Նիւ Եորքի Swann Galleries աճուրդի կեդրոնին մէջ աշխարհի հայերէն ատլաս մը վաճառուած է $37.500ի։ Ըստ «Fine Books Magazine»ին՝ ատլասը վաճառուած է նախնական գինէն հինգ անգամ աւելի թանկ: Ատլասը 1849 թուականին Վենետիկի Սուրբ Ղազար կղզիի Մխիթարեան Միաբանութեան մէջ ստեղծած է Յովհաննէս Ամիրա Դադեան` նպատակ ունենալով Արեւմուտքի գիտելիքները փոխանցել իր երկրին: Ատլասին մէջ կան ձեռագործ տասը գունաւոր քարտէսներ, որոնց շարքին՝ արեգակնային համակարգը պատկերող քարտէս: Ատոնք բոլորը տպագրուած են Փարիզի մէջ:
Հայկական ատլաս
Հայկական ատլաս մը Նիւ Եորքի աճուրդին վաճառուած է 37.500 տոլարով