ յայ­տագ­րի հսկո­ղու­թիւ­նը ստանձ­նեց ­Յով­հան­նէս վրդ. ­Սաղ­տը­ճեան։ ­Յայ­տա­գի­րը կ­՚ընդգր­կէր դաս­տիա­րակ­չա­կան ու ազ­գա­յին, մշա­կու­թա­յին եւ բա­րո­յա­կան նիւ­թե­րու ար­ծար­ծում, դա­սա­խօ­սա­կան յա­տուկ շար­քեր, ծո­վագ­նա­ցու­թիւն, պա­րի փոր­ձեր, հայ­կա­կան պա­րե­րով ըն­կե­րա­յին կեանք։
Ա­ռաջ­նորդ սրբա­զա­նը ա­մէ­նօ­րեայ դրու­թեամբ, պա­րա­խում­բի ան­դամ-ան­դա­մու­հի­նե­րուն խօ­սե­ցաւ հայ մշա­կոյ­թի, ազ­գա­յին պատ­կա­նե­լիու­թեան ու ինք­նու­թեան, յանձ­նա­ռու­թեան, ազ­գա­յին եւ ե­կե­ղե­ցա­կան կա­ռոյց­նե­րու ա­ռա­քե­լու­թեան մա­սին եւ ո­գեշն­չեց մաս­նակ­ցող­նե­րը, որ­պէս­զի ի­րենց ա­մուր կա­պը պա­հեն հայ ե­կե­ղեց­ւոյ, գա­ղու­թա­յին միու­թիւն­նե­րուն եւ ա­կումբ­նե­րուն հետ ու ի­րենց ե­րի­տա­սար­դա­կան ու­ժե­րը ներդ­նեն հայ ազ­գի պահ­պան­ման եւ յա­ւեր­ժու­թեան հա­մար։

