«Ամերիկահայ վարդասայլի ընկերակցութեան» կողմէ Փասատինայի 129րդ տարեկան վարդատօնին առթիւ պատրաստուած հայկական ծաղկասայլը արժանացաւ «Դատաւորներու մրցանակին»՝ գերազանց ձեւաւորման եւ ազդեցիկ ներկայացման համար: «Հայկական Արմատներ» խորագրուած ծաղկասայլը յարգանքի տուրք մըն էր հայ կիներուն՝ մեծ մայրերուն, մայրերուն, քոյրերուն եւ դուստրերուն հանդէպ, որոնց կեանքը ամբողջ նուիրում է եւ որոնք ազնուութեան ու բարութեան խորհրդանիշ, յոյսի ու լաւատեսութեան ներշնչման աղբիւր են:
Ընկերակցութեան կողմէ հայ համայնքէն ընտրուած ինը կիներ յատուկ պատիւի արժանացան:
Ընտրեալներն էին Հերմինէ Ճանոյեան, Կրէյս Ստեփանեան, Թելմա Ղազարեան, Ռամելա Մարգարեան, Ալինա Դորեան, Սիլվի Մինասեան, Ալիս Պետրոսեան, Սիրվարդ Չիմայեան եւ Գարմէն Ազինեան-Լիպարիտեան:
Հայկական ծաղկասայլը կ՛արժանանայ մրցանակին
Փասատինայի վարդատօնին հայկական ծաղկասայլը կ՛արժանանայ դատաւորներու մրցանակին