Ան­ցեալ շաբ­թո­ւան ըն­թաց­քին, Ե­րե­ւա­նի եւ ­Պա­քո­ւի մէջ տե­ղի ու­նե­ցան յատ­կան­շա­կա­նօ­րէն եր­կու կա­րե­ւոր հան­դի­պում­ներ, եր­կուքն ալ ի­րենց բո­վան­դա­կու­թեամբ եւ ար­ծար­ծո­ւած հար­ցե­րով նշու­մի ար­ժա­նի։ Ե­րե­ւա­նի մէջ, պաշտ­պա­նու­թեան նա­խա­րար ­Դա­ւիթ ­Տօ­նո­յեան ըն­դու­նեց ­Յու­նաս­տա­նի դես­պա­նը եւ նո­րան­շա­նակ զի­նո­ւո­րա­կան կցոր­դը, իսկ ­Պա­քո­ւի մէջ՝ ­Յու­նաս­տա­նի նո­րան­շա­նակ դես­պա­նը իր հա­ւա­տար­մագ­րե­րը յանձ­նեց Ատր­պէյ­ճա­նի նա­խա­գահ Իլ­համ Ա­լիե­ւին։ Եր­կու տար­բեր հան­դի­պում­ներ, սա­կայն, փաս­տօ­րէն ա­ռա­ջի­նի ար­ձա­գան­գը իր հետ­քը թո­ղուց երկ­րոր­դին վրայ։
­Պի­տի անդ­րա­դառ­նանք ­Պա­քո­ւի մէջ կա­յա­ցած հան­դի­պու­մին, որ ան­նա­խա­դէպ էր իր բո­վան­դա­կու­թեամբ, կա­տա­րո­ւած ձե­ւին եւ դի­ւա­նա­գի­տա­կան կա­նոն­նե­րէ զուրկ ըն­թաց­քին հա­մար։
Լր­ջա­խո­հու­թեան եւ դի­ւա­նա­գի­տու­թեան պատ­մու­ճա­նը ան­դին նե­տած ա­զե­րի նա­խա­գա­հը, իր «բա­րի գալս­տեան» խօս­քին մէջ, սկիզ­բէն մին­չեւ վերջ, յոյն դես­պա­նի ե­րե­սին յան­դի­մա­նեց ­Յու­նաս­տա­նը Ատր­պէյ­ճա­նին հան­դէպ վա­րած քա­ղա­քա­կա­նու­թեան եւ ու­ժա­նիւ­թի մար­զէն ներս ան­կա­տար մնա­ցած ե­րազ­նե­րուն հա­մար, չվա­րա­նե­ցաւ շեշ­տա­կի կեր­պով քննար­կել յու­նա­կան կա­ռա­վա­րա­կան կե­ցո­ւածք­նե­րը, իսկ իր ջղագրգ­ռու­թեան գա­գաթ­նա­կէ­տին հա­սաւ երբ բա­ռա­ցիօ­րէն դա­տա­պար­տեց «­Հա­յաս­տա­նի, ­Յու­նաս­տա­նի եւ ­Կիպ­րո­սի մի­ջեւ զի­նո­ւո­րա­կան գոր­ծակ­ցու­թիւ­նը»։ Ա­ռա­ւել, ան չվա­րա­նե­ցաւ յար­ձա­կիլ ­Հա­յաս­տա­նի վրայ եւ զայն ան­բաս­տա­նել Ատր­պէյ­ճա­նի դէմ յար­ձա­կո­ղա­կա­պաշտ քա­ղա­քա­կա­նու­թեան հա­մար։ Իր խօս­քը ա­ւար­տեց կո­պիտ դար­ձո­ւած­քով մը, թէ ո­չինչ դրա­կան կը տես­նէ յոյն-ա­զե­րի երկ­կող­մա­նի յա­րա­բե­րու­թիւն­նե­րուն մէջ։
