19րդ դարը յատկանշած պատմական վճռորոշ պահերուն վրայ լոյս սփռելու եւ Մերձաւոր Արեւելքի մէջ հետագայ զարգացումներուն հիմքը կազմած եղելութիւններուն շուրջ կարեւոր անդրադարձ մը կատարելու նպատակով, «Արմենիքա» պարբերաթերթի խմբագրութեան կողմէ լոյս տեսաւ «Հայկական Հարցը 19րդ դարուն, հելլէն մամուլի հրապարակումներուն ընդմէջէն» խորագրով յունարէն գիրքը։ Գիրքին հեղինակը՝ պատմագէտ Իոաննիս Ե. Ասփրոփոթամիթիս, բծախնդիր ուսումնասիրութիւն մը կատարած է, որ կուգայ աւելնալու Հայկական Հարցի եւ Հայոց Ցեղասպանութեան պատմական փաստը լուսաբանող գիրքերու կարեւոր շարքին։
Գիրքի ներկայացումը տեղի ունեցաւ Չորեքշաբթի՝ 24 Հոկտեմբեր 2018ի երեկոյեան, Նէա Զմիռնիի Թուայնացած Թանգարանէն ներս։ Զրոյցի համադրումը կատարեց լրագրող Էրսի Վաթու, ապա խօսք առին Գուին Մինասեան («Արմենիքա» պարբերաթերթի խմբագրութեան կողմէ), Վլասիս Աղծիտիս (արդի պատմութեան դասախօս) եւ Թեմոս Սթոֆորոփուլոս (նախկին դեսպան)։
Յարգելի դասախօսները անդրադառնալով գիրքի բովանդակութեան, նշեցին թէ հեղինակը իր նիւթը կեդրոնացուցած է Աթէնքի երկու կարեւոր թերթերու հրապարակումներուն վրայ։ Առաջին հերթին՝ Եորղիոս Տրոսինիսի «Էսթիա», ապա՝ Վլասիս Ղավրիիլիտիսի «Աքրոփոլիս» օրաթերթերու հրապարակումներէն ի յայտ եկած տեղեկութիւններուն վրայ։ Հրապարակումները յառաջ եկած են արխիւային յստակ աղբիւրներէ, որ բազմաթիւ տեղեկութիւններ կը հաղորդեն Ապտիւլ Համիտի եւ յատկապէս 1894-1896 ժամանակաշրջանի իրադարձութիւններուն շուրջ։ Կ’ուրուագծուի ժամանակի ամբողջական պատկերը, ԵրիտԹուրքերու շարժման, ապա թրքական ազգայնամոլութեան հետ կապուած երեւոյթները, միաժամանակ լիովին լուսաբանելով Հայերու եւ Յոյներու քաղաքական յարաբերութիւններու ընթացքը, Օսմանեան տիրապետութեան վերջին շրջանին։ Հեղինակը յունական եւ միջազգային այլ աղբիւրներ ալ օգտագործած է, փորձելով հարազատ պատկերը տալ պատմական պահերուն, այնուամենայնիւ՝ յունական երկու օրաթերթերու վրայ յենուած իր աշխատանքը, ինքնին իւրօրինակ կը դարձնէ տուեալ գործը՝ որպէս փաստագրական նիւթ, որ միաժամանակ կը ներկայացնէ Յունաստանի մէջ տիրող քաղաքական իրավիճակը։ Հետեւաբար, Ասփրոփոթամիթիսի գործը արխիւային մօտեցում մըն է, որ յոյն հանրային կարծիքի տեղեկութիւնները կը հրապարակէ, Անատոլուի մէջ կատարուած ցնցիչ իրադարձութիւններուն շուրջ, «յունական դիտանկիւնի» արտացոլացումը կազմելով։
ԳԼԽԱՒՈՐ ԷՋ ԳԱՂՈՒԹԱՅԻՆ Գաղութային կեանք «Հայկական Հարցը 19րդ դարուն, հելլէն մամուլի հրապարակումներուն ընդմէջէն»
«Հայկական Հարցը 19րդ դարուն, հելլէն մամուլի հրապարակումներուն ընդմէջէն»
«Հայկական Հարցը 19րդ դարուն, հելլէն մամուլի հրապարակումներուն ընդմէջէն» գիրքի շնորհահանդէս