Հ­րա­ժեշ­տի օր եւ պա­րա­խում­բե­րու փակ­ման հան­դի­սու­թիւն

­Շա­բաթ՝ 31 Օ­գոս­տոս 2019ի ե­րե­կո­յեան, ա­մա­րա­նո­ցի մար­զա­դաշ­տէն ներս, ներ­կա­յու­թեամբ Ա­ռաջ­նորդ սրբա­զան հօր , հո­գե­ւոր հո­վիւ­նե­րուն, Ազգ. վար­չու­թեան, Հ.Յ.Դ. ­Կեդ­րո­նա­կան կո­մի­տէի, Հ.Յ.Դ. «­Գա­սա­պեան» կո­մի­տէի, ­Հայ դա­տի յանձ­նա­խում­բի, Հ.Գ.­Խա­չի ­Մա­կե­դո­նիոյ եւ Թ­րա­կիոյ Շրջա­նա­յին վար­չու­թեան, «­Հա­մազ­գա­յին»ի ­Յու­նաս­տա­նի Շր­ջա­նա­յին վար­չու­թեան, ­Թե­սա­ղո­նի­կէի «Ղ. ­Սա­րեան» մաս­նա­ճիւ­ղի վար­չու­թեան, Հ.Գ.­Խա­չի ­Թե­սա­ղո­նի­կէի «Ա­նի» մաս­նա­ճիւ­ղին, Հ.Մ.Ը.Մ.ի, մաս­նա­ճիւ­ղին, Հ.Յ.Դ. Ե­րի­տա­սար­դա­կան միու­թեան «Ս. ­Թեհ­լի­րեան» խում­բին, ­Գո­մո­թի­նիի Մ­շա­կու­թա­յին միու­թեան, ­Թե­սա­ղո­նի­կէի եւ ­Գո­մո­թի­նիի ­Թա­ղա­կան խոր­հուրդ­նե­րու ներ­կա­յա­ցու­ցիչ­նե­րու եւ եր­կու քա­ղաք­նե­րէն ժա­մա­նած մշա­կու­թա­սէր հայ­րե­նա­կից­նե­րու։
Օ­րո­ւան բաց­ման խօս­քը կա­տա­րեց ­Յով­հան­նէս Վրդ. ­Սաղ­տը­ճեան, նշելով թէ ելոյթները նուիրուած են վեր­ջերս մա­հա­ցած «­Հա­մազ­գա­յին»ի ­Յու­նաս­տա­նի Շր­ջա­նա­յին վար­չու­թեան վաս­տա­կա­շատ ա­տե­նա­պետ՝ ընկ. ­Յով­սէփ ­Պա­րա­զեա­նի յի­շա­տա­կին։
Յա­ջոր­դա­բար խօսք ա­ռին Հ.Գ.Խ.ի Շր­ջա­նա­յին ­Վար­չու­թեան ա­տե­նա­պե­տու­հի՝ ընկ. ­Կիւ­լա ­Գա­սա­պեան ու «­Հա­մազ­գա­յին» ­Թե­սա­ղո­նի­կէի մաս­նա­ճիւ­ղի վար­չու­թեան ա­տե­նա­պե­տու­հի՝ ընկ. ­Տի­րու­հի ­Ղա­լի­լէա-­Գալ­ֆա­յեան։ ­Բո­լոր խօ­սող­նե­րը շնոր­հա­ւո­րա­կան ու շնոր­հա­կա­լա­կան խօս­քե­րով հան­դէս ե­կան եւ ա­մա­րա­նո­ցի վե­րա­կանգ­ման ա­պա­գա­յա­տե­սիլ հե­ռան­կա­րը պար­զե­ցին։ ­Շա­րու­նա­կա­բար, հրա­ւի­րո­ւե­ցաւ Ա­ռաջ­նորդ սրբա­զան հայ­րը, որ ա­ռա­ջին հեր­թին բո­լոր պա­րա­խում­բե­րու ան­դամ­նե­րուն՝ ի­րենց պա­րու­սոյց­նե­րուն մի­ջո­ցաւ, յանձ­նեց մաս­նակ­ցու­թեան վկա­յա­գիր­ներ, ա­պա իր պատ­գա­մը փո­խան­ցեց, ը­սե­լով.- «Այս հո­ղա­մա­սը, ա­մա­րա­նո­ցը իր ա­ռա­քե­լու­թիւ­նը ու­նի ե՛ւ պա­տա­նի­նե­րուն ե՛ւ ե­րի­տա­սարդ­նե­րուն փո­խան­ցե­լու հայ­կա­կան ազ­գա­յին ո­գի եւ հպար­տու­թիւն։ Այս եր­կու­քին ալ, ջու­րի ու հա­ցի պէս մենք պէտք ու­նինք։ Ա­մա­րա­նո­ցը կը պատ­կա­նի բո­լո­րին։ Ա­մա­րա­նո­ցը չի՛ կրնար դադ­րիլ եւ չի՛ դադ­րե­ցաւ ու ձեր բո­լո­րին ա­ջակ­ցու­թեամբ պի­տի շա­րու­նա­կէ իր գո­յա­մար­տը, յա­նուն մեր ազ­գա­յին ու հո­գե­ւոր ար­ժէք­նե­րուն»։ Ան բարձր գնա­հա­տեց բո­լոր ա­նոնց, ո­րոնք աշ­խա­տե­ցան ու յա­ջող­ցու­ցին հա­մախմ­բու­մը ի­րա­գոր­ծել, յատ­կա­պէս՝ ­«Հա­մազ­գա­յի­ն»ի մեծ ըն­տա­նի­քին եւ Հ.Գ.­Խա­չի ­Մա­կե­դո­նիոյ եւ Թ­րա­կիոյ Շր­ջա­նա­յին վար­չու­թեան, ինչ­պէս նաեւ բո­լոր կա­մա­ւոր ան­հատ­նե­րուն, ո­րոնք սի­րա­յօ­ժար աշ­խա­տե­ցան։ Ան գնա­հա­տեց նաեւ պա­րա­խում­բե­րու ան­դամ­նե­րը, ո­րոնք մաս­նակ­ցե­ցան եւ ի­րենց ծա­նօ­թու­թեան վրայ ա­ւել­ցու­ցին մաս­նա­գի­տա­կան գի­տե­լիք­ներ ու վար­ժու­թիւն­ներ, եւ մա­նա­ւանդ՝ ինք­նավս­տա­հու­թիւն ձեռք բե­րին։
Ա­պա, իւ­րա­քան­չիւր պա­րա­խումբ ե­լոյթ ու­նե­ցաւ հայ­կա­կան զա­նա­զան ա­ւան­դա­կան պա­րե­րով, իսկ ա­ւար­տին պա­րա­խում­բե­րը միաս­նա­կան գե­ղե­ցիկ պա­րով մը բո­լո­րե­ցին օ­րո­ւան հան­դի­սու­թիւ­նը։
­Պա­րա­խում­բե­րու դա­սըն­թացք­նե­րու նա­խա­ձեռ­նու­թեան նպա­տա­կը ե­ղաւ պա­րա­խում­բե­րուն պա­րա­րո­ւես­տի ծա­նօ­թու­թիւնն ու ո­րա­կը ա­ռա­ւել եւս բա­րե­լա­ւե­լու նպա­տա­կով հան­դերձ՝ ե­րի­տա­սարդ­նե­րը զի­րար քով բե­րել, ծա­նօ­թա­նալ, միաս­նա­բար աշ­խա­տիլ, գոր­ծակ­ցիլ, ու­րախ ժա­մանց անց­նել ու մա­նա­ւանդ՝ հա­յե­ցի դաս­տիա­րա­կու­թիւն ստա­նալ։ Ն­շենք, որ պա­րա­խում­բե­րու վար­պե­տաց դա­սե­րու կազ­մա­կեր­պու­մը յա­ջող սկիզբ մը ու­նե­ցաւ, յա­ջորդ տա­րի­նե­րուն դար­ձեալ ա­նոնք ի­րա­գոր­ծե­լու ակն­կա­լու­թեամբ։
­Կազ­մա­կեր­պիչ կա­ռոյց­նե­րու հա­մո­զու­մով, Հ.Գ.­Խա­չի ­Խալ­քի­տի­քիի ա­մա­րա­նո­ցը կը շա­րու­նա­կէ ըլ­լալ նոր սե­րուն­դի՝ պա­տա­նի­նե­րուն եւ ե­րի­տա­սարդ­նե­րուն հայ­կա­կան ինք­նու­թեան եւ պատ­կա­նե­լիու­թեան զգա­ցու­մը փո­խան­ցող ի­տէալ վայ­րե­րէն մէ­կը, եւ այս ի­րա­կա­նու­թիւ­նը կը թե­լադ­րէ գա­ղու­թա­յին ճի­գե­րով եւ ի գին ա­մէն զո­հո­ղու­թեան գոր­ծուն պա­հել ա­մա­րա­նո­ցը։

ԹՂԹԱԿԻՑ