Ա­զե­րի նա­խա­գա­հի մամ­լոյ սպա­սար­կու­թիւն­նե­րը փու­թա­ցին հրա­պա­րակ հա­նել հան­դիպ­ման տե­սա­նիւ­թը, իսկ երկ­րի լրա­տո­ւա­կան մի­ջոց­նե­րը ան­մի­ջա­պէս ար­ձա­գան­գե­ցին՝ լայ­նօ­րէն տա­րա­ծե­լով լու­րը եւ ակն­կա­լե­լով, թէ բա­ւա­կան հաս­ցէա­տէ­րեր պի­տի գտնո­ւին ու­սում­նա­սի­րե­լու զայն։
Ու­շադ­րու­թեամբ դի­տե­լով հան­դիպ­ման նիւ­թը, կա­րե­լի է յան­գիլ կարգ մը եզ­րա­կա­ցու­թիւն­նե­րու։
Ա. ­Հա­ւա­տար­մա­գիր յանձ­նո­ղը յոյն դես­պա­նը չէր, այլ ա­զե­րի նա­խա­գա­հը՝ թուրք պե­տու­թեան, ո­րուն կոյր հա­ւա­տար­մու­թիւն եւ զօ­րակ­ցու­թիւն յայտ­նեց իր խօս­քին ընդ­մէ­ջէն, յստա­կօ­րէն կողմ բռնե­լով ա­րե­ւե­լեան ­Մի­ջերկ­րա­կա­նի մէջ ծա­գած տա­րա­ծաշր­ջա­նա­յին լուրջ խնդի­րին հա­մար։ ­Յատ­կան­շա­կան ե­ղաւ ­Թուր­քիոյ ար­տա­քին գոր­ծոց նա­խա­րա­րի գո­հու­նա­կու­թիւ­նը, որ շնոր­հա­ւո­րեց ա­զե­րի նա­խա­գա­հը եւ բա­նա­ձե­ւեց «­Մէկ ազգ՝ եր­կու պե­տու­թիւն» բնո­րո­շու­մը։
Բ. ­Նոյն մտադ­րու­թեամբ, Ա­լիեւ ­Թուր­քիոյ բան­բե­րը դար­ձաւ ­Հա­յաս­տան-­Յու­նաս­տան-­Կիպ­րոս ե­ռա­կողմ ձե­ւա­չա­փի գոր­ծակ­ցու­թեան դէմ, շեշ­տե­լով ե­րեք եր­կիր­նե­րու մի­ջեւ «ռազ­մա­կան գոր­ծակ­ցու­թեան» ծա­ւա­լու­մը տա­րա­ծաշր­ջա­նէն ներս, որ շա­տոնց ան­հանգս­տու­թիւն կը պատ­ճա­ռէ թրքա­կան կող­մին։
Գ. ­Մի­ջա­մուխ ե­ղաւ ­Յու­նաս­տա­նի ներ­քա­ղա­քա­կան կեան­քին, լու­սար­ձա­կի տակ առ­նե­լով նա­խորդ կա­ռա­վա­րու­թեան կե­ցո­ւած­քը, որ չե­ղեալ նկա­տեց կարգ մը նախ­նա­կան հա­մա­ձայ­նու­թիւն­ներ Ատր­պէյ­ճա­նի հետ։ Ան փաս­տօ­րէն փոր­ձեց օգ­տա­գոր­ծել կա­ռա­վա­րու­թեան եւ ընդ­դի­մու­թեան մի­ջեւ քա­ղա­քա­կան հա­կադ­րու­թեան մթնո­լոր­տը՝ ազ­դե­ցու­թիւն եւ ճնշում բա­նեց­նե­լու հա­մար ներ­կայ կա­ռա­վա­րու­թեան վրայ, պար­զա­պէս ո­րով­հե­տեւ իշ­խող կու­սակ­ցու­թեան նախ­կին իշ­խա­նա­ւոր­նե­րը ան­ցեա­լին սերտ գոր­ծակ­ցա­կան կա­պեր ստեղ­ծած էին Ատր­պէյ­ճա­նի հետ։
