Եր­կու­շաբ­թի՝ 1 ­Յու­նո­ւար 2018ի ա­ռա­ւօ­տեան ժա­մը 10։00ին, ­Նոր ­Տա­րո­ւան ա­ռա­ջին օ­րը, հրա­ւէ­րո­վը՝ ­Մա­կե­դո­նիոյ նա­հան­գա­պետ պրն. Ա­բոս­թո­լոս ­Ծի­ծի­քոս­թա­սի եւ փոխ-նա­հան­գա­պետ տիկ. ­Փա­րաս­քէ­վի ­Փա­թու­լի­տու­յի, ­Թե­սա­ղո­նի­կէի «Ս. ­Սո­ֆիա» տա­ճա­րին մէջ տե­ղի ու­նե­ցաւ ­Նոր ­Տա­րո­ւան գո­հա­բա­նա­կան ու փա­ռա­բա­նա­կան ե­կե­ղե­ցա­կան ա­րա­րո­ղու­թիւ­նը, ո­րուն հան­դի­սա­պե­տեց ­Թե­սա­ղո­նի­կէի ­Մետ­րո­պո­լիտ Ան­թի­մոս Ար­քե­պիս­կո­պոս։ Ե­կե­ղե­ցա­կան ա­րա­րո­ղու­թեան ­Թե­սա­ղո­նի­կա­հա­յու­թեան կող­մէ ի­րենց մաս­նակ­ցու­թիւ­նը բե­րին շրջա­նի հո­գե­ւոր հո­վիւ Ս­տե­փա­նոս Վրդ. ­Փա­շա­յեան եւ ե­կե­ղեց­ւոյ ­Թա­ղա­կան ­Խոր­հուր­դի ա­տե­նա­պետ պրն. ­Յա­րու­թիւն Ար­թիւր Աբ­րա­հա­մեան։ Ա­ւար­տին, ­Հայր ­Սուրբն ու պրն. ա­տե­նա­պե­տը մօ­տե­նա­լով ­Մետ­րո­պո­լիտ Ան­թի­մո­սին՝ շնոր­հա­ւո­րե­ցին ­Նոր ­Տա­րին եւ պաշ­տօ­նա­պէս հրա­ւի­րե­ցին հայ ե­կե­ղեց­ւոյ Ս. Ծնն­դեան եւ Աս­տո­ւա­ծա­յայտ­նու­թեան Ս. ­Պա­տա­րա­գին մաս­նակ­ցե­լու։ Ն­շենք, որ ա­րա­րո­ղու­թեան ներ­կայ էին նաեւ կրօ­նա­կան ու քա­ղա­քա­կան պաշ­տօ­նա­կան անձ­նա­ւո­րու­թիւն­ներ, ո­րոնց եւս ­Հայր ­Սուրբն ու պրն. ա­տե­նա­պե­տը շնոր­հա­ւո­րե­ցին եւ մաղ­թե­ցին ա­ռող­ջու­թեամբ եւ յա­ջո­ղու­թեամբ տա­րի մը։