Հ.Կ.­Խա­չի ­Գո­քի­նիոյ «­Զա­ւա­րեան» ազ­գա­յին վար­ժա­րա­նի տնօ­րէ­նու­թեան եւ ու­սուց­չա­կան կազ­մի նա­խա­ձեռ­նու­թեամբ, ­Չո­րեք­շաբ­թի՝ 22 եւ ­Հինգ­շաբ­թի՝ 23 ­Մա­յիս 2019ին, ­Գո­քի­նիոյ «­Զա­ւա­րեան» կեդ­րո­նի «­Զա­քա­րեան» սրա­հէն ներս, տե­ղի ու­նե­ցաւ իւ­րա­յա­տուկ եւ շատ հե­տաքրք­րա­կան ցու­ցա­հան­դէս մը՝ պատ­րաս­տո­ւած վար­ժա­րա­նի ա­շա­կեր­տու­թեան կող­մէ։
Ո­րոշ ժա­մա­նակ մը զբա­ղե­լով, ա­շա­կերտ­նե­րը պատ­րաս­տե­ցին հայ­կա­կան գան­ձե­րու նմոյշ­ներ՝ նկար­չու­թեան, ճար­տա­րա­պե­տու­թեան, ե­րաժշ­տու­թեան եւ ազ­գագ­րա­կան ո­լորտ­նե­րէն։
Այս­պէս, ա­շա­կերտ­նե­րը հիմք ու­նե­նա­լով համ­բա­ւա­ւոր գե­ղան­կա­րիչ ­Մար­տի­րոս ­Սա­րեա­նի գոր­ծե­րը, ա­նոնք՝ ի­րենց ե­րե­ւա­կա­յու­թեամբ եւ ման­կա­կան իւ­րա­յա­տուկ ձիր­քե­րով, պատ­րաս­տե­ցին զա­նա­զան յայտ­նի գոր­ծե­րու կրկնօ­րի­նակ­նե­րը, ներ­կա­յաց­նե­լով ­Սա­րեա­նի գոյ­նե­րու բազ­մա­զա­նու­թիւ­նը եւ հայ­րե­նի աշ­խար­հի գե­ղեց­կու­թիւ­նը։
­Նաեւ՝ ա­շա­կերտ­նե­րը պատ­րաս­տե­ցին հայ­կա­կան ա­ւան­դա­կան ե­րաժշ­տա­կան գոր­ծիք­նե­րու կրկնօ­րի­նակ­ներ, ինչ­պէս նաեւ հայ­կա­կան ձե­ռա­գիր­նե­րու եւ Ա­նա­նիա ­Շի­րա­կա­ցիի մա­սին մա­գա­ղաթ­նե­րու նմոյշ­ներ, յա­տուկ տո­մար­ներ՝ հայ­կա­կան ժո­ղովր­դա­յին տա­րազ­նե­րու, ­Հա­յաս­տա­նի բու­սա­բա­նու­թեան, հայ ֆե­տա­յի­նե­րու եւ պատ­մա­կան ե­ղե­լու­թիւն­նե­րու օ­րի­նակ­նե­րով, բո­լորն ալ կազ­մո­ւած ա­շա­կերտ­նե­րու ձեռ­քե­րով եւ գու­նա­գեղ ար­տա­յայ­տու­թիւն­նե­րով։ Աչ­քի կը զար­նէր ­Գե­ղար­դի վան­քի հա­մա­լի­րի ման­րան­կա­րը՝ իր բո­լոր ման­րա­մաս­նու­թիւն­նե­րով։
­Ցու­ցա­հան­դէ­սի բաց­ման ներ­կայ գտնո­ւե­ցան մեծ թի­ւով ծնող­ներ։ ­Նաեւ՝ ի­րենց ներ­կա­յու­թեամբ ե­լոյ­թը պա­տո­ւե­ցին յու­նա­հա­յոց ա­ռաջ­նորդ ­Գե­ղամ Արք. ­Խա­չե­րեան եւ Ազ­գա­յին ­Վար­չու­թեան ա­տե­նա­պետ ­Պօ­ղոս ­Չո­լա­քեան ու ա­տե­նադ­պիր ­Թագ­ւոր ­Յո­վա­կի­մեան։
Ա­շա­կերտ­նե­րը կանգ­նած էին ցու­ցադ­րո­ւող ի­րե­րու կող­քին եւ բա­ցատ­րու­թիւն­ներ կու տա­յին հիւ­րե­րուն եւ ներ­կա­նե­րուն։ Սր­բա­զան ­Հայ­րը՝ իւ­րա­քան­չիւր նիւ­թին հա­մար, մտեր­միկ զրոյց­ներ ու­նե­ցաւ ա­շա­կերտ­նե­րուն հետ, ա­պա բարձր գնա­հա­տեց ու­սուց­չա­կան կազ­մը եւ ա­շա­կեր­տու­թիւ­նը, ո­րոնք հա­րա­զատ կեր­պով ներ­կա­յա­ցու­ցին հայ մշա­կոյ­թի գան­ձե­րու հարս­տու­թիւ­նը։
Իր եր­կօ­րեայ տե­ւո­ղու­թեան, ցու­ցա­հան­դէ­սը այ­ցե­լե­ցին նաեւ շրջա­նի յու­նա­կան դպրոց­նե­րու ա­շա­կերտ­ներ՝ ի­րենց ու­սու­ցիչ­նե­րուվ, ո­րոնք ա­ռի­թը ու­նե­ցան մօ­տէն ճանչ­նա­լու հայ մշա­կոյ­թը։
Գ­նա­հա­տե­լի այս աշ­խա­տան­քը իր յա­տուկ նշա­նա­կու­թիւ­նը ու­նի մեր վար­ժա­րան­նե­րու ա­շա­կերտ­նե­րու հո­գեմ­տա­ւոր կազ­մա­ւոր­ման մէջ, ա­նոնց ա­ւե­լի մօտ բե­րե­լով հայ­կա­կան հա­զա­րա­մեայ գան­ձե­րու աշ­խար­հին եւ ա­նոնց առ­ջեւ բա­նա­լով մեր պատ­մու­թեան հրա­շա­կերտ է­ջե­րը։

ԹՂԹԱԿԻՑ