Դ. ­Հա­յաս­տա­նի վրայ յար­ձա­կե­լով, ա­զե­րի նա­խա­գա­հը ան­գամ մը եւս կրկնեց իր հա­յա­տեաց ծա­նօթ կե­ցո­ւած­քը, այս ան­գամ մի­տում ու­նե­նա­լով իր տե­սա­կէտ­նե­րը լսե­լի դարձ­նել նաեւ ­Ռու­սիոյ։ Ա­լիեւ այդ փոր­ձեց ը­նել՝ ծա­ծուկ կեր­պով օգ­տա­գոր­ծե­լով հա­յաս­տա­նեան ներ­քա­ղա­քա­կան կեան­քէն ներս ­Ռու­սիոյ հետ գոր­ծակ­ցու­թեան շուրջ ծա­ւա­լած քննարկ­ման առ­կա­յու­թիւ­նը։
Բ­նա­կա­նա­բար, յու­նա­կան մա­մու­լը, իր ամ­բող­ջու­թեամբ, տա­րա­ծեց լու­րը, մատ­նան­շե­լով իր բուռն զայ­րոյ­թը եւ նող­կան­քը Ատր­պէյ­ճա­նի նա­խա­գա­հին կող­մէ յոյն դես­պա­նին կա­տա­րո­ւած յան­դի­մա­նու­թիւն­նե­րուն հա­մար։ ­Պա­կաս չէին նաեւ այն հրա­պա­րա­կում­նե­րը, ո­րոնք նշե­ցին եր­կու եր­կիր­նե­րու դես­պան­նե­րը ետ կան­չե­լու պա­հան­ջը, մա­նա­ւանդ Ատր­պէյ­ճա­նի կող­մէ ­Թուր­քիոյ զօ­րա­վիգ կանգ­նե­լու՝ նոյ­նիքն Իլ­համ Ա­լիե­ւի բե­րա­նէն ե­լած պաշ­տօ­նա­կան ար­տա­յայ­տու­թեան հա­մար։

 

***

­Հա­կա­ռակ որ ­Պա­քո­ւի մէջ ե­ղած հան­դի­պու­մը լայն ար­ձա­գանգ չգտաւ հայ­րե­նի մա­մու­լին մէջ, վստա­հա­բար, պէտք չէ անն­կատ ան­ցած ըլ­լայ ­Հա­յաս­տա­նի ար­տա­քին գոր­ծոց գե­րա­տես­չու­թեան կող­մէ։ ­Հա­յաս­տա­նի դաշ­նա­կից երկ­րի մը դես­պա­նին հան­դէպ ատր­պէյ­ճա­նա­կան կող­մի, մի­ջազ­գա­յին դի­ւա­նա­գի­տու­թեան կա­նոն­նե­րէ պար­պո­ւած՝ գրե­թէ թշնա­մա­կան կե­ցո­ւած­քի ար­տա­յայ­տու­թիւ­նը պէտք է լուրջ քննու­թեան եւ հե­տա­գայ ծրագ­րու­մի ա­ռար­կայ դառ­նայ մեր պե­տու­թեան կող­մէ։
­Հա­յաս­տան ա­ւան­դա­բար կը մնայ ­Յու­նաս­տա­նի կող­քին որ­պէս ար­ժա­նա­հա­ւատ եւ մտե­րիմ դաշ­նա­կից։ ­Հա­յաս­տա­նի կող­մէ նա­խա­ձեռ­նո­ւած ­Հա­յաս­տան-­Յու­նաս­տան-­Կիպ­րոս ե­ռա­կողմ ձե­ւա­չա­փի գոր­ծակ­ցու­թիւ­նը ցոյց կու տայ նաեւ տա­րա­ծաշր­ջա­նէն ներս մեր պե­տու­թեան դիր­քի աշ­խար­հա­քա­ղա­քա­կան ամ­րա­կայ­ման ըն­թաց­քը, յե­նո­ւե­լով հա­սա­րա­կաց մի­ջազ­գա­յին կե­ցո­ւածք­ներ պաշտ­պա­նող ա­ւան­դա­կան դաշ­նա­կից­նե­րու վրայ։
­Պա­քո­ւի մէջ կա­տա­րո­ւա­ծը, այ­սօր պա­տեհ ա­ռի­թը կը ստեղ­ծէ, որ­պէս­զի Ե­րե­ւա­նի, Ա­թէն­քի եւ ­Նի­կո­սիոյ մէջ մեր դի­ւա­նա­գի­տու­թիւ­նը վե­րաշ­խու­ժաց­ման հու­նին մէջ դնէ ե­րեք եր­կիր­նե­րու մի­ջեւ հա­մա­գոր­ծակ­ցու­թեան ձե­ւա­չա­փի ա­րագ զար­գա­ցու­մը։ ­Հայ­կա­կան կող­մին հա­մար ան­մի­ջա­կան նա­խա­ձեռ­նու­թիւն­ներ կեան­քի կո­չե­լու հրա­մա­յա­կա­նը պէտք է ըն­թա­նայ յստակ քայ­լե­րով եւ ձե­ւա­կեր­պում­նե­րով, ո­րոնք պի­տի փու­թաց­նեն ե­րեք եր­կիր­նե­րու ղե­կա­վար­նե­րուն մի­ջեւ շա­տոնց սպա­սո­ւած գա­գաթ­նա­ժո­ղո­վի գու­մա­րու­մը Ե­րե­ւա­նի մէջ, քա­ղա­քա­կան ամ­րա­կուռ կե­ցո­ւածք որ­դեգ­րե­լով նոր-օս­մա­նա­կան ե­րազ­նե­րու թուրք-ա­զե­րի ծա­ւա­լա­պաշ­տու­թեան դէմ՝ Է­գէա­կան ծո­վու, ա­րե­ւե­լեան ­Մի­ջերկ­րա­կա­նի տա­րած­քին եւ ­Կով­կա­սի տա­րա­ծաշր­ջա­նին մէջ։
­Յու­նաս­տա­նի հա­մար ա­ւե­լի քան բա­ցա­յայտ ե­ղաւ ­Պա­քո­ւի զի­նակ­ցու­թիւ­նը Ան­գա­րա­յի հետ ընդ­դէմ ­Յու­նաս­տա­նի, նոյ­նինքն ա­զե­րի նա­խա­գա­հի յայ­տա­րա­րու­թեամբ։ ­Կը մնայ, որ Ե­րե­ւան իր կար­գին, յու­նա­կան կող­մին յստակ դարձ­նէ, թէ Ար­ցա­խի հիմ­նա­հար­ցին հան­դէպ զգու­շա­ւոր եւ եր­բեմն տա­տամ­սոտ կե­ցո­ւածք­նե­րը պար­զա­պէս ջուր կը լեց­նեն թրքա­կան ջա­ղաց­քին։ ­Յու­նաս­տան այ­լեւս կրնայ եւ պէ՛տք է բա­ցա­յայտ կեր­պով իր ամ­բող­ջա­կան զօ­րակ­ցու­թիւ­նը յայտ­նէ ի նպաստ Ար­ցա­խի ինք­նո­րոշ­ման ի­րա­ւուն­քին, թօ­թա­փե­լով իր վրա­յէն ­Կիպ­րա­կան հար­ցին հետ ո­րե­ւէ կա­պակ­ցու­թիւն եւ բար­դոյթ։

***

Ֆ­րան­սա­ցի նա­խա­գահ ­Մաք­րոն վեր­ջերս յայտ­նեց, որ ­Թուր­քիա միայն ա­րարք­նե­րէ կը հասկ­նայ։
­Թուրք-ա­զե­րիա­կան ծա­ւա­լա­պաշ­տու­թեան ուռ­ճա­ցու­մը, եր­բեմ­նի Օս­մա­նեան կայս­րու­թեան սահ­ման­նե­րը վերս­տեղ­ծե­լու թրքա­կան ո­րե­ւէ փորձ պէտք է բա­խի պինդ ու ամ­րագ­րո­ւած ան­կեղծ զի­նակ­ցու­թիւն­նե­րու պա­տին վրայ։
­Հայ­կա­կան դի­ւա­նա­գի­տու­թեան ոս­կի ա­ռի­թը հա­սած է։

Ա.Օ.